Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, կոչ կ’ուղղեմ համայն սփիւռքահայութեան, մասնաւորապէս Լոս Անճէլըսի, Փարիզի, Պուէնոս Այրէսի եւ Մոսկուայի հայութեան, եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր այն գաղութներուն, ուր կան այսօր ստուար հայկական համայնքներ, որպէսզի ԳԷԹ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, մեր կուսակցական, յարանուանական, միութենական, ընկերային-հասարակական եւ անհատական բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները մէկդի թողած, փողոց ելլենք Ապրիլ 24, 2015-ին, հարիւր հազարով եւ պահանջատիրութեան անդրդուելի կամքով, քալենք խրոխտ եւ հպարտ, ցոյց տալու համար համայն մարդկութեան, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի քաղաքակիրթ կոչուած եւ անտարբեր հասարակութեան, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք, այսօր, վաղը եւ միշտ, ու պիտի չդադրինք արդարօրէն պահանջելէ մեր խողխողուած անմեղ նահատակներուն անգերեզման, արիւնաթաթախ մարմիններուն կտակը՝ ճանաչում, հատուցում եւ վերահաստատում բոլոր ա՛յն իրաւունքներուն որոնք մերն էին հազարամեակներ, Օսմանեան թարախակալած կայսրութեան ժառանգորդ՝ Թուրք պետութենէն:
Արդարեւ՝ ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ որ պայքարելու եւ պահանջելու իրաւունքը տրուած է իւրաքանչիւր հայուն անխտիր: Իւրաքանչիւր հայու պահանջատիրութիւնը պայմանաւորուած է իր արեան կանչով եւ Հայ Դատի լուծման հանդէպ իր ունեցած խրոխտ եւ հաստատ վճռակամութեամբ: Մարդոց կողմէ գրուած որեւէ իրաւական փաստաթուղթ չի կրնար եւ իրաւունք չունի սահմանափակելու հայ ժողովուրդի սեփականութեան իրաւունքը իր հայրենական հողերուն ու ազգային դարաւոր արժէքներուն նկատմամբ: Ի՜նչ փոյթ՝ որ թուրք պետութիւնը չէ ճանչցած եւ ո՛չ ալ կ’ուզէ ճանչնալ այսօր մարդկային եւ ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները, եւ ատոր վկաներն են այսօր՝ մեր դարաւոր ճարտարապետական կոթողական արժէքներու կանխամտածուած եւ իրագործուած աւերումները:
Անցնող տարիները վկայեցին եւ փաստեցին որ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու ճիգերը վերածուեցան միօրինակ եւ միանշանակ ուղեղներ թմրեցնող եւ «Սպանական դղեակներ» հիւսելու կեղծ հեռանկարային ամուլ աշխատանքի: Կը բաւէ որ մենք հայերս խորապէս կը հաւատանք մեր պահանջատիրութեան արդար իրաւունքին, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգւոյն մէջ չէ սպիացած վէրքը այն ահաւոր, անմարդկային սպանդին որուն վկաները եղան մեր հայրերն ու մայրերը: Ընդհակառակը՝ կ’արիւնի ան ամէն օր…:
Ժամանակն է որ ազգովին գօտեպնդուինք եւ զգաստանանք: Այսուհետեւ մեզի պէտք չեն սգահանդէսները, հոգեհանգիստները, լացն ու ողբը, որովհետեւ որպէս վերականգնեալ եւ պահանջատէր ժողովուրդ՝ իրաւունք չունինք այլեւս ողբալու, այլ՝ միայն ջերմացնելու եւ աշխուժացնելու մեր պահանջատիրութիւնը բոլոր միջոցներով եւ կերպերով: Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ներոյժին մէջն է, որ պէտք է դրսեւորուի մեր նոր սերունդի միջոցաւ, սկսելով ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան զարթօնքի տեսակէտէ: Սակայն այսօր 100-ամեակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն ճանաչողութեան աշխատանքի աշխուժացում, որ իր բարերար դերը կրնայ ունենալ, այլ՝ հատուցման իրաւական յստակ ծրագիրներու ձեւաւորում՝ պահանջելու եւ տիրանալու հազարամեայ մեր հողերուն, կալուածներուն, հոգեմտաւոր հարստութեանց ու կոթողներուն, եւ այն ամէն ինչի որ մեզի կը պատկանէր՝ արդա՛րօրէն մեր նախահայրերու աշխատանքով եւ քրտինքով վաստակուած:
Նկատի ունենալով որ գրեթէ 100-ամեակի ոգեկոչման ակիւնադարձին ենք, կ’առաջարկեմ ոգեկոչման երեք տարբերակ, մասնաւորաբար Լոս Անճէլըսի հայութեան.-
1. Հարիւր հազարնոց քայլերթ մը սկսիլ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Եկեղեցիէն եւ աւարտել Տաճըրզ Սթատիումի (Dodgers Stadium) դաշտին մէջ:
2. Հարիւր հազարնոց երկրորդ քայլերթ մը սկսիլ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն եւ աւարտել Փասատինայի Ռոզ Պոլի (Rose Bowl) դաշտին մէջ:
3. Հարիւր հազարնոց երրորդ քայլերթ մը սկսիլ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն եւ աւարտել Մոթէպէլլոյի Նահատակաց Յուշարձանին մօտ:
Վերեւ նշուած տարբերակներէն որեւէ մէկը պիտի գրաւէ ամբողջ Ամերիկայի ուշադրութիւնը, նկատի ունենալով որ գէթ ա՛յս անգամ հեռուստատեսութեան մեծ ընկերութիւններ (CBS, NBC, KTLA) պիտի ուզեն այս պահանջատիրութեան եզակի, պոռթկումային քայլերթը անպայման նկարահանել եւ հեռասփռել իրենց կայաններէն:
Բոլորս անխտիր պիտի մասնակցինք այս քայլերթին, մեծ ու փոքր, երիտասարդ թէ ծերունի, այր եւ կին, եւ ուր որ ալ ըլլայ հաւաքավայրը՝ հոն պիտի վերանորոգենք մեր ուխտը հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակին….
Գէթ մէկ անգամ մեր տարակարծութիւնները մէկդի թողած՝ հաւաքական միահամուռ ճիգով եւ միասնականութեան բիւրեղ ոգիով յաջողցնենք այս քայլերթը, որպէսզի ի լուր աշխարհին հնչեցնենք հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը:
Վասն հաւատոյ…
Վասն հայրենեաց…
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
6 Յունուար 2015
__._,_.___
________________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com
________________________________________
Yorumlar kapatıldı.