İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՐ~ ԵՆ ,ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐԸ:

Վերջերս , ընկերային լրատուական միջոցներու կողմէ Facebook ի էջերուն մէջ տեղադրուած է, տեսաելիզ մը որ, կը պատկերացնէ,Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասի  Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ խորանի առջեւ”Կանանց Դասավվուֆ” երգչախումբի ընկերակցութեամբ Թուրք Սուֆի կրօնականներու ”Շէպ-ի Արուս”ի, աղօթքի եւ պարի ելոյթը:Այս ելոյթը կը վայելէր,Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի բարձր հանդիսապետութիւնը: Ըստ իս,այս ելոյթը  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անյարիր է եւ կարելի չէ բացատրել միջ-ժողովրդական , միջ-մշակոյթային փոխյարաբերութիւնով,միջ -կրօնական երկխօսութիւնով եւ նաեւ կրօններու մերձերցման միտող նախաձեռնութիւներով:


Անշուշտ ողջունելի են կրօնական ու եկեղեցական աւանդութիւնները յարգող , սկզբունքներու յարիր ու նպատակը յստակ միջ-կրօնական եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները:Սակայն ընդունելի չէ, ոչքրիստոնեայ Սուֆի Տերվիշ կրօնականներուն  եկեղեցիի մը  Սուրբ խորանի առջեւ հոգեւոր երգերով, պարերով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութիւններու անյարիր աղօթելը :
Անտարակոյս կրօններուն աղօթքները եւ աղօթելու ձեւերը  յարգելի են,սակայն Սուֆի Տերվիշ Կրօնականներուն եւ ” Դասավվուֆ Երգչախումբ”ի ընկերակցութեամբ  Հայաստանեայց եկեղեցիի մէջ աղօթք կատարելու համար հրաւիրուիլը ծայրաստիճան քննադատելի է,քանի որ այս ելոյթը ոչ թէ մշակոյթային բնոյթ ունի ,այլ կրօնական բնոյթ մը ունի,որը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ,Սուրբ Խորանի առջեւ կատարուած ոտնաձգութիւն մըն է:
Այս ոտնաձգութեան պատասխանատունԹուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձրաշնորհ Տ.Արամ Սրբազան Արք.Աթէշեանն է: Հայ ժողովուրդը իրմէ կը պահանջէ  իր առաջնահերթ պարտականութիւնը կատարել որն է,նախ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու սկզբունքներուն պաշտպանը ու պահապանը ըլլալ :

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]



Yorumlar kapatıldı.