2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան: Հետեւաբար, իր խոր-քով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ 2015 տարին իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ: Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ շաղախուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն ընտանիքը ենթարկուած չըլլայ ցեղասպանութեան, տարագրումի, հայրենազրկումի կամ սփիւռքացումի:
Հարիւր տարի յիշեցինք խունկով ու աղօթքով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որոնք զոհ գացին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեպասպանութեան:
Հարիւր տարի յիշեցինք ողբով ու ցասումով մեր մշակութային ու կրօնական դարաւոր արժէքներուն՝ եկեղեցիներուն, վանքերուն, խաչքարերուն, սրբավայրերուն, ձեռագիրներուն ու հոգեմտաւոր անթիւ արժէքներուն քանդումն ու փճացումը նո՛յն ցեղասպանին կողմէ:
Հարիւր տարի յիշեցինք պոռթկումով ու պահանջատիրական ոգիով մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու անհատական բազմահազար կալուածներու բռնագրաւումը ցեղասպանին կողմէ:
Արդարեւ, 1915ին, ցեղասպանութեան ու տարագրումի հետեւանքով ամայացան հայութեան ստեղծագործ ոգիով շէնցած ու ծաղկած քաղաքներն ու գիւղերը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ: Որքա՜ն կը պատշաճին Սաղմոսին հետեւեալ բառերը Հայոց Ցեղասպանութեան յառաջացուցած մահուան ու քանդումին.-«Ո՜վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին: Քու ծառաներուդ դիակները երկինքի թռչուններուն կերակուր տուին, քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն: Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը, ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր…» (Սղ 79.1-3):
Ցեղասպանին ոճրային նպատակն էր՝ ցեղասպանութեան, տարագրումի ու հայաթափումի ճամբով բնաջնջել հայ ժողովուրդը ու ջնջել Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն…
Սակայն, իր դարաւոր հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած, գաղթական ու որբ դարձած հայ ժողովուրդի վերապրող զաւակները երբեք չմոռցան իրենց նահատակները, չմոռցան անոնց սրբազան կտակը: Անոնք լսեցին պատգամը Քրիստոսին թէ՝ «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չե՛ն կրնար սպաննել» (Մտ. 10.28):
Այս հաւատքով գօտեպնդուած ու հայ ժողովուրդի վերածննդեան տեսիլքով հզօրացած, վերակազմակերպեցին իրենց անհատական ու հաւաքական կեանքը. եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, համայնքային կառոյցներ հաստատեցին ու կազմակերպութիւններ յառաջացուցին Սփիւռքի տարածքին: Անոնք նաեւ ցեղասպանին ու համայն մարդկութեան յիշեցուցինանպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը իրենց ժողովուրդին եւ՝ արդարութի՛ւն պահանջեցին:
Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներուն, մեր եկեղեցին, Հայ Դատի մարմինները, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ վերջին երկու տասնամեակներուն վերանկախացած մեր հայրենի պետութիւնը, քարոզչական, քաղաքական, յարաբերական եւ այլ միջոցներով ո՛չ միայն յիշեցուցին աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով հետապնդեցին քսաներորդ դարու անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այսօր փաստօրէն մեծ թիւով պետութիւններ, եկեղեցիներ ու կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայերու կարգին օտար մտաւորականներ բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ հրատարակած են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զանազան ծալքերը ուսումնասիրող ու անոր ճանաչումը պահանջող:
Արդ, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներու անմեռ կտակին եւ ուխտեցին, դարձեալ Սաղմոսին բառերով՝ «Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ: Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, եթէ քեզ չյիշեմ…» (Սղ. 137.5-6): Հարիւր տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի արի զաւակները յիշեցին ու յիշեցուցին՝ թակելով մարդոց փակ սիրտերուն ու միտքերուն դռները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելով իրենց պայքարին կիզակէտը:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Նուիրական նոյն պայքարը անհրաժեշտ է որ շարունակուի համազգային մասշտապով ու վերանորոգ թափով: Ժամանակը հասած է, որ մեր ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն ու այժմէականութիւն տայ զայն փոխադրելով իրաւական դաշտ՝ միջազգային օրէնքի տուեալներու լոյսին տակ հետապնդելու իր բռնաբարուած իրաւունքները:
Ցեղասպանութեան ու Մարդկային իրաւանց հռչակագրերը յստակօրէն կը շեշտեն, որ ցեղասպանութիւնը ոճի՛ր է մարդկութեան դէմ եւ, հետեւաբար, ցեղասպանը, ըլլայ ան անհատ, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, պէտք է ներկայանայ միջազգային արդարութեան ատեանին: Միջազգային օրէնքը նաեւ կը շեշտէ թէ՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ենթադրէ հատուցում: Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ նկատել վախճանակէտը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը, որպէս իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին ամուր հիմքը ու յստակ նպատակը: Կրնայ ըլլալ, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները նպաստաւոր չըլլան մեր պահանջատիրութեան: Կրնայ ըլլալ, որ ցեղասպանը իր դիւանագիտական ու տնտեսական ազդու միջոցներով արգելակէ մեր ժողովուրդին կողմէ այս ուղղութեամբ կատարուող որեւէ փորձ: Սակայն, հակառակ այս դառն իրականութեան, մեր ժողովուրդը առաւե՛լ հաւատքով ու յանձնառութեամբ կոչուած է շարունակելու իր պահանջատիրական երթը:
Հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ միասնական ոգիով ու միակամ ճիգով կը պատրաստուի նշել հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան: Սովորական ամեակ մը չէ, պէտք չէ՛ դառնայ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու նպատակասլաց մօտեցումով հարկ է արժեւորել այս թուականը մեր ազգի կեանքէն ներս: 100ամեակը դարձակէտ մը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ: Վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ յառաջիկայ Ապրիլ 23, 2015ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասումը վստահաբար կարեւոր դէպք մը պիտի դառնայ 100ամեակի ծիրէն ներս:
Հարկ է նաեւ նայիլ 100ամեակէն անդին… Յարափոփոխ աշխարհի պայմանները ու առաջնահերթութիւնները յաճախ կը պահանջեն մօտեցումներու, գործելաձեւերու ու շեշտաւորումներու վերատեսութիւն, որպէսզի Հայ Դատին հետապնդման աշխատանքները դառնան համահունչ մեզ շրջապատող իրականութիւններուն: Հարկ է ըլլալ արթուն ու միշտ միակամ. Հարկ է նաեւ ճի՛շդ կարդալ «ժամանակի նշանները»…
Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբո՛ղջ հայութեան դատն է, մեր նահատակներուն դատն է, մեր ապագայ սերունդներուն դատն է: Արդ, իւրաքանչիւր հայ կոչուած է իր ներդրումը կատարելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական ճիգին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, սոյն Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով կոչ կ՛ուղղենք՝
– Մեր թեմերուն՝ ժողովրդային լայն խաւերու մասնակցութեամբ, կրօնական արարողութիւններու, հրապարակային հանդիսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու ճամբով արծարծ պահելու մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակը ու կենդանի՝ անոնց յաւերժախօս պատգամը:
– Մեր ազգի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն՝ հաւաքական ճիգով ու միասնական ոգիով ծրագրելու ու արժեւորելու այս կարեւոր դէպքը մեր կեանքէն ներս:
– Մեր դպրոցներուն՝ հայ աշակերտի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքին մէջ յատուկ տեղ տալու 100ամեակի իմաստին ու պատգամին:
– Մեր մտաւորականներուն՝ աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականին:
– Մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն՝ գործնապէս մասնակից դառնալու ընդհանրապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն ու մասնաւորաբար 100ամեակին առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
Թող մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը միշտ մնայ վառ ու անոնց կտակը՝ միշտ հնչեղ մեր անհատական թէ համայնական կեանքէն ներս:
Քրիստոնէական հաւատքով վերանորոգուած ու մեր նահատակներուն պատգամով հզօրացած քալենք յառաջ՝ դէպի մեր ժողովուրդի պայծառ ապագան:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհոք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ: Ամէն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին
Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան
Ի 28ն Դեկտեմբերի, 2014 թուին Քրիստոսի, եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆԿԴ.
Ընդ համարաւ Վ/ՅԿԱ
Yorumlar kapatıldı.