İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վահան Յովհաննիսեանի Յուղարկաւորութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ 3 Յունուարին

ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի նիստը: Նիստին ընթացքին որոշուած է, որ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Յունուար 2015ին՝ ժամը 17:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ 3 Յունուարին՝ ժամը 11:00-13:00, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, ապա յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

Վահանը՝ Վահանի Վրայ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ժամը 1ի մօտերը, ընկեր մը հեռաձայնիս վրայ արձանագրեց Վահան Յովհաննիսեանի մահուան բօթը: Շատերու ու իրեն պէս, ես ալ գիտէի, թէ իր կեանքին թելը մօտ է աւարտին: Կանխաւ «հաշտուած» էի, սակայն հիմա չեմ կրնար հաշտուիլ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան հետ:
Մէկը, մեր ժողովուրդի վերջին 25 տարիներու պատմութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն: Իսկ փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնք հետք կը ձգեն իրենց ետին, որոնց մասին խօսուածն ու գրուածը կրնայ գալ միայն սիրտերէն ու իմացական աշխարհէն ու ոչ թէ «յաւուր պատշաճի»ի սովորութենէն:
Փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնց բացակայութիւնը պարապութիւն մը կը ստեղծէ: Կը բաւէ ներկայ ըլլալ իր ելոյթներուն՝ հանրային բեմերու վրայ, կամ կազմակերպական միջավայրէ ներս, խորհրդարանի ամպիոնին վրայ կամ հանրահաւաքի ընթացքին, համոզուելու համար, որ ընթացիկ, սովորական անձի մը հետ չէ մեր գործը:
Սուր միտքի տէր, չարին նկատմամբ անխնայ, թիւրին ու թերիին նկատմամբ պարոնեանական սրամտութեամբ օժտուած անհատականութիւն մը: Ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Յեղափոխականի հոգիով ու յեղափոխող միտքով մէկը, որ գիտցաւ արագօրէն գործի վերածել իր համոզումներն ու հաւատամքը: Իր այն հաւատամքը, որուն անբաժանելի մասը դարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը:
Այս գաղափարի աշխարհին զինուորը եղաւ Վահան Յովհաննիսեանը ու իր այս համոզումն էր, որ զինք ուղարկեց Արցախ, ազատագրական պայքարի ամենաբուռն ժամանակաշրջանին: Հետեւաբար, ան եղաւ ոչ միայն գաղափարի զինուոր, այլեւ ազատագրական պայքարի մարտիկ: Ան հաւատաց, որ կա՛մ վահանի վրայ, կա՛մ վահանով պիտի վերադառնար: Այս գաղափարի աշխարհէն իր սորվածը իրեն թելադրած էր հետեւեալ պարզ տրամաբանութիւնը. «Հողը ազատագրե՞լ կ՛ուզէք, խնդրեմ. բայց պատրա՞ստ էք գերագոյն զոհաբերութեան»:
Վահան Յովհաննիսեան Արցախէն վերադարձաւ վահանով:
Յետագային, գաղափարի զինուորը եղաւ նաեւ պետականութեան կառուցման մասնակից: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններէն կամ պետական զանազան օղակներէ ներս, Վահանը յատկանշուեցաւ քաջութեամբ ու միտքի փայլատակումներով, որովհետեւ ան իր մէջ ունէր Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհի ամբողջ զինանոցը:
Մարտահրաւէրները ճակատէն դիմագրաւող մարդը եղաւ ան, ոչ միայն Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին, այլեւ խորհրդարանէն ներս՝ յանուն աւելի արդար Հայաստանի մը կերտումին: Նոյն այս մտածողութիւնն էր զինք առաջնորդողը Եւրոպայի մէջ թէ ուրիշ տեղ, հոն ուր Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ առաջ մղելու օրակարգ կար: Նոյն այս տրամաբանութեամբ էր, որ ան ստանձնեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը՝ իբրեւ պայքարի ուրիշ տեսակի խրամատի մարտիկ: Մինչեւ որ…
Հիմա Վահանը կը վերադառնայ… վահանի վրայ:
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 28, 2014

Yorumlar kapatıldı.