İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ կը կարդանք որ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ:

Սրբազան Հայրե՛ր, ուրիշ ձեւով կարելի չէ բնութագրել այս ժողովը որուն մասնակից եղաք դուք. որովհետեւ անգամ մը եւս ձեր դերակատարութեամբ  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւաքական յուղարկաւորները եղաք: Ո՜հ ինչ ողբերգութիւն….:
Ինչպէ՞ս չողբալ երբ կատարուած խաբուսիկ յայտարարութիւնները ժողովուրդին աչքին փոշի ցանելու նպատակով եղած են միայն: Ահաւասիկ յայտարարութիւնները կատարուած երկու կաթողիկոսներու կողմէ, որոնք խօսքէն անդէն մէկ դիզ անգամ չեն անցնիր.
«Նախորդ ժողովական աշխատանքով մենք ունեցանք օգտաշատ քննարկումներ, ընդունեցինք եկեղեցական և ծիսական հարցերին առնչվող, սոցիալական բնագավառներին վերաբերող որոշումներ՝ ի նպաստ մեր Սուրբ Եկեղեցու առաքելության զորացման ու արդյունավորման և մեր հոգևոր, ազգային ու հայրենական կյանքի առաջընթացի» (Գարեգին Բ.Կթղ.): Բոլորս ալ գիտենք որ նախորդ Եպիսկոպոսական Ժողովը ամբողջութեամբ ձախողութիւն մըն էր եւ բոլոր բարձրախօս հարապարակումներէն ոչինչ ծնաւ, չըսելու համար որ «լեռը մուկ մը ծնաւ»:
«Հայրապետական զոյգ Աթոռներու եպիսկոպոսաց դասը քով-քովի եկած, միասնաբար եղբայրական ջերմ սիրով կը տագնապին, կը մտածեն ու կը փորձեն մեր Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը դարձնել աւելի ուժական, աւելի կենսունակ եւ ազդու: Պայմաններու բերումով, դարեր շարունակ մեր կաթողիկոսական երկու Աթոռները մնացին իրարմէ հեռու, գործեցին տարբեր մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ պայմաններու մէջ ու դիմագրաւեցին տարբեր հարցեր. սակայն հիմա, հազար փառք Աստուծոյ, մեր Աթոռները կոչուած են միասնաբար գործելու եւ միասնաբար ծառայելու մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին» (Արամ Ա. Կթղ.): Չմոռնանք յիշեցնելու որ Հայց. Եկեղեցին ունի նուիրապետական չորս Աթոռներ, եղբայրական ջերմ սէրը պէտք է սփռուած ըլլայ բոլոր Աթոռներուն, եւ ո’չ թէ միայն երկու հայրապետական Աթոռներու միջեւ, անշուշտ եթէ կայ սէր: Ինքնախաբէութենէ դուրս պէտք է ելլենք ու տեսնենք եւ յայտարարենք ճշմարտութիւնները:
Ազգովին տեսանք, լսեցինք եւ կարդացինք Եպիսկոպոսական Առաջին Ժողովի «յաջողութիւններու» մասին:  Հանգուցեալ Արսէն Արք. Պէրպէրեանի մէկ նշմարը կը վերյիշեմ եւ կը յիշեցնեմ. « Ոսկան ջա՛ն, այս բոլորի մէջ մէկ բան յաջող անցաւ – նկարուեցանք իրարու հետ»: Ասկէ աւելի ողբերգական եւ զաւեշտական արտայայտութիւն չէր կարելի ըլլալ: Մոռցա՞նք արդեօք որ անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Ժողովի վերջաւորութենէն մէկ-երկու  օր առաջ Արամ Վեհափառը ժողովականներէն  խնդրած էր որ առաջարկներ բերեն յաջորդ օրը, որովհետեւ իրենք (երկու կաթողիկոսները) յստակ առաջարկներ չունէին ներկայացնելու…:
Բոլորս ալ գիտենք որ Անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Առաջին Ժողովը յստակ օրակարգ մը չունէր նամանաւանդ այն հրատապ հարցերու մասին, որոնք վերջին հարիւրամեակին կը յուզեն եւ կը տագնապեցնեն Հայց. Եկեղեցին: Նկատի ունենալով բացակայութիւնը լուրջ օրակարգի մը, անցեալին մամուլով ներկայացուցինք  Եկեղեցին բարեկարգութեան ճանապարհին առաջնորդող լուրջ հարցերը, որոնք անյապաղ պէտք էր օրակարգի նիւթ դառնային առ նուազն այս երկրորդ Եպիսկոպոսական Ժողովին: Դժբախտաբար ի զուր ակնկալեցինք եւ այսօր յուսախաբ ենք ազգովին ի տես անփառունակ երկրորդ ժողովին: Բացատրեմ թէ ինչու.-
ԱՅՍՕՐ, ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապ ունեցող զանազան մարտահրաւէրներուն՝ աստուածաբանական, ծիսական, քարոզչական, կրթական-դաստիարակչական եւ մասնաւորաբար ընկերային-հասարակական խնդիրներուն մասին անպայմանօրէն պէտք էր խօսուէր եւ լուծումներու մասին գործնական առաջարկներ ներկայացուէին: Վերեւ յիշուած մարտահրաւէրներէն եւ ո’չ մէկը յիշատակութեան արժանացաւ. Եպիսկոպոսական Ժողովը զբաղեցաւ միայն ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցով ( մենք արդէն վաղուց սրբացուցած ենք մեր նահատակները) ինչպէս նաեւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդի բարեկարգեալ ծիսակարգի մասին (այս յօդուածով չենք փափաքիր խորանալ այդ մանրամասնութեանց մէջ):
Հայց. Եկեղեցին այսօր դէմ յանդիման կը կանգնի աւելի լուրջ մարտահրաւէրներու, որոնք անյապաղ  աչալուրջ գնահատումի եւ լուծումի կը կարօտին: Ահաւասիկ անոնցմէ մի քանին.-
Ա. Ի՞նչ պատահեցաւ  որ ներկաներէն մէկը քաջութիւն չունեցաւ հարցնելու թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը ժողովին ներկայ չէր իր եպիսկոպոսներով:  Այս կնճռոտ հարցը հսկայական փոթորիկներ ստեղծեց մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, մանաւանդ ա՛յն օրէն երբ պատրիարքը իր ցասումը արտայայտեց Ֆրանսայի Առաջնորդ Նորվան Սրբազանի հրաժարումի առիթով եւ իր նամակով զգաստութեան կոչ ուղղեց բոլորին:
Բ. Նոյնքան լուրջ հարց է հոգեւոր իշխանութեան, նուիրապետական կարգերու եւ կամ աստիճաններու վերակազմակերպութիւնը, հեռու մնալով սանձարձակ մենատիրական կղերապետութենէ: Հայց. Եկեղեցին պարտի որդեգրել քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի օրէնք մը ո՛չ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար: Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին: Թէեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կանոններուն հետեւելով՝ մեր Եկեղեցւոյ մէջ եւս առաջնորդական պաշտօնները ցմահ են:  Նոյնիսկ՝ սկզբունքով՝ ամուսնացեալ քահանաներու ձեռնադրութիւնը՝ իրենց ծուխերուն վրայ: Սակայն եւ այնպէս, Ամերիկայի պարագան բացառութիւն մը ըլլալով հադերձ, փափաքելի է եւ տրամաբանական որ ան օրինակ ըլլլայ մեր Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ: 
Գ. Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ իրողութեան մը առջեւ, որ կը յուզէ Եկեղեցւոյ խոնարհ աստիճաններու պաշտօնեան ի տես իր անձուկ նիւթական գոյավիճակին (բացառութիւնները շա՜տ)։ Հայց. Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը եւ անոր եղանակը անհրաժեշտ է որ ստանան համահաւասար պատուաւոր ձեւ մը: Միլիոնատէր Առաջնորդներ, յաւերժօրէն նստած իրենց աթոռներուն, կը կեղեքեն մեր ժողովուրդի ազնիւ զգացումները, մինչ անդին՝ եկեղեցւոյ արժանաւոր սպասաւորներ կը տառապին բարւոք կեցութեան պայմաններ չունենալով:
Դ. Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ՝ անհրաժեշտ է պատրաստել իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրումի սէրը։  Այլ խօսքով, հոգեւոր մշակներ՝ որոնք իրենց ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կրնան նոյնանալ իրենց ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն եւ ցաւերուն հետ, հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն։ Եկեղեցի մի՛ շինէք… ՄԱ՛ՐԴ կերտեցէք…:
Ե. Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցերէն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով, այլ խօսքով՝ մեր խօսքերն ու քարոզները կը դառնան լոկ անիմաստ շրթնային ծառայութիւն, ինչպէս կը տեսնենք բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ համեստ քահանային մօտ: Այլ խօսքով, վերջ տանք ««բիզինես» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականներուն»:
Զ. Աջ ու ձախ կամայական մեծաքանակ կարգալուծումները՝ Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցերէն են: Այս մասին խօսիլը անհնարին կը նկատենք եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին մենատիրաբար՝ յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ ՕՐԷՆՔի տրամադրութեան համաձայն։ 
Է.  Եկեղեցին այսօր՝ իրենց կեանքի աւարտին հասած մամիկներու եւ պապիկներու աղօթավայրն է դարձած, իսկ մնացեալ ժողովուրդին համար խորհրդակատարութեանց «սրահ» մը որ ամբողջապէս պարպուած է իր հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած եկամտաբեր կառոյց:
Ը. Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր շօշափելի լուծումներ առաջարկել, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ ապրող, տառապող, հալածեալ մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքի ապահովութեան համար, եւ ի հարկին մշակել, հայրենի պետութեան հետ միասնաբար, հայրենադարձութեան յստակ ծրագիրներ: Չթողունք մեր Միջին Արեւելքի ժողովուրդը իր բախտին: 
Թ. Նոյնքան սահմռկեցուցիչ է Հայրենիքէն արտագաղթը: Առանց դատապարտելու ոեւէ արտագաղթող, միայն խորապէս կը ցաւինք ի տես մեր ազնիւ ժողովուրդի ահաւոր հոգեբանական փլուզումին: Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր իր օրակարգի հրատապ հարցերէն մէկը դարձնել այս ազգակործան երեւոյթը, եթէ իսկապէս կը հաւատայ իր ազգային առաքելութեան:
Ժ. Երկրաշարժի քսանվեցերորդ տարեդարձին առիթով, ի տես մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սրտաճմլիկ ապրելակերպին, իրաւական եւ բարոյական  սահմաններուն մէջ՝  Եպիսկոպոսաց Ժողովը ի՞նչ յանձնառութիւն առաւ օգնելու այս վշտաբեկ կարօտեալներուն: Դադրեցուցէ՛ք ձեր անձնական փառքերը հիւսող, ձեր եսերը շոյող վեհարաններու, առաջնորդարաններու եւ վանական շէնքերու շինութիւնը: Շինեցէ՛ք տուներ տնազուրկներուն, որբերուն եւ կարօտեալներուն համար, որպէսզի ձեր վարձատրութիւնը ստանաք Ամենակալէն:
ԺԱ. Եւ վերջապէս,  Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան վերջնական մշակումի եւ խմբագրումի հարցը հրամայական նկատէր,  որպէսզի ան վաւերացուէր Ազգայի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, մեր ժողովուրդի ամբողջական լիարժէք գործօն մասնակցութեամբ, խուսափելու համար մենատիրական եւ հակականոնական բոլոր ախորժակներէ:
Յաջորդ  Եպիսկոպոսաց Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 2016 թուականին: Կը յուսանք որ մինչ այդ աշխատանքներ կը կատարուին վերեւ յիշուած մարտահրաւէրներու առնչութեանբ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք Եկեղեցւոյ դերին, որպէսզի կարենանք անգամ մը եւս ապահովել անոր ներգործօն առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
27 Դեկտեմբեր 2014
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.