İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

Ի՞նչ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր հայուն դերը եւ պարտաւորութիւնները Եկեղեցւոյ հանդէպ, օրէնքի հասկացողութեան սահմաններուն մէջ, նկատի ունենալով որ ժողովուրդը նոյնինքն Եկեղեցին է, այլ խօսքով Աւետարանի սկզբունքներով դաստիարակուած եւ սնած մարմին մը՝ որ ունի իր ներգործօն բաժինը Եկեղեցին առողջ եւ արդիւնաւէտ պահելու, իր հոգեւոր, մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ:

Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան յարեցաւ առաքելական դարուն, փարեցաւ Աւետարանին եւ պաշտպանեց Աւետարանը իր արեան գնով՝ նահատակութեամբ, նոյնիսկ վերջին հարիւրամեակին:  Հայ ժողովուրդի արիական այս զոհողութիւնները, արդիւնքն են իր ստացած քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութեան:
Ամէն դար իր պայմաններով եւ միջոցներով դաստիարակած ու դարբնած է  մեր ժողովուրդին կամքը, սակայն բոլորն ալ եղած են Եկեղեցւոյ շուրջ եւ Եկեղեցիով: Դժբախտաբար սակայն՝ տարբեր է պատկերը այսօր, եւ  պէտք է խոստովանիլ որ դադրած ենք մեր բոլոր կրօնական համոզումներէն եւ դարձած ենք անտարբեր Եկեղեցւոյ նկատմամբ, դրսեւորելով խուժան հասարակութեան մը պատկերը:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ վերջին հարիւրամեակի հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ:
Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները, նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներուն, ստեղծելով, հետեւաբար, այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:
Բարեբախտաբար՝ այսպիսի խորթ եւ անբարեբեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին փորձեց հայը պահել իր փարախէն ներս, ընծայելով անոր հոգեւոր դաստիարակութեան նոր պայմաններ: Բայց որքանո՞վ Եկեղեցին կրցաւ յաջողիլ իր առաքելութեան մէջ, որուն տխուր աւերակներուն մղձաւանջը կը զգայ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք:
Մեր Եկեղեցւոյ բեմերը լուռ են այսօր, եւ մեր հոգեւորականութիւնը անհանգիստ չէ եկեղեցիներու թափուր աթոռներով: Կիրակնօրեայ քարոզները բաւական չեն վերականգնելու Եկեղեցւոյ դերն ու հմայքը մեր հասարակական կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է ունենալ նուիրեալ եկեղեցականներու յոյլ մը որ ծանօթ է ժանամակակից հաղորդակցական միջոցներուն, ձեւերուն եւ ոճերուն, որպէսզի կարենան Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պաշտպանել ապակայունացնող բոլոր անհարազատ հոսանքներէն եւ ոյժերէն , որոնք կը սպառնան եւ կը խորտակեն մեր պապերէն ժառանգուած հաւատքն ու հայրանասիրութիւնը:
Անհարժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել մշակութային յեղափոխութիւն մը որուն ժողովուրդը պիտի մասնակցի իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը պիտի բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան, դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական  եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:
Պարտք կը զգամ այստեղ անգամ մը եւս յիշեցնելու որ եկեղեցական-ընկերային-մշակութային կեանքէն ներս ստեղծուած ամիրայական տիրապետութեան կացութիւնը պատճառ դարձած է որ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը հեռանայ Եկեղեցւոյ կառոյցէն եւ չհետաքրքրուի անոր դարերու ընթացքին ունեցած օգտաշատ առաքելութեամբ: Ինչպէս անցեալին՝ այսօր ալ շատ մեծ են մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն:
Ցաւալին հոն է՝ որ ժողովուրդը դեռ քաջութիւն չունի իր իրաւունքին տէր կանգնելու եւ պահանջելու այն ինչ որ իրեն կը պատկանի օրինական սահմաններու մէջ, իր արդար քրտինքով շահուած եւ օրինակացուած սահմանադրութեամբ: Ժամանակն է որ իր վրայէն թօթափէ ապականած եւ մենաշնորհեալ կարծեցեալ ա’յն փոքրաթիւ «ջոջերը» որոնք Եկեղեցին վերածած են շուկայի եւ  անհատական կամ այլ տեսակ շահեր հետապնդելու լաւագոյն դաշտի մը:
Օրէնքի հասկացողութիւնը իր իսկական ոյժը կ’ունենայ երբ ժողովուրդը կը հասկնայ անոր ոգին եւ կը գործէ անոր տրամադրութիւններուն համաձայն: Կառչիլ օրէնքի հասկացողութեան՝ կը նշանակէ  օրէնքով շարժիլ, հեռու մնալով գայթակղութիւն ստեղծող բոլոր նախաձեռնութիւններէն, որոնք մեզ կրնան առաջնորդել անտարբերութեան, լճացումի եւ վերջապէս ճահճացումի:
Տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին: Մեր բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակաօրինական են, եւ կը կատարուին առանց Ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:
Մեր Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից  բոլոր բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին:
Պարզացնելու համար մեր միտքը,– ժողովրդավարականացման աշխատանքին մէջ, մեծ դեր ունի կատարելիք ժողովուրդը (Եկեղեցին), որովհետեւ իր ձեռքին մէջ կը գտնուի մնայուն լուծումներ գտնելու գաղտնիքը, որ նոյն ինքն օրէնքն է, կանոնականութիւնն ու սահմանադրութիւնը: Անտարբերութիւնը լուծում չէ:
Բոլորս պատասխանատու ենք այս տխուր եւ ո’չ յուսադրիչ անփառունակ կացութեան, որովհետեւ չենք փափաքիր մեր ամբողջական եւ լիիրաւ մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին եւ փրկել զայն իրենք զիրենք «ղեկավար» ներկայացնող, ժողովուրդին արիւնն ու աւիշը ծծող այս նոր ջոջերէն՝ եկեղեցական թէ աշխարհական:
Ժամանակն է որ ժողովուրդը ոտքի կանգնի, պահանջէ իր իրաւունքները եւ դուրս վանէ իրենք զիրենք ղեկավար կարծող մարմինները, մասնաւորաբար Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն ներս: Ախտավարակ հոգեբանութեան մը ճիրաններուն մէջն ենք: Անփոխարինելի մարդ չկայ այս աշխարհին մէջ: Անհրաժեշտ է տեղ տալ նոր սերունդին եւ քաջալերել զիրենք որ տէր կանգնին իրենց Եկեղեցիին եւ իրաւունքներուն:
Չենք ակնկալեր որ իրենց դիրքերուն վրայ յաւերժօրէն նստած եւ իրենց աթռռներուն փակած «ղեկավարներ» գոհ մնան մեր արտայայտած մտքերէն: Չենք յաւակնիր ունենալ ճշմարտութեան մենաշնորհը, բայց իրականութիւնը չի դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ: Հաւանաբար մեր առաջարկները հրաշքի համազօր նկատեն շատեր, բայց եւ այնպէս՝ պատմութենէն գիտենք թէ երբ ժողովուրդը միահամուռ կերպով ոտքի կ’ելլէ, թագաւորներ գահընկեց կ’ըլլան:
Ոմանք հարց պիտի տան թէ ուրկէ՞ սկսինք այս յեղափոխութիւնը: Նախ՝ ճանաչողութիւնն ու համոզումը ունենանք օրէնքի բաձարցակ հասկացողութեան ու ապա օրէնքին կռթնելով սկսինք յեղափոխութեան, եւ այդ՝ մեր անմիջական շրջանակներէն ներս, օրինակ դառնալով այլոց ի սփիւռս աշխարհի: Եթէ չկարենանք իրականացնել նոր յեղափոխութիւն մը,  այն ատեն դաշտը կը թողունք բոլոր անոնց որոնք մեր ազգային կեանքին մէջ մտած են ո’չ որովհետեւ կը հաւատան ընդհանրական նպատակներու, այլ իրենց եսասիրութենէն եւ փառասիրութենէն մղուած ստանձնած են «ղեկավարի» աթոռներ:
Պէ՞տք է հաւատալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան: Անկասկած, որովհետեւ Եկեղեցին եղած է միջնաբերդը մեր գոյութենական պայքարին եւ մեզ պահած է դարերու ընթացքին ամէն տեսակի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց: Եւ ինչո՞ւ չկարենայ այդ դերը կատարել այսօր՝ մեր հոգեւոր-մշակութային անդաստանէն ներս:
Նախ պէտք է համոզուինք որ Եկեղեցին հնութեան (antiquity) չի պատկանիր, եւ հետեւաբար պէտք չէ մտածել որ Եկեղեցիով զբաղիլը անկարեւոր է, պատճառաբանելով թէ աւելի կարեւոր աշխատանքներ կան կատարելիք մեր հաւաքական-հասարակական կեանքին մէջ: Այն ինչ որ Եկեղեցին կրնայ իրագործել մեր մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ, բացի կրօնականէն, անփոխարինելի է եւ կենսական՝ մեր հաւաքական յաջողութեան մէջ, մանաւանդ ամբողջ սփիւռքի տարածքին:
Եթէ նուազագոյն ողջախոհութիւնը ունենանք, պիտի տեսնենք որ մեր գաղութներէն ներս  հոն ուր որ Եկեղեցին կազմակերպուած եւ ուժեղ է, այդտեղ նաեւ առողջ եւ զօրաւոր են մեր գոյատեւման եւ պահանջատիրութեան պայքարի բոլոր յարացոյցները:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր բարդութիւններն ու դժուարութիւնները ունեցած է եւ տակաւին ունի մեր քաղաքական եւ հասարակական-ընկերային պայմաններուն բերումով: Սակայն եւ այնպէս, այս բոլորը պատճառ պէտք չէ ըլլան որ մենք մօտենանք մեր Եկեղեցիին՝ ա՛յն համոզումով, որ  այլեւս ընելիք չունի ան: Նման հասկացողութիւն կամ մօտեցում մը պարզապէս մեզի կ’առաջնորդէ ազգային անպատասխանատուութեան եւ հոգեւոր սնանկութեան:
Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին, որպէս լաւագոյն եւ հզօրագոյն խարիսխը մեր գոյութենական պայքարին: Այս վեհ անհրաժեշտութիւնը հասկնալու համար, պէտք է մօտէն ճանչնանք մեր անցեալի պատմութիւնը, կերտելու մեր այսօրն ու ապագան, յանուն գալիք սերունդներու:
Որպէսզի ցոյց տանք որ կը հաւատանք Եկեղեցւոյ առաքելութեան, անհրաժեշտ է որ նոր լուսարձակի տակ եւ նոր չափանիշներով արժեւորենք Եկեղեցւոյ հաստատութեան եւ ազգին փոխ-յարաբերութիւնները, իսկ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ իրագործել միայն՝ ժողովրդական ամբողջական մասնակցութեամբ:  Անհրաժեշտ է որ այդ մասնակցութիւնը չըլլայ սոսկ ձեւական, այլ ըլլայ գործնական եւ որակեալ իր բոլոր ձեւերուն մէջ, հիմնուած եւ խարսխուած օրէնքի գիտակցութեան վրայ, եւ սահմանադրական-ժողովրդական օրէնքներու պատասխանատուութեամբ ու գործադրութեամբ:
Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է որ, մասնաւորաբար մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատաութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները: 
Բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակներու պարարտութեան սնանկութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրը:
Իսկական յաջողած ղեկավարները պիտի ըլլան անոնք, որոնք պիտի կարենան ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, մերժելով «մենաշնորհեալներու» աճպարարութիւնները յօգուտ իրենց անհատական կամ կուսակցական շահերուն: Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ժողովրդավարութեան եւ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքի մասին, երբ ժողովուրդը անտեսուած է, այլ խօսքով՝ ներկայ չէ իր գործօն մասնակցութեամբ:
Ժամանակը հասած է որ մեր քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւնները, ո’չ միայն մամուլով, –որուն մէջ արդէն թերացած են, — այլեւ հրապարակային քննարկումներ կազմակերպեն եւ քաջաբար արտայայտուին այս մասին, որպէսզի ժողովուրդը նախ լուսաբանուի ու ապա լսելի դարձնէ իր ձայնը եւ միայն ա՛յն ատեն վերջ կը գտնէ քանի մը տասնեակ անձերու միջեւ ընթացող ազգային ողբերգական խաղը: ՎԵՐՋ…խնամի-ազգական-բարեկամ չարաշահումներու:
Այս բոլորին մէջ, անհրաժեշտ է չմոռնալ օրէնքի հասկացողութիւնը, որուն իսկական ուժը իր ոգիին եւ պատշաճ գործադրութեան մէջ կը կայանայ: Առանց օրէնքի՝ մեր ազգային կեանքը կ’առաջնորդենք լճացումի եւ ճահճացումի:
Լաւատեսութեան ակնկալութեամբ, կոչ կ’ուղղենք մեր համասփիւռ հայութեան զաւակներուն, որ իրենց համայնքներէն ներս անդամագրուին իրենց եկեղեցիներու ծխական մարմիններուն, ձեռք բերեն իրենց մասնակցութեան իրաւունքը եւ ժողովրդավարական քուէներով տէր կանգնին իրենց պատկան եկեղեցիներուն, վերաշխուժացնելով համայնքը, որպէսզի կարենան լուծել իրենց առջեւ ծառացող կրօնական, ազգային, մշակութային եւ հասարակական խնդիրներն ու դժուարութիւնները:
Շատեր մեզի հարց կու տան թէ ինչո՞ւ կը զբաղինք այս հարցով եւ ին՞չ պիտի կարենանք փոխել Եկեղեցւոյ բռնատիրական եւ մենատիրական այս ճահճացած վիճակէն:  Մեր պատասխանը եղած է միշտ նոյնը. արթնութիւն ստեղծել ա՛յն ականկալութեամբ, որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ տէր կանգնի իր իրաւունքներուն: Ահաւասիկ այս է մեր տեսլականը, մնացեալը ժողովուրդն է որ պիտի իրագործէ իր ամբողջական գործօն լիարժէք մասնակցութեամբ:
Անկասկած որ մեր առաջարկած կրօնամշակութային յեղափոխութեան առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ պիտի ըլլան, նամանաւանդ անոնց կողմէ որոնք կը յաւակնին մենատէրերը ըլլալ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար, անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Մեր ջերմ փափաքն է, որ ներկայ ժամանակներու ոգիին համապատասխանող նոր պատասխանատու  եւ յանձնառու դէմքեր գրաւեն Եկեղեցւոյ ղեկավարման պաշտօնները, անձինք՝ որոնք կը հաւատան եւ կը գործադրեն օրէնքի տառն ու ոգին՝  ամբողջական իմաստով եւ, վերջապէս, միանգամ ընդմիշտ Եկեղեցին իր կրօնական ընկերակցութեան սահմանափակ շրջանակէն դուրս ելլելով վերստանձնէ իր պատմական առաքելութիւնը, հայ ազգի պահպանումն ու գոյատեւումը իրեն նպատակ ունենալով:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            (վերջ)
23 Դեկտեմբեր 2014
Ամբողջական յօդուածը կարելի է կարդալ ստորեւ կցուած կայքէջին վրայ.
http://www.religions.am/arm/editorial/%D5%95%D6%80%D5%A7%D5%B6%D6%84_-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%AB-%D5%A5%D6%82-%D5%B4%D5%A5%D5%B6%D6%84/
__._,_.___
________________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.