İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ եւ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ:

Ամէն տարի  6 Յունուարին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօներ’ Քրստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր: Շատ բնական է որ, քրիստոնէական այս տօներու թուականներուն տարբերութիւնը ,մարդոց միտքերուն մէջ հարցականներ  յառաջացնէ եւ նաեւ ըմբռնողութեան խանգարումներու ստեղծէ:Անշուշտ այս կէտերը կարելի է լուսաբանել պատմական,եկեղեցական եւ օրացոյցի տուեալններով:

Յիսուս Քրիստոսի  բնախօսական ծնունդի թուականը սկզբնային շրջաններէն ի վեր, աստուածաբաններու եւ գիտնականներու միջեւ օրակարգի նիւթ եղած է:Ցաւօք  որեւէ վաւերական աղբիւր  եւ կամ Աւետարանական տուեալններ Յիսուս Քրիստոսի բնախօսական(Physiologique) ծննդեան  մասին յստակ եւ ստոյգ  թուական մը չեն տար մեզի: Պատմական տուեալններէն կը սորվինք թէ, առաջին քրիստոնեայ աստուածաբաններ երկար ատեն յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով Յիսուսի Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան  թուականներուն  յստակացման ու ճշգրտումի վերաբերեալ  ուսումնասիրութիւններ ու քննարկումներ կատարէր են’ Յիսուս Քրիստոսի բնախօսական ծննդեան ճշգրիտ թուականը  ստուգելու համար:Այդ Աստուածաբաններէն մին է Եգիպտացի Կղեմես Աղեքսանդրացի գիտնականը:Ան 200 թուականին յայտնէր է թէ,Մարիամ Աստուածածինը յղացած է Մարտ 25 ին,հետեւաբար Յիսուսի բնախօսական ծննդեան թուականն է  Դեկտեմբեր 25 ը,իսկ Յունուար 6 ը Քրիստոսի Մկրտութեան օրն է:Հոս հարկ է յիշել պատմական այն փաստը  որ, ատենին Հռոմէացիները 25 Դեկտեմբերին կը տօնէին իրենց արեւի աստուած”Միթրա”ի ծննդեան տօնը:Հռոմէացի եկեղեցւոյ հայրեր մեծ ճիգեր թափեցին “Միթրա”ի տօնախմբութիւնը ժողովուրդին մոռցնել տալու համար, սակայն չի յաջողեցան :
Այդ ատենին ,կայսրական Հռոմը իր հպատակներուն Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն դարձնելու համար քաղական առանձնայատուկ պատճառներ ունէր, Սուրբ Ծննուդը 25 Դեկտեմներին տօնելու պահանջին վրայ:
Սկզբնական շրջանին մինչեւ 5րդ.ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհ Սբ.Ծննունդի տօնը կը տօնէին 6 Յունուարին:
Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն քրիստոնեայ աշխարհը նախապէս  կը տօնուէր մինակ Յիսուսի յարութեան տօնը :Աւելի ուշ Քրիստոսի ծնունդը եւ մկրտութիւնը,  “Աստուածայատնութեան Տօն” անունի ներքեւ սկսաւ միասնաբար նոյն օրը տօնուիլ որպէս միասնական մէկ տօն:
Ըստ հնագոյն արձանագրութիւններու Սբ.Ծնունդը առաջին անգամ տօնուեցաւ 336 թուականին Դեկտեմբեր 25 ին, իսկ առաջին ”Աստուածայատնութեան Տօն”ը տեղի ունեցաւ 6 Յունուար  361 թուականին(5/1/2011Ասպարէզ):
451 թուականին, 4 րդ տիեզերական  ժողովին,Յիսուսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօներու  թուականներու յստակացման վերաբերեալ  եկեղեցիներու միջեւ ծագեցաւ տարակարցութիւններ :Արեւլքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեայ եկեղեցիներ որոշեցին Սբ.Ծնունդը եւԱստուածայայտնութեան տօնը 25 Դեկտեմբերին,իսկ Մկրտութեան տօնը, 6 Յունուարին տօնել:Հայ Առաքելական եկեղեցին բացառութիւն կազմելով  որոշեց  հաւատարիմ մնալ իր հաստատակամ աւանդութեան ու հաւատքին եւ շարունակեց  Յիսուսի Սբ.Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան ու Մկրտութեան  տօնները որպէս միասնական տօն տօնախմբել 6 Յունարին : Այս ձեւով մեր եկեղեցին մէկ կողմէ հաւատարիմ մնաց  առաքելաւանդ կանոններուն, միւս կողմէ այլ եկեղեցիներէ իր  “ծիսական անկախութեամբ” եւ “տարբերութեամբ” պահպանեց  Հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը:
Հայ ժողովուրդը Սբ.Ծննդեան , Աստուծայայտնութեան  եւ Մկրտութեան տօները, 6 Յունուրին տօնելով կը վերանորգէ ոչ միայն իր հաւատքը , այլ նաեւ ազգային ինքնահաստատման իր հազարամեակներու երթը ու գոյատեւումը:
Պարզ ենթադրութիւն մը չէ ,Յունար 6  թուականը , այլ պատմական իրողութիւն մը, զոր Աւետարանական տեղեկութիւններէն մեկնելով ու տոմարական հաշիւով Յիսուսի ծնունդը նոր տոմարով կը զուգադէպի 6 Յունուարին:
Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան միացեալ այս սուրբ տօները հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու աշխարհիկ կեանքի մէջ շատ կարեւոր տեղ մը ունին :Տօնին նախորդող շաբաթը պահք է: 5 Յունուարին Հայոց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենայ երեկոյան ժամերգութիւն, որմէ վերջ, հաւատացեալները իրենց տուն կը տանին վառած մոմ եւ իրարու կը փոխանցէն Սբ.Ծննդեան աւետիսը:Պահքը կը բացուի մոմերու լոյսնի տակ ,ճոխ ու հարուստ նահապետական ճաշասեղանի շուրջ:Հայոց Սբ.Ծննդեան ճաշասեղանին վրայ կը գտնուի աւանդական զանազան ճաշեր , ինչպէսին , չոր միրգեր,չամիչ, նուր, նուշ,թուզ, սիսերով, չոր բանջարէղնով , ձաւարով, վարսակով ճաշեր,, ձկնային ճաշատեսակներ,հարիսա, քէշկէք, թօփիկ, գինի կամ օղի ,ապուխտ, եղինձ, ծննդեան փախլաւայ եւ այլ խմորեղէններ :Հայու սեղանին վրայ  կար նաեւ “Ծննդեան ապուր” ը(Չոր բանջարեղէնով ապուր մը) որ կը կոչուի նաեւ “Մարիամա Ճաշ”:
Հին շրջաններուն  հայկական որոշ շրջաններու մէջ կը խնամէին Սբ.Ծննդեան յատուկ գառ, ուլիկ կամ հորթ մը, զոր կը մորթէին տօնի նախօրեակին:
Հայ տուներու մէջ , Սբ.Ծննդեան ընթրիքէն առաջ “Խունկ”կը վառէին, չար ոգիներուն եւ սատանայի ազդեցութիւնը չէզօքացնելու համար:
Հայ կեանքի մէջ աւանդութիւն էր նաեւ , Յիսուսի Սուրբ Ծննունդը աւետելու համար,  շարականներ, երգեր երգելով ու պարելով  երիտասարդներուն տուն է տուն շրջիլը:
Հայոց եկեղեցիներու մէջ  Յունուար 6 ին յատուկ պատարագ կը մատուցուի եւ կը կատարուի Յորդանան գետի մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող “Ջրօրհնենք”ի արարաողութիւնը: Սբ.Խաչով ու Սբ.Միւռոնով կ’օրհնուի ջուրը եւ կը բաժնուի հաւատացեալներուն :Ժողվուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը հաղորդակից կը դառնայ Յիսուսի Մկրտութեան :Հաւատացեալները,Օրհնուած ու միւռոնուած հրաշագործ ջուրը տուն կը տանին ,որպէսզի ոեւէ մէկ պատճառով եկեղեցի չեկած անձն ալ խմէ օրհնուած այդ ջուրէն,ինչպէս նաեւ օգտագործէն հիւանդութեան,ձախողութեան եւ չարիքներու դէմ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ.
Օգտագործուած Ակ:Մաշտոցի Արձագանգ (Ամսաթերթ)

Yorumlar kapatıldı.