Մեծ գնահատանքով կարդացի «Բաց Նամակը», ուղղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Առաքելական Աթոռոյն Սրբոց Յակոբեանց Երուսաղէմի Պատրիարքին՝ Նորին Ամենապատուութիւն Նուրհան Արքեպիսկոպոս
Մանուկեանի: Միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւ զգացի , որ Պատրիարք Հայրը ստիպուած զգացած է գրելու իրողութիւններ, որոնք անկասկած խորունկ կսկիծ պատճառեցին իրեն:
Նոյն ատեն ուրախ եղանք, որ տակաւին ունինք եկեղեցականներ, որոնք իմաստութիւնը և քաջութիւնն ունին ճշմարտութիւնները ըսելու, մեր խեղճ ազգին և աւելի խեղճ եկեղեցիին հայրապետին մասին:
Պատրիարք Հօր նամակը արդիւնք տուած է որոշապէս ակնկալուած պատասխաններու: Եթէ անհիմն եւ սխալ բաներ գրուած են որեւէ տեղ, անոնք Երուսաղեմէն բխած նամակին մէջ չեն, այլ այդ «պատասխաններուն» մէջ, որոնք գրուած են Եպիսկոպոսներու, Վարդապետներու, Քահանաներու եւ այլն կողմէ:
Մէկ բան շատ որոշ է. այս պատասխաններուն հեղինակները 1. կամ Կաթողիկոսին ազգականներ, մօտիկ բարեկամներն են.
2. կամ ենթակայ են Կաթողիկոսին իրենց եկամուտին եւ դիրքին համար.
3. կամ Կաթողիկոսէն կը սոսկան որովհետեւ վախկոտներ (coward) են: Ոմանք ալ, թերեւս տարբեր յատուկ վախնալու պատճառներ ունին.
4. կամ քծնող նկարագիր ունեցող անձեր են.
5. եւ կամ ալ Կաթողիկոսը հրահանգած է անոնց, որպէսզի այդօրինակ պատասխաններ գրեն Պատրիարքին նամակին: Թերեւս ալ, իրենք այդ գրութիւններով (գուցէ եւ անձնական համոզումներու հակառակ) փափաք կամ կարիք ունին հաճելի երեւնալու Կաթողիկոսին:
Յայտնի բան է, որ Կաթողիկոսը շրջապատուած է մարդոցմով , որոնք կը պատկանին վերոբերեալ հինգ դասակարգներէն մէկուն կամ աւելիին:
Կարելի էր շատ դիւրութեամբ (հեշտութեամբ) մանրամասն պատասխաններ տալ Կաթողիկոսի պատկանող այս ստրուկներու/խաղալիքներուն գրածներուն, բայց անիմաստ պիտի ըլլար, քանի որ շատ երկար գրութիւն կըլլար, և հաւանաբար ոչ ոք կարդալ պիտի ուզէր:
Կը լսենք , որ Երեւանի Պետական համալսարանի կարգ մը փրոֆէսորներ ալ գրած են ի պաշտպան կաթողիկոսին: Ինչպէս լաւ գիտենք Հայաստանի մէջ ամէն բան կաշառքով կըլլայ, ուրեմն այս փրոֆէսորները կամ կաշառուած են եւ կամ ալ իրենց գլուխներն ունին ամպերու մէջ, որ անսովոր բան չէ ակադեմիական շրջանակներու մէջ:
Այս նամակին մէջ ի մասնաւորի կայ մէկ արտայայտնութիւն որ եթէ ոչ զայրոյթ,ապա առ նուազն զարմանք կը պատճառէ: Անկախ ու ժողովրդավար
երկրի մը գիտական միտքի ներկայացուցիչներ կը հռչակէն, թէ «…Արժե՞ արդյոքհիշեցնել, որ Ձեր դիմաց ոչ թե Ձեր խաղընկերն է կամ տարեկիցը, Ձեր մատնանշած «ողբերգություն» կամ «վայրահաչ բերան» ինչ-որ սրբազան, որևէ շարքային վաճառական հոգևորական (որպիսիք, ցավոք, կան մեր իրականության մեջ թե՛ Պոլսում, թե՛ Էջմիածնում, թե՛ Երուսաղեմում և այլուր), այլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ………….Ժողովուրդն ինչո՞ւ պիտի իմանա, որ իր սրբազան հավատի երկու սյուները գժտություն ունեն կամ կրտսերը վիրավորում է երեցին:» (ընդգծումն մէրն է:)
Սոյն պարբերութիւնը իրապէս զարմանք եւ զայրոյթ առաջացնելու արժան է, քանզի մէր յարգարժան գիտնականներուն հարկ է յիշեցնէլ որ
1. Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը բաւարար իրաւասութիւնք ունի որ իր խօսքը եւ կարծիքն արտայայտէ ի բարորութիւն մէր եկեղեցւոյ: Շարքային կամ «շարքէ վէր» հոգեւորականներ չկան մէր եկեղեցւոյ մէջ, սիրէլի փրոֆեսորնէր: Տիրոջ սպասաւորներն են ամէնքն ալ՝անկախ իրենց ՎԱՐՉԱԿԱՆ դիրքէն: Ասիկա խորհրդային հիմնարկ չէ… որու մէջ ըստ երեւոյթին տակաւին կ՝ապրին, Հայաստանի մեր շատ հայրենակիցներ:
2. Ին՞չ ըսէլ կուզէք «Ժողովուրդն ինչո՞ւ պիտի իմանա,» տողով: Ժողովուրդը ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳԻՏՆԱԼ ամէն բան ինչ որ կը վերաբերի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ խնդիրներուն, քանզի մէր եկեղեցին ԱԶԳԱՅԻՆ և, մինչեւ 1999,
ժողովրդավարական եկեղեցի ըլլալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ալ նմանապէս կ’ընտրուի ԱԶԳԱՅԻՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ կողմէ, ուր կան ինչպէս հոգեւորական, այնպէս ալ աշխարհական պատուիրակներ՝ համայն հայութեան կողմէ ընտրուած: Եւ Կաթողիկոսը հաշուետու է համայն հայութեան – զինքը ընտրողներուն:
Ինքը Կաթողիկէ Պապ չէ, որ ընտրուած է կարդինալներու կողմէ եւ «անսխալականութեան» պիտակն իր վրայ առնէ: Նոյնիսկ Պապը հիմա փոխուած է սակայն մենք դէպի ետ կ’երթանք: Կամ ալ ասիկա Համայնաւարական կուսակցութեան կենդրոն չէ, որ բոլոր խնդիրները գաղտնիօրէն պահուին միայն Քրէմլինին մէջ՝ ինչ որ եղած է 70 տարիներ: Թերեւս մէր փրոֆեսորնէրը տակաւին այդ մտայնութեան ու գաղափարի վրայ են… Բաւական կը նկատեմ միայն մէկ օրինակ տալ ”Asekose.am”ի մէջ հրատարակուած «Հայ Հավատացյալ»ի գրուածքէն.
ա) Երուսաղէմի Պատրիարքութեան անկախութիւնը ոչ ԽՍՀՄ- ի օրերէն է եւ ոչ ալ անոր պատճառով: ԽՍՀՄ-ը պատրուակ գործածելը ներկայի անհամաձայնութիւնները բացատրելու, քաղաքագէտներու (politician) խաբեբայ խաղերու կը պատկանին.
բ) «Հայ Հավատացեալը» կ՝ըսէ .«որոշ թեմեր սկսել են ոչ կրոնական-նույնիսկ քաղաքական խաղերի մեջ մտնել» , այսպիսով տպաւորութիւն տալով թէ Պատրիարքի պէս մարդիկ հակակրօնական դիրք բռնած են:
Արդեօք աշխարհի մէջ կը գտնու՞ի մէկ հոգի (Հայ կամ ոչ Հայ) , որ կը հաւատայ թէ մեր Կաթողիկոսը քրիստոնէական և կրօնական որեւէ հաւատք ունի: Կաթողիկոսի ամէն ըրածները հակաքրիստոնէական ծագում ունին եւ հիմնովին հակառակ Քրիստոսի աւանդածներուն:
Ճշմարիտ հաւատացեալներու, Հայ եկեղեցին իրապէս սիրողներու աղօթքը եւ յոյսն ան է որ Աստուած որոշէ մօտ օրերս անոր ցոյց տալ իր ցանած պժգալի պտուղներուն արդիւնքները: Չենք ուզեր իր մահը, որովհետեւ «ոչ կամիմք զմահ մեղաւորին» այլ միայն իր և իրեն նմաններու հեռացումը Հայրապետական գահէն:
«Հայ Հավատացեալը» կըսէ. «երբեք հրապարակավ չեմ քարկոծում: Նման պահվածքն անհանդուրժելի է հատկապես հիմա»: Մասամբ ճիշդ է ադ, բայց շատ աւելի անհանդուրժելի է , որ գիտակից Հայեր լուռ մնան եւ ձգեն , որ մեր «Ամենայն Հայոցը» անկաշկանդ հետապնդէ իր յափշտակող, անխիղճ, անքրիստոնիա եւ քանդիչ գործունէութիւնը մեր եկեղեցիին ու ազգին հանդէպ:
Գուցէ յափշտակելու այդ փափաքին պատճառա՞ւն է , որ աչքը տնկած է նաեւ Երուսաղէմի վրայ:
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ան հաւանաբար առաջին Հայրապետն է, որ ատելի դարձած է ամէն Հայի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ալ սփիւռքի մէջ , բացի, անշուշտ, անոնցմէ որոնց անձնական շահերը ուղղակի իրեն կապուած են:
Դարձեալ կըսեմ, ի խորոց սրտի կաղօթենք որ անոր «կաթողիկոսական» օրերը շատ քիչ մնացած ըլլան: Ապա թէ ոչ մեր եկեղեցին բոլորովին պիտի կործանի:
Կործանումի ամէնէն մեծ պատճառը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ինքն է, օգնութեամբը իր անողնաշար արբանեակներուն – Եպիսկոպոսաց, Վարդապետաց, Քահանայից …
Այո, խօսքս ձեզ համար է ՝ Պատրիարք Հօր նամակին պատասխանող Եպիսկոպոսներ, Վարդապետներ եւ այլք որ լուռ կը մնաք տեսնելով հակառակ Կաթողիկոսին ըրած անարդարութիւնները և խայտառակութիւնները:
Վերջացնեմ խօսքս ըսելով «չեմ կրնար ընդունիլ թէ, որեւէ անձ մը որ Գարեգին Բ’ի կողմնակից է և զայն կը պաշտպանէ, կրնայ հաւատացեալ Քրիստոնիա ըլլալ»:
«Որ ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ» (Մարկ.7.16,Ղուկ.8.8):
Մարթին Մալքասեան
Slaq.am – Լրատվական աղբյուր
Yorumlar kapatıldı.