ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, Նիւ Եորքի «Քիփրիանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի տարեկան 11րդ դրամահաւաքի հաւաքոյթը՝ ի մի բերելով աւելի քան 450 համակիրներ։ Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 2.4 միլիոնի հասնող նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել:
Դոկտ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած սոյն կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, ներկաները վայելած են Հայաստանէն ժամանած շարք մը երեխաներու հոյակապ կատարումները, իսկ հանդիսավարը եղած է «Թոնի» մրցանակին արժանացած դերասանուհի Էնտրէա Մարթինը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած են նաեւ Իզապէլ Պայրաքտարեան եւ Ուիլ Չեմփլին։
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի վարչութեան անդամ Մայքըլ Արամ կազմակերպութեան «Մարդասիրական» մրցանակը յանձնած է Արա Արսլանեանին, իսկ «Սերունդը Փրկէ» մրցանակը՝ Ալեքսիս Օհանեանին։
Ձեռնարկի համանախագահները եղած են Վիքթըր Կարպըր, Սուզան Քենտըլ Նիւմըն եւ Թոնի Շաֆրազի։
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է կրճատել Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ աղքատութեան մակարդակը՝ համայնքային զարգացման շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամի կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներէն ցարդ օգտուած են Հայաստանի գիւղական համայնքներու տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ: Կազմակերպութեան նպատակն է յառաջիկայ տասնամեակին օժանդակութիւն հասցնել առնուազն 100 գիւղերու բնակիչներուն:
Ձեռնարկին ու կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.coafkids.org կայքը:
Yorumlar kapatıldı.