Ռաֆայէլ Պատկանեան
Ահաւասիկ այս սկզբունքէն մեկնելով պիտի անդրադառնանք մեր ներկայի եկեղեցական տագնապին, որ իր սաղմէն դուրս ելլելով, հրաբուխի նման ժայթքեց եւ իր ճաբուն վրայ գտնուող իւրանքանչիւր հայուն սիրտը հրդեհեց անդարմանելի վիշտով: Հասկնալու համար թէ ի՞նչ է բացարձակ ճշմարտութիւնը, անհրաժեշտ է որ նախ սահմանենք զայն: Բառարանի համաձայն ճշմարտութիւն կը նշանակէ.- ա. Միտքին համաձայնութիւնը իրին՝ իրականութեան հետ:
բ. Համաձայնութիւն մտածումին եւ խօսքին միջեւ:
գ. Իրականութիւնը խօսիլ, աննենգութիւն:
դ. Անկեղծութիւն, հաւատարմութիւն:
ե. Արդարութիւն:
զ. Իրականութիւն, ակներեւութիւն:
Ոմանք պիտի առարկեն որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, որ կրնայ սահմանել իրականութիւնը: Կեանքի մէջ ամէն ինչ յարաբերական է եւ հետեւաբար չի կրնար ըլլալ բացարձակ ճշմարտութիւն, ուստի չկան նաեւ բացարձակ բարոյական սկզբունքներ: Չկայ հեղինակութիւն մը որ կրնայ որոշել թէ արարք մը դրակա՞ն է կամ ժխտական, շիտա՞կ կամ սխալ: Այս մտածելակերպը մեզ կ’առաջնորդէ «բարոյական հանգամանք»ի (situational ethics), համոզում մը որ մեզի կը թելադրէ թէ շիտակը կամ սխալը յարաբերական են որոշ կացութեան մը հանդէպ: Չկայ շիտակ եւ սխալ, հետեւաբար՝ ինչ որ կը զգանք տուեալ պահուն եւ ժամուն որպէս շիտակ՝ա՛յդ է շիտակ: Անշուշտ՝ բարոյական այս հանգամանքը մեզ կ’առաջնորդէ ենթակայական, ներիմացական մօտեցումի –ինչ որ մեզ լաւ զգացնել կու տայ: Այս մտածելակերպը եւ անոր վրայ հիմնուած կենցաղը կը քանդեն ամէն ինչ մեր հասարակական եւ անձնական կեանքի մէջ: Այս երեւոյթը կը կոչուի արդիականութիւն, որ յառաջ կը բերէ ընկերութիւն մը ուր ամէն արժէք, համոզում, կենցաղ եւ ճշմարտութիւն՝ հաւասարապէս վաւերական են:
Ուրիշներ անշուշտ կը պնդեն թէ արդարեւ գոյութիւն ունին բացարձակ ճշմարիտ իրականութիւններ եւ չափանիշներ, որոնք կը սահմանեն թէ ինչ է շիտակը կամ սխալը: Հետեւաբար՝ արարքներ կրնան նկատուիլ շիտակ եւ կամ սխալ՝ զանոնք բաղդատելով բացարձակ չափանիշներու հետ: Օրինակի համար, առնենք ձգողական ոյժը. եթէ ան բացարձակ ճշմարտութիւն չըլլար, մենք վստահ պիտի չըլլայինք որ կարող ենք կենալ կամ նստիլ, մինչեւ որ չշարժէինք: Դարձեալ, եթէ հաւատայինք որ երկու առաւել երկու չորս չ’ըներ, կրնա՞ք երեւակայել անոր աւերները մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Գիտութիւն եւ բնագիտութիւն անիմաստ պիտի ըլլային եւ մարդիկ պիտի չկարենային առեւտուրով զբաղիլ: Հետեւաբար գոյութիւն ունի բացարձակ ճշմարտութիւն զոր կարելի է գտնել, ըմբռնել եւ հասկնալ:
Ուրեմն անտրամաբանական է յայտարարել որ բացարձակ ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի: Հակառակ այս իրողութեան, տակաւին կան մարդիկ որ կը մերժեն որեւէ բացարձակ ճշմարտութիւն: Անոնց պէտք է հարցնել – վստա՞հ էք որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն: Եթէ պատասխանեն այո՛, կատարած պիտի ըլլան բացարձակ սահմանում մը, որ ինքնին կը փաստէ գոյութիւնը բացարձակին:
Հակառակ այն իրողութեան որ այս մտածողութիւնը ինքնահակասական է, կան նաեւ այլ տրամաբանական հարցեր զորս պէտք է յաղթահարել որպէսզի անոնք հաւատան թէ կայ տիեզերական բացարձակ ճշմարտութիւն: Անոնցմէ առաջինն է այն՝ որ մարդիկ սահմանափակ ուղեղ եւ գիտութիւն ունին եւ հետեւաբար տրամաբանակօրէն չեն կրնար ժխտական հաստատում մը կատարել: Անձ մը տրամաբանականօրէն չի կրնար ըսել որ «Աստուած չկայ» (թէկուզ շատեր այդպէս կը յայտարարեն), որովհետեւ նման հաստատում մը կատարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ բացարձակ գիտութիւն տիեզերքի մասին, սկիզբէն մինչեւ վերջ: Նկատի ունենալով որ ատիկա կարելի չէ, հետեւաբար անձ մը միայն կրնայ յայտարարել եւ ըսել՝ «իմ սահմանափակ գիտութեամբս, չեմ հաւատար որ Աստուած գոյութիւն ունի»:
Տիեզերական բացարձակ ճշմարտութեան մերժումը խնդրայարոյց պարագայ մը կը ստեղծէ այն իմաստով, որ ինչ որ մենք գիտէինք մինչեւ հիմա որ ճշմարիտ էր մեր գիտակցութեան մէջ՝ այս կեանքի մէջ մեր փորձառութեամբ վաստակուած, իմացական ձախողութիւն մըն է: Եթէ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, հետեւաբար որեւէ հարցի մէջ վերջապէս չկայ շիտակ եւ սխալ: Ինչ որ քեզի համար «շիտակ» կը թուի, այդ չի նշանակեր որ ինծի համար ալ «շիտակ» է: Հակառակ այն իրողութեան որ նման մտածողութիւն մը կրնայ առինքնող ըլլալ, անհատը կ’առաջնորդէ տխուր ա՛յն իրականութեան թէ ինք կրնայ ստեղծել իր օրէնքը, ապրիլ անոր համաձայն եւ ընել ինչ որ ինք կը կարծէ թէ շիտակ է:
Անտարակոյս որ անձի մը նմանօրինակ մտածելակերպը ճշմարտութեան մասին՝ պիտի բախի ուրիշներու հասկացողութեան հետ: Պարզ օրինակ մը տանք – ին՞չ կրնայ պատահիլ եթէ ես շիտակ կարծեմ օրէնքը անտեսելով՝ ճամբու մը խաչմերուկին կարմիր լոյսը անցնիլը, վտանգելով շատ մը կեանքեր: Եւ կամ եթէ կարծեմ որ անհատէ մը բան մը գողնալը շիտակ է, իսկ այդ անձը շիտակ չնկատէ այդ: Շատ պարզ եւ յստակ է, որ մեր չափանիշները սխալի եւ շիտակի մասին՝ հակասութեան մէջ են: Եթէ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, եւ չկան չափանիշներ շիտակի եւ սխալի, որոնց համար հաշիւ պիտի տանք, հետեւաբար չենք կրնար վստահ ըլլալ որեւէ բանի մասին: Մարդիկ ազատ պիտի ըլլան ընելու այն ինչ որ կ’ուզեն – ոճիր, առեւանգում, գողութիւն, ստախօսութիւն, խաբեբայութիւն, եւայլն – եւ ո’չ ոք պիտի կարենայ ըսել որ անոնք սխալ են: Այդ պարագային գոյութիւն պիտի չունենայ ոչ մէկ կառավարութիւն, ոչ մէկ օրէնք եւ ոչ մէկ արդարութիւն: Նման հասկացողութեամբ աշխարհ մը պիտի ունենայ քաոսային անտանելի եւ աներեւակայելի վիճակ մը:
Նման մտածողութիւն մը անկասկած դէմ է քրիստոնէական բոլոր ուսուցումներուն: Ահաւասիկ՝ նման քաոսային վիճակի մէջ է Հայ Եկեղեցին, մանաւանդ իր բարձրաստիճան անհոգ եւ անտարբեր եկեղեցականութեամբ: Ո’չ ոք կը լսէ իր խղճի ձայնը, որ Աստուծոյ ձայնն է իր ներսիդին: Այդ ձայնն է մեր ուղեցոյցը որ մեզի կը թելադրէ եւ կ’ըսէ թէ ի՞նչն է շիտակ կամ սխալ: Այդ ձայնն է որ մեզի կը թելադրէ թէ տառապանքները, անօթութիւնները, բռնաբարութիւնները, ցաւերն ու չարութիւնները կը խոցեն ճշմարտութիւնը եւ կը խորտակեն սէրն ու խաղաղութիւնը: Ա՛յս է եղած տիեզերական ճշմարտութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ, բոլոր քաղաքակրթութեանց մէջ: Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, հետեւեալ հաստատումը կ’ընէ. « հետեւաբար հեթանոսները, որոնք չունին օրէնքները, բայց բնական մղումով օրէնքի գործեր կը կատարեն, քանի որ չունին օրէնքը՝ իրենք են օրէնքը իրենց համար: Եւ անով ցոյց կու տան, թէ իրենց սրտին մէջ գրուած են օրէնքի գործերը, երբ իրենց իսկ դատումով, իրար յանցաւոր կը հանեն, կամ իրար կը ջատագովեն: Արդ, ա’յն օրը (յայտնի պիտի ըլլայ այս), երբ, ինչպէս ես կ’աւետարանեմ, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով՝ Աստուած դատելու ըլլայ մարդկանց ծածուկ գործերը» (Հռոմ. 2: 14-16):
Պօղոս Առաքեալի խօսքերը որքա՛ն ճշգրիտ կերպով կը նկարագրեն մեր Եկեղեցւոյ այսօրուան տխուր վիճակը: Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածողութեան կերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Իսկ բոլոր անոնք որոնք «հաշիւներ» ունին այսօր, լռեցնելով իրենց խղճի ձայնը (որ ինքնին Աստուծոյ ձայնն է մեր ներսիդին), Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հաշւոյն «պաշտպանողական» նամակներ կը հրատարակեն մամուլի մէջ: Ու՞ր մնացին մարդկային արժանիքներու տարրական սկզբունքները: Կարելի՞ է ծախել մեր արժանապատուութիւնը յանուն մամոնայի եւ բարւոք կեցութեան….
Չկայ հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ: Անտառային օրէնքէն դուրս պէտք է գալ եւ կառչիլ մեր հայրերու կողմէ մեզի աւանդ թողուած եկեղեցական կանոնագրութեանց: Ժամանակն է, եւ արդէն քիչ մը ուշ, որ ազգովին մշակենք նոր Եկեղեցական Կանոնագրութիւն մը, առանց մերժելու անցեալի աւանդութիւնները: Հրամայական անհրաժեշտութիւն է որ Հայ Եկեղեցին անյապաղօրէն բարեկարգուի:
Դժբախտաբար՝ անբասիր եւ պարկեշտ եկեղեցականներու, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքի ու գործունէութեան թափանցիկութեան պակասը մեզ հասցուցին այս անբաղձալի օրերուն: Եթէ չկարենանք սրբագրել մեր սխալները եւ դուրս գալ այս ողբալի վիճակէն, պիտի դատապարտուինք պատմութեան առաջ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
15 Դեկտեմբեր 2014
Posted by: VOSGAN@aol.com
Yorumlar kapatıldı.