İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ» ՄԵՐ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱ՞Յ ԹԷ ՉԿԱՅ

ՄԱՐՄԱՐԱ
Այսօր մեր Դ. էջին վրայ հրատարակուած է Պատրիարքական Ընտրութեան ՆախաձեռնարկՄարմնիհաղորդագրութիւնը, ուրկըկարդանքորաշխատանքյառաջկըտարուիորպէսզիՊետութենէնձեռքբերուիՊատրիարքականընտրութիւնմըընելուարտօնութիւն։ԲոլորսալայլեւսհամակարծիքենքորՊատրիարքականԱթոռըպէտքէգտնէիրգահակալը։Ատորհամարալպէտքէյաղթահարուինկանոնականկամբարոյականբոլորդժուարութիւնները, որոնքկըցցուինմերդիմաց։Այսմասինո՛չմէկկասկած։Միայնթէվերոյիշեալմարմնիկողմէհրատարակուածհաղորդագրութեանմէջըսուածէոր«ԱթոռակիցՊատրիարք» մերկանոնագրութեանմէջչկայ։Այսպիսիարտայայտութիւնմըմերկարծիքովսխալէկամմասնագիտականստուգումիկըկարօտի։ԵրուսաղէմիՊատրիարքականԱթոռը, որանշուշտփառաւորապէսմասկըկազմէմերեկեղեցիին, անցեալիմէջունեցածէԱթոռակիցՊատրիարքներ, եւթէայնքանշատորկարելիչէհամրել։ԱսորհամարկըբաւէտեսնելՕրմանեանՊատրիարքի«Ազգապատում»ին մէջ հրատարակուածցանկըԵրուսաղէմիՊատրիարքներու։

Պարզապէսորպէսծանօթութիւն, հոսպիտիարտագրենքանոնցմէմէկքանին.

·         1426-ին Տ. Մինաս Պատրիարք, հաւանաբար Աթոռակից Պատրիարք նախորդ Մարտիրոս Պատրիարքին
·         1430-ին Եսայի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մարտիրոս Պատրիարքին, յետոյ առանձին Պատրիարք։
·         1454-ին Մեսրոպ Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախկին Աբրահամ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1461-ին Պետրոս Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մեսրոպ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1497-ին Աբրահամ Բերիացի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մկրտիչ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1551-ին Անդրէաս Մերտինցի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Աստուածատուր Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1583-ին Դաւիթ Մէրտինցի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Անդրէաս Պատրիարքին, ապա առանձին, յետոյ ալ հրաժարած։
Աւելի նոր շրջաններ՝
·         Գալուստ Կայծակն Պատրիարք, Աթոռակից նախորդ Մինասի,
·         Գրիգոր Պիծակ Աթոռակից Պատրիարք նախորդ Գալուստ Կայծակի։

Օրմանեան Պատրիարքի կողմէ տրուած ցանկը տեսնելէ վերջ մենք չենք գիտեր թէ որքան ճիշդ կþըլլայ կտրուկ կերպով ըսել որ մեր կամ Հայաստանեանց Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանմէջԱթոռակիցՊատրիարքչկայ։Պատասխանըկըթողունքմասնագէտներուն։

Yorumlar kapatıldı.