İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ

Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք վերեւի նկարը… Ահաւասիկ մեծագոյն օրինակ մը խոնարհութեան: Կրնա՞ք երեւակայել նման պատկեր մը Հայց. Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներու եւ կամ պատրիարքներու միջեւ…:  «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը: Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթ. 5: 3, 5): Բոլորս ալ գիտենք որ խոնարհութիւնը այնքան ալ ժողովրդականութիւն վայելող բառ մը չէ, հակառակ այն իրողութեան որ ինչպիսի բարիքներ կը սփռէ  ան:  «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքը կը բաշխէ խոնարհներուն» (Յակոբ. 4:6):

Դժբախտաբար՝ խոնարհութիւնը թերագնահատուած է եւ նկատուած  մարդկային տկարութիւն:  Ընդհակառակն, խոնարհ անձը միշտ կարող է օգնութիւն խնդրել եւ երբեք չի պնդեր որ ամէն ինչ պէտք է կատարուի իր անձնական քմահաճոյքով. անձ մը  որ գիտէ ներել, եւ  հետեւաբար չես կրնար  անարգել զինք:
Խոնարհ անձը կը տեսնէ իր տկարութիւնները եւ կ’ընդունի զանոնք: Խոնարհ անձը ծառայասէր է առանց ակնկալութեան, եւ չի՛ կատարեր զայն մարդոց երեւնալու ակնկալութեամբ: Ան կը հաւատայ որ իր պարգեւը պիտի ստանայ իր արարիչէն:
Խոնարհ անձը՝ միշտ երախտապարտ է եւ ճիշտ անոր համար ալ երջանիկ է:  Երբ կ’ապրինք եւ կը գործենք երախտագիտութեամբ, երջանկութիւն մը միշտ կը դրսեւորուի եւ կը պարուրէ մեր կեանքը: Խոնարհ անձը ազնիւ խղճի տէր է եւ գիտէ զղջալ: Եւ վերջապէս, Առաջնորդ մը որ իսկապէս խոնարհ է` բոլորին հետ կը վարուի յարգանքով:
«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, ի՛նք բարձրաձնէ ձեզ» (Պետր. Ա. 5:6). այլ խօսքով, խոնարհ անձը ինքզինք ո’չ կը գերագնահատէ եւ ո’չ ալ կը ստորագնահատէ, որովհետեւ կարիքը չունի ուրիշներու ուշադրութեան որպէսզի լաւ զգայ ինքն իր մասին: Բոլորին հաւասարապէս կը նայի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց դասակարգը – աղքատ թէ հարուստ, իշխան թէ մուրացկան: Կը հասկնայ տառապեալին վիճակէն եւ գիտէ որ ամէն անձ կը փափաքի սիրել եւ սիրուիլ:
Ա՛յն ընկերային հաւաքական կեանքի մէջ , ուր իրաւունքը զօրաւորագոյնինն է, հոն խոնարհութիւնը կը նկատուի տկարութիւն, եւ ճիշդ անոր համար ալ հեզութիւնը ստորագնահատուած է: Իրականութեան մէջ յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ խոնարհութեան արտայայտութեան մէջ:
Որքա՛ն ճշմարիտ է Կոմփիւկիոսի այն յայտարարութիւնը, թէ «բոլոր մարդկային առաքինութիւններուն հիմնաքարը կը հանդիսանայ խոնարհութիւնը» եւ բնականաբար բանալին կեանքի յաջողութեան եւ երջանկութեան:
Քենթաքիի համալսարանի փիլիսոփայութեան դասախօսներէն՝ Փրոֆ. Մայք Օսթին կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը, թէ «բոլոր անոնք որոնք խոնարհ են իրենց կեանքի մէջ, անոնք ներհայեցող են, եւ երբ առիթը կը ներկայանայ դրսեւորելու իրենց ուժականութիւնն ու կորովը,  իրենց սեւեռակէտը կը հանդիսանան ուրիշները»: Փրոֆ. Մայք Օսթին կը շեշտէ, թէ խոնարհ մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան ուիշներուն, եւ ոչ թէ իրենց անձերուն. «իրենց սեւեռումը դէպի դուրս է, եւ լրջօրէն մտահոգուած են ուրիշներով եւ ինչ որ կրնան թողուլ այս աշխարհին»:
Աւելցնելով, կարելի է ըսել, որ խոնարհ մարդիկ որոնք մտահոգ են ուրիշներով՝ կը գործեն կարեկցութեամբ: 2012 թուականին կատարուած ուսումնասիրութեան մը  համաձայն   ( http://healthland.time.com/2012/04/27 ), խոնարհ մարդիկ չեն հպարտանար իրենց կատարած գործերով եւ նոյն ատեն շատ աւելի առատաձեռն են իրենց բարեսիրական նուիրատուութեանց մէջ:
Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ մենք կրնանք երջանկութեան հասնիլ երբ մեր սեւեռակէտը միայն անոր հասնելու ճիգը չէ:  Մարդիկ շատ աւելի երջանիկ են երբ չեն մտածեր երջանիկ ըլլալու մասին: Ընդհակառակն, ուրիշներուն օգնելու ճիգին մէջ կը տեսնեն իրենց գերագոյն երջանկութիւնը:
Նկատի ունենալով որ խոնարհութիւնը աւելի մեղմ եւ փափուկ զօրութիւն է, այդ չի նշանակեր որ ան իր ազդեցութիւնը չ’ունենար մեր հանրային հասարակական կեանքի մէջ: Խոնարհներ աւելի կը փայլին հասարակական կեանքի մէջ, որովհետեւ գիտեն, կը գնահատեն եւ կ’արժէքաւորեն աշխատանքը եւ պատիւ կ’ընծայեն առ որ անկ է:
Վերեւ կատարուած գնահատումներու մարմնացումն է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, որ իր կենցաղով իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ խոնարհութեան մեծագոյն տիպարը:  Օրինակ պիտի առնեն՞ք իրմէ… Որ ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ բանին ճշմարտութեան:
Ոսկան Մխիթարեան
9 Դեկտեմբեր 2014
EMBODIMENT OF HUMILITY
Can you imagine an act of humility exhibited in the Armenian Church, between two catholicoses or two patriarchs as delineated in the Bible?: “Blessed are the poor in spirit, for theirs is the kingdom of heaven.  Blessed are the meek, for they shall inherit the earth.”(Math. 5: 3, 5). This is the greatest example of humility.
We all know that humility is not a popular word, yet, there are so many benefits to being humble. “God opposes the proud, but gives grace to the humble “(James 4:6).
Unfortunately, humility is often misunderstood and even viewed as weakness. The humble person can and will always ask for help and does not insist on anything being done his or her way. He or she is quick to forgive others and difficult to offend.
Humble people see their own weaknesses and can readily admit them. A humble people happily serve others, and they don’t do it to be noticed or praised. They do it unto God, knowing their reward will come from God.
A humble person is very thankful. This is one reason why he or she is usually so happy. When we live with an attitude of gratitude, it releases joy and power into our lives. A humble person has a tender conscience and is quick to repent. A leader who is truly humble treats everyone with respect.
 “Therefore humble yourselves (demote, lower yourselves in your own estimation) under the mighty hand of God, that in due time He may exalt you.” (First Peter 5:6) . This means that the person doesn’t consider him or herself superior or inferior. Humble people don’t need the attention of others to make them feel good about themselves.  A humble person remains the same and treats everyone equally, whether they are rich or poor, a prince or a pauper.. He or she knows that everybody wants to love and be loved.
In a society where fortune favors the strong, modesty is often seen as a weakness and for that reason, meekness is often under-appreciated. But it turns out, the secret to success and fulfillment may very well lie in the ability to express humility. As Confucius once defined it, humility is “the solid foundation of all virtues” — and possibly the key to achievement in life.
 Mike Austin, Ph.D., professor of philosophy at Eastern Kentucky University claims people who practice humility tend to reflect inward, but when it comes to where they focus their energy, it’s all about other people. Austin says that humble people put others before themselves. “Their focus is just outward. They have a real interest in others and their contributions to the world.”
In addition to being concerned for others, people who exude humility also act on their compassion. According to a 2012 study http://healthland.time.com/2012/04/27  humble people are more likely than prideful people to help out a friend. Additionally, research also shows that humble people show a more charitable and generous nature toward other people
Studies have shown that we tend to achieve happiness more when we’re not actually pursuing it…. people that are the happiest are the ones that don’t think so much about trying to be happy. They get caught up in projects, people and things that they consider bigger and more important than themselves and then they get more happiness anyway as a byproduct.
 While humility is more of a softer strength, that doesn’t mean it can’t make an impact in the boardroom. Humble people have the ability to shine in professional settings because they give credit where it is due and are open to collaboration.
Pope Francis is the culmination of all of the above. He is the embodiment of humility, an exceptional role model, a person who became a champion of humility with his simple life. Are we going to follow in his footsteps?
VOSGAN MEKHITARIAN

Yorumlar kapatıldı.