ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍԱՍՈՒՆ – Բ.
Սասունի հեռաւոր գիւղերու երկարատեւ մեկուսացումը, այս շրջանի ըմբոստ բնակչութիւնը «պատժելու» թրքական պետական դիտաւորեալ քաղաքականութի՞ւն մըն է, թէ՞ պարզապէս մինչեւ 90-ական թուականներու սկիզբը Արեւելեան Անատոլուի մէջ քրտական նահանգներու զարգացման արգելակման երեւոյթներէն մէկը։ Այդ շրջանները այսօր կը զարգանան, վկայ՝ Պաթմանի ունեցած կարեւորութիւնը. Պաթմանը 500 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է այսօր, որ հիմնուած է 1946-ին, քարիւղի դաշտերու յայտնաբերումէն ետք։
Վերոնշեալ դիտաւորեալ մեկուսացումը կրնայ բացատրութիւն մը տալ, թէ ինչու շրջանի կարգ մը բնակիչներ կարողացած են մինչեւ արդի ժամանակներ պահել իրենց հին աւանդութիւնները։ Այս լեռներուն վրայ գտնուող հայեր տակաւին կը պահպանեն իրենց քրիստոնէական հաւատքն ու իրենց «լեզուն»։ Անտոլուի մէջ գտնուող հայերէն միայն Սասունի հայերն են, որոնք տակաւին կը խօսին հայերէն բարբառ մը։
Փիրչենքը Սասունի պաշտօնապէս հայերով բնակուած միւս գիւղին՝ Քոնեքի նման ճամբուն վերջաւորութեան կը գտնուի։ Անոնք կառուցուած են ձորին խորը՝ Մարութայ լերան ստորոտը։ Մէկ երկու հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ ձմեռը տակաւին այստեղ կ՚ապրին։ Անոնց վրայ կ՚աւելնան «հաւատափոխներու» տուները։ Երիտասարդները, որոնք աշխատանքի համար մեկնած են Պոլիս իրենց արձակուրդներուն կը վերադառնան գիւղ։
Քսան կամ երեսուն տարի առաջ Փիրչենքի մէջ բոլոր գիւղացիները հայկական ծագում ունէին, եւ ըստ գրաւոր վկայութեանց գիւղը 1915-ին բաղկացած էր 15 տուներէ՝ իւրաքանչիւր տան մէջ 8-10 բնակիչներով, սակայն 1915-էն մէկ տարի ետք գիւղին մէջ միայն շուրջ 15 վերապրողներ կը գտնուէին։ Փիրչենքի մէջ գոյութիւն ունեցած է նոյնիսկ գերեզմանատուն մը եւ եկեղեցի մը, որուն հիմերը դժուար նշմարելի են։ Անոնք որոնք ներկայիս հոն կը բնակին Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ ապրողներուն ժառանգորդնե՞րն են։ Այդ մէկը քիչ հաւանական է։ Իրողութեան մէջ Սասունը քեմալական ժամանակաշրջանին վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւն մը ունեցած եւ ժողովուրդներու մեծ տեղափոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Ցեղասպանութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն քրտական շրջանները ցնցած Շէյխ Սաայիտի (1925), Արարատի (1930) եւ Տերսիմի (1936-38) ըմբոստութիւններէն ետք, եւ անոնց յաջորդած բռնաճնշումներու ընթացքին Իսմեթ Ինէօնիւի թրքական կառավարութիւնը 1934-էն ի վեր ոչ միայն Սասունի քիւրտերը, այլ նաեւ արաբները եւ ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը տեղահանած է։
Ողբերգական ժամանակաշրջանը, որ լաւապէս չէ փաստագրուած, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զոհերուն թիւին, տեղւոյն յիշողութեան վրայ հետք ձգած է։
Սակայն այժմ լալու պահ չէ։ Զիրար կը շնորհաւորենք, կը մտերմանանք, ծերերուն ձեռքերը կը համբուրենք։ Կարճ խօսքով՝ ուրախ ենք, թէեւ հաղորդակցութիւնը դժուար է, որովհետեւ կը բաւարարուինք ձեռքի շարժումներով եւ կարգ մը հայերէն բառերով։ Միւս կողմէ՝ եթէ նոյնիսկ առանց թարգմանի կարողանայինք զրուցել ինչի՞ մասին կրնայինք խօսիլ, անցեալի՞ն։ Դժուար թէ։ Ոչ ոք լուրջ խօսակցութիւն ծաւալելու սիրտ ունի։
Սասունի մէջ ամառ է։ Արեւը պայծառ է, երկիրը դալար։ Ծառերը հասուն եւ մեծ պտուղներու ծանրութեան տակ կքած են։ Սեւ ուլիկները եայլաներու մէջ կը պտտին եւ դաշտերուն մէջ բերքը հաւաքուած է։ Վաղը՝ Վարդավառ է։
Վահէ Տէր Մինասեան
«Ֆրանս Արմէնի»
Յօդուածին Ա. մասը կարդալ հոս՝
Yorumlar kapatıldı.