İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լուրեր Մխիթարեան Մայրավանք Ս. Ղազարէն։

Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Սուրբ Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնին օրը, Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Մխիթարեան Միաբանութեան երկու մշտնջենաւոր եղբայրները՝ եղ. Անտոն (Զակքէոս) Գրիգորեան եւ եղ. Գէորգ (Սարգիս) Սարգսեան, ձեռամբ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ նորընտիր առաջնորդ՝ Գերապայծառ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանի, սարկաւագական կարգ ստացան:

Սարկաւագական ձեռնադրութենէն յետոյ, միաբան հայրերու եւ եկեղեցական դասի եւ համալսարանական դասընկերներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, լսեցին ձեռնադրիչ սրբազան հօր իրենց ուղղուած թելադրութիւններն ու խրատները:
Ձեռնադրիչ Արքեպիսկոպոսը իր սէրն ու գնահատանքը յայտնեց սարկաւագներուն հանդէպ` որոնք ճանչցած էր Հայաստանի Աւանի Մխիթարեան Ճեմարանի օրերէն, մաղթելով յաջողութիւններ իրենց եկեղեցական սպասաւորութեան մէջ:
Թելադրուած օրուան Տօնի խորհուրդէն յիշեցուց իրենց որ սարկաւագական ձեռնադրութեամբ իրենք ալ հրաւիրուած են Աստուածածնի նման ընծայելու իրենց անձերը տաճարին, կեանքերնին ընծայաբերելու Քրիստոսի Աւետարանին՝ նուիրումով ու յանձնառութեան ոգիով, իրենց խօսքով վկայելու Քրիստոսի կեանքի ճշմարտութեան, ամուր մնալու հաւատքի մէջ, անձնազոհաբար ծառայելու Աստուծոյ Սուրբ Սեղանի սպասաւորութեան եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին, համաձայն իրենց հիմնադրի՝ Մխիթար Աբբահօր օրինակին ու նշանաբանին «ի փառս Աստուծոյ եւ յօգուտ ազգիս մերոյ հայկազնոյ»:
Արքեպիսկոպոսը ընդգծեց նաեւ, որ սարկաւագական այս ձեռնադրութիւնը նոր յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն Ս. Եկեղեցւոյ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ապագայի հանդէպ:
Օրուան տօնակատարութեան խորհուրդը անգամ մը եւս կու գար յիշեցնելու թէ սարկաւագները, այն իսկական սպասաւորներն են որ իրենց նուիրական ծառայութիւնը կը մատուցանեն, հետևելով Քրիստոսի օրինակին. «Մարդու Որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու» (Մատթ. Ի, 28):
Ս. Ղազարի մէջ Սարկաւագական ձեռնադրութեան տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ յաջորդող Կիրակի օրը, 23 Նոյեմբեր 2014-ին, երբ Միաբանութեանս ընծայարանի չորս նորընծաներ՝ յետ աւարտելու իրենց կանոնական նորընծայութեան տարուան ընթացքը, Սուրբ Պատարագի զոհին միացուցին իրենց անձերը, եղ. Յովհաննէս Դանիէլեան, եղ. Ներսէս (Յարութիւն) Աղաջանեան, եղ. Էմմանուէլ (Կարէն) Սարգսեան եւ եղ. Աւետիս Ճէնանեան, որոնք ծնրադիր աբբահօր դիմաց, աւետարանին վրայ դնելով իրենց ձեռքերը, վանական հասարակութեան ներկայութեան իրենց ժամանակաւոր ուխտերը կատարեցին՝ խոստանալով Աստուծոյ՝ հնազանդութիւն, ողջախոհութիւն եւ աղքատութիւն, հետեւելով Սուրբ Պօղոս առաքեալի խօսքին որ կ՚ըսէ. «Այլեւս ես չեմ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս կ՚ապրի իմ մէջս» (Գաղ. Բ, 20):
Այս տարուայ միաբանութեան երախայրիքը, ինչպէս նշեց Գերապայծառ Լեւոնը, Աստուծոյ կողմէ շնորհուած նոր արշալոյսի նշոյլ մըն է Մխիթարեան հայրերուն:
Մեր մաղթանքն է որ նոր ուխտեալները եւ նոր ձեռնադրեալ բարեշնորհ սարկաւագները, Աստուծոյ շնորհքով, եւ Տիրամօր հզօր պաշտպանութեամբ, Մխիթար Աբբահօր բարեխօսութեամբ ու օրհնութեամբ, շուտով հասնին Սուրբ Քահանայութեան աստիճանին:
Մ Մ

Yorumlar kapatıldı.