İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ ԼԱՏԻՆԱՏԱՌ, ԹԷ ՀԱՅԱՏԱՌ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳՐԵԼ.

Տոքթ.Սարգիս Ատամ.
Բոլորս շատ լաւ գիտենք թէ,Մեսրոպ Մաշտոց հայոց գիրը”Հայ Ինքնութեան” ազգային դիմագիծի պահպանման նպատակով ստեղծեց:Երբ որ, ան հայոց գիրը ստեղծեց չէր կրնար երեւայակայել թէ 21. դարուն  հայ սերունդ մը համացանցի մէջ “Լատինատառ Հայերէն” պիտի գրէ, ոչ թէ “Հայատառ Հայերէն”:

Ցաւօք սիրտի , այսօր  բոլորս ալ ականատես կ’ըլլանք որ հայ հասարակութեան մէջ լայն խաւ մը համացանցի մէջ կը գրէ, ոչ թէ հայատառ հայերէն , այլ լատինատառ հայերէն:Մեր բոլորին ծանօթ է նաեւ, ան հայը որ, համացանցի մէջ հայատառ հայերէն գրելու համար հայատառ  տառատեսակներէ օգտուիլ կ’ուզէ, իրեն կը հրամցուի KDwin եւ անոր նման շատ մը տառատեսակներու ծրար մը , որոնցմով հայ անհատը կրնայ  դադրեցնել համացանցի մէջ լատինատառ հայերէն գրելու սովորութիւնը եւ կրնայ  սկսի գրել իր պապերուն,նախնիքներուն եւ իրեն սեփական հայատառ հայերէն լեզուով:
Մէկ կողմէ կը գանգատինք ու ցաւինք որ, արեւմտհայերէնը նահանջի մէջ է եւ կորսուելու վտանգի հետ դէմ առ դէմ է, միւս կողմէ ալ հայատառ հայերէնի տէրը չենք ըլլար, ահա ,շատ լուրջ յարակարծութիւն մը.
Եթէ մեր համացանցի մէջ հայերէնի տառատեսակներ չունինք  եւ կ’ուզենք հայատառ հայերէն գրել համացանցի հնարաւորութիւններէն եւ հայերենի  տառատեսակներէն կրնանք օգտուիլ ,եւ կամ համացանցի մէջ հայերէն գրելէ պիտի հրաժարինք  եւ պիտի խուսաբինք լատինատառ հայերէն գրելէ, որովհետեւ ըստ փորձագէտներու,համացանցի մէջ լատինատառ հայերէն գրելու սովորութիւնը վտանգաւոր է  եւ Մեսրոպեան Դասական ուղղագրութեան կը վնասէ.
Հետեւաբար,ըստ իս,  աւելի լաւ է համացանցի մէջ, լատինատառ ոչհայերէն լեզուով գրել քան թէ լատինատառ հայերէն գրելը:
Ան որ, համացանցի մէջ լատինատառ հայերէն գրելը կը շարունակէ  երբեք իրաւունք չունի “Հայերենի Նահանջ”ի մասին գանգատելու ու խօսելու:
Մեզմէ շատեր, համացանցի մէջ լատինատառ հայերէն գրելը Մեսրոպ Մաշտոցի նկատմամբ անյարգանքութիւն եւ նաեւ անոր գաղափարախօսութեան դաւաճանութիւն կը համարէն,սակայ ես կը կարծեմ թէ,լատինատառ հայերէն գրելու պատճառներ գլխաւորները “Սովորութիւն” եւ “Ծուլութիւնն” են:Ըստ իս ամօթալի նկարգիր մը  հայ հասարակութեան համար:
Հետեւաբար եկեք, միասնաբար ջանք թափենք ու խուսաբինք համացանցի մէջ “Լատինատառ Հայերէն” գրելու սովորութիւնէն ու տէր կանգնինք մեր ոսկեղիք հայերէն լեզուին:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ.

Yorumlar kapatıldı.