İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ. Սիս – Եկեղեցիներ Եւ Սրբավայրեր

ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՆՈՐ ՎԱՆՔ (Կաթողիկոսարան)
Սսեցիները Նոր Վանք կը կոչեն կաթողիկոսական համալիրը, որ կը գտնուի քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, բերդի բլուրին լանջին: Ճիշդ այս վայրին տեղը հին ժամանկներուն, Կիլիկեան թագաւորութեան օրերուն, Հեթում Ա. (1226-1269) կառուցել տուած է թագաւորական պալատը, որ ունէր իր սեփական տաճարը՝ Ս. Սոփիան: Սիսը դարձած էր արդէն (1180ի եւ 1190ի միջեւ) Կիլիկիոյ հայ իշխաններուն մայրաքաղաքը եւ այս ձեւով փոխարինած նախկին կեդրոնը՝ Անաւարզան: Թագաւորական համալիրը կը քանդուի Եգիպտոսի մամլուքներուն դէմ պատերազմներուն ընթացքին, 1375ին: Կանգուն կը մնան երկու անկիւնային աշտարակներ, որոնք յետագային մաս պիտի կազմէին նոր կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին (1):
Նոր Վանքին կառուցումը Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսին (1797-1822) գործն է: Աշխատանքները ծայր կ՛առնեն 1810ին: Նորակառոյց մայր տաճարը կը բարձրանայ թագաւորական տարիներու Ս. Սոփիայի աւերակներուն վրայ: Նոր տաճարը նոյնպէս կը կոչուի Ս. Սոփիա. անիկա ճարտարապետական տպաւորիչ գործ մըն է, օժտուած է շքեղ աւագ խորանով մը եւ նոյնքան հինանալի կաթողիկոսական գահով մը: Այս վերջինը մարմարեայ շինութիւն մըն է, որուն վրայ փորագրուած են հարթաքանդակներ, չորս կողմերէն սիւներ կը բարձրանան եւ կ՛աւարտին թագանման ամպհովանիով մը: Տաճարը ունի իր զանգակատունը, բայց զանգը տեղադրուած է նոյն տաճարին յարակից մասերէն՝ Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռին պատուհանի բացուածքին մէջ: Այս զանգակին հնչեղութեան պատճառով, տեղաբնիկ թուրքերը տաճարը կը կոչեն Ճանլը քիլիսէ (Janli kilise, վառ, եռանդուն եկեղեցի): Բացի Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռէն, տաճարին կցուած են նաեւ Էջմիածինի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս.

Հոգիի մատուռները, ինչպէս նաեւ գանձատունը (2):

Կաթողիկոսարանի համալիրին մանրամասն նկարագրութիւնը կ՛ընէ Սահակ Բ. կաթողիկոս (1902-1939), 1903 թուականին: Այսպէս, հիւսիսային դռնէն մտնելով, ձախին կը տեսնենք քարաշէն մարագ մը եւ ախոռ մը: Ասոնցմէ քիչ անդին կայ երկյարկանի տուներու փոքր թաղամաս մը, որ կը ծառայէ իբրեւ ուխտաւորներու հիւրանոց: Այս վայրին Ղամըշլը (kamisi, եղէգնուտ) անունը կու տան, նկատի ունենալով որ սենեակները իրարմէ կը բաժնուին եղէգեայ պատերով: Այս թաղին արեւմուտքը կը գտնուի վանքին խոհանոցը՝ իր մառանով եւ փուռով: Աւելի հարաւ երթալով կը հասնինք դարպասին, որ երեք կամարներով փայտածածկ երկար սենեակ մըն է: Դարպասին կողքին կառուցուած են բազմաթիւ փոքր կամ միջակ չափի տնակներ, որոնք միաբաններուն ննջարաններն են: Ասոնց մէջ է նաեւ Սահակ Բ.ին նախորդած՝ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսին (1871-1894) վեհարանը (3):
Աւելի հարաւ ուղղուելով կը հասնինք վեհարանին: Կառոյցին մուտքին կայ լիւանը (էյուան, վերանտա), որ դէպի վեհարանի շէնքը տանող քանի մը դուռեր ունի: Անոնցմէ մէկը կաթողիկոսին ննջասենեակն է, ուրիշ դուռեր կ՛առաջնորդեն դէպի ճաշասենեակը, մառանը եւ բաղնիքը: Վերջապէս դուռ

մըն ալ կը բացուի այս կառոյցին կարեւորագոյն սենեակին՝ խաչաձեւ դահլիճին վրայ: Վեհարանը շինուած է Կիրակոս Ա. կաթողիկոսի օրով:

Ամբողջութեամբ փայտեայ կառոյց մըն է, ուրկէ ընդհանուր տեսարան մը կը բացուի քաղաքին վրայ (4):

Մուշեղ Սերոբեան Ատանայի առաջնորդ եղած օրերուն, Մարտ 1905ին կ՛այցելէ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ վկայութիւններ ունի վեհարանին մասին: Ըստ անոր՝ այս դահլիճը կը կոչուի նաեւ Խաչ օտա, պատերը վրձինուած են գեղատեսիլ պատկերներով, ինչպէս սուրբերու պատկերներ, բայց նաեւ աշխարհիկ կեանքէ առնուած տեսարաններ, ինչպէս ծաղիկներ, դաշտանկարներ, մշակը, որ հողը կը հերկէ, հովիւը, որ ոչխարները կ՛արածէ, առագաստանաւեր, որոնք ծովը կը ճեղքեն (5):
Համալիրին մէջ կը գտնուի նաեւ Ժառանգաւորացը: Այս հաստատութեան կողքին, 1899ին կը բացուի նաեւ որբանոց մը, որ կը գործէ քանի մը տարի:
ՀԻՆ ՎԱՆՔ
Այս վայրին մէջ շատ հաւանաբար գտնուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան տարիներու հայոց կաթողիկոսարանը, որ 1292 թուականին Հռոմկլա քաղաքէն կը փոխադրուի Սիս: Տեղացի հայերը զայն պարզապէս կը կոչեն Հին վանք: 1734ին, Ղուկաս Աջապահեան կաթողիկոսին (1731-1737) օրով հին աւերակներուն վրայ կը ձեռնարկուին նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները:
Միսաք Քէլէշեանի համաձայն, այս շինութիւնը տեղացիները ժամանակին կոչած են Գլխիբացի վանք՝ գմբէթին վրայ բացուած պատուհաններուն պատճառով (6):
Բայց պատմագիրներուն եւ յուշագիրներուն քով (Ղեւոնդ Ալիշան, Միսաք Քէլէշեան) ընդհանուր շփոթութիւն մը կը տիրէ այս եկեղեցւոյ պաշտօնական անունին շուրջ: Կը կարծենք որ ամէնէն հաւանականը Ս. Աստուածածին անունն է, որ կը հաստատուի նաեւ 19րդ դարու կէսերուն Սիսի մէջ գրի առնուած ձեռագիր վկայութեան մը կողմէ (7):

1850ական թուականներուն, ֆրանսացի ուղեգնաց Վիքթոր Լանկլուայի Սիս այցելութեան օրերուն, եկեղեցին արդէն իսկ վերածուած էր հայկական վարժարանի: Եկեղեցիին մէջ տակաւին կը պահուէր կաթողիկոսական փայտեայ աթոռը, որ պատրաստուած է 18րդ դարուն Հալէպի մէջ՝ Միքայէլ Գասպար անունով վարպետի մը կողմէ: Ղուկաս կաթողիկոսին դամբարանը նոյնպէս հաստատուած է եկեղեցւոյ մէջ՝ աջակողմեան խորանին քով, իսկ փակին մէջ կը գտնուին այլ կաթողիկոսներու դամբարաններ, որոնց շարքին են Յովհաննէս Է. (ծնած Հաճըն, 1705-1721), Միքայէլ Ա. (Ղուկասի եղբայրը, 1737-1758), Թորոս Գ. (1784-1796) (8):
19րդ դարու սկիզբը, երբ կը հիմնուի Նոր վանքը, այսինքն կաթողիկոսարանը, Հին վանքի եկեղեցին շուքի մէջ կը մնայ եւ վայրը աւելի շատ կը դառնայ կրթական օճախ մը, նկատի ունենալով որ ճիշդ եկեղեցւոյն կողքին կը կառուցուի Ազգային վարժարանը:
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ
Վիքթոր Լանկլուայի համաձայն, այս մէկը փոքր եկեղեցի մըն է, որ կառուցուած է քաղաքին կեդրոնը: Հաւանաբար Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանէն մնացած շինութիւն մըն է, բայց հին կառոյցէն կը մնայ միայն բեմին վրայի կամարը: Մնացեալը յետագային կատարուած շինութիւններ են: Լանկլուայի այցելութեան ժամանակ, տանիքը ծածկուած եղած է փայտով եւ հողով, բայց աւելի ուշ թուականներու առաստաղը նորոգուած է եւ՝ կղմինտրներով ծածկուած: Կամարներուն հաւասար բարձրութեամբ բացուած են փոքր պատուհաններ, որոնք հազիւ կը լուսաւորեն ներսը: Եկեղեցւոյ ներսի քարերուն վրայ փորագրուած են խաչեր, ինչպէս նաեւ կ՛երեւին սուրբերու հարթաքանդակներ (9):
Ս. Սարգիսի կողքին կը գտնուի փոքր գերեզմանատուն մը, ուր թաղուած են Սիսի երեւելի ընտանիքներու զաւակներ, ինչպէս Ֆերմանեաններ եւ Նալպանտեաններ: Եկեղեցի եւ գերեզմանատուն շրջապատուած են բարձր պատով մը (10):

Ս. Սարգիսի տօնին օրը այստեղ կը մատուցուի պատարագ եւ կը բաշխուի մատաղ: Այս եկեղեցին որոշ ժամանակ ծառայած է իբրեւ դպրոց՝ նախապէս տղոց, ապա՝ աղջիկներու (11):
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
Այս եկեղեցին եւս կը կարծուի ըլլալ թագաւորական ժամանակաշրջանի շինութիւն մը, որմէ սակայն, ըստ Լանկլուայի՝ մնացած է միայն բեմը: Ունի երեք խորան: Երկար ժամանակ եկեղեցւոյն երդիքը ծածկուած եղած է հողով, մինչեւ 1907 թուականը, երբ շնորհիւ ժողովրդային հանգանակութեան մը՝ տանիքը կը ծածկուի եւրոպական կղմինտրներով: Անոր այցելուները մեծաթիւ են տեղաբնիկներուն մօտ (12):
Եկեղեցւոյն մէջ գոյութիւն ունի մարմարեայ սիւն մը (20 սմ. ճ 250 սմ.), որուն վրայ փորագրուած են «Ս. Կոստանդին» եւ բազմաթիւ խաչեր: Երաշտի ժամանակ սսեցիք այս սիւնը գետին կը պառկեցնեն՝ հաւատալով որ այս քայլը անձրեւ կը բերէ (13):

Որոշ ժամանակ եկեղեցին ծառայած է իբրեւ աղջկանց վարժարան, իսկ շրջափակին մէջ թաղուած են քանի մը քահանաներ: Քէլէշեան կ՛ենթադրէ որ այստեղ թաղուած է հայոց թագաւոր Լեւոն Բ.ի մարմինը, իսկ անոր սիրտը թաղուած է Ակներ վանքին մէջ (Էյներ-Einer գիւղին մէջ) (14):
ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Սիսի բողոքական համայնքի առաջին հոգեւոր հովիւը (1865-1867) կ՛ըլլայ վերապատուելի Յարութիւն Ճինիշեան: Անոր կը յաջորդէ վեր. Գէորգ Գասարճեան (1867-1869), ապա՝ վեր. Սարգիս Թորեան: Այս վերջինին օրով է որ կը գնուի Ասլան փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Մուլլա Օմարի բնակարանը, որ կարգ մը փոփոխութիւններէ ետք կը վերածուի ժողովարանի: Յաջորդող տարիներուն, տեղի բողոքական համայնքը յարակից հողերն ալ կը գնէ, եւ այստեղ կը ծրագրուի կառուցել երկյարկանի շէնք մը, որուն վարի յարկը պիտի ըլլար դպրոց, իսկ վերի յարկը՝ եկեղեցի: Շէնքին հիմնարկէքը տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր արարողութեամբ, սակայն Սիսի կաթողիկոսարանը կը միջամտէ եւ շինարարական աշխատանքները կ՛արգիլուին: Ծրագիրը կ՛իրականանայ միայն 1874ին: Եկեղեցին յետագային կ՛օժտուի նաեւ մեծ զանգակով մը (15):

Բացի վերը նշուած անուններէն, Սիսի բողոքական եկեղեցիին մէջ մինչեւ 1915 թուականը հոգեւոր հովիւի պաշտօն կը կատարեն՝ Յովհաննէս Կանիմեան, Գէորգ Մընչրեան, Աւետիս Տէր Կարապետեան, Մելիտոն Մալեան, Մելաքթոն Գրիգորեան, Յակոբ Գումրուեան, Աբրահամ Սէֆէրեան, Կարապետ Գըսսաճըգեան, Դաւիթ Գարամանլեան, Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Մանուկ Մարաշլեան, Համբարձում Կէօւգալայճեան, Աբրահամ Պէրպէրեան, Կոստան Մումճեան, Աւագ Շիրէճեան (16):
1918ի զինադադարէն ետք, տեղահանութենէն եւ ջարդերէն վերապրող սսեցիներ կը վերադառնան իրենց քաղաքը եւ նոր կեանք մը ծայր կ՛առնէ: Բողոքական համայնքի մնացորդները կը վերանորոգեն իրենց եկեղեցին եւ դպրոցը, որոնք անցնող տարիներուն վերածուած էին թրքական վարժարանի: Վերապատուելի Կիրակոս Ֆարաճեան, նոյնպէս նախկին տարագիր մը, կ՛ըլլայ համայնքի նոր քարոզիչը: Այս քանի մը տարիներուն այստեղ կը պաշտօնավարէ նաեւ պատուելի Կ. Նոխուտեան (17):

ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ
Բողոքական եկեղեցւոյ նման, կաթոլիկներու հոգեւոր տունը կը գտնուի Ասլան փաշա թաղամասին մէջ, հին խանի մը տարածքին վրայ: 1883ին, շէնքին շինութեան պատճառով դատական հարց կը ծագի հողատէրին հետ, այս առիթով ալ կաթոլիկ համայնքը Մարաշէն կը հրաւիրէ հայ փաստաբան մը՝ Մանուկ էֆենտի Գարամանլեան: Եկեղեցին ունի ընդարձակ բակ մը՝ պարտէզներով եզերուած, իսկ կողքին կառուցուած են նաեւ համայնքին պատկանող խանութներ (18):
Այստեղ պաշտօնավարած են հետեւեալ կաթոլիկ կրօնաւորները՝ Վրթանէս վրդ. Ուզունեան (1880-1888), Մատթէոս վրդ. Սիսլեան (Մարաշէն), Աւետիս վրդ. Ֆարճոյեան (Մարտինէն), Միքայէլ վրդ. Գարապըյըգեան (Սիսէն), Պօղոս վրդ. Մկրտիչեան (Պոլիսէն), Գրիգոր վրդ. Հատիկեան (Տրապիզոնէն), Յովհաննէս վրդ. Քէմանիճեան (1886-1912, Մարաշէն), Գրիգոր վրդ. Մարուշեան, Յովհաննէս վրդ. Խալխովեան, Պօղոս վրդ. Քէրէճճեան (19):
Ս. ՄԻՆԱՍ
Սսեցիներուն նախասիրած մատուռներէն է: Կը գտնուի մայրավանքին մօտերը, Մարթայեաններուն տան կից՝ ընդարձակ բակով եւ պարսպապատ: Անոր բակը գործածուած է իբրեւ գերեզմաննոց, մանաւանդ մանուկներու եւ երեխաներու: Սովորութիւն է որ իւրաքանչիւր Շաբաթ այստեղ զոհ մատուցուի եւ մատաղ պատրաստուի, իսկ Ս. Մինասի տօնին առիթով այս մատուռին մէջ կը մատուցուի պատարագ: Մեծ պահքին առաջին Շաբաթ օրը, որուն կու տան Հատիկներու շաբաթ անուանումը, ուխտի համար այստեղ կը հաւաքուին վերջին վեց ամսուան ընթացքին պսակուած բոլոր նորահարսերը, անոնց մարմինը վերէն վար պարուրուած կ՛ըլլայ հարսանեկան ճերմակ ծակոցով եւ ամբողջ օրը ուրախութեան պահեր կ՛անցընեն: Այս բոլորէն բացի, Ս. Մինաս կորուստներէ փրկող սուրբն էր (թրքերէնով՝ yitikci-գտնող): Սսեցիներ երբ կը կորսնցնեն առարկայ մը կամ իրենց անասունը անհետ կը կորի՝ կու գան այս մատուռը եւ նուէր մը կը խոստանան Ս. Մինասին (20):
Եկեղեցական զարդ մը, որ պատկանած է Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուի Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)։
ՍՈՒՐԲ ՊՕՂՈՍ-ՊԵՏՐՈՍ
Քաղաքին կեդրոնը գտնուող մատուռ մըն է: Պօղոս-Պետրոսի տօնին օրը այստեղ կը մատուցուի պատարագ եւ կը բաշխուի մատաղ: Մատուռը ունի պարսպապատ ընդարձակ բակ մը, որ մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութիւնը գործածուած է իբրեւ գերզմաննոց (21):
ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ
Կը գտնուի Սիսի կամուրջին ձախ կողմը՝ բերդին ստորոտը: Անկէ մնացած են միայն աւերակներ: Միսաք Քէլէշեան կը պատմէ, որ մինչեւ 1915 թուականը տակաւին կ՛երեւէին անոր փլատակ պատերը: Իսկ Երուսաղէմ գացող ուխտաւոր հայեր անպայման կանգ կ՛առնէին անոր առջեւ եւ միայն աղօթելէ ետք ճամբայ կ՛ելլէին (22):
ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
Կը գտնուի Սիսի բերդին հարաւային պարիսպին վրայ: Կ՛ենթադրուի որ անիկա յատկացուած էր բերդի բնակիչներուն եւ զինուորներուն: Զատիկի երրորդ օրը սսեցիները ունին յատուկ տօն մը որ կը կոչուի Բերդի օր (թրքերէնով kalagune): Ժողովուրդը մէկ օրուան պաշար շալկած՝ խուռներամ ուխտի կու գայ Զօրավարաց եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, կիսաքանդ խորանին մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ, ապա տեղի կ՛ունենան տօնական խրախճանքներ (23):
Բերդին ետեւը գոյութիւն ունին այլ եկեղեցւոյ մը աւերակները: Այստեղ կը գտնուի ծակ քար մը, որ ուխտատեղի է ամուլ կիներուն: Ըստ տեղական հաւատալիքին, այս քարին կողքով անցնող կինը կը բուժուի իր ամլութենէն (24):
ՍՈՒՐԲ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՄԱՏՈՒՌ
Քաղաքին հիւսիսը, կամուրջ չհասած՝ աւերակ մատուռ մըն է: æրօրհնէքի օրը եկեղեցական թափօրը այս աւերակներուն շուրջ կ՛աղօթէ, ապա, ճամբան դէպի արեւելք քիչ մը շարունակելով՝ կանգ կ՛առնէ գետեզերքին մօտակայ բարձրադիր ժայռի մը վրայ, որ ժողովուրդին կողմէ կը կոչուի Գըզլար օյնաղը (Kizlar oyna??) (25):
ՍՈՒՐԲ ՍԻՄԷՈՆ
Կը գտնուի քաղաքէն դուրս դէպի հարաւ, ոտքով կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ: Աւերակ վիճակ մը ունի: Ծանօթ է նաեւ Չամուրտան Քիլիսէ (Չամուրտան ընտանիքին եկեղեցին) անունով, նկատի ունենալով որ նոյն անունով իսլամացած հայ ընտանիքի մը սեփականութիւնն է իր շրջակայ արտերով միասին: Ներկայիս սոյն վայրը կը կոչուի Չամուրտան Քիսէսի (26):
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
Ս. Նիկողայոս չհասած, աւերակ մատուռ մըն է (27):
ՍՈՒՐԲ ՄԵՐԿԵՐԻՈՍ
Կը գտնուի քաղաքին հարաւային կողմը. աւերակ վիճակի մէջ մատուռ մըն է: Զատիկէն ետք, Սիսի պառաւները եօթ յաջորդական Ուրբաթներ առտու կանուխ կու գան այս վայրը եւ կ՛աղօթեն (28):
ՍԸՎԱՍԸԼ (Sivasil)
Կը գտնուի քաղաքին արեւմուտքը, բլուրի լանջին, հին եւ նոր վանքերուն միջեւ: 19րդ դարու տեղեկագրութիւններուն մէջ արդէն աւերակ վիճակի մէջ է: Կողքին կայ աղբիւր մը (29):
ՍԻՒԼԼՈՔ
Միսաք Քէլէշեանի Սիս գտնուած օրերուն, հին այս եկեղեցիէն, հաւանաբար յունական, մնացած էր միայն աւերակ պատ մը (30):
ՀԱՅՐ ԱԲՐԱՀԱՄ
Ս. Սարգիս եկեղեցիէն դէպի վար, Խաչիկեաններու տան դիմացը գտնուող ուխտատեղի մըն է (31):
ԱՄԱՃՔԸ ՄԱՏՈՒՌ
«Ամաճքը» (amacki) թրքերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «հանդիպակաց»: Այս մէկը քարայր մըն է, որ կը գտնուի քաղաքին արեւելքը: Սսեցիք այստեղ կու գան Մեծ Պահքի առաջին Հինգշաբթին՝ աղօթելու եւ մոմ վառելու (32):
ՉԷՕՐԹԻՆ ԺԱՄԸ
Բերդին տարածքին մէջ փոքր աշտարակին (kucuk bas kule) ստորոտը գտնուող քարայր մըն է, որ ժողովուրդին կողմէ սրբավայր կը համարուի (33):
ՄՈՒՀԱՊՊԷԹՃԻՆԵՐՈՒ (muhabbetci) ԱՂՕԹԱՏԵՂԻ
Մուհապպէթճիները կը ներկայացնեն կրօնական ընկերութիւն մը կամ եղբայրակցութիւն մը, որ ծնունդ առած է 1870ական թուականներուն Մարաշի հայերուն մէջ եւ տարածում գտած՝ յատկապէս Զէյթունի, Հաճընի, Տէօրթեոլի եւ Սիսի մէջ: Հայերէնով ծանօթ է նաեւ «Սիրոյ ընկերութիւն» անունով (34): Սիսի մասնաճիւղը կը հիմնուի 1891-1892 թուականներուն, Հաճի Սարգիս Պաշեանին կողմէ: Ընկերութիւնը ունի իր սեփական աղօթատեղին, ուր շաբաթական քանի մը առիթներով երկսեռ հաւատացեալները կը հաւաքուին, կ՛երգեն հոգեւոր երգեր, կ՛աղօթեն, միասնաբար Ս. Գիրք կը մեկնեն: Հաւատացեալները պէտք է հետեւին խիստ կանոններու, ինչպէս ոգելից ըմպելի չխմել, ծխախոտ չծխել, չհայհոյել, բախտախաղ չխաղալ, Կիրակի օրերը ծոմ պահել եւ այդ օրը առեւտուր չընել: Ըստ Քէլէշեանի, կրօնական այս խումբին կը միանան նաեւ քիչ թիւով թուրքեր եւ քիւրտեր (35):
Նշենք նաեւ որ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ Ատանայի առաջնորդութիւնը բուռն պայքար մղած է կրօնական այս հոսանքին դէմ: Անոնք կը յաջողին անոր պատասխանատուներէն ոմանց պետութեան կողմէ ձերբակալել տալ եւ աքսորել՝ հեռաւոր քաղաքներ (36):
***
Միսաք Քէլէշեան կը նշէ նաեւ անունները Սիս քաղաքին մէջ թագաւորական օրերուն գոյութիւն ունեցած, ապա անհետ կորած եկեղեցիներու կամ մատուռներու. Ս. Մարիամ (կամ Ս. Կոյսի) եկեղեցի, Ս. Հռիփսիմէ (կամ Ս. Կոյսի) եկեղեցի, Ս. Հոգի (կամ Հոգին Սուրբ), Ս. Աթանագինէ (St. Athenogene), Ս. Բարսեղ, Ս. Դաւիթ Աստուածամայր, Ս. Յովհաննէս: Ղեւոնդ Ալիշան կու տայ նաեւ թագաւորական տարիներուն այստեղ գոյութիւն ունեցած ասորական եկեղեցիներու անուններ, ինչպէս Ս. Աստուածածին եւ Ս. Պարսում: Բացի ասկէ, կային նաեւ ասորական վանքեր (37):
ԴՐԱԶԱՐԿԻ ՎԱՆՔ
Սիս քաղաքէն 36 քմ. դէպի արեւմուտք: Հաւանաբար գոյութիւն ունեցած է 10րդ դարէն սկսեալ: 12րդ դարուն, Թորոս Ա. իշխանի (1100-1129) օրով կը դառնայ միջնադարեան շրջանի հայկական մշակութային եւ կրթական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը: Զայն կառուցող ճարտարապետներէն գլխաւորաբար կը յիշուի Գէորգ Մեղրիկ (Վասպուրականէն): Այստեղ գրուած եւ ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ: Վանքի եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին: Թորոս Բ.ի (1145-1169) օրով վանքի համալիրը կը նորոգուի: Իշխանական, թագաւորական եւ կաթողիկոսական դամբարան էր: Հոս թաղուած են Կիլիկիոյ Թորոս Ա., Թորոս Բ., Ռուբէն Բ. (1169) եւ Թորոս Գ. (1293-1298) իշխանները, Հեթում Ա. թագաւորը (1226-1270), Զապէլ թագուհին (1222-1252), կաթողիկոսներ, ինչպէս Կոստանդին Դ. Լամբրոնացին (1323-1326), յայտնի մանրանկարիչներ, ինչպէս Սարգիս Պիծակ, վանքին ճարտարապետը՝ Գէորգ Մեղրիկ (38):
Խաչի տօնին օրը Սիսի եւ շրջակայքի հաւատացեալ ժողովուրդը ուխտագնացութեան կու գայ վանքին աւերակներուն շուրջ: Այծեր կը մորթուին, ապա խոշոր կաթսաներով մատաղ կը բաժնուի: Մօտակայ պէօյիւք փունարի (beoyuk punar, մեծ աղբիւր) ջուրով կը կատարուի նաեւ ջրօրհնէք: Ներկաներէն շատեր, բացի օրհնուած ջուրը խմելէ, կը լուան նաեւ իրենց վէրքերը կամ ցաւող աչքերը (39):
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
1.- Levon Nordiguian, «La cathedrale de Sis. Essai de reconstitution» in Raymond Kevorkian, Mihran Minassian, Levon Nordiguian, Michel Paboujian, Vahe Tachjian (eds), Les Armeniens de Cilicie. Habitat, memoire et idetite, Presses de l’Universite Saint-Joseph, Beyrouth, 2012, էջ 55, 57
2.- Տաճարին ճարտարապետական մանրամասնութիւններուն համար տեսնել՝ Levon Nordiguian, «La cathedrale de Sis. Essai de reconstitution», էջ 64-73
3.- «Պատճէն Կեդրոնական վարչութեան մատուցեալ տեղեկագրի», կցուած Սահակ Բ.ի նամակին (համար 71) ուղղուած Օրմանեան պատրիարքին (Պոլիս), 31 Մայիս 1903, Սիս, in Կիլիկեան կսկիծներ, 1903-1915, տպ. Հրազդան, Պէյրութ, էջ 19-21
4.- Նոյն, էջ 21-22
5.- Մուշեղ Սերոբեան, Ինքնակենսագրութիւն (անտիպ), տետրակ Բ., էջ 265
6.- Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, տպ. «Հայ Ճեմարան», Պէյրութ, 1949, էջ 164
7.- Առաքել Ա., Ազգաբանութիւն Աջապահեանց ազնիւ գերդաստանին (ձեռագիր), 1865, Սիս, էջ 27
8.- Victor Langlois, Voyage dans la Cilicie et dans les montagnes du Taurus, Paris, 1861, էջ 391-392; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 164-166, 175
9.- Langlois, Voyage dans la Cilicie, էջ 389; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 167
10.- Նոյն
11.- Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 167
12.- Langlois, Voyage dans la Cilicie, էջ 389-390; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 166
13.- Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 166
14.- Նոյն
15.- Նոյն, էջ 355, 357
16.- Նոյն, էջ 356
17.- Նոյն, էջ 358-359
18.- Նոյն, էջ 351
19.- Նոյն
20.- Նոյն, էջ 168
21.- Նոյն
22.- Նոյն, էջ 167
23.- Նոյն, էջ 167, 519
24.- Նոյն, էջ 169
25.- Նոյն, էջ 167, 526
26.- Նոյն, էջ 167: Այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Իշխան Չիֆթճեանին
27.- Նոյն
28.- Նոյն, էջ 168
29.- Նոյն
30.- Նոյն
31.- Նոյն
32.- Նոյն, էջ 169
33.- Նոյն
34.- Նոյն, էջ 365
35.- Նոյն, էջ 362, 364, 367
36.- Նոյն, էջ 366
37.- Leon M. Alishan, Sissouan, ou L’Armeno-Cilicie: description geographique et historique (traduit du texte armenien), S. Lazare (Venise), 1899, էջ 253
38.- Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 173; Alishan, Sissouan, ou L’Armeno-Cilicie, էջ 265-272; Թ. Խ. Յակոբեան, Ստ. Տ. Մելիք-Բախշեան, Հ. Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հ. 2, Երեւան, 1988, էջ 149
39.- Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 520

Yorumlar kapatıldı.