İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մխիթար Գօշի մօտեցումը արդար արտայայտութիւնն է իր կրօնաւորական կեանքին, որուն ակունքն է Աստուածաշունչը: Նման հայեցակէտ կը տիրապետէր նաեւ հին եբրայական իրաւաբանական կեանքին մէջ, ուր դատաւորները կը կոչուէին «Աստուծոյ մարդիկ» տիտղոսով: Ահաւասիկ ելլելով այս սկզբունքէն, Մխիթար Գօշ կ’ուզէ որ դատաւորները ըլլան մաքուր անձնաւորութիւններ, օժտուած մտաւոր եւ բարոյական բարձր յատկութիւններով. «պարտ է դատաւորին հմուտ լինել եւ քաջուսումն, եւ հանճարեղ, եւ գիտուն Սուրբ գրոց եւ ամենայն մարդկային իրաց: Զի անսխալ զդատաստանն առնիցէ: Պիտոյ է եւ կատարեալ գոլ հասակաւն, եւ ուշիմ, մտաւոր եւ զգաստ, զի մի’ յոչ իմանալոյ ի հարկէ սխալանս գործիցէ » (նախդ. Գլ. Ե. Էջ 26):

            Անգամ մը եւս շեշտը դնելով դատաւորներու անաչառութեան վրայ, կ’ըսէ. «եւ պարտ է դատաւորին առանց կաշառոց լինիլ… մի քննել զանձին իւրոյ շահ, այլ զի բազմացն միտք հաստատեսցին ի նա եւ զդատարանն ուրախ արասցէ ճշմարիտ վճռաւն: Չէ պարտ կարողին նեղել եւ հարստահարել զորբն կամ զաղքատն» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 27-28):
            Ու կը շարունակէ յայտարարել. «եւ պարտ է դատաւորաց ի գիշերի եւ ի տուընջեան ընթեռնուլ ոչ միայն զսուրբ Գիրս կտակարանաց եւ զգիրս դատաստանաց, այլ եւ որսալ եւ ի միտ առնուլ զբանս իմաստուն մարդոց յամենայն ազգաց… պարտ է դատաւորին ամենայն իրօք բարի եւ առաքինի լինել, եւ առաւել առանց բարկանալոյ, եւ բարւոքն աննախանձ յամենայն ժամանակի, մանաւանդ ի ժամ դատաստանին, զի մի’ թիւրեսցին միտք դատելոցն եւ կարծիցեն թէ վասն նախանձու կամ բարկութեան թիւրեցաւ դատաստանն:  Այլեւ երկայնամիտ եւ ներող լինիցին դատաւորք, զի բազում անգամ պատահէ զի դժուարագիւտ եւ անյայտ լիցի դատաստանն: Մի’ կարճամտեալ լուծցեն, այլ համբերելով պահիցեն զաւուրս եւ պարապով քննեալ դարձեալ ատենիւ կատարեսցեն զդատաստանն» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 31):
            Մխիթար Գօշ չի’ վարանիր յիշեցնելու նաեւ. « բայց մի’ հպարտասցէ դատաւորն եւ արհամարհեսցէ զոք, այլ գիտասցէ զի մի է դատաւոր Աստուած, որոյ առաջի եւ ինքն գալոց է ի դատաստան» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 33):
            Մխիթար Գօշ իր Դատաստանագիրքին մէջ առաջ կը բերէ երկու տեսակ դատարան.- մէկը «մարմնաւոր», այսինքն՝ աշխարհական, իսկ միւսը «հոգեւոր», այսինքն եկեղեցական:
            Առաջին դատարանը կը դնէ թագաւորներու եւ իշխաններու ինչպէս նաեւ աշխարհական վարչականներու իրաւասութեան տակ, իսկ երկրորդը՝ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ քահանաներու իշխանութեան տակ: Ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու պարագային, մեր ժողովուրդի հասարակական-ընկերային կեանքի զարգացման պատմութենէն գիտենք որ ժամանակի ընթացքին՝ քաղաքական եւ ընկերային զարգացման հետ նօսրացան եւ տկարացան նաեւ եկեղեցական դատավարութեան իրաւական սահմանները:
            Հոգեւոր իշխանութեան սկզբնական ազդեցութեան  հզօրացումը բնական էր: Ի սկզբանէ հոգեւորականութիւնը օժտուած էր աւելի ընդարձակ հասարակական գործունէութեամբ եւ աւելի մեծ դեր կը խաղար ժողովուրդներու քաղաքական կեանքին մէջ քան ներկայիս: Հոգեւորականներ, անցեալին, էին գիտնականներ, բժիշկներ եւ իրաւագէտներ, որոնք ո’չ միայն կը կարգաւորէին մարդոց յարաբերութիւնը դէպի աստուածութիւն եւ դէպի կրօնաբարոյական հաստատութիւնները, այլեւ կ’ուսուցանէին թէ ինչ պիտի ըլլային մարդոց յարաբերութիւնները իրարու հանդէպ,  ինչպէս նաեւ բնութեան հանդէպ:
            Այսպիսի մեծ դեր ունէր նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութիւնը, նամանաւանդ այդ քաղաքական անկայուն եւ փոթորկալից շրջաններուն երբ չենք ունեցած քաղաքական անկախ իշխանութիւն եւ ենթարկուած ենք օտարազգի նուաճողներու կամայականութեանց:
            Հետեւաբար՝ հոգեւոր կամ եկեղեցական դատարանները դարձած էին միակ կեդրոնները ուր կարող էին դիմել վիճող կողմերը, արդարութիւն որոնելու համար:  Մխիթար Գօշ՝ գրած է իր »Դատաստանագիրք Հայոց»ը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ժողովուրդի քաղաքական անկախութիւնը արդէն խորտակուած էր, երբ Հայաստանի աւերակներուն վրայ կը տիրապետէին մահմետական խաները, որոնց լուծին տակ սակաւաթիւ իշխաններ կամ մելիքներ կրնային պահել իրենց կիսանկախ գոյութիւնը:
            Ահաւասիկ այսպիսի տխուր ժամանակշրջանի մէջ էր որ Եկեղեցին իր հոգեւորականութեամբ կրցաւ իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնել Հայ ժողովուրդի հոգեւոր դատաստանական ամբողջ կառոյցը, ուր հայը կարող էր գտնել իրաւասութիւն եւ իրաւունք, օրէնք եւ արդարութիւն:
            «Դատաստանագիրք Հայոց»ի համաձայն, հոգեւոր կամ եկեղեցական դատաստանին ենթակայ էին բոլոր այն գործերը որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ, նոյնիսկ՝ աշխարհական բոլոր գործերը, եթէ այդտեղ չկային աշխարհական իշխանութիւններ. «եւ ի տեղւոջ, ուր ոչ իցեն թագաւոր կամ իշխանք, պարտ է եպիսկոպոսն տալ զայս յաւանդ, զի ամենայն դատաստանս նոքա հոգասցեն:» (Նախդ. Գլ. Ե. Էջ 26): Հոգեւոր դատարանի իրաւասութեան կը պատկանէին հետեւեալ կարեւոր հարցերը.-
1.      Եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցը. Անոր պաշտօնեաներուն՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ  հոգեւորականութեան պարտաւորութիւնները Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին հանդէպ:
2.      Եկեղեցւոյ կալուածներու պահպանումը եւ հոգեւորականութեան անձնական նկատուած ինչքերու կամ կալուածներու սահմանագծումը:
3.      Հոգեւորականութեան նիւթական վիճակին ապահովումը ժողովուրդին կողմէ:
4.      Ընտանեկան իրաւունքի պարտաւորութիւններ, որոնց սահմաններուն մէջ կ’իյնան՝ ամուսնութիւն, ապահարզան, զաւակներու կրթութիւն, կանանց առեւանգում, ամուսիններու փոխադարձ յարաբերութիւն (ֆիզիքական եւ բարոյական):
5.      Հերետիկոսութիւն, ուրացութիւն եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ Ս. Խորհուրդներու պղծում:
6.      Ստախօսութիւն, բամբասանք, վիրաւորանք եւ այլ քրէական արարքներ ընդդէմ հոգեւորական դասակարգի:
Հոգեւոր դատաստանը տեղի կ’ունենար եպիսկոպոսի նախագահութեամբ: Թէեւ Մխիթար Գօշ յստակ կերպով չ’արտայայտուիր թէ ո՛ր եպիսկոպոսներն են որոնք դատաւորի բարձր պաշտօնը պիտի կատարեն, բայց նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովական կանոնները, կարելի է եզրակացնել որ անոնք թեմակալ եպիսկոպոսներն էին, օժտուած դատաստանական իրաւունքներով:
Ահաւասիկ այս դատաստաններու ժամանակ, եպիսկոպոսը պարտաւոր էր ընտրել երկու կամ երեք օգնական դատաւորներ, որոնք կրնային ըլլալ վարդապետներ, քահանաներ եւ կամ տանուտէրեր: Թէեւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ չի տար մեզի Մխիթար Գօշ թէ որքա՛ն վճռական ձայն ունէին եպիսկոպոսին հետ միասին դատաստանական որոշումներ արձակող անձինք, այդու հանդերձ ան հետեւեալ բնորոշումը կ’ընէ Զ. Գլխուն էջ 31-ի մէջ. «եւ զի թէ ինքն (եպիսկոպոսը) տգէտ իցէ, ի նոցանէ վճռէն ուսցի դատաստան: Այլ զի եպիսկոպոսն, զի նա է առաջին դատաւոր, երկու կամ երեք առ ինքն կալցի արս իմաստունս եւ նոքօք դատեսցի զդատաստանն ոչ միայն զի նոքա իրաւանցն վկայք լիցին, այլ զի եւ ինքն ի նոցանէ ուսցի զդատաստանն»: Այսինքն եթէ եպիսկոպոսը տգէտ է եւ անփորձ իրաւաբանութեան մէջ, պէտք է որ սորվէր իր դատաւորակիցներէն, այլ խօսքով անոնց խօսքը աւելի կշիռ ունենար:
Մխիթար Գօշի համաձայն, վէճերու արդար լուծման համար անհրաժեշտ են դատավարութեան յատուկ միջոցներ: Այդ միջոցներն են՝ սեփական խոստովանութիւն, վկաներու ցուցմունքներ եւ երդում: Վկաներու ցուցմունքներուն շատ կարեւորութիւն կու տայ ըսելով. «Եւ հարկ է վկայիւք լինել դատաստանն, զի դատախաղացն յերկար վիճողութիւնն նոքօք հատանէ զդատաւորն» (Նախդ. Գլ. Է. էջ 37), այսինքն դատաւորները պարտաւոր են քննութեան ժամանակ նախ լսել դատապարտեալի ցուցմունքներն ու ապա վկաները, որոնց նկարագրի եւ յատկութեան մասին մանրամասն բացատրութիւններ կու տայ, մասնաւորաբար մերժելով ոչ-քրիստոնեաներու եւ կանանց վկայութիւնը (դժբախտաբար տակաւին սահմանափակուած են կանանց վկայութեան իրաւունքները աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, նոյնիսկ այս քսանմէկերորդ դարուն…):
Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»ը առիթ ընծայեց նաեւ որ նմանատիպ վեցերորդ ժողովածու օրինագիրք մը կազմուի նաեւ Կիլիկեան Թագաւորութեան ժամանակ, Հեթում թագաւորի եղբօր՝ Սմբատ Սպարապետի հեղինակութեամբ 1255 թուականին: Այս անգամ սակայն, այդ բոլոր օրէնքները թարգմանուեցան աշխարհաբարի, մատչելի եւ հասկնալի ընելու համար ժողովուրդի զանգուածներուն:
            Սմբատ Սպարապետի Դատաստանագիրքը կը տարբերի Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»էն, որովհետեւ հոն՝ հեղինակին կողմէ կատարուած են կրճատումներ, փոփոխութիւններ եւ յաւելումներ, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի տեղական սովորութիւններու մասին, նպատակ ունենալով յարմարցնել օրէնքները տեղական քաղաքական պայմաններուն եւ պետական կարիքներուն:
            Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց մասին լուրջ աշխատանքի բացակայութիւնը, Եկեղեցին տարած է անիշխանութեան եւ անօրինականութեան: Ահաւասիկ այսպիսի իրաւական-օրինական մթութեան մէջ Էջմիածնի  Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կաթողիկոսը 1841 թուկանին իր գրած նամակին մէջ, ուղղուած Նիքոլայ Ա. Կայսեր, տգիտաբար կը յայտարարէր թէ Հայց. Եկեղեցին կ’ընդունի Տիեզերական 5րդ, 6րդ, եւ 7րդ ժողովները…:
            Նոյնն էր պարագան Արեւմտահայոց մէջ: Մինչեւ 1840ական թուականները, պոլսահայ գաղութի տնտեսական, եւ անով պայմանաւորուած քաղաքացիական իրաւունքները վերապահուած էին Ամիրայութեան եւ անոր կամակատար՝ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն ձեռքը: Սուլթաններու միջնորդութեամբ գերիշխանաբար գործող ամիրայական  այս դասակարգը քմահաճօրէն կը հաստատէր կամ կը  հեռացնէր պատրիարքները: Նոյն ատեն կը լուծէր կրօնական եւ դաւաբանական վէճեր, կամաւոր կ’անտեսէր գաւառը յուզող հարցերը, եւ այս բոլորը կը կատարէր առանց հաշուետու ըլլալու ազգին:
            Նախ քան Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումն ու վաւերացումը, պատրիարքներ անսահման իրաւունքներ ունէին դատելու, պատժելու, նոյնիսկ աքսորելու բոլոր այն հոգեւորական  եւ աշխարհական անձնաւորութիւնները, որոնք անհնազանդ գտնուած էին եւ մեղանչած կրօնական աւանդութեանց դէմ: Ահաւասիկ այս  պատրիարքական առանձնաշնորհումներէն օգտուելով, Ամիրաներ հաշուեյարդար կը տեսնէին իրենց հակառակորդներուն հետ:
            Նոյն չարաշահումներն ու բռնութիւնները կը գործադրէին թեմական առաջնորդները: Կարծես չէին բաւեր թուրք աղաներու եւ քիւրտ պէկերու վայրագութիւնները՝ այդ բոլորին վրայ կու գային աւելնալու հայ հոգեւորականութեան վերնախաւի չարագործութիւնները, որոնք առաւել եւս ողբերգական վիճակի կը մատնէին գաւառի բնակիչները:
Նոյնքան եւ առաւել եւս շատ տխուր է իրողութիւնը ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Եկեղեցին հետզհետէ դարձած է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն: Կարդացէք մամուլի էջերը եւ հոն գտնուող աղերսագին կոչերն ու արդար պոռթկումները մեր ժողովուրդին՝ անօրինականութեան, անկանոնութեան եւ ամբարտաւան մենատիրութեան դէմ: Այս սանձարձակ վիճակին մէջ թէեւ տակաւին կան ոմանք, թէկուզ փոքրաթիւ, որոնք կը հաւատան սահմանադրական սկզբունքներու, բայց եւ այնպէս չունին բարոյական քաջութիւնը իրենց ձայնը բարձրացնելու, եւ դժբխտաբար այդպէս ալ կղզիացած, մեկուսի կ՛ապրին:
            Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական-կանոնական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է, նետուած՝  հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն դէմ:
                                              
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            (Շար. Բ.)
6 Նոյեմբեր 2014

Yorumlar kapatıldı.