İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՉՔԱՐԻ ՕԾՈՒՄ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ:

19 Հոկտեմբեր 2014 կիրակի օր, կեդրոնական Գերմանիոյ Ռայնալթ-Ֆալց  եկրամասի  Քօպլէնց քաղաքի  հարակից Նոյվիտ քաղաքի մայր հրապարարակին մէջ, Նոյվիտի Հայ Համայնքի նախաձեռնութեամբ եւ  համայնքի նախագահուի Տիկին Ժէնիկ Չաթակի եւ բարեկրօն Սրկ.Սայաթ Պօյաճեանի մասնաւոր  ջանքերով կանգնուեցաւ “Խաչքար” մը որը, կը նուիրուի Հայոց մեծ եղեռնի բիւրաւոր զոհերուն  յիշատակին.Յուշարձան խաչքարի  նուիրատուն է Հայաստանաբնակ գնդապետ Պր.Վահան Արսէնեան, խաչաքարը պատրաստուած է հայկական “Տուֆ” քարէ:

Յուշարձան խաչքարի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2014 կիրակի օր խաչքարի օրհնութեան ու օծման արարողութիւնով , Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Գարեգին Արք.Պեքճեանի ձեռամբ, արարողութեան առընթերակայ էին Առաջնորթի փոխանորդ Հոգեշնորհ  Տ.Սերովբէ Վրդ.Իսախանեան, Տ.Արստագէս Վրդ.Այվազեան,Արժանապատիւ Տէրհայրներ Տ.Արմէն Քհնյ. Մելքոնեան,Տ.Հրաչ Քհնյ.Պիլիճեան ,Բարեկրոն Սրկ.Սայաթ Պօյաճեան:

Արարողութեան ներկայ էին,  Հ.Հ  Գերմանիոյ մէջի Դեսպանութեան Ներկայացուցիչը Պր.Աշօթ Սմբատեան, Նոյվիտի քաղաքի քաղաքապետ Պր.Նիքօլաուս Ռօթ,Միջեկեղեցական Համարգործակցութեան Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը,Գերմանիոյ Հայ Գործարաներու Միութեան նախագահը, Նայիրի  Հայ Մանկանց Բարեգործական Միութեան  ներկայացուցիչը,Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանի պատկարելի Թեմական Խորհուրդի անդամները ,քոյր եկեղեցիներու  եւ Հայ համայնքներու ներկայացուցիչները,Հայ եւ Գերմանական զանազան հաստատութիւններու  ներկայացուցիչները  եւ հոծ ժողովուրդի մասնակցութիւն մը.

Յետ եկեղեցական արարողութեան,Նոյվիտի Հայ Համայնքի կողմէ ներկայները հրաւիրուեցան յուշահանդէսի  սրահ, ուր պատրաստուած էր յուշահանդէսի ճոխ յայտագիր մը եւ հիւրասիրութեան ընթունելիութիւն մը.

Յուշահանդէսի այս բաժինը  բացուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան Թեմական Խորհուրդի նախագահ Գէորգ Իլիաս Ույարի ողջոյնի խօսքերով, ապա իր սիրտի խօսքերով հանդէս եկաւ խաչքարի նուիրատու գնդապետ Պր.Վահան Արսէնեան , որուն  տրուեցաւ  շնորհաւորական “Յուշագիր” մը Գերմանիոյ Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ.Յուշահանդէսի երաժշտական բաժնին մէջ, դաշնակի երաժշտութիւնով իր մասնակցութիւնը  բերաւ նաեւ  Տիկին Գայիանէ Հակօբեան:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա.

__._,_.__

Yorumlar kapatıldı.