İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՏԱՐՕՆ» ԱՆՈՒՆՈՎ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ ԲԱՑԱՒ ՄՇՈՅ ՄԷՋ

Վերջին քանի մը տարիներուն շատ հետաքրքրական լուրեր կը հասնին Մշոյ ու Սասնոյ կողմերէն։ Այնտեղ ապրող ու իրենց հայկական ինքնութեան կամ ծագումին գիտակից Թուրքիոյ քաղաքացիներ (դառն ճակատագրի բերումով՝ կրօնափոխ դարձած), կամաց-կամաց սկսած են վերադառնալ իրենց արմատներուն…։ Անոնք, ուխտի այցելութիւններ կը կատարեն դէպի Մարաթուկ սարի հայկական աւերակ մատուռը, փորձեր կ՛ընեն տէր կանգնելու հին հայկական գերեզմանատուներուն, կը ջանան քով-քովի գալ, ուժ կազմել, ա՛լ չեն վախնար իրենց իսկական ազգութիւնը յայտնելէ…։

Վերջերս, թրքական բազմաթիւ թերթեր արձագանգ հանդիսացան լուրի մը, ըստ որուն՝ Մշոյ մէջ բացումը կատարուած էր «ՏԱՐՕՆ» անունով հայրենակցական միութեան մը։ Միութիւնը պաշտօնապէս կը կոչուի «Տարօնցի եւ Մշեցի Հայերու Զօրակցութեան Ընկերային ու Զբօսաշրջական Միութիւն» (թրքերէնով)։
Մուշ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ՝ միութիւնը վարձեց սրահ-կեդրոնատեղի մը ու պաշտօնական հանդիսութեամբ կատարեց անոր բացումը։ Բացման օրը, Տարօնի Արծիւի հսկայ պաստառ մը զետեղուեցաւ կեդրոնի մուտքին։ Ճէ.Հէ.Փէ. կուսակցութեան Մշոյ նահանգի նախագահը, այլ հրաւիրեալներ եւ արտասահմանէն ժամանած հայեր ալ ներկայ եղան բացման հանդէսին։
Նորակազմ միութեան վարչութեան անդամներէն Արմէն Գալուստեան, որ Մուշ կ՛ապրի, իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ կ՛ուզեն ապացուցել՝ թէ Մշոյ մէջ դեռ հայեր կան ու անոնք կը ցանկան հաշտ ապրիլ իրենց համաքաղաքացի միւս հայրենակիցներուն հետ։ «Հայ անունը մի՛շտ ալ թշնամաբար գործածուեր է այս հողերուն վրայ։ Մենք կ՛ուզենք փոխել այդ մտայնութիւնը», ըսաւ Գալուստեան։ Ան յատնեց, թէ կը ծրագրեն քաջալերել սփիւռքահայ մշեցիներու շառաւիղները՝ հոս այցելելու, նաեւ կազմակերպել մշեցի թուրքերու կամ քիւրտերու այցը Հայաստան, փոխադարձ կապերը սերտացնելու նպատակով։
Բացումէն ետք, բոլոր ներկաներուն Մշոյ խաղող հրամցուեցաւ։
Նորակազմ միութիւնը ունի եօթը հոգինոց վարչութիւն մը։ Անոր առաջին գործը պիտի ըլլայ տէր կանգնիլ անցեալին հայերու պատկանող մշակութային այն կառոյցներուն (հին տուներ, կոթողներ), որոնք դեռ կանգուն կը մնան Մշոյ շրջանին մէջ։ Այս առընչութեամբ, քաղաքապետարանին հետ կապեր պիտի հաստատուին՝ գէթ Մշոյ հայկական աւերակ եկեղեցիին վերատիրանալու կամ գերեզմանոցին տէր դառնալու համար…։
Եթէ ամէն ինչ լաւ գալէ ու սեփական շէնքի մը կարենան տիրանալ՝ «ՏԱՐՕՆ»ի անդամները հայերէնի դասընթացք մը պիտի բանան Մշոյ մէջ, յետոյ ալ պիտի հիմնեն մանկապարտէզ մը…
Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 ______________________________________
Posted by: Simon DARONYAN <taron49@hotmail.de>
________________________________________

Yorumlar kapatıldı.