Հոկտեմբեր 9-10 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի համագործակցութեամբ գումարուեցաւ “Գործուն հայ կանայք. համայնքներու կառուցում ամբողջ աշխարհի մէջ” խորագրով Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 7-րդ համաժողովը, որուն ընթացքին “Հայերն այսօր”-ի թղթակիցը զրուցած է թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ակտիւիստ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած:
– Մեր հասարակութիւնը ճանաչում է Ձեզ որպէս “Իմ տատիկը” խորագրով հանրայայտ գրքի հեղինակ, որով Թուրքիայում սկիզբ դրուեց Հայոց Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած իսլամացած կին վերապրածների մասին բաց քննարկումներին: Դուք նաեւ Այսէ Գիւլ Ալթինայի հետ համահեղինակն էք «թոռները, կորած հայերի թաքնուած ժառանգութիւնըէ գրքի, ինչպէս նաեւ “Տինք” հիմնադրամի փաստաբանն էք. մի կնոջ համար ծանր չէ՞ արդեօք այսքան բեռ վերցնելն իր կանացի ուսերին:
– Ես հայերուն համար շատ կը ցաւիմ, մոռնալու բան չէ անոնց հետ կատարուածը` ջարդը, կոտորածը եւ կ’ուզեմ իմ մասով իմ բաժինը բերել ճշմարտութիւնը վեր հանելու գործին: Հայերու բոլոր դժուարութիւնները, նեղութիւները իմանալով` կ’ուզեմ օգտակար ըլլալ, կը ջանամ անոնց աւելի լաւ հասկնալ եւ իմ ծառայութիւնները մատուցել: Տակաւին դիւրին չէ, սակայն ես ետ պիտի չկանգնիմ որոշումներէս:
– Ի՞նչ կ’ասէք հայ կնոջ մասին:
– Անչափ շատ կը գնահատեմ հայ կանանց. կը գնահատեմ անոնց բարքերը, սովորոյթները: Հայ կանայք արժէքաւոր են, ազգը պահպանող կանայք են:
– Առաջի՞ն անգամ էք Հայաստանում` Երեւանում:
– 5-րդ անգամ է Հայաստան կ’այցելեմ եւ պիտի խոստովանիմ, որ հայ կանայք, աղջիկները աւելի գեղեցկացած են, իսկ համաժողովին առաջին անգամ կը մասնակցիմ: Երեւանն ալ կարծես ծաղկած է: Ամէն անգամ կ’ուզեմ գալ Հայաստան եւ չեմ ուզեր կորսնցնել առիթը. Հայաստանը իմ սրտէս կը խօսի:
– Տիկի՛ն Չեթի, հայերը բարձր են գնահատում Ձեր ծաւալած գործունէութիւնը եւ մտածում են նաեւ Ձեր անվտանգութեան մասին: Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը վերհանելու գործողութիւնների ընթացքը Ձեզ չի՞ վախեցնում:
– Ես իմ հոգիի պարտքը, իմ գործը կ’ընեմ եւ պատրաստ եմ դիմակայելու ամէն դժուարութեան: Ես ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ եւ կը քաջալերեմ:
– Չգիտեմ` ինչու, համոզուած եմ, որ զտարիւն հայուհի էք… Ի՞նչ կ’ասէք:
– Ե՛ս ալ Ձեր նման կը խորհիմ, կը սիրեմ ու կը յարգեմ այս ժողովուրդը: Հայերը իմ սրտի մէջ են:
– Ո՞րն է լինելու Ձեր յաջորդ գիրքը:
– Հրանդ Տինքի գաղափարները շատ սիրած եմ եւ պիտի իրագործեմ զանոնք. գիրք գրած եմ անոր մասին: Յաջորդ գրքիս թեման պիտի ըլլայ այն, ինչ որ տեսած եմ ու լսած այստեղ` Հայաստանի մէջ եւ համաժողովի ընթացքին: Լսածս բոլոր գաղափարները պիտի յանձնեմ թուղթին:
– Այդքան սիրելով հայերին եւ շատ կապուած լինելով հայերի հետ` երբեւէ մտածե՞լ էք հայերէն սովորելու մասին:
– Շատ-շա՜տ մտածած եմ. պիտի անպայման սորվիմ, բայց ըսեմ, որ քանի մը բառ գիտեմ` «ինչպէ՞ս էք, շատ ուրախ եմ, լաւ ըսենք, լաւ տեսնենք…»: Յուսամ` յաջորդ համաժողովին մասնակցելու ժամանակ հայերէն սորված կ’ըլլամ:
Yorumlar kapatıldı.