İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՏՆՁԳՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան համացանցի կայքէջէն կ’իմանանք որ Սեպտեմբեր 18-21 օրերուն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Ս.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը, որուն կը մասնակցէին Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեանց ներկայացուցիչները, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդներն ու աշխարհական ներկայացուցիչները: Հաւաստի աղբիւրներէն կ’իմանանք որ այս հաւաք-գիտաժողովի ընթացքին կարգ մը եկեղեցականներ «քաջաբար» բերած են առաջարկ մը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները սովորական թեմական առաջնորդութիւններու վերածելու մասին, զրկելով այդ հաստատութիւնները իրենց վարչական անկախութենէն: 

Չենք զարմանար:  Ինչո՞ւ…

Որովհետեւ` 1998 թուականէն սկսեալ յատուկ քաղաքականութիւն մը կը վարուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ներս: Երբ հոգելոյս Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր բժշկական յատուկ խնամք ստանալու համար, առիթէն օգտուելով՝ Գարեգին Ներսիսեան Արքեպիսկոպոս, Առաջնորդական փոխանորդ Երեւանի Հայրապետական Թեմին, որպէս տեղակալ հիւանդ հայրապետին,  առիթէն օգտուելով փորձեց իր տարիներու երազը իրականացնել. նոր փոփոխութիւններ կատարելով վերջին 1995-ի նախագիծ կանոնագրութեան մէջ եւ վաւերացնել տուաւ Կրօնից Նախարարութեան կողմէ:
Այս փոփոխութիւնը  ո’չ միայն Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի մէջ չքննարկուեցաւ, այլ նաեւ Եպիսկոպոսական Ժողովի օրակարգէն անցնելով Ազգային Եկեղեցական Ժողովին ալ չհասաւ, որ բարձրագոյն մարմինն է նմանօրինակ կանոնագրական փոփոխութիւն մը վերջնականապէս վաւերացնելու եւ օրինականացնելու: Անվարան պիտի ուզէինք ըսել, որ խորհրդային օրերէն ժառանգուած տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքեր ներշնչած են Ներսիսեան Արքեպիսկոպոսին, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր գաղտնաբար այս կանոնագրական փոփոխութիւնը իրագործելու:
Ահաւասիկ այս տխրահռչակ կանոնագրութեան 13րդ յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հաստատումները.- Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան կը պատկանին սփիւռքի բոլոր շարժուն եւ անշարժ գոյքերը. այսինք սփիւռքեան համայնքներուն տնտեսական ամբողջական կարողականութիւնը կը պատկանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան:
Հետեւաբար՝ այս սկզբունքէն մեկնելով, մեր առջեւ կը դրսեւորուին  նոր ախորժակներ՝ Սփիւռքը բեկանելու եւ գրաւելու: Այն ինչ որ Խորհրդային կարգերու ժամանակ չիրականացաւ, այսօր «ազատ-անկախ» հայրենիքի վարչակարգին օրով կ’իրագործուի: Ենթադրութիւնները կը թողունք մեր ընթերցողներու հայեցողութեան:
11 Սեպտեմբեր 1995 թուականին խմբագրուած նախագիծ կանոնագրութիւնը, Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Արիս Եպս. Շիրվանեանի խմբագրութեամբ եւ համադրութեամբ (թէեւ ոչ վաւերացեալ), այսպէս կ’արձանագրէ իր 39րդ յօդուածին մէջ. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան իրաւունքները. «Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը անբաժան մասն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին նուիրապետութեան եւ ենթակայ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան (1888-ի Կանոն Միաբանական Ուխտին մէջ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան), պահելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ իր ուրոյն տեղը, որպէս պատմականօրէն հիմնուած եւ զարգացած Առաքելական Աթոռ»: Նմանաօրինակ են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան իրաւունքները բոլոր նախորդ նախագիծ եւ վաւերացեալ կանոնագրութիւններուն մէջ:
Նոյնն է պարագան Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան:  Թէեւ ան այլեւս չունի իր անցեալի հմայքն ու քաղաքական հեղինակութիւնը, որուն ենթակայ էին ատեն մը մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռները (Էջմիածին, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, մասնաւորաբար Օսմանեան տիրապետութեան տակ, որուն ճիրանները հասած էին մինչեւ Կովկասեան բարձրավանդակ):
Ահաւասիկ այս իրողութենէն ելլելով ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Նուիրապետական մեր Պատրիարքական Աթոռները Թեմերու վերածելու առաջարկ մը կը ներկայացնեն Էջմիածնական բարձրաստիճան եկեղեցականներ:  Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ այս բոլորը հրապարակ կու գան հոգեւոր վերին իշխանութեան թոյլտուութեամբ եւ գործակցութեամբ, խորտակելու սփիւռքը, իրականացնելու կղերապետական իրենց տենչերը, անտեսելով կանոնական բոլոր իրաւունքներ:
Ու՞ր կրնայ մեզ առաջնորդել նման ռչ-կանոնական ոտնձգութիւններ: Եկեղեցական նոր պայքարի մը ոտնաձայները ես կը լսեմ:  Եթէ չկարենանք զսպել, Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութեանց դէմ կանխամտածուած այս սադրանք-արարքները, նոր ճեղք մը պիտի բացուի, աւելի խոր, արդէն իսկ վիրաւոր Հայց. Եկեղեցւոյ սրտին վրայ:
Հայց. Եկեղեցին կարելի չէ ղեկավարել անտառային օրէնքով:  «Զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» ասացուածքը այս պարագային ի զօրու չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր Եկեղեցին իր Նուիրապետական Աթոռներով կը պատկանի Հայ Ժողովուրդին եւ ո’չ եկեղեցականութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նոր տագնապ մը. կարծէք չէին բաւեր մեր համայնքային տագնապները, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնգրութեան մը բացակայումը, առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը պետական օրհնութեամբ:
Դժբախտաբար այս անփառունակ վիճակը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը սահմանափակած են ծիսակատարութիւններով եւ չեն տեսներ աւելի մեծ պատկերը Եկեղեցւոյ ճշմարիտ առաքելութեան:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան առաջին օրերէն սկսեալ  ինչ որ պատահեցաւ եւ տակաւին կը պատահի՝ կը տխրեցնէ մեզ ազգովին թէ’ Մայր Հայրենիքի եւ թէ’ Սփիւռքի մէջ: Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ Հայրենիքը կը դիմագրաւէ այդքան ընկերային տագնապներ (անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւայլն), իւրանչիւր հայուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ խուսափիլ նոր պառակտումներէ: Դժբախտաբար, Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ վաւերացուած կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ սանձարձակ անյագուրդ կղերապետութեան դէմ:
Կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը չի’ կրնար տալ անվիճելի օրինականութեան հանգամանք՝ անտառային օրէնքներով գործող Ամենայն հայոց Հայրապետին: պէտք է կանխել ամէն անօրինականութիւն, որովհետեւ ո’չ ոք կրնայ օրէնքէն բարձր ըլլալ:
Ժամանակը հասած է որ բարի կամեցողութիւն ունեցող մեր ազգային եւ կուսակցական «ղեկավարները», մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, լրջօրէն մօտենան այս հարցին եւ խոհեմութեամբ առաջքը առնեն ամէն տեսակի անօրինական ոտնձգութիւններուն:  Անտարբերութիւնը լուծում մը չէ:  Այս հարցը կրնայ խօսքի սահմանէն դուրս ելլել եւ ստեղծել նոր անկախ կաթողիկոսութիւն մը՝ ի հակադրութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան: Մեր պատմութեան էջերը լեցուն են  պայքարներով:  Ազգային ճգնաժամային այս օրերուն, պարտինք աւելի լրջութեամբ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եթէ կ’ուզենք բան մը փոխել մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ:
 ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                           
10 Հոկտեմբեր 2014.

Yorumlar kapatıldı.