ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Այսօր երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, լիբանանահայութիւնը առիթ պիտի ունենայ վայելելու Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբին ելոյթը: Ձեռնարկը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութիւնը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Համազգայինը ամբողջական յանձնառութեամբ եւ պահու կարեւորութեան ամբողջական ըմբռնումով, իր գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն նկատեց Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու սերտացումը եւ ամրապնդումը:
Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը այդ համագործակցութեան փորձեց տալ համապատասխան որակ, տարողութիւն եւ լայն ընդգրկուածութիւն: Այսօր կ՛արժէ յիշել այստեղ այդ օրերուն սկսած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք հայրենի մշակութային, գեղարուեստական մեծաթիւ խումբերու հիւրընկալումը եւ գաղութին մէջ ստեղծուած մեծ խանդավառութիւնը: Կարելի՞ է արդեօք մոռնալ օրին երկրաշարժէն նոր դուրս եկած, անմխիթար պայմաններու տակ հայաստանեան մշակոյթը ապրեցնող նուիրեալներու քաջագործութիւնները եւ այդ քաջագործութեանց անմիջական արձագանգումը սփիւռքի այս կեդրոնական գաղութին կողմէ:
Այս առիթով կը յիշեմ 1990-ականներու սկիզբը Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարած 85 անդամներէ բաղկացած «Հայաստանի պետական երգչախումբ»-ին հիւրընկալումը Լիբանանի մէջ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնը օրին իր դրոշմը դրաւ լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին վրայ: Անշուշտ այս երգչախումբին այցելութեան յաջորդեցին զանազան գեղարուեստական խումբերու, անհատ արուեստագէտներու հիւրընկալումները: Համազգայինի մշակութային դպրոցներու եւ հայագիտական հիմնարկի Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ ծաւալած համագործակցութիւնները եւ կնքած համաձայնագիրները, մեր հաւաքական կեանքին տուին գործունէութեան նոր հարթակ եւ մակարդակ: Այսօր Երեւանի պետական համալսարանին հետ մեր ազգային կառոյցներուն կնքած ակադեմական, կրթական եւ հրատարակչական համաձայնագիրները կու գան բնական շարունակութիւն մը դառնալու եւ նոր լիցքաւորում տալու Հայաստան – Լիբանան համագործակցութեան զանազան ոլորտներուն:
Կասկածէ վեր է, որ պոլսահայ երգչախումբին հիւրընկալումը այսօր անտարակոյս նոյն այժմէական պատգամները փոխանցելու բոլոր ստորոգելիները եւ տուեալները ունի, եւ ահաւասի՛կ մշակութային նոր կամուրջ մըն է, որ կը հաստատուի համագործակցութեան նոր մարզեր ընդգրկելու հաստատ համոզումով եւ ակնկալութեամբ: Հետեւաբար երգչախմբային սովորական կատարում մը վայելելու առիթ չէ, որ կ՛ունենանք այսօր, այլ պոլսահայութեան հետ կամրջումը ամրացնելու եւ համագործակցութեան կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբի պատեհ առիթը վայելելու խանդավառութիւնը կ՛ապրինք հաւաքաբար:
Այո՛, լիբանանահայ գաղութը այս նախաձեռնութեամբ կու գայ անգամ մը եւս դրսեւորելու իր պատրաստակամութիւնը եւ տալու փաստը բոլորին, որ համահայկական ժամանակակից օրակարգերը միշտ ալ յաջողած է եւ պիտի յաջողի վերածելու առաջնահերթութեան եւ անոնց գործադրութիւնը վստահելու ծրագրաւորուած հաւաքական աշխատանքին, որքան ալ բազմանան մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:
Այդպէ՛ս կերտուած է այս գաղութին նկարագիրը: Այսպէ՛ս լիբանանահայութիւնը նուաճած է բազմաթիւ իրագործումներ: Այս նկարագիրը անաղարտ պահելու համար ի գործ դրուած է մեծ ճիգ եւ ներդրում: Այսօր յաւելեալ ճիգի ու յաւելեալ ներդրումի կարիքը կայ անկասկած, որուն համար վստահ ենք, որ գաղութի հաւաքական ԱՅՈ՛ն ու հաւաքական յանձնառութիւնը պիտի դառնան մեր երթին շարունակականութիւնը երաշխաւորող յենարանները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, երբ արդէն գաղութային մակարդակի վրայ սկսած են ձեւաւորուիլ մեծ թիւով ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, նոյն այդ հաւաքական յանձնառութիւնը եւ գաղութային այդ նոյն նկարագիրը պիտի դառնան գերակշռող, ճառագայթող ու համակող:
Այսօր «Վարդանանց» երգչախումբի կատարումներուն ճամբով մենք բոլորս մեր հոգիներուն խորը պիտի ապրինք Հայ դատի նահատակ Հրանդ Տինքի մտերմութեան մէջ եւ ականջալուր դառնանք անոր խօսքին ու վկան` անոր կատարած մեծ աշխատանքին:
Հասկցողին բարե՛ւ…
Բարի վայելում բոլորիս` այսօրուան երեկոյին համար:
http://www.aztagdaily.com/archives/206988
Yorumlar kapatıldı.