Սարգիս Ատամ
Շատ մը միւս Քրիստոնեայ ազգեր , Հայ ժողովուրդը կ’անուանեն, որպէս “ԽԱՉԱՊԱՇՏ” ժողովուրդ, այո շատ ճիշտ է մենք խաչապաշտ ժողովուրդ ենք,որովհետեւ մեզի համար “ԽԱՉԸ” Սրբութիւն է,”Փրկութիւն” , “Արդարաութիւն” , “Իմաստութիւն”, “Ապաստարան” , եւ “Չարութիւններէ եւ Վտանգներու դէմ մեր Պաշտպան Մը”,Մեր Վահանն” է:
Մենք Օրուայ կեանքի, աշխատութեան,ճաշի, Ճամբորդութեան եւ այլ բաներու կ’սկսինք մենք մեզի խաչակնքելով :Եկեղցի մուտք գործելու եւ եկեղեցիիէն դուրս ելլելու ատեն, անկողին մտնելու ատեն, մենք մեզի վտանքի մը, չարութեան մը , աղէտի մը , փորձանքի մը դէմ յանդիման գտնուած զգալու ատեն ,մենք մեզի կը խաչակնքենք: Մենք կը պաշտենք ոչ թէ խաչի ֆիզիքական երեւոյթը, խաչի ձեւը եւ կամ խաչի առարկան, այլ կը պաշտենք խաչի սուրբ խորհուրդը, ան մեզի համար ,մեր Տէրը, Աստուածը կը խորհրդանշէ:
Մարդկային կեանքի պատմութեան մէջ խաչակնքման սովորւթիւնը այնքան հին է,որքան Քրիստոնէութիւնը եւ յատուկ է բոլոր ուղղափառ Եկեղեցիններուն:
Հին ատեններ , Հռոմէական կայսութեան ժամանակ խաչը կը համարուէր անարգ մահուան ,նախատինքի, չարչարանքի միջոց:
Քրիստոս գամուելով մահուան խաչի վրայ , մեր փոխարէն յանձն առաւ մահը եւ իր զորութեամբ մահուան գործիքը վերափոխեց յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշը:
Խաչը մեզի համար կը կոչուի, Փրկութիւն,Սրբութիւն,Արդարութիւն, եւ Իմաստուիւն:
Քառաթեւ ձեւով խաչը մեզի համար կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չորս բարերարութիւնները:Խաչի վերի մասը ցոյց կու տայ “Երկինքի Արքայութեան Բացուիլը”,ներքեւի մասը “Դժոխքի Աւերումը” , աջ կողմը “Շնորհներու Բաշխումը” իսկ ձախ կողմը “Թողութիւն”ը :
Քառաթեւ խաչը կը խորհրդաշնէ նաեւ չորս առաքինութիւններ:Վերին մասը նշանն է “Սիրոյ”,վարի մասը “Խոնարհութեան”, աջը “Հնազանդութեան” իսկ ձախը “Համեստութեան”:
Մենք կը խաչակնքուինք հետեւալ ձեւով:Նախ կը միացնենք մեր աջ ձեռքի բթամատ,ցուցամատ եւ միջնամատ երեք մատները,մեր աջ ձեռքի միւս ճկոյթ եւ մատնէմատը երկու մատները միասին կը սեղմենք դէպի մեր ափին,այս կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալը:Մեր աջ ձեռքը նախ կը տանինք մեր ճակատին ըսելով “Յանուն Հօր”,յետոյ մեր աջ ձեռքը վար իջեցնելով կը տանինք մեր կուրծքին վարի մասին , ըսելով “Եւ Որդւոյ” , մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքին ձախ կողմը ըսելով “Եւ Հոգւոյն” ,ապա կուրծքին աջ կողմը ,ըսելով”Սրբոյ”(Ռուսերը եւ Յոյները ձեռքը հակառակ կողմ կը տանին) եւ մեր աջ ձեռքի մատներնիս բանալով կը դնենք մեր սիրտին վրայ:
Խաչակնքուելու ատեն հարկաւոր է մեր գլուխը մի քիչ դէպի վար ծրելով խոնարհիլ, որը կը նշանակէ ,Աստուծոյ կամքին մեր հնազանդութիւնը եւ հպատակութիւնը յայտնել:
Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի , երբ խաչակնքուելու ատեն մեր ձեռքը վեր կը բարձրացնենք ըսել կ’ուզենք թէ, մեր միտքը եւ էութիւնը գամուած է խաչի վրայ եւ թող ասկէ վերջ Քրիստոսի միտքը գրաւէ մեզ:
Երբ որ,մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքի ներքեւի մասը, կ’ուզենք ըսել թէ, մեր մարմինը չէ որ, պիտի թելադրէ մեզի,ան մեռաւ խաչի վրայ ,այլ թող Քրիստոս թելադրէ իր կամքը մեզի:
Ձախ եւ աջ տանելով մեր ձեռքը կ’ուզենք ըսել թէ, մեր ձեռքերն ալ նոյնպէս խաչուեցան , որոնք չար գործելու համար արդէն անպիտան են եւ միայն բարին պիտի գործեն:
Եւ մեր մատները բացած ձեռքերնիս տանելով դէպի մեր սիրտի ըսելով “Ամէն” կը հաստատենք որ մենք այդ ամէնին համաձայն ենք:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Ակեր:Եկեղեցական Օրացոյց.
ter-hambardzum կայքէջ.
Yorumlar kapatıldı.