Թուրքիոյ Հանրպետութեան հռչակման սկզբնային շրջաններուն, Օսմանեան Կայսրութեան” Իթթիհատ վէ Թէրրաքի Ճէմիէյթի” (Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութիւն,) մտայնութեան հետեւորդ կուսակցութեան մը կողմէ Թուրքիոյ Փոքրամասնութեան համար պատրաստուած ”Ազընլըքլար Րաբօրու” (Փոքրքամասնութեան Զեկուցում) ի մէջ Յոյներու վերաբերեալ ներառնուած էր հետեւալ տողերը:””Այսօր ,Անատօլուի մէջ բնաւ Յոյն չի մնացածի չափ Յոյն կայ եւ անոնք ապագային որեւէ տեղ մը վտանգ հասցնելու ի վիճակի չեն, սակայն,Իսթանպուլի Յոյներու համար, մինչեւ Իսթանպուլի պաշարման 500. րդ.տարելիցին խիստ միջոցառումներ ձեռնարկել շատ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է: Իսթանպուլը, առանց Յոյն բնակչութեան քաղաք մը դարձնելու նպատակաւ:( Ակ:Ա-Քիւրդ Սօրունանա Ճէօզում Արայըշը–Ֆայիք Պուլութ-Օզայ Եայըն 1998 :
Բ-Պիր Րէսմի Մէթինտէն Բլանլը Թուրքլէշթիրմէ Տէօնէմի -Րըտվան Ագար-Պիրգիիմ Եայընլարը-) :
Այս մտածելակերպը, իր նպատակին հասնելու համար պատրաստեծ կարգ մը իրադարձութիւններ եւ միջոցներ որոնցմէ մին է, նաեւ 6-7 Սեպտեմբեր1955 իրադարձութիւնը:
Օսմանեան ,Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութեան նպատակն էր,եկրի փոքրամասնութեան սեփականութեան տէր ըլլալ , անոնք ,կալուած ունենալէ եւ ունեւորութիւնէ զրկել եւ կայսրութեան համար “Ազգային Սեփականութեան Դրամագլուխ ” մը ստեղծել: Այս նպատակաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1915 ի Հայոց Մեծ Եղեռնը,1924 ին բնակչութեան Փոխանակումը,1942-1944 թուականներու միջեւ “Ունեւորութեան Տուրք”ը,եւ 6-7 Սեբտեմբեր 1955ի իրադարձութիւնը:
Այս անմարդկային ողբերգութիւնները ու տառապելի ցաւերը օրուայ Թուրքիոյ որոշ դասակարգին նպատակներուն հասնելու համար անկիւնադարձային լծակներ եղան:
Համաշխարհային Բ.պատերազմէ յետոյ, միջազգային քաղաքական ասպարեզի մէջ քաղաքական որոշակի կշիռներ ստեղծուեցան :Օրուայ Կիպրոսի մէջ,Կիպրայոյներու նախաձեռնութեամբ , Անգլիական գաղութատիրութեան դէմ մղուած անկախութեան պայքարը ծնունդ տուաւ ,”Կիպրոսի Հարց”ին, որուն դէմ Անգլիացները,Կիպրոսի մէջ բնակչութեան տեսակէտով Յոյներէ աւելի քիչ բնակչութիւն ունեցող Թուրքերը գրգռելով,դէմ պայքարելու համար շարժման անցուծին:Այս իրավիճակը պրկեց երկու ժողովուրդի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ ստեղծեց լարուած մթնոլորտ մը, որը գագաթնակէտին հասաւ:Այս կացութեան վրայ Յունաստան ,Թուրքիա,Անգլիա պարտաւորուեցան խորհուրդակցութեան համար դիւանագիտական եռակի համաժողովի մը շուրջ հաւաքուիլ:Այս պրկուած մթնոլորտի տակ , Սէլանիքի մէջ,Աթաթուրքի ծնաց տունի ռումբով յարձակումի լուրը,որը,օրուայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ մասնաւորապէս պատրաստուած գրգռութիւն մըն էր, միջավայրը ալ աւելի պրկելով 6-7Սեպտեմբեր 1955 ի իրադարձութիւնը կրակող կայծը եղաւ:
Յոյներու տուները ու գործատեղիները,նախապէս կարմիր գոյնով խաչաձեւ նշուելով մասնաւորապէս քանդելու ու թալանելու համար մատնշուեցան, փոքրամասնութեան, գերեզմանները, եկեղեցիները,դպրոցները,գործարանները,աշխատավայրերը,սրբավայրերը,քանդուեցան ու թալանուեցան, կանայնք յարձակումի ենթարկուելով բռնաբարուեցան, բոլոր այս իրադարձութիւններուն, իրաւապահ մարմիները աչք գոծեցին, նոյնիսկ թալանողներու մէջ կային նաեւ պաշտօնական համազգեստով անձեր, որոնք հաւանաբար պաշտօնեաներ էին: Նոյն գիշէր ուշ ատեն “Ռազմական Դրութիւն” յայտարարուեցաւ , սակայն ամինջապէս յաջորդ առտու այս դրութիւնը ջնջուեցաւ:
Այս իրադարձութեան տուրքը շատ ծանր եղաւ,ըստ “Ովքերու Գործն էր 6-7 Սեպտեմբերը” վերնագրեալ յօդուածի տուեալներու, 73 եկեղեցի,1 գործարան,8 սրբավայր,1 Սինակօկ, 2 վանք, 5538 անշարժ գոյք,1004 աշխատավայր,26 դպրոց, 5 սփօրի ակումբ, 2 գերեզման աւերակի վերածուեցաւ,աւելի քան 400 կանայք բռնաբարուեցան,աւելի քան 30 հոգի ծանր ձեւով վիրաւորուեցան եւ 3 հոգի ալ մահացան:
Բացի Իսթանպուլի այս ծանր աղիւսեակի , Իզմիր քաղաքի մէջ ալ բազմաթիւ եկեղեցիներ ,սրբավայրեր ու գործատեղիներ քանդուեցան :Բոլոր այս դպքերէն վերջ տեղի ունեցան ձեռբակուլութիիւններ,սակայն կարճ ժամանակ մը վերջ բոլորն ալ ազատ արձակուեցան եւ այս ամօթը ,երկար տարիներ “Ժողովրդի Ազգային Զգացմունքային Պատասխան” , “Ազգային Զգացմունք” ,”Ժողովուրդի Զայրութ” ,”Ազգային Զգացմունքի Փրփրումը” անուանելով ,փորձուեցաւ մոռացութեան յանձնել:
Իր անցեալի մէջ ապրած ռազմական հարուածներու եւ անոր մտայնութեան հետ հաշուեկցելու սկսող ժամակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժողովուրդարութեան հայեցակարգը, յանուն մարդկութեան, արդիականութեան ու ժողովուրդավարութեան , մեծ ամօթ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 ի իրադարձութեան հետ ալ պէտք է որ հաշուեկցի:
Շատ ցանցառ է որ ,ժողովուրդ մը իր անցեալի մէջ սեւ էջեր, թերութիւններ, ամօթներ չունենայ , սակայն կարեւորը այն կէտն է որ, ի յանուն այդ սեւ էջերուն տուած ցաւերը ու տառապանքներու մեղմացման ու ամոքման համար, անցեալը ճիշդ կարդալով ու լաւ մեկնաբանելով ,անցեալի հետ հաշուեկցութիւնն է:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.