İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

<ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ եւ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԵՆՔ>

Ուրախ  ու Զուարթ Նշենք Մեր Աւանդական ու Տօնական Օրերը.
ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ  եւ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԵՆՔ
<<Երբ տօնական ու աւանդական օրերը ժողովրդի իմաստ չեն ներկայացներ, այդ ատեն ժողովուրդը կ’սկսի քայքայուիլ>>

Տօնական ու աւանդական օրերը ժողովուրդներու մշակոյթը,անցեալը,պատմութիւնը ու կենցաղը կ’արտացոլացնեն, իսկ անոնց  վերյիշումը կամ նշումը այդ հաւաքականութեան կամ ժողովուրդին էութեան,գոյատեւման ու կենսունակութեան փաստերն են: Ժողովուրդ մը եւ կամ հաւաքականութիւն մը ,որքան~ ատեն որ,իր աւանդական ու տօնական օրերը կը նշէ,այդքան ատեն կը գոյատեւէ  ու կ’ապրի,իր անդամներն ալ  կը մնան միասնականութեան մէջ եւ չեն քայքայուիր.

Հայ ժողովրդական, աւանդական ու եկեղեցական տօները   դարեր շարունակ նշուելով կը փոխանցուին  սերունդէ սերունդ, որոնք ծնունդ  առած են,հայ ժողովուրդի ուրոյն կենցաղէն, մշակոյթէն, հաւատքէն,սովորութիւններէն, աւանդութիւններէն ու անցեալի կուտակումներէն:Հայ ժողովուրդի տօներու  պատմականը կը հասնի  նախաքրիստոնէական հեթանոսական  փական հին շրջաններուն,այդ շրջաններուն տօնահանդէսներու նշանակութիւնը ու իմաստը կը կապուէր կռապաշտութեան  հետ ու տօները կը նուիրուէր չաստուածներուն:

Երբ որ,Հայ ժողովուրդը Քրիստոնէութիւնը  պաշտօնապէս որպէս ,պետական կրօնք ընդունեց, տօները որոնք մեծամասնութեամբ  նախաքիստոնէական հայ կեանքի մէջ  իբրեւ աւանդաթական տօներ ամրապնդուած էին ,քրիստոնէական շրջանին ալ, այդ տօները Քրիստոնէութեան սկզբունքներու հարմարեցնելով շուտով ընդունէլիութիւն գտան Քրիստոնեայ Հայ կեանքի մէջ:
 Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ, այդ տօներու  եկեղեցական որոշ անուններ տրուելով եւ նաեւ  Հայ ժողովուրդի կողմէ ալ իւրացուելով ,դարերէ ի վեր  հայ կեանքի մէջ կը վերյիշուին ու կը տօնուին այդ տօնական ու աւանդական օրերը:

 2014 թուակիր տարուայ 17 օգոստոս ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սբ. Աստուածածինի  Վերափոխման տօնը, որը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին է, եւ կը նուիրուի Սբ. Մարիամ Աստուածածնի.
Ըստ աւանդութեան Սբ. Կոյս Մարիամը ,Քրիստոսի խաչելութիւնէն յետոյ  Յովաննէս Աւետարանիչի խնամութիւնով, Երուսաղէմի մէջ 12 տարի պահքով ապրել է, իր սիրասուն որդու գերազմանն այցելելով ու անդադար աղօթելով, այդ այցելութիւններէն մէկին ,Տիրամօր յայտնուել է Գաբրիէլ հրեշտակապետը ու աւետել է իրեն,երկնային աշխարհէն,վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու բարի լուրը : Տրամայր Մարիամ Աստուածածին այս բարի լուրը յայտել է իր ազգականներուն ու միւս քրիստոնեայներուն, պատուիրելով որ, զինքը  թաղեն Գեթսամանիի ձորակին մօտ:Սբ .Կոյս Մարիամ Աստուածածին , Յովաննէս Առաքեալէն խնդրեր է նաեւ որ, Սբ. Պատարագ մը մատուցուի, որպէսզի ինքը վերջին անգամ ”Հաղորդութիւն” ստանայ: Տրամայր Սբ.Կոյսը հաղորդութիւն առնելէ վերջ կ’երթայ գնանալու եւ երբ որ, տիրամօր մահիճը կը շրջապատեն առաքեալները, սենեակի մէջ աննկարագրելի լոյս մը կ’երեւի ու կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոս հրեշտակներու ընկերակցութեամբ : Երբ որ, Տիրամայրը իր որդին կը տեսնէ , կ’աւանդէ իր հոգին:
Սբ. Եկեղեցին Սբ.Կոյսի  երկնային կեանքին վախճանը կ’անուանէ ոչ թէ, մահ բառով, այլ “Վերափոխում” անուանելով որը, Տիրամօր  երկինք փոխադրուիլը կը նշանակէ:
Սբ.Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնի օրը , Սբ.պատարգէն վերջ կը կատարուի “Խաղողօրհնութիւն”, տարուայ առաջին ողջ ու ընտիր  պտուղի,բերքի ու բարքի օրհնութիւնը:
Խաղողօրհնենքը ,Հայ ժողովուրդի ամէն մի պտղաբերութեան առաջին պտուղին օրհնութեամբ Աստուծոյ նուիրելու ու գոհունակութիւն մատուցանելու բարի սովորութիւններէն մին է, պատմականը շատ հին է, նախաքրիստոնէական շրջաններուն կը հասնի,փոխանակ ամէն մի պտուղի մի առ մի առանձին  օրհնութեան , հայ ժողովուրդի  ազնիւագոյն, ընտիրագոյն ու համեղագոյն պտուղը խաղողը , որուն հիւթէն պատրաստուած գինին “Հաղորդութեան” խորհուրդանիշն է, Սբ Եկեղեցւոյ մէջ  հանդիսապէս  ու ծիսական կարգադրութեամբ կ’օրհնուի  ու կը նուիրուի Տիրօջ եւ այս ձեւով  փառք տալով գոհունակութիւն կը մատուցուի Աստուծոյ:
Այս օր կը տօնուի նաեւ, Մարիամ, Մարօ, Մարի, Մարիանուշ, Տիրուհի, Իսկուհի, Սրբուհի, Մաքրուհի, Թագուհի, Լուսիլ,Լուսին, Լուսածին, Լուսաբեր, Լուսամար, Լուսնթագ, Արփենիկ, Երանուհի, Արեգ, Արեւիկ, Աղաւնի,Մարգարիթ,Նազիկ, Նազենի, Տենչելի,Բերկուհի, Պերճուհի, Անթառամ, Արուսեակ, Կուսինէ, Վերգինէ, Վերգին, Վերժին, Արշալոյս, Գեղանուշ անուններու անուանկոչութեան տօնը :
Ուրախութեամբ ու  զուրաճութեամբ նշենք մեր աւանդական ու տօնական օրերը.
Շնորհաւոր  Վերափոխման Տօն.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
 

Yorumlar kapatıldı.