İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՀԱՅՈՑ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՕՆԵՐԸ:

Հակիրճ  Գիտելիքներ:
Հայ Եկեղեցին “առաքելական” կը կոչուի, որովհետեւ Քրիստոսի առաքեալններէն Ս.Թաթէոս եւ Ս.Բարթողիմէոս  հայոց երկիր եկած են եւ ժողովուրդին Քրիստոնէութիւնը քարոզած են:

Ս.Թաթէոս առաքեալի քարոզներուն Հայոց արքայ Սանատրուկի  դուստրը ՍԱՆԴՈՒԽՏ Քրիստոսի հաւատած,սակայն Սանատրուկ հալածանք հանեց Քրիստոնէութեան դէմ եւ նահատակեց թէ Ս.Թաթէոսն եւ թէ իր աղջիկը Սանդուխտը:Այս հալածանքներէն  նահատակուեցաւ նաեւ Ս.Բարթողիմէոս , որուն գերեզմանին վրայ հետագային կառուցուած է Էրզուրում(Կարին)-Աշքալէի նշանաւոր Սբ.Բարթողիմէոս վանքը:

Երբ “Անակ”ի ոդին Սբ.Գրիգոր որ,Կեսարիոյ մէջ սորված էր Քրիստոնէութիւնը , եկաւ հայոց երկիր եւ քարոզեց Քրիստոնէութիւնը, սակայն նախ ենթարկուեցաւ հալածանքի եւ սոսկալի չարչարանքներու մինչեւ որ,առողջացուծ Հայոց հիւանդ Տրդատ Թագաւորը: Հայոց Տրդատ Թագաւորը մկրտուեցաւ Սբ.Գրիգորի կողմէ եւ դարձաւ Քրիստոնեայ, եւ այս ձեւով, հայ ժողովուրդն ալ Սբ.Գրիգորի կողմէ  կռապաշտութիւնէ Քրիստոնեայ դարձուեցաւ:

Սբ.Գրիգոր,Կեսարիոյ մէջ ,ստացաւ եպիսկոպոսական աստիճան եւ իր երազի մը վրայ հիմնեց Միածին Որդիի իջքի տեղ, Սբ.Էջմիածնի տաճարը:Ան եղաւ կաթողիկոս եւ կոչուեցաւ հայոց երկրորդ “Լուսաւորիչ”ը:
Հայ Եկեղեցին երեք անգամ կը տօնէ Սբ.Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակը Ա-Խոր Վիրապի Մուտքը,Բ-Խոր Վիրապէն Ելքը:Գ-Անոր նշխարած գիւտը “Սեպուհ” լերան վրայ:

ՀԱՅՈՑ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ:
Սբ.Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներ Սբ.ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ եւ ՍԲ.ՎՐԹԱՆԷՍ (դ.դար).
ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ:
Հայոց նշանաւոր հայրապետներէն մին է, հաստատած է, աղքատանոցներ, հիւանդանոցներ,վանքեր, դպրոցներ, որբանոցներ եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններ:

Սբ.ՍԱՀԱԿ եւ Սբ.ՄԵՍՐՈՊ:( դ.դար )
Սբ.Սահակ Պարեւ , մեծն Ներսէսի որդին է: Ան Սբ.Մեսրոպ Մաշտոց գիտնական  վարդապետը  իրեն գլխաւոր գործակից ունեցաւ Հայ գիրերու գիւտի գործընթացքի մէջ(404):Սբ.Սահակ հայրապետ մեծ օժանդակող եղաւ Սբ.Մեսրոպի ջանքերուն, թարգմանեցին Աստուածաշունչը որ կոչուեցաւ”Թագուհի Թարգմանութեանց”, Սբ.Սահակ Պարթեւ եւ Սբ.Մեսրոպ Մաշտոց եւ իրենց ժամանակակից գործակիցները կոչուեցան “Երեց Թարգմանիչներ” իսկ ուսումնական կեդրոն ուսանելու գացող թարգմանիչներն ալ կոչուեցան “Կրտսեր Թարգմանիչներ”
ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.ՆԱՐԵԿԱՑԻ:(951-1003)
Միջնադարեան հայ նշանաւոր հոգեւորականներէն մին է,Աստուածաբան,բանաստեղծ,երաժեշտ եւ փիլիսոփայ է, կը համարուի հայ գրականութեան վերածնունդի հիմնադիրը եւ հայ վերածննդի փիլիսոփայական մտքի գագաթը:Նարեկացիի գլուխ գործոց ստեղծագործութիւներէն յատկապէս յաայտնի ” ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ”ը որը ժողովուրդը կ’անուանէ “ՆԱՐԵԿ” աղօթքներու ժողովածոյ մըն է:Գրիգոր Նարեկացի ծնած է ,Վան լիճի հարաւային ափերուն Ռշտունի գաւառի ՆԱՐԵԿ գիւղի մէջ 951 թուականին:

ՆԵՐՍԷԱ  ՇՆՈՐՀԱԼԻ:(12.դար )
Հայ եկեղեցւոյ դաւանաքներու օրէնքները ճանչցնելու համար գրած է “Ընդհանրական Թուղթեր”, ճոխացուցած է “Ժամագիրք”ը ու “Շարական”ը եւ բազմաթիւ հոգեւոր երգեր, ինչպէս “Առաւօտ Լուսոյ”,”Աշխարհ Ամենայն”,Այսօր Անճառ”,”Նորաստեղծեալ”,”Հաւատով Խոստովանիմ”:

ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ (13. դար ):
Պաշտպանած է, հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութիւնը եւ դաստիարակած է բազմաթիւ բարձարաստիճան հայ եկեղեցականներ

ԳՐԻԳՈՐ ՇՂԹԱԿԻՐ (18.դար ):
Սուրբ Երուսաղէմի Պատրիարք եղած է, մինչեւ որ, Երուսաղէմի վանքը պարտքերէն ազատած է,ութը տարի ,վիզէն շղթայ մը անցուցած է:

ՅՈՎԱՆՆԷՍ ԿՈԼԱՏ (18.դար )
Կոստանթինպոլսոյ ,ամէնէն նշանաւոր պատրիաքներէն մին եղած է, կառուցանել տուած է եկեղեցիներ, դպրոցներ, հոգեւորակններու ուսման համար ընծայարան:Եղած է նաեւ Արեւմտահայ “Զարթօնքի”ռահվիրայ:

ՆԵՐՍԷՍ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ(19. դար)
Եղած է Կոստանթինպոլսոյ Պատրիարքը,հիմնած է Ղալաթիոյ “Կետրոնական Վարժարան”ը:

ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔ.ՕՐՄԱՆԵԱՆ (19. դար ):
Եղած է Կոսթանտինպոլսոյ պատրիարքը,սկսած է “Արմաշի Դպրեվանք”Ի նոր շրջանը:

ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ.ԴՈՒՐԵԱՆ (19.դար  ):
Եղած է Արմաշու դպրեվանքի տեսուչ,1921ին ընտրուած է Պատրիարք Երուսաղէմի, իրմով սկսած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ ժառանգաւորած վարժարանի նոր շրջանը:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ԽԱՉԱՏՈԻՐԵԱՆ:
Եղած է Պատրիարք Թուրքիոյ Հայոց եւ հիմնած է  Պոլսոյ ,Սբ.ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ.ԳԱԼՈԻՍՏԵԱՆ (20. դար ):
Եղած է պատրիարք Թուրքիոյ Հայոց:Ունի ուսումնասիրական բազմաթիւ արժէքաւոր հատորներ,հիմնած է Իսթանպուլի Գնալը կղզիի ամառնային կազդուրման կայանը, դաստիրակած է բազմաթիւ հոգեւորականներ:

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՔԵՍԱԲՑԻ:(1932-1999):
Նշան Սարգիսեան անունով ծնած է Քեսաբ,եղած է Հայ.Առաքելական Եկեղեցւոյ Կլիկիկիոյ կաթողիկոս եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:Հեղինակն է, անգլերէն,հայերէն,գերմաներէն,ֆրանսերէն, արաբական լեղուներով աստուածաբանական,հայագիտական,փիլիսոփայական,բարոյագիտական եւ գրական բազում ուսումնասիրութիւններ,յօդուածնեչ ու գիրքերու:

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՕՆԵՐԸ:
Այս տօները երկու մասին կը բաժնուին
Ա-Տէրունական Տօներ.
Բ-Սրբոց Տօներ.
Տէրունական Տօներ: (Տաղաւար )
Սբ.Ծնունդ,Սբ.Յարութեան Տօն-Զատիկ,Վարդավառ,Սբ.Աստուածածին,Խաչվերաց.
Ծնունդ եւ Մկրտութիւն:
Յիսուսի Բեթղեհեմի մէջ ծնելուն եւ 30 տարի վերջ Յորդանան գետին մէջ մկրտութտաթեան յիշատակը կը տօնուի:
Զատիկ:
Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան յիշատակն է Զատիկը
Վարդավառ:
Յիսուս ուզեց ցոյց տալ իր Աստուածային փառքը իր աշակերտներուն:Պետրոս,Յակոբոս եւ Յովաննէս Թափոր լերան վրայ յոգնած ըլլալով քնացան, երբ որ, արթնցան տեսան իրենց վարդապետը կերպարափոխուած էր, երեսը կը փայլեր:Այս տօնը կը կոչուի “Այլակերպութիւն”
“Պայծառակերպութիւն”,կը կոչուի նաեւ “Վարդավառ”որովհետեւ կը զուգորդուի հայոց նախաքրիստոնէական կրօնքի նշանաւոր մէկ տօնին որ ,կը կատարուէր տարւոյն նոյն եղանակին:
Վերափոխումն Սբ.Աստուածածնի:
Յիսուսի համբարձումէն ետք մինչեւ իր մահը Սբ.Մարիամ բարեպաշտութեամբ վարեց իր կեանքը եւ բնական մահով  աւանդեց իր հոգին:Եկեղեցական հաստատ աւանդութիւն է թէ,Սբ.Մարիամի մարմինը գերեզման դրուելէ ետք Քրիստոս եկաւ եւ երկինա վերափոխեց իր մայրը:Ահա ասոր յիշատակն է որ կը տօնէ եկեղեցին,կը կոչուի Վերափոխումն Սբ.Աստուածածնի եւ կամ Աստուածածին, նոյն օրը կ’օրհնուի խաղողը:
Խաչվերաց:
614 թուականին Պարսիկները մեծ արշաւանք մը ընելով գերի տարած էին ԽԱՉԸ որ Երուսաղէմի մէջ կը գտնուէր,15 տարի վերջ Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսրը պատերազմելով ետ առաւ խաչափայտը 629 թուականին,Եկեղեցին այս յիշատակը կը տօնէ մեծահանդէս կերպով:
Սրբոց Տօներ:
Զանազան սուրբերու եւ սուրբ դէպքերու կամ երեւոյթներու տօներ:
Ութօրէնք կամ Անուանկոչութեան Տօն-Թլփատութեան Տօն-
Աւետում,Ծաղկազարդ,Դռնբացէք,Ոտնլուայ,Ճրագալոյց կամ Խթում,Համբարձում,Հոգեգալուստ;

Պատրաստեց Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Օգտագործուած Ակեր:
Ամենայան Հայոց Կաթողիկոսներու Ցանկ–(Ազատ Հանրագիտարան–Վիքիբոտիա)
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներու Ցանկ–(Ազատ Հանրագիտարան-Վիքիբետիա)
Կրոն– (Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազոտութեան Կեդրոն)


Yorumlar kapatıldı.