İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ո՞ւր են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ղեկավարները, Հայ Պետականութիւնը, Սփիւռքը, Վատիկանը…

Նիւթի աղբիւրը ` Keghart.com
Ահաւասիկ այս տողերով կը փորձէ արտայայտել Համօ Մոսկոֆեան իր ցասումը, այցելելէ ետք Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը, ընկերակցութեամբ Գանատահայ ազգային գործիչ՝ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանի, մօտէն ծանօթանալու համար Մուսուլէն (Նինուէ) բռնի արտաքսուած հայերու դժբախտ եւ սրտաճմլիկ վիճակին:

Ծանօթանալէ ետք տեղահանուած գաղթական հայ ընտանիքներու, հետեւեալ եզրակացութիւնը կ’ընէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգում են իրենց լքուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնից, Սփիւռքի հայ գաղթօճախներից, Մայր Հայրենիքից, որոնք զբաղուած են …..»
 Առաջին անգամ չէ որ հայը լքուած եւ անտէր կը զգայ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է նման արհաւրալից պատմութիւններով եւ սակայն այս դարուն՝ երբ քիչ թէ շատ վերականգնած ենք մեր հասարակական ընկերային կեանքը Սփիւռքի տարածքին, երբ ունինք ազատ, անկախ Մայր Հայրենիք եւ Պետականութիւն, երբ ունինք համայնավարութեան ճիրաններէն ազատ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ներելի չէ մեզի որ մնանք անտարբեր մեր կարօտեալ եղբայրներուն նկատմամբ, ըլլան անոնք Մուսուլի, Պաղտատի, Հալէպի եւ Սուրիոյ ամբողջական տարածքին մէջ գտնուող եւ մահուան դէմ կռուող հարազատ հայորդիներ:
Ժողովրդային մեր անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Բացարձակ ճշմարտութիւն է երբ կ’ըսեն, թէ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»: Ու՞ր են մեր Նուիրապետական Աթոռները: Հո՞ս ալ խտրութիւն պիտի դնենք, երբ թշնամիին սուրը կը ճօճուի մեր գլխուն վերեւ ամբողջ Արեւելքի տարածքին:
Իրաքի Առաջնորդական Թեմը կը պատկանի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ հետեւաբար ակնկալելի է որ Մայր Աթոռը բարոյական պարտաւորութիւն ունենայ,– եւ ունի՛,– հոգալու իր հօտը: Բայց ո՞ւր է ան երբ հայորդիներ կը յօշոտուին արիւնարբու բարբարոսներուն կողմէ, եւ այդ՝ Իսլամութեան անունով: Պահ մը դադրեցուցէք ձեր եսը շոյող շինարարութիւնները եւ հասէք հոն ուր ժողովուրդը ձեր կարիքը ունի:
Ո՞ւր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որ այդքան մօտ է Իրաքին աշխարհագրականօրէն: Շատեր անմիջապէս պիտի առարկեն որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սուրիահայ տագնապը ունի իր ձեռքին եւ չի կրնար հասնիլ այլ գաղութներու: Նման մտածողներ չարաչար կը սխալին. պէտք է հասնիլ ամէն տեղ  ուր սուրը կը սպառնայ մեր գոյութեան: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ տակաւին երէկ էր երբ միլիոններ ծախսուեցաւ Պիքֆայայի ամարանոցին մէջ, միաբանական նոր շէնքի մը կառուցման համար, այն ալ՝ մի քանի միաբանի համար, երբ քաջ գիտենք որ ամբողջ Միջին Արեւելքը հայաթափումի օրհասական օրեր կ’ապրի: Որո՞ւ համար կը շինէք այդ շէնքերը երբ նոր ցեղասպանութեան մը արհաւիրքը կ’ապրի հայութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին:
Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութիւնը իր տառապանքները ունի պաղեստինեան-Իսրայէլեան ճակամարտներով: Արդեօ՞ք պիտի կարենայ ձեռք երկարել իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս անցեալին՝ 1946-47 թուականներուն, իսրայէլեան-արաբական պատերազմին տէր կանգնեցաւ տեղահան տարագրեալ հայերուն:
Դժբախտաբար Պոլսոյ Պատրիարքարանն ալ ունի իր խոչնդոտները, որովհետեւ այս բոլոր քաղաքական ալիքներուն եւ փոթորիկներուն ետին կը կանգնի նաեւ Թուրքիան, Արեւմտեան աշխարհի իր պատմական «դաշնակիցներուն» հետ: Հակառակ այս քաղաքական դժուարին կացութեան, պատրիարքարանը աշխուժօրէն իր ձեռքը երկարեց, Քեսապէն ազատագրուած եւ Թուքիա հասած հայորդիներուն եւ զանոնք պահեց ու խնամեց Վագըֆլըի մէջ, մինջեւ ցնոր տնօրինութիւն:
Կը սիրենք յուսալ, որ մեր զոյգ պատրիարքութիւնները տիրող պայմաններու շրջանակին մէջ պիտի կարենան իրենց բարոյական եւ նիւթական գէթ խորհրդանշական զօրակցութիւնը բերել ընդհանուր ճիգին:
Եւ վերջապէս ո՞ւր է Հայոց Պետականութիւնը: Ով՞ տէր պիտի կանգնի համասփիւռ հայութեան եթէ ոչ նոյն ինք Մայր Հայրենիքի Պետականութիւնը: Եթէ այսպիսի օրհասական օրերուն պիտի չկարենաք ձեռք երկարել եւ փրկել արաբական աշխարհին մէջ օրէ օր ընկղմող հայութեան նաւաբեկեալ բեկորները, հապա ե՞րբ ձեռք պիտի երկարէք: Ո՞ւր մնաց ձեր «Արի՛ տուն» լօզունգը…:
Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը կը յաւակնի ըլլալ Ամենայն Հայոց Պետութիւն, եւ կառավարութիւնը Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն՝ ահաւասի՛կ առիթ մը՝ գործով փաստելու ատիկա:  Պետութիւնը իր բովանդակ կշիռքովն ու հմայքովը պարտաւոր է զօրաշարժի ենթարկել համայն հայութեան հոգեւոր, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ունեւոր դասակարգը:  Վերջին հաշուով այս խնդրին մէջ նախաձեռնութիւն վերցնելը՝ պետութեան գերագոյն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ:
Գալով Վատիկանին,  տակաւին մի քանի օրեր առաջ արատայայտուելով Համաշխարհային Առաջին պատերազմի հարիւրամեակին առթիւ, Ֆրանսիս Պապ մասնաւորեց իր խօսքը երեխաներու մասին եւ  կոչ ուղղելով ըսաւ. « Երեխաներ որոնք կը յուսային եւ կ’երազէին ունենալ պատուաբեր ապագայ  մը՝ փշրուեցան ամբողջութեամբ: Ամէնուրեք կան մեռած երեխաներ, անդամահատուած եւ որբացած երեխաներ, երեխաներ որ չեն գիտեր ժպտալ : Կը խնդրեմ, կ’աղաչեմ ամբողջ սրտով, դադրեցուցէ՛ք սպանդը»:  Եւ խնդրեց որ ներկայ բազմութիւնը իրեն հետ աղօթէ, որպէսզի Միջին Արեւելքի ղեկավարները իմաստութիւնը ունենան հետապնդելու խաղաղութիւնը երկխօսութեամբ: Եւ աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «ամէն ինչ կորսուած է պատերազմով եւ ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ»:
Ու՞ր են մեր կամակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր հսկայական նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխով:  Տակաւին շաբաթներ առաջ մամլոյ մէջ կարդացինք որ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ընդհանուր նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեամբ նորոգուած է Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի հին վեհարանը: Վեհափառի բառերով, «նրանք (տէր եւ տիկին Սեդրակեաններ) նոյնպէս ցանկացան բարի յիշատակ ունենալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնում, որովհետեւ ապրել են Ս. Էջմիածնով եւ իրենց առաքելութեան մէջ միշտ կարեւոր տեղ է ունեցել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»: Ինչո՞ւ սակայն այս պերճանքը, երբ Էջմիածնէն քիչ մը անդին, Կիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն 25 տարիներ ետք, հայ ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին անմարդկային պայմաններու՝ թիթեղածածկ տնակներու մէջ: Անտունիներուն տուն շինեցէ՛ք, մարդ կերտեցէ՛ք…:
Տիա՛ր Սեդրակեան, Ձեր իշխանական նուիրատուութիւնը կատարէիք արտասահմանի նաւաբեկեալ գաղութներէն ներս, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ձեր անունը արձանագրուէր որպէս բարերար՝ իւրաքանչիւր երախտապարտ հայու հոգիին մէջ:  Ահաւասիկ առիթ մը եւս որպէսզի արթննաք ձեր թմբիրէն, եւ լրջօրէն մտածէք վերաբանալ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր կարելի պիտի ըլլայ պատսպարել, պահպանել ու դաստիարակել ո’չ միայն Սուրիայէն, այլեւ Իրաքէն արտաքսուած հայորդիներ:
Այս օրերուն երբ Հայրենիքէն ներս պետական «լուրջ» ծրագիրներ կը մշակուին եւ կը կազմակերպուին ոգեկոչելու հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, երբ համասփիւռ հայութիւնը զօրաշարժի մէջ է կազմակերպելու հարիւրամեակի առիթով յատուկ միջոցառումներ, մոռցած ենք որ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոր եղեռնի մը, արդիական բոլոր  ձեւերով եւ միջոցներով:
Արթնցիր ո՜վ Հայ Ժողովուրդ. Ցեղասպանութեան հարիւրամեակներ իմաստ պիտի չունենան եթէ չկարենանք կանխել նորերը:  Մեր գոյութիւնը կ’երաշխաւորուի միայն՝ մեր հաւաքական ոյժերով եւ մեր անշահախնդիր նուիրումով: Մեր Պետականութիւնը, Նուիրապետական Աթոռներն ու  կազմակերպութիւնները, պարտաւոր են ունենալ յստակ ծրագիր, թէ ո՞ւր պէտք է առաջնորդեն եւ համախմբեն հայութիւնը, առ նուազն  յաջորդ յիսնամեակին, եւ չթողուլ զայն բախտի յորձանուտին:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
5 Օգոստոս 2014

Posted by: VOSGAN@aol.com 

Yorumlar kapatıldı.