İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

AXA-ի Հատուցման Հիմնադրամի Խորհուրդին Յայտարարութիւնը

AXA-ի գումարներուն՝ ապահովագրեալ հայերու ժառանգորդներուն բաշխման գործընթացին մէջ կատարուած զեղծարարութիւններուն մասին Իր ստեղծումէն շուրջ 7 տարի վերջ, AXA-ի Հատուցման Հիմնադրամի Խորհուրդը կ՚ուզէ հանրութեան ներկայացնել իր գործունէութեան հաշուեկշիռը ի սպաս 1915էն առաջ ապահովագրութեան տէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն: 

Վերոյիշեալ գործունէութեան շրջանակը սահմանուած էր AXA-ի եւ ամերիկահայ փաստաբաններ Մարք Կիրակոսի, Պրայան Քապաթէքի եւ Վարդգէս Եղիայեանի միջեւ 2005 Նոյեմբերին գոյացած համաձայնագրով, որ հաստատուած էր Լոս Անճըլըսի կեդրոնական մարզի դատարանին կողմէ, 2006 Մայիս 16ին:
2006 Յունիս 7ին, AXA ընկերութիւնը վճարած է 17,5 միլիոն տոլար վերոյիշեալ փաստաբաններուն:
AXA-ի Հատուցման Հիմնադրամի Խորհուրդը կը բաղկանայ ֆրանսահայ երեք ան-
դամներէ՝ Փարիզէն Սամուէլ Շնորհոքեանէ, Լիոնէն Հիլտա Չոպոյեանէ եւ Մարսիլիայէն Զաւէն Գաբրիէլեանէ: Այս Խորհուրդը նշանակուած էր 2007 Օգոստոս 2ին, Լոս Անճըլըսի կեդրոնական մարզի ամերիկացի դատաւոր՝ Քրիսթինա Սնայտըրի կողմէ, որ ընդառաջած էր ամերիկահայ երեք փաստաբաններու առաջարկին:
Իր սիրայօժար աշխատանքին հաշուեկշիռը ներկայացնելով, AXA-ի Հատուցման Հիմնադրամի Խորհուրդը կը փափաքի լուսաբանել հանրութիւնը, իրեն վերապահուած իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ տարած գործունէութեան մասին , որոնք AXA-ի հետ ստորագրուած համաձայնութեան մէջ նշուած էին:
Միաժամանակ Խորհուրդը ստիպուած կը զգայ մատնանշելու Լոս Անճըլըսի գրասենեակին կողմէ գումարներու յանձանձման եւ բաշխումի գործողութիւններուն մէջ իր նկատած անկանոնութիւնները եւ զեղծումները, զորս 2011 թուականէն սկսեալ ամերիկացի դատաւորին ուշադրութեան յանձնած էր:
AXA-ի հետ համաձայնագիրը Հատուցման Խորհուրդին տուած էր միայն մէկ իրաւասութիւն, որ կը վերաբերէր 1915էն առաջ ֆրանսական ընկերութիւններուն մօտ ապահովագրուած եւ Ցեղասպանութեան զոհ Հայերու ժառանգորդներուն տրամադրելի գումարներու արդար բաշխումի վերահսկողութեան: Ըստ նոյն համաձայնագրին, ամերիկահայ երեք փաստաբանները գումարներուն որոշ մէկ մասը պարտէին բաշխել ֆրանսահայ համայնքի ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւններուն
(Cf. ANNEXE 1 – «Settlement Agreement» du 18 nov. 2005 – Page 10 – Article VI –
Paragraphe 2)
2007 Սեպտեմբեր 7 ին, Խորհուրդը տեղեկութիւն ստացաւ ամերիկահայ փաստաբաններէն, Լոս Անճըլըսի մէջ գոյութիւն ունեցող գրասենեակի մը մասին, ղեկավարութեամբ մէկ տարի առաջ վարձուած վարիչ-տնօրէնի մը, յանձինս՝ Բարսեղ Քարթալեանի: Տնօրէնը պարտականութիւնն ունէր հսկելու թղթածրարներու քննութեան գործընթացին, որու ընթացքին դիմումները պիտի բաժնուէին չորս տեսակներու, ըստ ապահովագրուած անձին հետ ընտանեկան կապին մասին՝ դիմողներուն բերած փաստերուն:
Բարսեղ Քարթալեան նոյնանման New-York Life-ի հարցով տնօրինած էր հատուցումներու բաշխման գործը եւ որոշ փորձառութեան տէր էր: Հետեւաբար, ամերիկահայ փաստաբանները Հատուցման Խորհուրդին փոխանցեցին New-York Life-ի գործընթացը ղեկավարող նոյն վարիչ-տնօրէնը՝ եւ նոյն աշխատանքային գրասենեակը վարձելու իրենց որոշումը, ինչպէս նաեւ դիմումներու ընդունման նոյն չափանիշներու ընտրութիւնը:
Ըստ տնօրէն Բարսեղ Քարթալեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, 32 երկիրներէ հասած 13.751 հատուցման դիմումներ ստացուած էին Լոս Անճըլըսի գրասենեակին կողմէ, 2007 Ապրիլ 1ի եւ վերջին պայմանաժամ՝ 2008 Յունուար 7ի միջեւ:
Ամերիկահայ փաստաբաններուն հետ Ֆրանսայի մէջ քանի մը հանդիպումներէ ետք, Հատուցման Խորհուրդի անդամներուն համար այցելութիւն մը կազմակերպուեցաւ Լոս Անճըլըսի գրասենեակ, 2008 Մարտին, նպատակ ունենալով զիրենք ընտելացնել թղթածրարներու քննարկման ձեւերուն: Այդ առիթով, տնօրէնը եւ փաստաբանները Խորհուրդին ծանօթացուցին AXA-ի գործընթացին մաս չկազմող
ուրիշ փաստաբան մը՝ Պերճ Պօյաճեան, որ սակայն նոյն շէնքին մէջ կը պաշտօնավարէր, զինք ներկայացնելով որպէս թղթածրարներու քննութեան գծով տնօրէնին եւ Խորհուրդին օժանդակ անձնաւորութիւն:
Այդ թուականէն ետք, փաստաբաններէն մէկուն՝ Պրայան Քապաթէքին պարտականութիւն տրուած էր պարբերաբար դիմել Հատուցման Խորհուրդին, Լոս Անճըլըսի գրասենեակին ծախսերը վճարելու արտօնութիւն ստանալու համար, ըստ դիմումներու քննութեան գործի յառաջացման:
Իր կարգին, 2009 թուականին, Հատուցման Խորհուրդը 2893 դժուար դասաւորելի թղթածրարներ քննեց եւ իր որոշումները փոխանցեց Լոս Անճըլըսի գրասենեակին:
Յետագային, ամիսներու այս աշխատանքի արդիւնք՝ որոշումները փաստաբաններուն մերժումին բախեցան, այն պատճառաբանութեամբ որ Խորհուրդը շատ առատաձեռն գտնուած էր բաշխումներուն մէջ: Փաստաբանները առաջարկեցին տուեալ որոշումները յանձնել Պերճ Պօյաճեանին, որ փորձառութիւնն ունէր NewYork Life-ի գործի հատուցման խորհուրդի անդամի իր հանգամանքով: Ան, հատուցում ստացողներու թիւը պակսեցուց, թէեւ Խորհուրդը երբեք տեղեակ չպահուեցաւ այս վերաքննութեան արդիւնքներէն:
Խորհուրդը տեղեկացուած չէր նաեւ 2010 Յունուար 29ին Լոս Անճըլըսի գրա-
սենեակին կողմէ դիմումներու պատասխաններու առաքումէն, ոչ ալ հատուցում ստացողներու ցանկէն, որ փաստաբաններու դիմումով կնքուած՝, հետեւաբար անհասանելի էր:
Պատասխաններու առաքումին հետեւեցաւ շրջան մը, ուր Խորհուրդի անդամները բողոքի կոչեր ստացան աշխարհի չորս ծագերէն, գումարներու բաշխումին վերաբերող անկանոնութիւններու մասին: Վերջնական հատուցումներէն բոլորովին անտեղեակ՝, Խորհուրդը պահանջեց տնօրէն՝ Բարսեղ Քարթալեանէն, իրեն յանձնել հատուցում ստացողներու վերջնական ցանկը, սակայն վերջինս մերժեց,
պատճառաբանելով փաստաբաններուն կողմէ ցանկին վրայ դրուած արգելքը:
2011 Փետրուար 5ին, փաստաբան Պրայան Քապաթէք Հատուցման Խորհուրդին ներկայացուց դրամական կացութիւնը, որ ցոյց կու տար 364.050 տոլարի մնացորդ մը: Ան կ՚առաջարկէր, որ Խորհուրդը ընտրէ այն կազմակերպութիւնը որուն պէտք է յատկացուէր տուեալ գումարը, միաժամանակ խնդրելով հաշուեփակի արտօնութիւն եւ «ոչ պատմական» նկատուող փաստաթուղթերու փճացման համար Խորհուրդին համաձայնութիւնը, նպատակ ունենալով Խորհուրդի գործունէութեան
պաշտօնական դադարեցումը:
Առաջարկը կասկածելի կը թուէր, որովհետեւ տուեալ պարագային Խորհուրդը կը հրաւիրուէր վաւերացնելու հաշուեկշիռ մը, զոր չէր ստուգած, նաեւ՝ ընտրելու նպաստընկալ կազմակերպութիւն մը, մինչ՝ փաստաբանները նախորդող նպաստաւորումներուն համար անոր կարծիքը անտեսած էին, եւ վերջապէս՝ արտօնելու այսպէս կոչուած «ոչ պատմական» փաստաթուղթերու փճացումը, առանց հաշուապահութեան փաստաթուղթերը տեսած ըլլալու: Հատուցման Խորհուրդը համոզուած էր, որ տուեալ փաստաթուղթերը պատմաբաններուն եւ գիտաշխատողներուն համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին Ցեղասպանութեան հետեւան-
քով հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն:
Հետեւաբար, Խորհուրդը մերժեց ստորագրել տուեալ փաստաթուղթը, միաժամանակ փաստաբաններուն առաջարկելով կատարել հաշուապահութեան ամբողջական ստուգումը, արտօնելու համար վերջնական հաշուեփակը: Ի տես հաշուապահական փաստաթուղթերը Ֆրանսա փոխադրելու փաստաբաններուն մերժումին, Խորհուրդը առաջարկեց ստուգումներ կատարել Լոս Անճըլըսի մէջ (Cf.
ANNEXES 2 et 3), վերջնական նպատակ ունենալով հաշուեփակի արտօնութիւն տալ, բան մը, զոր փաստաբանները մերժեցին պատճառաբանելով իրենց զբաղուած ժամանակացոյցը:
Խորհուրդի պնդումներուն անսալով փաստաբան Մարք Կիրակոս Ֆրանսա ուղարկեց AXA-ի հաշուապահական մեծ տետրը: Միայն այս տետրին քննութիւնը բացայայտեց անկանոնութիւններու ամբողջ շարք մը, որոնք կը հակասէին 2005 Նոյեմբերին AXA-ի հետ կնքուած համաձայնագրին տրամադրութիւններուն («Settlement Agreement»):
2011 Ապրիլ 5ին Խորհուրդը գրաւոր դիմեց ամերիկացի դատաւոր Քրիսթինա
Սնայտըրին, փաստաբաններուն հետ ունեցած դժուարութիւնները պարզելով, եւ հաշուապահութեան ամբողջական ստուգումը կատարելու դատարանին արտօնութիւնը հայցելով, միաժամանակ խնդրելով որ դատաւորը չարտօնէ AXA-ի գործին վերաբերող նուազագոյն փաստաթուղթի փճացումը: Դատաւորը անպատասխան ձգեց դիմումը, հետեւաբար Հատուցման Խորհուրդի երեք անդամները որոշեցին ճամբորդել դէպի ԱՄՆ, իրենց հաշւոյն, 2011 Ապրիլ 22էն մինչեւ 30, դատաւորին կողմէ ընդունուելու վերջին ճիգով մը:
Վերջապէս, բազմիցս կրկնուած խնդրագիրներէ ետք, 2011 Ապրիլ 28ին, դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըր Խորհուրդի անդամները ընդունեցաւ, որուն իբր արդիւնք հրահանգեց փաստաբաններ՝ Մարք Կիրակոսին եւ Պրայան Քապաթէքին, որ արագօրէն Ֆրանսա փոխանցեն պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը։ Բայց մերժեց Խորհուրդին հաշիւներուն ամբողջական ստուգում կատարելու իրաւասութիւնը ։
Նոյն տարուան Մայիս 11ին, հաշուապահական փաստաթուղթերը պարունակող ծրարներ ղրկուեցան Ֆրանսա։ 2011 Մայիս 16ին ստացուած հաշուապահական փաստաթուղթերը ստուգելով, Խորհուրդը յայտնաբերեց տարբեր տեսակի խախտումներ.
– Պերճ Պօյաճեանի կողմէ չէքերու, գումարներու իւրացումներ իր անձնական կամ ընտանեկան պարագաներու հաշւոյն (Files 226, 234 – Case 2: 02-cv-01750-CAS-Mc),
– Չէքեր՝ տրուած ընկերակցութիւններու, որոնք փոխանցուած ու գանձուած են ուրիշ դրամատնային հաշիւներէ (6 չէքերու պատճէններ, CATHOLICOSSAT-ի անունով արձանագրուած),
– 2,5 միլիոն տոլար, որ փոխանցուած է այլ դրամատան մը հաշիւին (Files 159-1, 160
– Case 2 : 02-cv-01750-CAS-Mc),
– Մեծածախս գանձումներ փաստաբաններու կողմէ (Exhibit 1 – Transaction details):
Հատուցման Խորհուրդը գրեց դատաւորին, զինք տեղեակ պահելու համար
յայտնաբերուած այս խախտումներէն, որոնք կրնային շահատակութիւններ ըլլալ, խնդրելով հաշիւներու ամբողջութիւնը ստուգելու իրաւասութիւն, եւ կամ հակառակ պարագային անկախ քննչական գրասենեակի մը նշանակումը։
Սակայն, Խորհուրդը զարմանքով ստացաւ Օ1/02/2012ին դատաւորին որոշումը (ANNEXES 10, 10-1, 10-2 – Files 196 – 196-1 – 196-2), որ Մարք Կիրակոսը եւ Ռոման Սիլպէրֆելտը (Վարդգէս Եղիայեանը ներկայացնող) կը նշանակէր ստուգելու համար հաշիւները եւ հարցապնդելու երկու կասկածելիները՝ Բարսեղ Քարթալեան եւ Պերճ Պօյաճեան։
Այսօր, AXA Հիմնադրամի Հատուցման Խորհուրդը հետեւեալ երեւոյթներուն մասին կը հարցադրէ.
– Ինչո՞ւ իրաւատէր ժառանգորդներու ցանկը արգելքի տակ դրուած էր եւ Ֆրանսայի Խորհուրդին մերժուած անոր յանձնումը, հակառակ անոր որ դեռ 2007 Նոյեմբեր 27ին փաստաբան Պրայան Քապաթէք կը տեղեկացնէր տնօրէն Բարսեղ Քարթալեանին, որ ինք պաշտօնապէս Խորհուրդին կը յանձնէր հատուցման բոլոր գործողութիւններուն հսկողութիւնը։
– Ինչո՞ւ, 2011ին, ամերիկացի փաստաբանները կ՚ուզէին Խորհուրդին կողմէ հաշիւներու ճշդուած ըլլալու հաստատագիրը, որպէսզի շտապ կերպով փակէին հաշիւները եւ ջնջէին «ոչ-պատմական» որակուած հաշուապահական փաստաթուղթերը։
– Ինչպէ՞ս կրնային փաստաբանները անտեսած ըլլալ գոյութիւնը 2,5 միլիոն տոլարի, որ փոխանցուած էր նոր դրամատան մը հաշուին, եւ որ «մոռցուած»էր ըստ Դատարանի կողմէ յանձնարարուած հարցապնդումի մը ընթացքին տնօրէն Բարսեղ Քարթալեանի 2011 Յունիս 2ի այտարարութեան՝, Ֆրանսական Խորհուրդին կողմէ անկանոնութիւններու յայտնաբերումէն ետք։
– Ո՞վ բացած էր այս նոր հաշիւը այլ դրամատան մը մէջ։
– Ո՞վ օգտուած էր այն չէքերէն որոնք հասցէագրուած էին իրաւատէրերու, որոնք երբեք չստացան այդ գումարները։
– Որքա՞ն է զեղծարարութիւններուն ճշգրիտ չափը։
– Ինչպէ՞ս Պերճ Պօյաճեան կրցաւ ձեռք ձգել այն չէքերը, որոնք տարբեր իրաւատէրերու հասցէագրուած ըլլալով հանդերձ, փոխանցուած էին իրեն պատկանող հաշիւներու։
– Ինչո՞ւ դատաւորը ստուգող անկախ մարմնի մը նշանակումը չպահպանեց, երբ Խորհուրդին բողոքները ի յայտ բերած էին դրամական եղծարարութիւններ, որոնց վերջնական պատասխանատւութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ անորոշ։
– Թէեւ իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կը մնայ, սակայն Խորհուրդը դիտել կու տայ, որ ո’չ Ֆրանսայի ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւններուն կատարուած 3 միլիոն տոլարի յատկացումը, ո’չ ալ դրամագլուխին մնացորդին իրաւատէրերու ժառանգորդներուն բաշխումը չէ կատարուած ըստ 2005 թուականին AXA-ի հետ կնքուած համաձայնագրի տրամադրութիւններուն։ Այս վերջինս պայման կը դնէր,որ այդ կազմակերպութիւնները պէտք է ըլլային Ֆրանսայի հայկական համայնքին
պատկանող։ Արդ, փաստաբանները, ոչ միայն ամբողջովին չեն բաժնած 3 միլիոն տոլարի գումարը որուն պէտք է աւելնար մնացորդը, այլ անոնք այդ գումարին կարեւոր մէկ մասը յատկացուցած են Ֆրանսայէն դուրս գտնուող կազմակերպութիւններու։
Աւելին, նոյնիսկ Խորհուրդին կողմէ կատարուած մասնակի ստուգումը ցոյց տուած է, որ ֆրանսական կարգ մը ընկերակցութիւններու անունները որոնք նշուած էին նպաստառուներու ցանկին վրայ, երբեք չեն ստացած համապատասխան չէքերը։
Ընկերակցութիւններու անունով գրուած չէքեր անընթեռնելի ստորագրութեամբ զեղծուած եւ փոխանցուած են այլ հաշիւներու։
Այլապէս, երեք փաստաբաններու հատուցումներուն վերաբերեալ, 2005 թուականի համաձայնագիրը, ստորագրուած AXA-ի հետ, կը նախատեսէր վճարում մը, որ պէտք չէր գերազանցեր 1 միլիոն տոլարը իւրաքանչիւր փաստաբանի համար։ Արդ, 1 միլիոնէն անդին, որ գանձուած էր 2007ին, իւրաքանչիւր փաստաբան ստացած էր յաւելեալ գումարներ՝ վարչական «անկանխատեսելի» ծախսերու կամ ճամբորդութիւններու համար։
Աւելի’ն, փաստաբաններու խընդրանքով, եւ նկատի առնելով իրենց միջեւ գոյացած անհամաձայնութիւնները, դատաւորը՝ Քրիսթինա Սնայտըր որոշեց իւրաքանչիւր փաստաբանի յատկացնել մնացեալ գումարին մէկ երրորդը, որպէսզի անոնք ըստ իրենց հայեցողութեան բաշխեն իրենց յարմար դատած ընկերակցութիւններուն։
Վերջապէս, Խորհուրդը մերժեց 2014 Մարտ 31 թուագրեալ աւարտագիր մը ստորագրել, որ կ՚ըսէր, թէ կողմերը իրաւունք չունին դրամական բաշխումին եւ վարչարարութեան վերաբերեալ զիրար զեղծարարութեամբ ամբաստանելու։ Սոյն մերժումէն ետք եւ փաստաբաններու առաջարկին ընդառաջելով, դատաւորը հրահանգեց Խորհուրդին վճարել որհրդանշական գումար մը, շատ աւելի նուազ քան ծախսուած գումարները եւ 2005 Նոյեմբերին AXA-ի եւ «Class Counsel»ի համաձայնութեամբ նախատեսուած փոխհատուցումը։
Կը յիշեցնենք որ Խորհուրդը 2010 Յունուար 13ին ստացուած փոխհատուցումի առաջին գումարը ամբողջութեամբ տրամադրած էր «հանրային առումով օգտակար» («utilité publique») ճանաչումը ունեցող հայկական կազմակերպութեան մը։
Վերոնշեալ տեղեկագրի հիման վրայ, AXA-ի Հատուցման Հիմնադրամի Խորհուրդը կը փափաքի լուսաբանել այս թղթածրարի բոլոր ծալքերը։
__._,_.___
________________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.