Սիպիլի նոր հրապարակուած «սէր» խտասալիկը կը բաղկանայ 12 երգերէ: Ան տպուած է գեղեցիկ պրակով եւ երեք լեզուներով հոն կը ներկայացուին երգերու բնագիրները։ Սիպիլի մեկնաբանութեամբ առաջին անգամ լսած էինք «Տեսնեմ Անին» երգը եւ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած էր ունկնդիրներուն մօտ իր հոգեպարար մեկնաբանութեամբ եւ գեղատիպ ձայնով։
Սոյն խտասալիկին երգերու երաժշտութիւնը եւ մշակումները ընդհանդապէս Մաժակ Թոշիկեանին են, դաշնակի ընկերակցութիւնը Բիւրակ Պետիկեանի։ Սիպիլի հետ զուգերգով կ՚երգեն Անտրէ, Փէտրօ. նաեւ կայ ընկերակցութիւնը «Արեւներ» մանկապատանեկան երգչախումբին։ «Սիրոյ Հեքիաթ» երգը իր երաժշտութեամբ եւ մշակումով կը պատկանի Արա Գէորգեանին, Սիպիլ այս երգը կ՚երգէ ընկերակցութեամբ, հայկական philharmonie նուագախումբին։ «Ատանայի ողբը» երգը Սիպիլ կ՚երգէ, կարօտի զգացումներով եւ անկրկնելի մեկնաբանութեամբ, Ճիւան Գասպարեանի յուզական տուտուկին ընկերակցութեամբ։
«Աւետեաց երկիր»ը ազգային ոգիով բաբախուն երգ մըն է, Մ. Թոշիկեանի երաժշտական յօրինումով եւ Արթիւր Սաֆարեանի գրած բառերով: Երգին կ՚ընկերակցի «Արեւներ» մանկապատանեկան երգչախումբը:Ալեքսի Հեքիմեանի համայն հայութեան սիրելի եւ պաշտելի «Բարի արագիլ»ը Սիպիլի եթերային ձայնով կը վերածուի հայրենականչ կարօտի: Սիպիլ այնքան գեղեցիկ կը մենաբանէ այս երգը, որուն դաշնաւորման շարակարգութիւնը (composition) բացառիկ ձեւով կատարուած է:
Յովհաննէս Շիրազի գրչով «Այս գիշեր» եւ Վահան Տէրեանի «Տարիներ տարիներ» բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները Սիպիլի մեկնաբանութեամբ քնարերգական նորաստեղծ արուեստի գոհարներու կը վերածուին:
Համօ Սահեանի «Մեր Լեզուն» բանաստեղծութիւնը Մաժակ Թոշիկեան հմտօրէն վերածած է ազգագրական մեղեդիով ու կշռոյթով զօդուած ուժական եւ տիրական ազգատրոփ երգի: Շիրազի «Քո հայրենիք» ազգայնաշունչ երգով կ՚եզրափակուի խտասալիկը: Այս երգով Սիպիլի կ՚ընկերակցի հայրենի հանրածանօթ աստղերու հոյլ մը. Զարուհի Բաբայեան, Արսէն Սաֆարեան, Անտրէ, Արսէն Գրիգորեան, Ալլա Լեւոնեան, Էրիք, Սոֆի Մխէյեան, Յասմիկ Կարապետեան, Ինգա եւ Անուշ, Մհեր, Վարդան Պատալեան, Լէյլա Սարիբէկեան, Սուզան Մարգարեան եւ Աննա Խաչատրեան.
Սիպիլի երգերուն մէջ կը տրոփէ իր սիրտը, իսկ ձայնը՝ ունկնդիրը կը մղէ հոգեպարար բարձրացումի (elevation): Խտասալիկի իւրաքանչիւր երաժշտական ստեղծագործութիւն մերթ կ՚ալեկոծի, մերթ կը տառապի, կ՚աղերսէ, կը ծլի, կը ծաղկի ու թռիչքաձեւ կը ժայթքի…
Կը շնորհաւորենք Սիպիլը, ապագայի նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով։
«Հորիզոն»
http://horizonweekly.ca/news/details/44106
Yorumlar kapatıldı.