İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 13 –

Եզրակացութիւն Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ կրօնական տեսակէտով, ազգովին կը գտնուինք ահաւոր հոգեւոր փլուզումներու առջեւ որոնք կը յուզեն եւ կը փոթորկեն մեր հասարակական կեանքը ամէնուրեք ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Մեզի համար անհրաժեշտը ո’չ թէ ծէսերու շոշոկանքն է եւ ո’չ ալ դաւանաբանական խնդիրներու ծեքծեքումները, այլ մեզի պէտք են տաճառներ, անոնց կամարներուն տակ երգելու մեր հոգիէն դուրս ժայթքող յորդարատ ապրումները: Որովհետեւ տաճառներէ եւ սրբավայրերէ զուրկ ամբոխները, խօսուն կենդանիներու խմբաւորումներ կրնան ըլլալ միայն, սակայն ո’չ բարոյապէս եւ հոգեպէս բարձր իմացականութեան անձնաւորութիւններ:
Ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցին, նոյնպէս ալ Հայց. Եկեղեցին ուրացած է Աւետարանի սիրոյ ներշնչումները եւ յամառօրէն կը շարունակէ եւ կը փորձէ վերապրեցնել բիրտ ոյժը եւ դրամը, իր առաքելութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ահա թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ կրօնքի եւ եկեղեցւոյ պէտքը: Մարդկային տառապանքները, գործուած եւ գործուող համաշխարհային անիրաւութիւններն ու աւերները, ահաւոր պատերազմներն ու թափուած արիւնները, ընկերային աններդաշնակութիւններն ու անարդարութիւնները, ընտանեկան քայքայումները, բոլորն ալ արդիւնք են բարիի, գեղեցիկի ուրացումին եւ բարոյական պարտականութեանց թերացումին եւ մոռացումին:
Անհրաժեշտ է որ մարդկային հոգիին մէկ անկիւնը յատկացուի հոգեկան եւ բարոյական արժէքներու: Եկեղեցին, անկախ իր դաւանական հարցերէն ու ծէսերէն, պէտք է օժտուած ըլլայ այնպիսի եկեղեցականներով՝ որոնք օժտուած ըլլան հոգեւոր պատրաստութեամբ ժողովուրդին հետ խօսելու եւ անոր մէջ արթնցնելու իր թմրած եւ երբեմն ալ ամբողջովին քնացած հոգեւոր ընդունակութիւններն ու ազդակները:
Եւ մանաւանդ այս քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց, մեր ստորնացնող եւ սողացող կեանքը պէտք ունի մաքուր իտէալի, լուսաւոր մտատիպարներու, որոնք կարենան խանդավառել մեր հոգեկան խոյանքները: Դժբախտաբար պէտք է խոստովանիլ որ հոգեկան եւ բարոյական այս քայքայումին մէջ եկեղեցին ունեցած է եւ ունի իր պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը:
Քրիստոնէական Եկեղեցին իր կոչումին եւ մարդկային յառաջդիմութեան հակառակ ուղղութիւն մը որդեգրեց եւ իր ստեղծած դատապարտելի ընթացքով, ազատ խորհողներու մտքին մէջ ստեղծեց կրօնքի հանդէպ անտարբերութիւն եւ երբեմն ալ զզուանք: Եւ այս բոլորը հաւանաբար տեղի չունենային, եթէ եկեղեցին կարենար ինքզինք յարմարցնել մարդային մտածումին եւ ըմբռնողութեան, այլ խօսքով քայլ պահէր իր ժողովուրդի կարիքներուն հետ:
Հայ ժողովուրդին համար Քրիստոնէութիւնը կենսական արժէք ունի, որովհետեւ անոր մէջ գտած է իր մտքի, խղճի եւ հոգիի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ազգային գոյութեան պահպանութիւնը:
Բոլորս ալ գիտենք որ Հայց. Եկեղեցին իբրեւ դարբնոց քրիստոնէական դաստիարակութեան, կերտած է հայուն հոգեւոր նկարագիրը եւ միանգամայն ազգային ինքնուրոյն գոյութիւնը զարգացնող հաստատութիւն մը եղած է, որ մեզի սորվեցուց ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն:
Բայց ին՞չ կը ներկայացնէ ան այսօր՝ իր աւերակեալ եւ խորտակեալ վիճակով, եւ ին՞չ պէտք է ընենք ազգովին զայն փրկելու համար բռնակալ կղերապետութեան ժանիքներէն: Կղերապետութիւն մը որ կ’անտեսէ ամէն ձեւի կարգ ու կանոն, կանոնագրութիւն եւ սահմանադրութիւն եւ իր անտառային օրէնքներու սկզբունքով կը խորտակէ եւ կը տապալէ մարդկային բարոյական սկզբունքներու բոլոր չափանիշները:
Ամէն կազմակերպութիւն, ըլլայ կրօնական, քաղաքական թէ ընկերային անպայման ենթակայ եղած է շարունակական փոփոխութեան: Բոլոր անոնք որոնք անընդունակ եղած են եւ կամ չեն կամեցած գոհացում տալ ժամանակի պահանջներուն, բնականաբար ենթարկուած են ուծացումի եւ աւերման: Դժբախտաբար այդպիսին է այսօր Հայց. Եկեղեցին:
Հայց. Եկեղեցին որպէս դարաւոր կազմակերպեալ հաստատութիւն, իր բոլոր հոգեկան եւ մարդկային արժէքներով, կը ներկայացնէ լիակատար ամբողջութիւն մը, ամբողջ մարմին մը, որուն գլուխն է նոյն ինքն Քրիստոս ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը յայտարարէ: Սակայն եւ այնպէս, այսօր այդ մարմնին մէջ կան բոյն դրած հիւանդութիւններ(Փառամոլութիւն,դրամասիրութիւն, ագահութիւն, վրէժխնդրութիւն, անբարոյութիւն, անբարտաւանութիւն, անբարեխղճութիւն, անօրէնութիւն եւ մասամբ նոցին) որոնց պատճառաւ վտանգուած է Եկեղեցւոյ ամբողջական մարմինը:
Կրնա՞յ ըլլալ որ քսանմէկերորդ դարու համշխարհային շփոթին մէջ, Հայ ժողովուրդը դադրած է հաւատալ եկեղեցւոյ դերին: Եթէ ա’յս է այսօրուայ տխուր պատկերը, հետեւաբար աւելորդ է խօսիլ Հայց, Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին: Իսկ եթէ կը հաւատանք՝ այդ պարագային, նոր դարու նոր յոյսերով կրնանք բարեկարգել մեր եկեղեցին իր հոգեւորականութեամբ, միշտ հաւատարիմ մնալով եկեղեցւոյ նուիրագործեալ աւանդութիւններուն:
Աշխարհը շարժման եւ զարգացման մէջ է, յարատեւ բարեշրջման եւ յեղաշրջման  մէջ, հետեւաբար մենք ինչպէ՞ս կրնանք խափանել այդ զարգացումը մեր կեանքի մէջ, որուն բացակայութիւնը կրնայ առաջնորդել մեզ ապականութեան եւ ի վերջոյ անդամալուծութեան:
Զարգացման տեւական աշխատանք կը նշանակէ, եկեղեցին բարեկարգել իր հիմնական բոլոր սկզբունքներուն մէջ: Չմտածենք երբեք՝ որ եկեղեցին բարեկարգելով կրնանք զայն այլափոխել, ընհակառակը, անոր տեւական զարգացումը պիտի արտայայտէ անոր կենդանութեան առողջ վիճակը, ինչ որ բացակայ է այսօր:
Բոլոր դարերու ընթացքին, եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ժողովուրդը իր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային պէտքերը զգալի դարձուցած է եւ իր հաւատքի եւ գիտութեան զօրութեամբ բանաձեւած է քրիստոնէութեան հիմնական կէտերն ու սկզբունքները: Ինչո՞ւ սակայն ամուլ է ան այսօր, երբ մարտահրաւէրները անհամար են եւ աւելի բարդ:
 Եթէ չկարենանք ճանչնալ եւ գնահատել մեր նախորդներուն կատարած հոգեմտաւոր Աստուածահաճոյ աշխատանքը որպէս արտայայտութիւն իրենց հաւատքի խոր գիտակցութեան, կարելի պիտի չըլլայ բան մը փոխել որ պիտի ծառայէ եկեղեցւոյ կենդանութեան եւ պայծառութեան, որուն արտացոլացումը պիտի տեսնենք ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Հետեւաբար՝ պարտաւոր ենք ազգովին, մեր նախորդներու նուիրականութեանց նախանձախնդրութեամբ ձեռնարկել բարեկարգութեան լուրջ աշխատանքին, լուսաւորեալ մտքով եւ աղօթքի զօրութեամբ: Բարեկարգութեան այս սրբազան գործին պէտք է նուիրուին եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ, անոնք՝ որոնք ունին գիտութիւնը եւ պատրաստ են հասկնալու իրենց պատասխանատուութեան լրջութիւնն ու ծանրութիւնը  եւ զայն կատարեն հաւատքով եւ սիրով:
Ահաւասիկ այ’ս նուիրական աշխատանքէն ետք, Հայց. Եկեղեցին դարձեալ պիտի ստանայ իր աւանդական հրապոյրը եւ իր շինարար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր մեր ազգային կեանքի վերաշինութեան մէջ, նամանաւանդ նորաստեղծ Հայրենիքին ներս, ուր եօթանասուն երկար տարիներ, համայնավարական վարչակարգին երկաթեայ բազուկին տակ տառապեցաւ մեր ազնիւ ժողովուրդը որ նոյն ինքն եկեղեցին է:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ         
  10 Յուլիս 2014

Yorumlar kapatıldı.