Եղբայրներ, անմեղ երախան ժամանակի ընթացքին անօրէն շինարարի մը դարձնող այս խաւար իրադարձութիւնը պէտք է հարցաքննենք։
Շիրինճէ Գիւղը
Շիրինճէ գիւղը յունական հին գիւղ մըն է, ուր ժԸ. դարու վերջաւորութեան բնակութիւն հաստատած են։ 1923-ին Սելանիք քաղաքի բնակչութեան հետ իրականացող փոխանակութեան հետեւանքով վերստին բնակութիւն կը ստանայ։
Գիւղին հին ճարտարապետութիւնը կանոնաւոր յատկագիծերու միօրինակութիւնը կը յիշեցնէ։ Շուրջ 200 բնակարան եւ 2 եկեղեցի գրանցուած ու պահպանուած է։
Ա. Աշխարհամարտէն առաջ բնակչութեան թիւը կը գուշակուէր շուրջ 5000 հոգի, ժողովուրդը փոխանակութեան ենթարկուելէ ետք՝ բնակչութեան թիւը շուրջ 3000-ի հասած է, եւ մինչեւ մօտ անցեալին շարունակած է այս թիւը հետզհետէ նուազիլ։ Նաեւ 1951-ին ջնջուած է գիւղի քաղաքապետութեան կարգավիճակը։ 1990-ի մարդահամարի տուեալներով բնակչութեան թիւը 787-ի հասած է, եւ վերջապէս 2000 թուականի մարդահամարի տուեալներով ալ հասած է 686-ի։
1990-ական տարիներու սկիզբը գիւղը ունէր քանի մը պարզ գեղջական ոճով կահաւորուած ճաշարաններ ու իջեւաններ։ Իսկ 1998 թուականին, Նշանեան Տուներու ձեռնարկութեան անուան ներքեւ վերաշինուած ու նորոգուած հին տուներուն բացումը կը կատարուի։ Այս թուականէն սկսեալ գիւղը զբօսաշրջութեան առումով արագօրէն կը յառաջանայ, ուր ներկայիս կը գտնուի շուրջ 20 հիւրանոց, 25 ճաշարան եւ շուրջ 80 յուշանուէր վաճառող խանութներ։ 2010 թուականի տուեալներուն համաձայն՝ կ՚ակնկալուի 1 միլիոն այցելու եւ տարեկան շուրջ 20 միլիոն լիրայի զբօսաշրջութեան հասոյթ։
Սեւան Նշանեանի Մշակութային Նպաստները՝ Շիրինճէ Գիւղին
1992 – 2013 թուականներու միջեւ Սեւան Նշանեանի ձեռամբ վերանորոգուած, բարեփոխուած եւ կամ կառուցուած Շիրինճէ Գիւղի կառոյցները.
Ա. Վերանորոգուած Կառոյցներ
Գիւղին մէջ կիսաքանդ վիճակով, իրենց աւանդական կառուցողական ոճին հաւատարիմ մնալով, եւ գործածելով իւրայատուկ շինանիւթեր, վերանորոգուած են ինը տուներ։ Այս կառոյցներէն երեքը կը պատկանի Նեսին Հիմնարկի սեփականութեան, որ տրամադրուած է Նշանեան Տուներու ձեռնարկութեան եւ կ՚օգտագործուի որպէս հիւրանոց։ Տուներէն մէկ հատը կը պատկանի Միւժտէ Թէօպէքճի (Նշանեան)ին։ Երրորդ անձերու պատկանող միւս հինգ տուներուն չորսը իրենց սեփականատէրերուն կողմէ հիւրանոցի վերածուելով կը գործեն։
4. Էօմէր Շամլըի Տունը (Ömer Şamlı evi)
6. Կիւլպեռնա Էօճանի Բ. Տունը (Gülberna Özcan II evi)
7. Եագուպ Իչկէօրէնի Գիւղի Տունը (Yakup İçgören köy evi)
8. Եագուպ Իչկէօրէնի Այգիի Տունը (Yakup İçgören bağ evi)
9. Միւժտէ Թէօնպէճի – Նշանեանի Տունը (Müjde Tönbekici-Nişanyan evi)
Բ. Բարեփոխուած Կառոյցներ
Մօտիկ շրջանի մէջ շինուած չորս անբնոյթ կառոյցը ներքին ու արտաքին բարեփոխութիւններու ենթարկուելով –հնարաւորութեան չափ- վերածուած է գիւղի իւրայատուկ աւանդական ճարտարապետական ոճին։ Այս շէնքերէն կարելի է օրինակել քարաշէն եռայարկ ապարանք կոչուած կառոյցը, որ կ՚անուանուէր՝ «Գիւղին թափթփուկը»։ Յաջող կարգ մը միջամտութիւններու շնորհիւ կը դառնայ այցելուներու «Շիրինճէ գիւղին ամենագեղեցիկ պատմական տունը»։
10. Նշանեան Տուներու Ապարանքը (Nişanyan Evleri Köşkü)
11. Եագուպ Իչկէօրէն Դաշտի Տունը (Yakup İçgören kır evi)
12. Եկեղեցւոյ ներքեւ Ա. Վարձատունը (Kilisealtı Pansiyon I)
13. Եկեղեցւոյ ներքեւ Բ. Վարձատունը (Kilisealtı Pansiyon II)
Գ. Նոր Կառոյցներ
Ինչպէս որ ակնյայտ են Շիրինճէ գիւղի աւանդական կառուցողական ոճին մաս կազմող երկյարկանի կառոյցները, նոյնպէս ալ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գիւղէն դուրս այգեստաններու մէջ կառուցուած միյարկ «տամ» կոչուած կառոյցները։
Գիւղէն դուրս քսան արտավարի չափ տարածութեամբ հողամասի մը վրայ, վերոյիշեալ «տամ» կոչուած ոճով ութը հատ տուն եւ օժանդակ շէնքերով համալիր մը 2006-ին կը կառուցուի, եւ Նշանեան Տուներու ներքեւ որպէս հիւրանոց սպասարկութեան կը բացուի։ 2010 թուականին ալ այս շէնքերուն կողքին կառուցուած է երկյարկանի ու հինգ սենեակով ապարանք մը եւ 11 մեթր բարձրութեամբ քարաշէն աշտարակ մը։
Բոլոր կառոյցները կը կառուցուէին տեղական քարի որմնադրութեան ոճով, կ՚օգտագործուէին հողէ կամ կիրէ պատրաստուած շաղախներով։ Աշտարակաշինութիւնը Շիրինճէ գիւղի աւանդական կառուցողական ոճին մաս չի կազմեր, սակայն կառուցուած աշտարակը օրինակ առնուած է որպէս պաշտպանութեան աշտարակ, եւ Արեւմտեան Անատոլուի ու դրացի երկիրներու տեղական շինարարութեան աւանդութեան մէջ յաճախ կը տեսնուի։
Բաղնիքը, որ Սելչուքի մէջ բազմաթիւ օրինակներով տարածուած պատմական շրջաններէ այսօրուայ հասած բաղնիքներուն փոքր չափով նմանութիւնն է, հողով շաղախուած եւ քարերով շինուած է։ Գմբեթը երկշերտ իսկական է, ժամանակի ընթացքին խոտ աճելու առիթ տալու համար գմբեթի շինարարութեան ընթացքին նոյնպէս հողէ շաղախներ գործածուած է։
14. Ա. Այգիէ Տունը (Bağ evi I )
20. Է. Այգիէ -Արզունի- Տունը (Bağ evi VII -Arzunun Evi-)
22. Օթեւան
23. Սեւան Նշանեանի Տունը
24. Hodri Meydan Աշտարակը
Դ. Նեսին Մաթեմաթիքի Գիւղը
Գիւղէն 1քիլմ. հեռաւորութեամբ 21 արտավարի չափ տարածութեան վրայ, Նեսին Հիմնարկի սեփականութեան պատկանող Մաթեմաթիքի Գիւղը իր մէջ կը պարունակէ շուրջ քսան հատ քարաշէն կառոյցներ։ Այս գիւղին մէջ կը կազմակերպուին լիսէի, գոլէճի, համալսարանի մակարդակով ուսողութեան բոլոր ճիւղերը, որպէս ամառնային դպրոց եւ կամ կը կազմակերպուի խտացուած դասախօսութիւններ, աշխատանոցներ, գիտաժողովներ։ Յարմարութեան տարողութիւնը 150 անկողին ըլլալով կը հաշուի, այս թիւը ամառնային շրջանին, վրաններու մէջ օթեւանողներուն թիւը կը հասնի 250-ի։ Գիւղին կեդրոնը կազմող 13 շէնքերը կառուցուած են Սեւան Նշանեանի կողմէ։ Իսկ տարիներու ընթացքին աւելցուած կարգ մը շէնքեր ակնյայտօրէն հեռացած են գիւղին աւանդական կառուցողական ոճէն։
26. Աղջիկներու Դղեակ
27. Robert Langlands-ի Լսարանը
28. Բակով Տուն
29. Օղուզ Էօզէրտէնի Տունը
30. Մեհմէտ Պեթիլի Տունը
31. Ճիհաննիւմա
32. Թաղապետարան
33. Բաղնիքներ
34. Ազիզ Նեսին Ամփիթատրոնը
35. Պոլքեփչէ -առատ շերեփ- Ճաշարանը
36. Հիւղակ
37. Անանուն Տուն
Ե. Թատրոնի Մենաստանները
Հին Մետրեսէ եւ վանքերու նման կառուցուած այս շէնքը ունի 750 քառակուսի մեթր տարածութեամբ բակի մը շուրջը պատող երկյարկանի կամարաձեւ սենեակներ։ Առաջին յարկերը տրամադրուած են որպէս ժողովասենեակ եւ ցուցադրութեան վայր, իսկ վերի յարկերը՝ բնակարաններ ըլլալով կահաւորուած են։ Պոլսոյ շրջիչ թատրոնին համար տրամադրուած է՝ որպէս աշխատանքի, ուսման եւ ցուցադրութեան վայր։ Առաջին հերթին ակնկալուած է ընդամէնը 60 հոգինոց օթեւան մը։
Զ. Ապառաժի Դամբանը
Շիրինճէ գիւղէն եւ Ուսողութեան գիւղէն յայտնուող ժայռի մը ճակատը քանդակուած է. 6 մեթր բարձրութեամբ եւ 4.5 մեթր լայնութեամբ է, ունի 2 մեթր խորութեամբ սիւնազարդ սրահ մը։ Ունի յոնիական ոճով երկու սիւներ, որու ճակտին վրայ փորագրուած է Մետուսան եւ զանազան նախշաձեւ զարդեր։ Դամբարանը դեռ չէ բացուած՝ յետագային բացումը պիտի կատարուի։
Է. Սեւան Նշանեան Գրադարանը
Նեսին Ուսողութեան գիւղին մէջ Սեւան Նշանեանի կողմէ ծրագրուած եւ կառուցուած է 400 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ երկյարկանի քարաշէն գրադարան մը, որ 15 հազար գիրք կը պարունակէ, ունի նաեւ 250 հոգինոց ժողովասրահի սպասարկութեան դրութիւն։
Սեւեան Նշանեան
Կենսագրութիւն
Ծնունդը՝
Իսթանպուլ 1956
Ուսումը՝
Ռոպերթ Գոլէճ 1974
Եալ Համալսարան (Փիլիսոփայութիւն) 1979
Գոլոմպիա Համալսարան (Քաղաքագիտութիւն)
Աշխատանքը՝
Թէլէթէքնիք – Էլեքթրոնիքական Ընկերութեան (Commodore համակարգիչի Թուրքիոյ ընդհանուր ներկայացուցիչը) հիմնադիրը եւ վարիչը, 1984 – 1986
Նշանեան Շրջապտոյտի Ծանուցման Ընկերութեան (Փոքր Պանդոկներ գրքին հրատարակիչն ու ցրուիչը) հիմնադիրը եւ վարիչը, 1997 – 2008
Շիրինճէ Պանդոկի Ընկերութեան (Նշանեան տուներու զբօսաշրջութեան ընկերութիւն) հիմնադիրը եւ վարիչը, 1998- ցարդ այսօր
Իսթանպուլ Պիլկի Համալսարանի լեզուաբանութեան դասախօս, 2006 – 2008
Հրատարակութիւնները՝
Քարլ Մաքսի Grundrisse-ի թարգմանութիւնը եւ նախաբանը
Insight Guide Istanbul (Օգնական խմբագիր եւ հեղինակ), 1988
American Express Guide-ի Աթենք եւ Պատմական քաղաքներու Ուղեցոյց Գիրքը, 1991, 1993
American Express Guide-ի Վիեննա եւ Պուտաբեշտի Ուղեցոյց Գիրքը, 1992
American Express Guide-ի Պրահայի Ուղեցոյց Գիրքը, 1993
Փոքր Պանդոկներու Ուղեցոյց Գիրքը (Տարեգիրք), 1998 – 2008
Mavi Kıyılarda Yeme İçme Rehberi (Կապոյտ Ափերու Կերուխումի Ուղեցոյցը –Ճաշարանի Ուղեցոյց Գիրքը), 1998 – 2000
Kimsenin Bilmediği Olağanüstü Yerler (Ոչ ոքի Ծանօթ Արտակարգ Վայրեր – Զբօսաշրջութեան Ուղեցոյց Գիրքը), 2000
Meraklısı için Karadeniz (Հետաքրքրուողներու համար Սեւծով – Զբօսաշրջութեան Ուղեցոյց Գիրքը), 2000
Sözlerin Soyağacı: Çağdaş Türkçenin Etimolojik Sözlüğü (Բառերու Տոհմածառը – Արդի Թրքերէնի Ստուգաբանական Բառարանը) Ա. Տպագրութիւն՝ 2002, Ե. Տպագրութիւն՝ 2010
Elifin Öküzü ya da Sürprizler Kitabı (Էլիֆին Եզը կամ Անակնկալներու Գիրքը – Ստուգաբանական Յօդուածներ) Ա. Տպագրութիւն՝ 2002, Ե. Տպագրութիւն՝ 2008
Ankara’nın Doğusundaki Türkiye (Անգարայէն Արեւելքի մէջ գտնուող Թուրքիա- Զբօսաշրջութեան Ուղեցոյց Գիրքը), 2006
Yanlış Cumhuriyet: Atatürk ve Kemalizm Hakkında 51 Soru (Սխալ Հանրապետութիւն՝ 51 հարցում Աթաթիւրքի եւ Քեմալիզմի մասին), 2008
Kelimebaz 1 (Բառերու աճպարար 1 – Թարաֆ լրագրի յօդուածաշարքը), 2009
Kelimebaz 2 (Բառերու աճպարար 2 – Թարաֆ լրագրի յօդուածաշարքը), 2010
Hocam Allaha Peygambere Laf Etmek Caiz Midir (Հօճա, Աստուծոյ եւ մարգարէի հաշուին խօսիլը արտօնուա՞ծ է – Վիճաբանութիւններ Կրօնի եւ խօսքի ազատութեան առընչութեամբ), 2010
Adını Unutan Ülke: Türkiye Cumhuriyetinde Adı Değiştirilen Yerler (Անունը Մոռցած Երկիրը՝ Թուրքիա։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ Տեղանունը Փոխուած Վայրեր), 2011
Şirince Meydan Muharebelerinin Mufassal Tarihçesi (Շիրինճէ Տարածքի Ճակատամարտերու Մանրամասն Պատմութիւնը), 2011
Aslanlı Yol: Otobiyografi (Առիւծի Ճանապարհ՝ Ինքնակենսագրութիւն), 2012
Ամուսնական Կարգավիճակը՝
Ամուրի, 5 զաւակի տէր
Շնորհակալութիւն Սեւան
Yorumlar kapatıldı.