İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆ

22 Հունիս 2014 թուականին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին կը նշէ,Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ  կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խորվիրապէն ելած շաբաթ օրի յաջորդ  կիրակի օր ,հոգեգալստեան  երկրորդ կիրակի օրը, Սուրբ Էջմիածնի Տօնի օրն է:

Էջմիածին քաղաքը Բ.եւ Դ. դարերուն եղած է Հայաստանի մայրաքաղաք , իսկ այսօր ,Հայ ժողովուրդի սրբութեան կեդոնն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւոր հոգեւոր ղեկաւարին,Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նստավայրն է:Քաղաքաը ունի երեք ծանօթ տաճարներ, Սբ.Էջմիածին, Սբ.Կայանէ, Սբ.Հռիփսիմէ եկեղեցիները եւ նաեւ  Շողակաթ եկեղեցին, իսկ քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի,19. րդ  դարէն մնացած ,Սբ.Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցին:Այս տաճարները միջնադարեան Հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան ոճի կարեւոր օրինակներն են:
Էջմիածին անունը կը նշանակէ “Միածին Որդիի Իջքը”:

Ուր~  տեղ որ,Քրիստոս,Գրիգոր Լուսաւորիչի հիասքանչ տեսիլքը յայտնեց , հոն տաճարը կառուցուած է :

Սուրբ Էջմիածին տաճարը կառուցուած է Դ.դարու սկզբին, Հայոց առաջին Հայրապետ Գիրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ  , որը վախ քրիստոնէական շրջանի հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան կոթողներէն մին է: Տաճարը նախ կառուցուած է պազիլակատիպ ոճով, ապա 480 թուականին վերակոռուցուած է  խաչաձեւ հատակով եւ գմբեթաւոր ոճով ,17.րդ դարուն կառուցած է տաճարի զանգակատունը,իսկ 18.րդ դարուն թանգարանը:Մայր Տաճարի շրջակայքը կը գտնուի շարք մը կրօնական-պատմական կառոյցներ, ինչպէս~, “Տրդատ Թագաւորի Դուռը”:
Սուրբ Էջմիածին եւ անոր մօտակայ հնագիտական ժառանգ նկատուող Զուարթնոց եկեղեցին Unesco ի կողմէ գրանցուած են ,”Համաշխարհային Մ’ակոյթի Ժառանգութիւն” ցանկին մէջ:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Ակ: “Հայ.Առաքելական Եկեղեցի Արարատեան Թէմ” հրատարակութիւն

Yorumlar kapatıldı.