İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա.ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 15.րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ. (27 Օգոստոս 1931- 29 Յունիս 1999)

Ամենայն Հայոց Վախճանեալ Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի խնկելի յիշատակին. Գարեգին Վեհափառը 20.րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կեանքի ամէնէն շքեղ եւ փայլուն անձնաւորութիւններէն մէկն էր, իմաստուն, խոհեմ, հեռատես, հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, եկեղեցական մեծ գործիչ, հաւատաւոր էքումէնիք, ուսուցիչ,փայլուն հռետոր,գրասէր եւ գրագէտ հայրապետ, բազմագիտակ գիտնական,առաջնորդ,հայ լեզուի ոսկերիչ, դիւանագէտ եւ այլ շատ մը շնորհներու  տէր անձնաւորութիւն մըն էր: 

Ան հանդիսացած էր աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ճանաչում գտած հայերէն մին ըլլալու դիրքի: Ան ռահվիրայ եղաւ զանազան ճակատներու վրայ,ինք ուր որ, եղաւ , ինչ որ, գործեց իրագործեց գեղեցկագոյն կերպով:Անթիլիասի Դպրեվանքի իր փայլուն աշակերտութեան շրջանէն վերջ,նախ դարձաւ Դպրեվանքի ուսոցիչ ,յետոյ տեսուչ  ու հմայիչ վարդապետ:Ուսանելու համար գնաց Օքսֆորտ , հոն դարձաւ բոլորին համար Արեւելքէն եկող իմաստուն վարդապետը,ապա վերջ վերադարձաւ Անթիլիաս, եղաւ Ղարեհ Ա.Կաթողիկոսի մօտիկ գործակիցներէն մին, դարձաւ Ամերիկեան համալսարանի դասախօս:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Ա.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս աւազանի անունով Նշան Սարգիսեան ծնած է, 27 Օգոստոս 1932 ին Սուրիոյ Քէսապ քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ, յետոյ ան կ’ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Դպրեվանք, Անթիլիաս:
29 Մայիս1949 թուականին սարկաւագ կը ձեռնադրուի:Սարկաւագութեան տարիներու անդամակցած է Սուրբ Աթոռի պաշտօնաթերթ “Հասկ”ի խմագրութեան: Դպրեվանքը կ’աւարտէ 1952 Յունիսին:
Աբեղայ կը ձեռնադրուի  28 Սեպտեմբեր 1952 թուականին  վերակոչուելով ,”Գարեգին” աբեղայ ,ի յիշատակ վախճանեալ Գարեգին Ա.Յովսէփեան Կաթողիկոսի: 5 Յունիս 1955 ին վարդապետական աստիճան կ’ստանայ:1956  թուականին կը կոչուի Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնին:
1957 թուականին կը յաճախէ Օքսֆորտի համալսարանի աստուածաբանական բաժինը  պատրաստած է ”Քաղկեդոնի Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին” աւարտական թէզը:
1960 թուականին կը վերադառնայ Պէյրութ-Անթիլիաս  եւ կրկին կը վարէ Դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
Ան եղած է, վերջին քառասուն տարիներուն ընթացքին  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքի եւ գործունէութեան ծիրէն ներս “Միջ-Եկեղեցական”
շարժումի որպէս, նախաձեռնոցներէն եւ զարգացողներէն մէկը: 1955 թուականէն ի վեր անդամակցած է միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հհամագումարներուն եւ ժողովներուն:Ան կանոնաւորաբար ներկայ գտնուած է բազմաթիւ մէջեկեղեցական-միջկրօնական համաժողովներու  որպէս ,Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ:
 1975-1983 թուականներուն Եկեղեցիններու Համաշխարհային Խորհուրդի Նայիրօպիի համաժողովին  կ’ընտրուի Խորհուրդի փոխատենապետ:
16 Յունիս1963 թուականին կը բարձրանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի ,19 Յունուար 1964 ին եպիսկոպոս,իսկ 26  Ապրիլ1973 թուականին կը ձեռնադրուի Արքեպիսկոպոս:

24 Փետրուար 1971 թուականին կ’ընտրուի Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդ,իր առաջնորդութեան շրջանին կը ծաղկի թեմի հոգեւոր ու մշակյթային կեանքը: 21 Յունիս 1973 թուականին Գարեգին եպիսկոպոս , նախ կը նշանակուի Հիւսիսային Ամերիկայ Արեւելեան Թեմի Հայրապետական պատուիրակ ապա վերջ կ’ընտրուի թեմի առաջնորդ:Իր իմաստուն ղեկավարութեամբ զարկ կու տակ Ամերիկայի եւ Քանատայի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակոյթային կեանքի զարգացման ,շեշտելով երտասարդ  տարրին գործօն մանակցութիւնը այս մարզերէն ներս:
Ան խորապէս հաւատալով երտասարդութեան կարեւոր դերին ազգի ղեկավարութեան մէջ  եւ նաեւ անոր մասնակցութեան կարեւորութեան  կրօնական ու մշակոյթային կեանքի մէջ,1963 թուականին կը հիմնէ “Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը” <<ՀԵՀՈՄ>>
22 Մայիս 1977 թուականին Գարեգին արքեպիսկոպոս  կ’ընտրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոս ,իսկ 1983 ին Խորէն Ա.Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Փետրուար 1983 կը գործէ Կաթողկիոս Մեծի Տանն   Կիլիկիոյ տիտղոսով:
Իր գահակալութեան տասնութ տարիներու ընթացքին առաւել եւս փայլք ստացաւ Կիլիկեան Աթոռը:Ան զարկ տուաւ ազգային -կրօնական , մշակոյթային եւ շինարարական  մարզերուն մէջ տարածուած աշխատանքներուն: Գարեգին Կաթողիկոսի յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Դպրեվանքը,զոր 1977 թուականին Անթիլիասէն փոխադրեց Պիքֆայա:
Գարեգին Կաթողիկոսի իմաստուն տնօրինութեան շնորհիւ նոր փայլք մը ստացաւ Կիլիկեան  Կաթողիկոսութեան ծառայութիւնը  հայ մշակոյթի մարզէն ներս,որուն մէջ լայն տեղ ունեցաւ հրատարակչական աշխատանքը: Անոր ջանքերով իր կաթողիկոսութեան շրջանի տասնըութ տարիներուն  աւելի քան 350 հատոր  հրատարակութիւններ ու գիրքեր լոյս տեսան կաթողիկոսարանի տպարանէն:
3 Ապրիլ – 5 Ապրիլ 1955 թուականներուն Սուրբ Էջմիածնի մէջ գուամարուեցաւ Ազգային-Եկեղեցական ժողովը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի դարաւոր Սուրբ աթոռին 131.րդ  գահակալը ընտրելու համար,4 Ապրիլ 1955  թուականին Սուրբ Էջմիածնի զանգերը ղօղանջեցին եւ աւետեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Սարգիսեանի ընտրութիւնը որպէս Սուրբ Աթոռի 131.րդ գահակալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: 
Գարեգին Ա. Կաթողկիոս հետամուտ էր շարունական զարգացման եւ յառաջաիմութեան , որուն իրագործման համար ան զարկ տուաւ ,թէ’ երիտասարդութեան ձեռնարկներուն եւ թէ’ բոլոր այն գործունէութեանց , որոնք,թարմ եւ կենդանի  կը պահեն Աստուծոյ շունչին թարմ եւ կենդանի ներկայութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ներկայ կեանքին մէջ:
Իր գահակալութեան տարիներուն կարողացաւ ոչ միայն իր ազգի արժանաւոր հոգեւոր հայրը ու սիրեցեալ առաջնորդը ըլլալ, եղաւ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհի էքիւմէնիք շարժումի հաւատաւոր գործիչներէն մէկը:
Գրագէտ եւ գրասէր էր Գարեգին Վեհափառը , գիրքին շատ կապուած էր, Գիրքը իրեն համար պաշտամունքի առարկայ էր,ուր որ երթար,աղօթքէն յետոյ իր առաջին գործը կ’ըլլար գրատուն եւ  գիրք կը փնտռել: Ան չեղաւ միայն  քարոզիչ  մը, աստուածաբան  մը , այլ դարձաւ նաեւ հայ մշակոյթի ծառան եւ նաեւ հայ լեզուի ծառան ու ոսկերիչը .
Գրական -Աստուածաբանական  մարզէն ներս անկախ իր ստորագրած հայերէն , անգլերէն, ֆրանսերէն մեծ թիւով յօդուածներուն, որոնք լոյս տեսած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի ամսագիր պաշտօնաթերթ
“Հասկ”ի մէջ, շատ մեծ թիւով ունի հայ եւ օտար թերթերու մէջ   հրատարակուած հատորներ:Ան ունի նաեւ, հայերէն եւ օտար լեզուներով  հրատարակուած բազմաթիւն գիրքեր:
1998 ի սկզբները Վեհափառի առողջական վիճակը սկսաւ խանգարուիլ ,ան կը տարապէր լեզուի քաղցկեղէ,ենթարկուած էր երկու վիրահատական  գործողութիւններու, որոնց ընթացքին ան կորսունցուցած էր իր լեզուին, կզակին եւ կոկորդին մէկ մասը:Դարմանումը սակայն չտուաւ դրական արդիւնք :Բժիշկներտ ըրին ամէն ինչ, որ կրանային ընել, վերջին օրերուն իրեն կը սրսկէին միայն ցաւազրկիչներ: Մեր սիրեցեալ Վեհափառը, 29 Յունիս 1999 երեքշաբթի ժամը 17.50 ին (Երեւանի ժամով) անժամանակ իր հոգին աւանդեց իր Տիրօչ ձեռքերուն:
15 տարիներ անցան Վեհափառ Հայրապետի վախճանումի թուականէն ի վեր, սակայն Հայ  ժողովուրդը դարձեալ կը վերյիշէ  զինք, ինչ~ է որ զինք ,այսքան կենդանի կը պահէ ու սիրելի կը դարձնէ մեզի,իր զուարթախօսութիւնը~, իր հաղորդականութիւնը~,իր իմացականութիւնը~,իբրեւ ուսուցիչ~. գրագէտ~,հեղինակ~,միջ-եկեղեցական առաջնորդ~,որպէս հոգեւորական~, ինչ~ այդ կապը: Ես կը կարծեմ թէ’,մեզմէ իւրաքանչիւրս ,մեր սիրտերուն մէջ այս հարցումներուն պատասխանը  ունինք:
Որքան` ատեն որ, Արաքս գետը իր ակօսին մէջ կը հոսի եւ Արարատի վրայ ծիածանն ալ, ի նշան խաղաղութեան երկնակամարի վրայ պիտի փայլի եւ որքան,` ատեն որ, արեւը , արեւելքէն պիտի ծնի եւ արեւմուտքէն մայրը պիտի մտնէ, այդքան ատեն հայ ժողովուրդը պիտի պահէ երջանակայիշատակ Հայրապետի մեծաշուք անունը պանծալի , իսկ խնկելի գաղձր յիշատակն անթառամ:
Բարձրեալն Աստուած երջանկայիշատակ Վեհափառ հօր հոգին հանգչեցնէ  իր իրանաւէտ,լուսեղէն խորաններուն մէջ եւ զայն ընդունի իր սուրբերուն կարգին, անոր հոգին յաւերժութեան  լոյսով լուսաւորուի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատ ու անսասուն պահուի , անոր գաղձր անմոռանալի յիշատակը:
Կը խոնահիմ անոր սրբակենցաղ խնկելի ու գաղձր յիշատակին առջեւ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա

22 Յունիս 2014

Yorumlar kapatıldı.