“Համաշխարհային Եկեղեցիի Օր”շրջագիծի մէջ ներկայացուեցաւ լայն աշխարհագրականի մը վրայ տարածուած բազմազանազան եկեղեցական համայնքներու կեանքը , ինչպէս Էթովպիայ , Գորէ, Ֆինլանտայ ի եկեղեցական համայնքները եւ նաեւ Հարաւային Գերմանիոյ Պատտէն-Վիւրթէմպէրկ նահանգի Հայ Համայնքը: Հայ Համայնքը ներկայացուեցաւ ,համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ.Տիրատուր Քհնյ Սարտարեան,Բարեկրոն Սրկ .Տ.Արման Բիլիպօսեան եւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան Թեմական Խորհուրդի անդամ Տոքթ.Սարգիս Ատամ ի կողմէ:
“Համաշխարհային Եկեղեցիի Օր”ը բացուեցաւ նահանգի բողոքական եկեղեցւոյ Սրբազան եպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքով եւ մասնակից բոլոր համայնքներու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուած եկեղեցական արարողութիւնով , արարողւթեան ներկայ էրին աւելի քան 1000 հաւատացեալներ:
Յետ արարողութեան , հաւատացեալ ժողովուրդը բոլորուեցաւ,տաճարին յարակից վայրի մէջ մասնակից իւրաքանչիւր համայնքի համար պատրարստուած տաղաւարի փոքր կրպակներու շուրջ , ուր համայնքները կը ներկայացնէին իրենց գործունէութիւնները եւ մասնայատուկ ազգային ուտելիքները:
Տաղաւարի եկրորդ մասին մէջ կիրարկուեցաւ ասուլիսային յայտագիր մը, ուր մասնակից իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուցիչներ բեմ կը հրաւիրուէին , իրենց համայնքը ծանօթացնելու համար:Պատտէն -Վիւրթէմպէրկի հայ համայնքը ծանօթացուց համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ.Տիրատուր քհնյ Սարտարեան եւ նաեւ Տոքթ.Սարգիս Ատամ ի կողմէ ներկաներուն ծանօթացուեցաւ Պեռլինի մէջ գրանցուած ”ՆԱՅԻՐԻ Հայ Մանուկներու Բարեգործական Միւութիւն”ը եւ անոր գործունէութիւնը.Յետ յատագիրի տաղաւարը իր աւարտին հասաւ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.