İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ո՞Ր ՀԱՐՈՒԱԾԸ ԶՕՐԱՒՈՐ է

Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան
Տարօրինակ է մարդուն կեանքը։ Յաճախ կ՚իրականանայ անսպասելին։ Դժուարը կը դիւրանայ երբեմն, իսկ դիւրինը կը վերածուի անկարելիի։ Կարճ ճամբաներն ալ կ՚երկարին երբեմն։ Այդպէս եղաւ նաեւ Քէսապի Ժողովուրդին համար այս տարի։ Քէսապ-Պէյրութ  ճանապարհը, որ մօտ չորս ժամ կը տեւէ, այս տարի տեւեց մօտ քառասուն եւ հինգ օրեր՝ Քէսապահայութեան համար։ Սուրիոյ մէջ տիրող ներքին անկայուն կացութենէն ու պատերազմի մթնոլորտէն իր բաժինը առաւ նաեւ Քէսապը։

Մեծ պահոց շրջանի վերջին օրերն էին, երբ 21 Մարտ 2014 թուականէն սկսեալ բնակչութենէ պարպուած ու Լաթաքիա տեղափոխուած Քէսապցիներու մնացորդներ մաս առ մաս բերուեցան Թուրքիա՝ դրացի Մուսա Լերան Վագըֆլը Գիւղը։ Տարեցներ էին անոնք մեծաւ մասամբ, որոնք ժամանակաւոր ապաստան գտան իրենց արենակից հարազատներուն մօտ։ Քսան եւ հինգ հոգիներ անմիջապէս գուրգուրանքի առարկայ դարձան նախ Մուսա Լերան ազնիւ ժողովուրդին ու ապա համայն Թրքահայութեան համար։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ուղեկցելով մենք ալ այցելեցինք զիրենք Աւագ Երկուշաբթի օր եւ կատարելով նաեւ հարկ եղած քննութիւնները տեղւոյն վրայ, Ս. Զատկուան նորոգիչ յոյսով խոստացանք իրենց նեցուկ կանգնիլ։ Մեր համայնքը, որ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ է նեղութիւնը եւ կը ճանչնայ, թէ ի՛նչ է առանձնութիւնը եւ վարժուած է ինքնաբաւ ըլլալու, այս գիտակցութեամբ արդէն սկսած էր ինքնաբուխ օժանդակութեան։ Պատրիարքական Աթոռը կոչ կ՚ուղղէր համայնքին՝ օժանդակութեան համար, Թուրքիոյ պատկան իշխանութեանց հետ շփման մէջ մտնելով կ՚որոնէր միջոցներ, համայնքային մամուլը լայն տեղ կը յատկացնէր եղելութեանց, համայնքային զանազան խաւեր կը բերէին իրենց աղը՝ իբրեւ համեմ, խառնելու համար գթութեան կաթսային։
Ի վերջոյ, հասաւ օրը եւ այդ խումբի տասնըութը հոգիները 15 Մայիս 2014, Հինգշաբթի երեկոյեան մեկնեցան դէպի Պէյրութ, ուր փափաք յայտնած էին երթալու։ Ցոյց տալու համար Պատրիարքական Աթոռոյ հովանին ու անմիջական հետաքրքրութիւնը, մղուած հովուական զգացումներէ, գիտակցելով նաեւ թէ նեղութեան մէջ եղողը մեր ժողովուրդն էր ու կարիքը ունէր ապահով զգալու, փափաքեցայ առաջնորդել խումբը։ Վագըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի Ատենապետն ու նոյն խորհուրդի երկու անդամները եւս անվարան ուղեկցեցան ինծի։ Այդ ափ մը օգնութեան կարօտ մարդիկը մայր, հայր, քոյր եւ եղբայր եղած էին ամէնուն համար։
Տաղտկալի ճամբորդութեամբ հասանք Պէյրութ ու կատարուեցան պաշտօնական ձեւակերպութիւններ եւ ուղղուեցանք դէպի Լիբանանի Առաջնորդարան։ Օդակայանի մէջ ներկայ էին Կուսակցականներ ու Երեսփոխան մը։ Իսկ, Պուրճ Համուտի մէջ, Առաջնորդարանին առջեւ կը սպասէր Առաջնորդ Սրբազանը։ Առաջին վայրկեանէն իսկ յուզումնալից էր պահը, երբ կը տեսնէինք երիտասարդներ, որոնք նուիրեալ ծառայութիւն կը բերէին ժամանողներուն։ Քէսապցիներուն հարազատները փութացեր էին ողջագուրելու համար զիրենք։
Մինչեւ այստեղ ո՛չ մէկ անբնական ընթացք։
Յաջորդ օր Լիբանանեան կարեւոր թերթերէն մէկուն մէջ պիտի կարդայինք. «Վաքըֆ Տարուած 18 Քեսապահայերը Հասան Լիբանան» խորագիրով լրատուութիւն մը, ուր կ՚ըսէր «…Կուսակցութեան պատկան մարմիններու եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանել Պէյրութ։ Լիբանանի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը անհրաժեշտ դասաւորումները կատարած է քեսապահայերու կեցութեան վայրերը ապահովելու առումով»։
Ի՞նչ ըսել, ի՞նչ ընել։ Չէր մնացած ո՛չ մէկ խօսք եւ արդէն բառերը անբաւարար էին արտայայտելու մեր զգացումները։ Ստանպուլ վերադարձի ճամբուն ուզեցի շօշափել Վագըֆլըի պատուիրակութեան կարծիքը եւ տեսայ, որ նման կը մտածէին։
Վերյիշեցինք, թէ անոնք երբ բերուած էին Վագըֆլըգիւղ, գիւղացիներ անմիջապէս տեղ ապահոված էին իրենց, նուիրումով եւ անտրտունջ ծառայած էին իրենց գիշեր ու ցերեկ։ Հոգացած էին իրենց ամէն տեսակի կարիքները։ Նոյնիսկ յանձն առած էին տէր կանգնիլ այդ չորս հոգինոց ընտանիքին, որ փափաք յայտնած էր տեղաւորուելու գիւղ։
Վերյիշեցինք, թէ Պատրիարքական Աթոռը յատուկ կոչ ուղղած էր համայնքին՝ Քէսապահայութեան օժանդակութեան գծով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան որքա՜ն սիրտ մաշեցուցած էր այս հարցով ու ապահոված էր պատկան իշխանութիւններու հետ կապերը, որպէսզի կարենային ճամբորդել անոնք։
Վերյիշեցինք, թէ համայնքը առատաձեռնօրէն ու տեւապէս կատարած էր սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Մինչեւ իսկ կազմակերպուած էր ցուցահանդէս մը։
Վերյիշեցինք, թէ մեր համայնքային մամուլը որքա՜ն հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր այս հարցին նկատմամբ։
Վերյիշեցինք նաեւ, թէ որ մէկ հարուածը զօրաւոր էր՝ ներքի՞ն, թէ արտաքին։
Ծառայութեան մէջ գնահատական սպասելը քրիստոնէական մերձեցում չէ եւ այդ մէկուն լաւ կը գիտակցինք։ Ո՛չ Վագըֆլըգիւղի մեր ազնիւ ժողովուրդը, ո՛չ նուիրատու եւ բարերար թրքահայութիւնը, ո՛չ մամուլը, ո՛չ այլ սատար հանդիսացողները, եւ ո՛չ ալ Պատրիարքական Աթոռը շնորհակալութիւն ու գնահատական սպասողներ են։ Ամէն մարդ իր վարձատրութիւնը կը ստանայ Աստուծմէ եւ կատարած գործով արդէն կը ստանայ այդ բաւարարութիւնը։ Մեծութիւնը այդտեղ է արդէն եւ այդ առումով ՄԵԾ են Թուրքիոյ մեր համայնքի զաւակները։ Տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչեն այն դողդղացող ձայները, որոնք շնորհակալութիւն կը յայտնէին անդադար, յիշողութեանս մէջ կը յամենան երախտագիտական նայուածքները՝ տամկացած աչքերով դրոշմուած։ Մենք մեր վարձատրութիւնը արդէն ստացած ենք։
Սակայն, միւս կողմէն, երբ ամէն տեղ կը լսենք աղաղակներ ու ճառախօսութիւններ վասն արդարադատութեան ու վասն ճշմարտութեան, մենք ալ կը տարուինք մտածելու, թէ թերթին արձագանգը որքանո՞վ կը ցոլացնէր ճշմարտութիւնը եւ ինչպէ՞ս կարելի էր արդարացնել գործը՝ լուսարձակը սեւեռելով միայն մէկ կէտի վրայ։
Վագըֆլըգիւղի մէջ տակաւին վեց հոգիներ կան, մենք անոնց ալ, եթէ կան նոր եկողներուն ալ նոյն մօտութիւնը եւ ծառայութիւնը պիտի ցուցաբերենք։ Մենք այս է, որ սորվեցանք Սուրբ Գիրքէն եւ մեր պապերէն։ Գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը թող երթայ անոնց, որոնք կարիքն ունին։
Մենք վստահ էինք արդէն, թէ ո՛չ մէկ նշում պիտի կատարուէր Թուրքիոյ մարդասիրական մերձեցումին, նախ քան Սուրիոյ դէպքերը՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կայացած օգնութեան կանչերուն, Քէսապահայութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան լուծման միջոցներուն, Լիբանանի իշխանութեանց հետ կատարուած զանազան յարաբերութեանց ու ապահովուած ճամբորդական ինչ ինչ դիւրութեանց եւ պատրաստուած պետական ժամանակաւոր անցագրերուն, որոնք իբրեւ հիմնական փաստաթուղթ հանդիսացան Լիբանանեան սահմանին վրայ։ Մոռնանք չոր շնորհակալութիւնը, ո՛չ մէկ նշում պիտի կատարուէր, արդէն հակառակը սպասել կարելի չէր, մէկ ջուրով պէտք էր լուացուեր ամէն մարդ։ Որովհետեւ անոնք Թուրք էին։
Իսկ մենք, Հայ ժողովուրդին զաւակները չէի՞նք։ Ի՞նչ էր պատճառը, որ մեզի համար այլեւս հարազատներու վերածուած մեր մամիկներն ու պապիկները տակաւին օդակայանին մէջ խլեցին մեր ձեռքերէն՝ որպէս պատանդներու ազատագրումը թշնամիի ձեռքէն։ Ի՞նչ էր պատճառը, որ մեզ ալ Քէսապցի կարծող կինը մօտեցաւ ու հարց տուաւ՝ «Ձեզի լաւ նայեցա՞ն Վագըֆցիները»։ Ի՞նչ էր պատճառը, որ անտեսուեցաւ Պատրիարքական Աթոռը, որ այդ ուղեւորութեան ընթացքին բարձր մակարդակով ներկայացուեցաւ։ Ի՞նչ էր պատճառը, որ նշում մը իսկ չկատարուեցաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին նպաստին մասին ալ։
Մե՜ղք։
Արտաքին հարուածները կը զօրացնեն ժողովուրդները, որովհետեւ անոնք կը միանան դիմադրելու համար։ Իսկ ներքին հարուածները արդէն քանդելու միտում ունին։
Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան

Ատենապետ Կրօնական Ժողովոյ   

Yorumlar kapatıldı.