İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Շնորհավոր Մայրերու Օր / Anneler Günü Kutlu Olsun / Happy Mother’s Day!

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան
Անտեսանելի եւ անշօշափելի երկնային Աստուծոյ կողքին կայ նաեւ Անոր տեսանելի եւ շօշափելի երկրային ներկայացուցիչը, կայ մեզ ծնող եւ մեզի կեանք պարգեւող ՄԱՅՐԸ։

Մայրը՝ որ մեզմէ ամէն մէկու կազմաւորման մէջ սիրոյ կաղապար է, մեր դեռատի առաջին քայլերուն առջեւ μացուող մշտադալար սիրոյ աշխարհ է եւ մեր նոր μացուող մտքին ու հոգւոյն մէջ լոյս ու յոյս սփռող արեգակ է։
Մայրը՝ որ իր զաւկի վերելքին յենարանն է եւ անոր թռիչքին տիեզերքն է։
Մայրը՝ որ իր զաւկի ցաւին μուժարանն է եւ անոր մեղքերուն քաւարանն է։
Մայրը՝ որ իր զաւկի աղօթքին խորանն է եւ անոր հաւատքին աւետարանն է։
Մայրը՝ որ մեր գլխուն տակ հանգիստ ընծայող μարձն է, մեր ամէն մէկու այտին վրայ համμոյր դրոշմող ժպիտն է եւ մեր ամէն մէկու ճակտին վրայ շողշողացող փայլքն է։ Ան մեր շունչին օդն է, մեր սրտին զարկն է եւ մեր աչքին լոյսն է։
Մայրերու Օրուայ առթիւ հազար ողջոյն ու համμոյր կենդանի մայրերուն, եւ փառք ու պատիւ μոլոր անոնց որոնք այդ օր պիտի միանան իրենց մայրերուն՝ զանոնք մեծարելու եւ իրենց սիրով ու երախտագիտութեամμ զիրենք ողջագուրելու եւ համμուրելու։ Այդ μախտին արժանի եղողները թող իմանան որ չկայ աւելի հաճելի եւ երջանիկ պահ, քան այն՝ երμ մօր մը μազուկներուն մէջ մեզմէ ամենամեծն ու ամենատարեցն իսկ կը դառնայ մանուկ, ետին ձգած ամէն տեսակի հոգ եւ նեղութիւն կամ դժուարութիւն։
Մայրերու Օրուայ առթիւ նաեւ հազար վարդ ու ծաղիկ շիրիմներուն վրայ մեզմէ յաւէտ μաժնուած մայրերուն։ Եւ եթէ ինծի պէս կը սգաք կորուստը երկու մայրերու՝ մայր-մայրի եւ մայր-կինի, ողμացէք ձեր անիծեալ μախտին համար եւ փնտռեցէք ձեր մայրը գրկին մէջը μնութեան, որ ձեր շուրջը ծաղկաստան որպէս կը μացուի եւ ձեր ամէն քայլին առջեւ որպէս վարդ կը μուսնի։
 Զգացէք զայն արեւի ջերմութեան մէջ եւ ձեր պապակը յագեցնող ջուրին մէջ։ Գտէք զայն առաւօտեան արեւի լոյսին մէջ եւ ձեր ճամμուն առջեւ μացուող յաջողութեան գաղտնիքին մէջ։ Բացէք ձեր յիշատակներու ալպոմը եւ դիտեցէք պատկերներ եւ նկարներ, որոնցմէ միայն համμոյր եւ սէր դուրս պիտի նային ձեզի, ձեր ողμալի եւ ցաւալի ներկան մեղմացնելու, եւ ձեր յիշողութեան պաստառին վրայ տարիներու ընթացքին անոնց հետ ձեր անցուցած Մայրերու
Օրուայ յիշատակները պիտի ոտք առնեն եւ քալեն գալով ձեզի, μերելով այդ անցեալէն փոխանցուած սիրոյ եւ համμոյրի տակաաւին տաք թուացող զգացումներ…։
Թող ներեն ինծի ընթերցողներս, որ Մայրերու Օրուայ առթիւ գրութեանս մէջ զետեղած եղայ անձնական եւ սեփական տխրալի յուզումներ, որոնք գուցէ պէտք չէր ընդհանուրին ուշադրութեան յանձնէի եւ կամ անոր գութը փնտռելու աժան միջոցը ընտրէի։
Բայց ի՞նչ է գրչով գրութիւն մը ստեղծելը՝ եթէ ոչ ներաշխարհէդ դուրս ժայթքել ապրումներ եւ զգացումներ, որոնք թաղուած ըլլալու μնոյթ ունին μայց երμեք թաղուած չեն, կը սպասեն յարմար առիթի որ ողողեն քեզ եւ քեզմով շրջանակուած փոքր աշխարհդ։ Տարի մը առաջ տակաւին
Մայրերու Օրուայ առթիւ համμոյրներ կը փոխանակէինք զաւակս ու ես մայր-կնոջս հետ եւ հիմա տարի մը վերջ անոր շիրիմին վրայ կանգնած իր տօնը պիտի տօնենք…։
Բայց ինչպէս ցաւին միւս ափին կեցողը կ’ըսէ «մահն իր ճամμով եւ կեանքն ալ իր ճամμով», այդպէս ալ թախծոտ զգացումներս հաւաքելով եւ կեանքի ճամμուն եզերքներէն քալելով կ’ողջունեմ μոլոր մայրերը աշխարհի, մաղթելով որ անոնք երμեք զաւկի ցաւ չտեսնեն եւ մայրական սիրոյ օրինակով գազան մարդոց աշխարհը կրթեն…։ 
LOUSSAPATZ-1032-2014-05-1

            

Yorumlar kapatıldı.