İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Taziye’nin İçini Doldurmak / ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՈԶԵԼ

Ermenilerin ulusal yas günü arifesinde , T.C Başbakanının diplomatik bir atakla ”Taziye” yayınlamasının amacı ne olursa olsun,99senedir bir ilk olması nedeniyle ve insani açıdan atılmış önemli ve anlamlı bir adım olarak görmek ,sanırım yanlış olmaz:Ancak,yayınlanan ”Taziye”de,1915 kırımında öldürülenlerle, birinci dünya savaşında ölenleri eşitlemek ve aynı torbaya koymak ,bence  büyük bir yanlış,çünkü 1915’te ölen insanların ölüm sebepleri farklı ve failleri de belli,oysa savaşta  ölenlerin durumu tamamen farklı,tarihe sorumlulukla bakmalıyız,savaşta ölenleri, kırımda öldürülenlerle eşitlersek,kırımda ölenlerin anısına saygısızlık ediliyor, gibi bir algı doğar:

Taziye’de ”Ortak Tarih Komisyonu”önerisini vurgulamak ise,herkes tarafından bilinen insanlık dışı bir olayın sorumluluğunu çarpıtarak,ona kılıf aramaktır,Ortak Tarih Komisyonu  kurmak demek ,”Kırım” karşılıklı  yapıldı demek,oysa Anadolu’da kırıma uğrayan halk azınlıkta idi,azınlığın , çoğunluğu kırma tezi gerçeklerden  çok uzak bir yaklaşım:
Taziye’de ”Farklı söylemlerin empati ve hoşgörüyle karşılanması ,karşındakini dinlemek ,acılarını anlamak ve paylaşmak vurgusunun yapılması bir yenilik ve önemli:
T.C Dış İşleri Bakan’ının bir kaç ay önce Erivan’da  sarf ettiği ”Tehcir’in Gayri İnsani ” olduğu ve dolayısıyla ”Kabul edilemez”olduğuna dair söylemlerinden sonra ”Taziye”de bunun tekrar vurgulanması ,bence ,”Resmi Görüş”un ”TEHCİR” e bakışında   ciddi bir değişikliğin  kayda değer bir işareti olarak sayabiliriz:
Herşeyden önce ,T.C Başbakan’ının böyle bir açıklama yapma gereği duyması ,herşeye rağmen olumlu ve önemli bir işaret,ancak ,bu önemin ve anlamın derecesi ”Taziye”den sonra atılması gereken adımların atılıp atılmamasına ve içinin doldurulup doldurulmamasına bağlı:Taziye’nin önemini ve samimiyetini kanıtlamak Türkiye’ye düşmektedir:
Soykırım’ın 100.cu yıldönümü öncesi ,soykırım mağduru yakınlarına simgesel jestler yapma doğrultusunda adımlar atılmalı ve yaklaşılar olmalı:
Öneri bağlamında birkaç örnek sayarsak:
–Soykırımın failleri ifşa edilmeli ,kınanmalı ve onların tüm izleri yok edilmeli, anımasaları silinmeli:
–Savaşta ölenlere gösterilen saygı ve Kırımda ölenlere gösterilen saygı birbirinden ayrılmalı.
–Soykırım Suçu ,”İnsanlık Suçu”olarak algılanmalı.
–Ders kitaplarından,azınlıklara yönelik,Kin ve Nefret,Aşağlayıcı  sözler içeren cümleler temizlenmeli:
–Azınlıkların yoğun olduğu bazı mahallelerdeki militarist sokak ve cadde isimlei değiştirilmeli(Örneğin:
   Bozkurt Caddesi,Savaş sokağı  gibi),ve o sokakların bazılarına,azınlıkların toplumsal hafızalarına hitap edecek isimler verilmeli(örneğin Taksim’de bir sokağa Kirkor Zohrab,Bakırköy’debir sokağa Dr.Rupen Sevag,Pangaltı’da bir sokağa Hrant Dink adı gibi):
–Hocalı mitingi örneğinin tekrar yaşanmasını önlemek.
–Ermenistan sınırını açmak,diplomatik ilişkileri geliştirmek
–Soykırım mağdurlarından gasp edilen simgesel öneme haiz yapılardan birini  1915 müzesi haline getirmek.
–Diaspora’daki Soykırım mağduru  yakınlarına arzu edildiğinde T.C vatamdaşlık hakkı vermek:
–Anadolu’da 1915 ile ilgili bir anıt dikmek.
Dostluğa  hizmet eden benzeri  daha birçok öneriler sıralanabilinir:
Dr.med.Sarkis Adam 
sarkis_adam@yahoo.de
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՈԶԵԼ:
Հայերու ազգային սուգի օրի 24 Ապրիլի նախօրին Թ.Հ վարչապետի կողմէ դիւանագիտական սրընթացութեամբ մը հրապարակուեցաւ,1915 ի դէպքերու վերաբերեալ “Ցաւակցութիւն” մը: Ըստ իս, 99 տարիներէ ի վեր  նետուած առաջին քայլ մը ըլլալու առումով, նպատակը ինչ~ որ ալ ըլլայ մարդկային,կարեւոր ու նշանակալից յայտարարութիւն մըն է:Սակայն ,յայտարարութիւնէն կը հասկնամ թէ,Թուրքիա,Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու նոր ոճ մը կը որդեգրէ:
Յայտարարութեան ամէն մէկ նախադասութիւնը քօղարկուած է ժխտողական ու մերժողական գաղափարներով : Յայտարարութեան մէջ կը փորձուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը կապել Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի հետ, որը ըստ իս,դիւանագիտական ծուղակ մըն է:Պատերազմի զոհերը եւ “Կոտարած”ի զոհերը  իրարու հետ համադասել,ըստ իս, մեծ սխալ մըն է, քանի որ, մահուան պատճառները  իրարմէ բոլորովին  տարբեր են, եւ նաեւ, ջարդի զոհերու յանձագործերը յայտնի են:Ջարդի զոհերու յիշատակի յարգանքը ,պատերազմի զոհերու յիշատակի յարգանքի հետ համակարգ նկատել, ջարդի զոհերուն յիշատակին անյարգանքի  հասկացողութեան  մը կրնայ ծնունդ տալ , որը ժխտական կեցուածք է:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի նաեւ,” Պատմաբաններու Յանձնաժողովի Կազմութիւն” մը,որը նախապէս ալ առաջարկուած էր:Ըստ իս ,այս առաջարկը,բոլորի կողմէ յայտնի անմարդկային միջադէպ մը աղաւաղելու համար գործադրուած առաջարկ մըն է:Պատմաբաններու Հասարակաց Յանձնժողով մը գումարել կը նշանակէ,”Ջարդը  փոխադարձապէս տեղի ունեցած է” ըսել է, բայց պէտք յիշուի թէ, այդ ժամանակներուն կոտորածի կամ ջարդի մատնուած  ժողովոըրդը , Անատոլոիւ մէջ փոքրամասնութիւն մըն էր, հետեւաբար ,փոքրամաս ժողովուրդ մը մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդը կոտրելու կամ  ջարդելու  գաղափարը  փաստացի իրակունութիւնէն շատ հեռու գաղափար մըն է :
Կը նշուի նաեւ թէ,այդ ժամանակ Անատոլուի մէջ ոչ միայն հայ ժողովուրդը ,այլ նաեւ կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները ողբերգութիւններ ու ցաւեր ապրած են:Այս խօսքերով կը փորձուի ցոյց տալ որ,ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցէր, որը մերժողական քաղաքականութեան դրսերեւոյթ   է:Յայտարարութեան մէջ կ’ընթգծուի նաեւ ,տարբեր գաղափարներու նկատմամբ լայնախոհ եւ հանդուրժողական ըլլալու, խօսակիցի խօսքերուն ականջ տալու հրամայականը,եւ անոր ցաւերուն ցաւակից ըլլալու շեշտը,որը  ըստ իս կարեւոր նորութիւն մըն է:
Ցաւակցութեան մէջ կը նշուի “Տեղահանութեան ” աւերներուն ու հետեւանքներուն անմարդկայինութիւնը եւ անընդունելիութիւնը,որը  մի քանի ամիս առաջ Թ.Հ Արտաքին Գործոծ նախարարը  Եւրեւանի մէջ արտասանած էր, հետեւաբար նոյն արտայայտութեան կրկնութիւնը կը նշանակէ թէ,Թուրքիոյ “Տեղահանութեան” նկատմամբ իր “Պաշտօնական Տեսակէտ”ը  հաւանաբար փոխուած է եւ կամ պիտի փոխէ,որը ուշագրաւ նշանակութիւն մը կրնանք համարել:
Թուրքիոյ  վարչապետի մը 24 Ապրիլի նախօրին “Ցաւակցութիւն” մը  հրատարակելու կարիք զգալը ,չնայած ամէն ինչի դրական ու կարեւր նշան մը կարելիէ համարել:
Ցաւակցութեան, անկեղծութիւնը , կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը իմաստ պիտի ստանայ ,երբ որ, ցաւակցութեան յայտարարութեան  կը յաջորդէ  Թուքիոյ կողմէ նետուած որոշակի քայլեր:Ըստ իս,այդ պարագային է որ'”Ցաւակցութիւն” ը  իր անկեղծութիւնը ու կարեւորութիւնը  հասարակութեան համազած կ’ըլլայ: 
Եթէ,Թուրքիա “Ցաւակցութիւն”էն լաւ արձահանք կ’սպասէ,նախ հարցի նկատմամբ  մօտեցում մը պէտք է որ ունենայ, ցեղասպանութեան 100րդ. ամեակէն առաջ, ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն  ուղղեալ մօտեցումներ եւ  սիրաշահ վերաբերումներ ցոյց տալու է:
Այս կապակցութեամբ որպէս մի քանի առաջարկներ կարելի է ընել:
Ա-Ցեղասպանութեան յանձագործերը  բացայայտել ,անոնք մեղադրել  եւ անոնց բոլոր
    յիշատակելի հետքերը  հասարակութիւնէն ջնջել:
Բ-Պատերազմի զոհերու յիշատակութեան յարգանքը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգանքը , իրարմէ զանազանել:
Գ-Ցեղասպանութիւնը ընդունիլ որպէս”Մարդկութեան Դէմ Գործուած Յանձագործութիւն”
Դ-Դասագիրքերը մաքրել,փոքրամասնութիւններու ուղղեալ ատելական, վարկաբեկիչ,խտրութիւն  սերմանող գրութիւններէ:
Զ-Փոքրամասնութեան հոծաբնակ որոշակի թաղամասերու մի քանի փողոց ու պողատաներու  զինուորապաշտական անուանակոչութիւնը (Օրինակ:Սավաշ Փողոց,Պօզգուրթ Ճատտէսի,Էրկէնէքօն Ճատտէսի)փոխել , փոքրամասնութիւններու անցեալի յիշողութիւնը թարմացնող անուններով ( Օրինակ: Թագսիմի փողոցներուն մէկուն  Գրիգոր Զօհրապ,Պաքըրգիւղի փողոցներուն մէկուն Տօքթ.Ռուբէն Սեւակ,Պէյօղլուի փողոցներուն մէկուն Դանիէլ Վարուժան, Բանկալթիի փողոցներուն մէկուն Հրանդ Տինք  անունը տալ):
Է-Խօջալի հանրահաւաքի օրինակին կրկնութիւնը կանխարգիլել:
Ը-Հայաստանի սահմանը բանալ եւ դիւանագիտական փոխյարաբերութիւնները զարգացնել:
Թ-Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ հարազատներու ինչքերը,գոյքերը, եւ անձնական սեփականութիւնները  բռնագրաւելով պետական գանձ ու կառոյց դարձուածներէն խորհրդանշանական կարեւորութիւն ունեցողներէն  մին “1915 ի Թանգարան” վերացել:
Ժ-Ցեղասպանութեան սփիւռքի մէջ ապրող հարազատներուն ,եթէ  կը փափաքին ,Թ.Հ քաղացիութեան իրաւունք շնորհել:
Ի- 1915  ի Յուշարձան կառուցանել:
Այս առաջարկի օրինակները կարելի է բազմացնել:
 Տօքթ.Սարգիս Ատամ
sarkis_adam@yahoo.de

Yorumlar kapatıldı.