İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան 20 Ապրիլ Կիրակի օրը, Ս. Յարութեան Տօնին, կէսօրէ ետք այցելեց Պիլէֆէլտի Հայ Համայնքը, ուր յետ համայնքի Զատկական Ս. Պատարագի նախատեսուած էր շքանշանի եւ օրհնութեան գրի տուուչութիւն: Գարեգին Սրբազան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Ներսէս Շնորհալի բարձր  շքանշանով պարգեւատրեց համայնքի ատենապետ Տոքթ. Այհան Թուրանօղլուն եւ Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրով` Տիկին Անահիտ Թուրանօղլուն, իրենց նուիրեալ երկարամեայ ծառայութեան համար:


ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIՃZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 KՓln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
 www.armenische-kirche.de, E-Mail: armenische_dioezese@hotmail.com
Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան, Առաջնորդ Erzbischof Karekin Bekdjian, Primas
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
* Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան 20 Ապրիլ Կիրակի օրը, Ս. Յարութեան Տօնին,
կէսօրէ ետք այցելեց Պիլէֆէլտի Հայ Համայնքը, ուր յետ համայնքի Զատկական Ս. Պատարագի նախատեսուած էր շքանշանի եւ օրհնութեան գրի տուուչութիւն: Գարեգին Սրբազան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Ներսէս Շնորհալի բարձր  շքանշանով պարգեւատրեց համայնքի ատենապետ Տոքթ. Այհան Թուրանօղլուն եւ Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրով` Տիկին Անահիտ Թուրանօղլուն, իրենց նուիրեալ երկարամեայ ծառայութեան համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակի առթիւ Գերմանահայոց Թեմի
համայնքներու եւ զանազան քաղաքներու մէջ կազմակերպուած էին
հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ յուշերեկոներ:
 24 Ապրիլ 2014-ին Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի «Փաուլսքիրխէ»
պատմական վայրին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած Կեդրոնական Յուշատօնը` կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի: Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին գերմանական խորհրդարանի եւ Հէսսէն նահանգի պատգամաւորներ, դիւանագէտներ, միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 700 հարիւր հայեր` ժամանած Գերմանիոյ տարբեր վայրերէն: Ձեռնարկին բացումը յանուն կազմակերպիչներու կատարեց ԳԿԽ-ի փոխատենապետ Մատլէն Վարդեան: Այնուհետ ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՀ Գերմանիոյ դեսպան պրն. Վահան Յովհաննէսեան:
Բանախօսեցին Պունտեսթակի պատգամաւոր Տիթմար Նիթան եւ Պօխումէն Տոքթ. Քրիսթին Փլաթ: Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Գեղարդի վանքի երգչախումբը, որ այս օրերուն համերգներ տալու եկած է Գերմանիա:
Ոգեկոչման Կեդրոնական Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Թեմիս Փոխառաջնորդ Սերովբէ վարդապետ Իսախանեանի յիշատակի խօսքով եւ Հոգեհանգստեան աղօթքով:
  24 Ապրիլի առաւօտեան, Քէօլնի Ս. Սահակ-Մեսրոպ Առաջնորդանիստ Մայր
Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ մասնաւոր
հոգեհանգստեան պաշտօն Մայր Աթոռէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Հոգշ. Տ. Երեմիա աբեղայ Աբգարեանի կողմէ:
Իսկ երեկոյեան ժամը 19-ին Քէօլնի Հայ Համայնքի եւ Սիլվա Կապուտիկեան
Գերմանահայ Կանանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած յուշատօն մը տեղի ունեցաւ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ եւ վարչականներ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմահարիւր հիւրեր: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան համայնքի ատենապետուհի Տիկին Մինու Նիքփայ, CDU կուսակցութեան երեսփոխան Տիկին Կիզէլա Մանտէրլա, եւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Իլիաս Գէորգ Ույար: Յուշերեկոյի հիմնական բանախօսն էր պատմաբան Միխաէլ Հէսէմանը:
Յուշատօնի երաժտական բաժինը ստանցնած էր Գէօլնի Հայ Համայնքի »Կոմիտաս« եւ Սիլվա Կապուտիկեան Կանանց միութեան »Կրունկ« երգչախումբերը Արտակ Ոսկանեանի ղեկավարութեամբ: Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք Հայր Երեմիայի եւ Տէր Հրաչի կողմէ, ներկայ հիւր եկեղեցականներու մասնակցութեամբ:
 Նոյն օրը Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանը, իր հետն ունենալով Մայր Աթոռէն
հիւրաբար ժամանած Հոգշ. Տ. Մինաս աբեղայ Հախվերտեանը, Պէռլինի մէջ
մասնակցեցաւ Պէռլինի Հայ Եկեղեցական եւ Մշակութային համայնքի եւ Պէռլինի Հայ Համայնքի միասնական յուշատօնին, կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ իր խօսքն ուղղեց ներկաներուն: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Պեռլինի Հայ Համայնքի ատենապետ Տիար Վարդգէս Ալեանաք եւ ՀՀ Դեսպանութեան Խորհրդակատար Տիար Աշոտ Սմբատեան: Յուշատօնի բանախօսն էր Պոխումի Րուհր Համալսարանէն Փրոֆ. Տոքթ. Լուսիան Հէօլշէրը: Յուշատոնի երաժտական բաժինը ստանձնած էին մեներգչուհի Հրաչուհի Պասէնց եւ դաշնակահարուհի Անահիտ Տէր-Տաճատեան: Իսկ Տիկին Աննէ Օսթէրլոհ ընդերցումներ կատարեց Եղսաբէթ Մալաքեանի յուշերէն:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը երգեցին Պեռլինի Հայ Եկեղեցական Համայնքի երգչախումբը առաջնորդութեամբ երգիչ Արտակ Կիրակոսեան եւ Ասատուր Պալճեան:
 Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը 24 Ապրիլին նշուեցաւ նաեւ Շթութկարթի մէջ յատուկ յայտագիրով մը: Նախ համայնքայինները Տէր Տիրատուր քհնյ. Սարտարեանի առաջնորդութեամբ այցելեցին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարը եւ կատարեցին հոգեհանգստեան արարողութիւն:
 Իսկ ժամը 19-ին Պատ Քանշթաթի Լութէր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուշերեկոյ բազմաթիւ հայ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամբ: Տէր Տիրատուրի ողջունի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան »Կանանչներ« Կուսակցութեան պատգամաւոր Տիար Վիլլի Հալթէր, Քրիստոնեայ Տէմոքրաթական Կուսակցութեան Քրիստոնեայ-Ալեւիթ աշխատախումբի ներկայացուցիչ Տիկին Պիրկիւլ Աքփընար եւ բողոքական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Ուլրիխ
Մակի եւ Արամէացիներու Միութեան ներկայացուցիչ Տիար Ասլան Տէմիր: Յուշատօնի գլխաւոր բանախօսն էր Քոնսթանց քաղաքի համալսարանէն Փրոֆ. Տոքթ. Պորիս Պարթին: Յուշատօնի երաժշտական բաժինը ստանցնած էին Էրիսթինա Ալթունեան եւ Լուիզա Սպան:
 Ի յիշատակ Մէծ Եղեռնի 24 Ապրիլին Պրէմէնի մէջ հայկական խաչքարի առջեւ
կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տ. Գնել Քհնյ. Գաբրիէլեանի կողմէ եւ տեղի ունեցաւ յուշատօն մը բազմաթիւ հայ եւ գերմանացի հիւրերու մասնակցութեամբ:
 26 Ապրիլ Շաբաթ օրը Համպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 99-ամեակին նուիրուած յուշատօն մը Հայ եւ Ասորի Հաստատութիւններու միասնական կազմակերպութեամբ եւ Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանի հանդիսապետութեամբ, որ նաեւ իր յատուկ խօսքը արտասանեց ընդգծելով ցեղասպանութեան երեւոյթները: Իրենց խօսքերով ելոյթ ունեցան Համպուրկի Նահանքային Խորհուրդի երեսփոխան Ալի Շիմշէք, »Ցեղասպանութեան Դէմ« Միութեան ներկայացուցիչ Ալի Էրթէմ եւ Գարեգին Սրբազան: Յուշատօնի երաժշտական բաժինը ստանձնած էին Գայիանէ Երգչախումբը,
մեներգչուհի Եքաթարինա Բոբովա եւ Ասորի Ս. Տիմէթ Համայնքի երգչախումբը:
 Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Միւնխէնի մէջ, 26
Ապրիլին, Միւնխէնի Հայ Համայնքի, Պաւարիոյ Հայ Հայրենակցական Միութեան եւ Հայկական Հարցի Հաստատութեան միասնական ուժերով կազմակերպուած ոգեկոչման յուշատօնով մը:
 Երեկոյին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերմանիոյ Արտակարգ
եւ ԼիազորԴդեսպան Պարոն Վահան Յովհաննէսեանը, Գերմանիոյ Կեդրոնական Խորհրդի ատենապետ Պարոն Նազարէթ Աղեկեանը, Հայկական Հարցերու Հաստատութեան ատենապետ Տիկին Ալիս Մարուխեանը, Հայաստան
Համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մասնաճիւղի նախագահ պարոն Ժիլպէր Մոմճեանը եւ բազմաթիւ հայ եւ գերմանացի հիւրեր:
 Յուշատօնը սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ: Ապա ներկաներուն
ողջունեցին Տիկին Մարուխեանն ու Տիկին Անի Չաքըր: Օրուայ բանախօսն էր համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Այգիկ Քհնյ. Յովհաննիսեանը: Ներկաներուն իր խօսքն ուղղեցին նաեւ Դեսպան Տիար Վահան Յովեհաննէսեան եւ Տիար Նազարէթ Աղեկեան: Երեկոն շարունակուեցաւ մշակութային յայտագրով, արտասանութիւններով եւ երաժտական ներկայացումներով:
 Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակի առթիւ 27 Ապրիլին յուշատօն մը
կազմակերպուած էր Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքի կողմէ: Համայնքայինները իրենց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Այգիկ Քհնյ. Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ նախ այցելեցին  Նիւրնպէրկէն ոչ շատ հեռու Հէօհշթաթ քաղաքի մէջ տարիներ առաջ տեղադրուած խաչքարը, որու առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ Մեծ Եղեռնի 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Ապա ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեցին Համայնքի ատենապետուհի Տիկին Տոքթ. Ասոյեան-Լինքը եւ Տէր Այգիկը: Յուշատօնին հնչեցին երգեր եւ կատարուեցան արտասանութիւններ:
 21 Ապրիլին Գարեգին Սրբազանը Համպուրկի մէջ մասնակցեցաւ զատկական
միջեկեղեցական արարողութեան մը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի Ս. Մարիամ եւ Ս. Շմունի Ասորի-Ուղղ. Եկեղեցւոյ մէջ, հայ, ասորի, կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Քէօլն, 29.04.2014 Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.