Եկեղեցին պարտաւոր է յստակ կեցուածք ունենալ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ տեղի ունեցող բժշկական վիժումներուն մասին, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խախտել մեր գոյութենական պայքարի հիմերը:
Աստուածաշնչական ուսուցումի համաձայն, դատապարտելի է վիժումը զանազան պատճառներով: Թէեւ շատեր կ’առարկեն, եւ ճիշդ է, որ «վիժում» բառը գոյութիւն չունի Աստուածաշունչին մէջ, սակայն եւ այնպէս վիժումի մասին ուսուցումները այդտեղ են: Այս է իրողութիւնը նաեւ շատ մը ա՛յլ ուսուցումներու մասին: Օրինակի համար՝ «Երրորդութիւն» բառը գոյութիւն չունի Աստուածաշունչին մէջ, բայց այդ մասին ստուար տեղեկութիւններ կան: Հաւանաբար բոլոր անոնք, որոնք կ’ուրանան եւ կը ժխտեն սուրբ գրոց ուսուցումները, անկասկած պիտի ուրանան եւ ժխտեն նոյնիսկ՝ եթէ այդ բառը որոշակի կերպով արձանագրուած ըլլար Աստուածաշունչին մէջ:
Նախ ակնարկ մը նետենք աստուածաշնչական ուսուցումի պատճառաբանութեանց եւ մեկնաբանութեանց վրայ, տեսնելու համար թէ ինչո՞ւ սաղմնաւորուած երախայի մը կանխամտածուած փճացումը շատ սխալ է եւ անիրաւ:
Աստուածաշունչը մեզի կ’ուսուցանէ որ մարդկային կեանքը տարբեր է միւս բոլոր կեանքերէն, որովհետեւ մարդ արարածը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն: Այս մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կան Ծննդոց Գիրքէն սկսեալ. «Եւ ըսաւ Աստուած. Մարդը ստեղծենք, մեր պատկերին նման, մեր նմանութեամբ, եւ իշխէ ան ծովու ձուկերուն, երկինքի թռչուններուն, անասուններուն եւ ամբողջ երկրին, եւ բոլոր սողուններուն, որ կը սողան երկրի վրայ: Եւ Աստուած ստեղծեց մարդն իր պատկերին նմանութեամբ. Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծեց զայն, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք:» (Ծննդ. 1:26-27):
Ինչպէս կը տեսնենք, երեք անգամ կը գործածուի «ստեղծել» բառը, շեշտելու համար այն իրողութիւնը որ արարչագործութեան գլուխ գործոցը՝ մարդ արարածի ստեղծագործութիւնն էր, որուն յանձնուեցաւ իշխել միւս բոլոր ստեղծուածներուն վրայ: Նոյնիսկ ադամական մեղքը չկրցաւ աստուածային պատկերը մարդուն մէջ եղծանել, եւ ճիշդ ատոր համար Յակոբ Առաքեալի Ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց չկայ մէկը որ մարդկային լեզուն կրցած ըլլայ հնազանդեցնել, (այդ) չարն ու անկարգը, եւ (այդ) մահաբեր թոյնով լեցուածը: Անով կ’օրհնենք Տէրը եւ Հայրը, եւ անով կ’անիծենք մարդիկ, որոնք Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած են:» (Յակոբ. 3:8-9):
Հետեւաբար, մարդ ըլլալ կը նշանակէ աստուածային պատկեր ունենալ: Որովհետեւ մենք՝ պատահականօրէն պարզապէս իրարու քով նետուած-հաւաքուած բջիջներ չենք անանձնական ուժերու կողմէ, ընդհակառակը, մենք կ’արտացոլացնենք պատկերը յաւիտենական Աստուծոյ, որ կը ճանչնար մեզ մեր ծնունդէն առաջ եւ մեզ ստեղծած է յատուկ նպատակով:
Ուրեմն՝ Աստուած ո’չ միայն ստեղծեց մեզ, այլ եւ արժէքաւորեց-գնահատեց մեզ: Եւ ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուած մեզ այնքա՜ն սիրեց, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մեզ փրկելու համար: Այս բոլորը գիտնալով, կրնա՞նք ըսել որ մարդ արարածը գործածուած ապարանքի պէս կրնանք նետել, ինչպէս պիտի ընէինք մեր հինցած ինքնաշարժի պարագային: Անկասկած ո’չ, որովհետեւ մարդկային կեանքը սուրբ է եւ աւելի սրբազան քան մենք կրնանք երեւակայել:
Դարձեալ՝ Աստուածաշունչը մեզի կ’ուսուցանէ թէ մօրը արգանդին մէջ եղող երախան, ճշմարիտ մարդ արարած է, որ իր սիրոյ կապը ունի Տիրոջ հետ: Եւ ինչպէս Սաղմոսերգուն կը վկայէ. «Թաքուն չմնաց քեզմէ նոյնիսկ ոսկորներէս մէկը, երբ ծածկաբար կազմեցիր զիս» (Սաղմ. 139:15): «Դուն ես, որ մօրս արգանդէն հանեցիր զիս, Դուն ես իմ յոյսս» (Սաղմ. 22:10): Նոյն վկայութիւնը կ’ընէ Պօղոս Առաքեալ իր Գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ. «Բայց երբ Աստուած ուզեց՝ իմ մօրս արգանդէն ընտրեց զիս, եւ իր շնորհքներուն ազդեցութեամբ կոչեց զիս» (Գաղ. 1:15):
Արդարութիւնը այն արարքն է որու միջոցաւ մարդ արարածը կը միջամտէ օգնելու անկարողին, տկարին եւ անտէրին, եւ ինչպէս Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Այն ատեն արդարութիւնը պիտի ծագի անոր օրով, եւ մեծ խաղաղութիւն պիտի տիրէ… Որովհետեւ աղքատը փրկեց ան հզօրի բռնակալութենէն, աղքատն ու տնանկը, որ չունի իրեն օգնական» (Սաղմ. 72:7,12): Ի վերջոյ ճշմարիտ արդարութիւնը նոյն ինքն Քրիստոս է, «Որովհետեւ անո’ր միջոցով կը գտնուիք դուք Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ իմաստութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ մեզի Աստուծոյ կողմէ» (Ա.Կորնթ.1:30):
Աստուած արդար է իր ժողովուրդին հանդէպ, եւ կ’ակնկալէ նաեւ որ իր ժողովուրդը արդար ըլլան իրարու հանդէպ. «Այնպէս գթասիրտ եղէք ինչպէս ձեր Հայրը գթասիրտ է» (Ղուկ. 6:36): «Բոլոր այն բաները, որոնք ընդհանրապէս դուք կ’ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ ա’յդ ըրէք անոնց» (Մատթ.7:12):
Վիժումը ճիշդ հակառակն է աստուածաշնչական այս ուսուցումներուն, այլ խօսքով՝ ան խորտակումն ու աւերումն է անկարողին, անօգնականին: Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, չենք կրնար անտարբեր մնալ ո’չ-աստուածահաճոյ այս գայթակղեցուցիչ եւ աւերիչ երեւոյթին նկատմամբ:
Քրիստոս իր մասնաւոր եւ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուց աղքատները, անկեալները եւ արհամարhուածները եւ մասնաւորաբար մանուկները: Ան իր սիրով խորտակեց արհեստական մարդկային բոլոր պատուարները եւ բոլոր մարդիկը նկատեց իրերահաւասար: Նոյնիսկ երբ Առաքեալներ փորձեցին երախաները հեռու պահել իրմէ, չվարանեցաւ ըսելու. «Թոյլ տուէք այդ մանուկներուն եւ արգելք մի՛ ըլլաք որ ինծի գան անոնք, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկնքի արքայութիւնը» (Մատթ.19:14):
Երբ խնդրոյ առարկայ է մարդկային արժանապատուութիւնը, Քրիստոս կը ջնջէ բոլոր տարբերութիւնները,– կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ իր Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ. « Խտրութիւն չկա’յ այլեւս, ո’չ հրեայի եւ ո’չ հեթանոսի, ո’չ ստրուկի եւ ո’չ ազատի, ո’չ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ, որովհետեւ բոլորդ մէկ էք դուք Քրիստոս Յիսուսի մէջ» (Գաղտ. 3:28):
Նկատի ունենալով աստուածաշնչական մեծագոյն ճշմարտութիւնը, որ ՍԷՐն է, կարելի է յայտարարել որ մարդասպանութիւնը կը հակասէ եւ կ’աղաւաղէ ճմարիտ սիրոյ հասկացողութիւնը մարդ արարածին մէջ, որովհետեւ սպաննել՝ կը նշանակէ չանսալ Տիրոջ պատուէրին:
Վիժումը՝ մահ է, սակայն «Քրիստոս եկաւ յաղթելու մահուան, որպէսզի մենք կեանք ունենանք, եւ աւելիով ունենանք» (տե՛ս Յովհ. 10:10), եւ ինչպէս շարականագիր հայրապետը կ՛ըսէ. «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ Յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Այս անմարդկային տխուր երեւոյթը կրօնականէն անդին իր անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ մեր հասարակական կեանքին մէջ: Եթէ չկան բժիշկի կողմէ մատնանշուած եւ ապացուցուած յատուկ պատճառներ, որոնք կրնան անյապաղ վերահաս մահ պատճառել յղի կնոջ, այդ պարագային վիժումը կը դառնայ սպաննութիւն եւ արարք մը՝ Աստուծոյ կամքին հակառակ:
Բժշկական գիտութիւնը իր զանազան պատճառաբանութիւններով դէմ է վիժումի: Տանք մի քանի գլխաւոր օրինակներ.-
1. Արգասաւորման ժամանակ սաղմը (embryo) ծննդականօրէն (genetically) անջատ է մօրմէն: Նոյն տրամաբանութեամբ՝ աճող սաղմը տարբեր է սերմէն եւ ձուիկէն որ ստեղծեցին զինք: Մարդ արարածը ունի 46 երփնահատ (chromosome), երբեմն 47, իսկ սերմն ու ձուիկը ունին 23 երփնահատ: Մասնագէտ ծննդաբան մը կարող է զատորոշել ՏՆԱ-ի (DNA) տարբերութիւնը սաղմի եւ սերմ ու ձուիկի: Բայց եւ այնպէս, ծննդաբանը չի կրնար զանազանել ՏՆԱ-ը աճող սաղմին եւ չափահաս մարդ արարածին:
2. Բժշկութիւնը «մահը» կը սահմանէ որպէս սրտի զարկի դադարում եւ հետեւաբար սրտի զարկ կը նշանակէ «կեանք»: Սիրտը մօր արգանդին մէջ իր լրիւ կերպարը կ’ունենայ 18րդ օրը: Հետեւաբար, եթէ սրտի զարկը որոշիչն է կեանքի, ուստի բոլոր վիժումներն ալ պէտք է ապօրէն նկատուին:
3. Աճող սաղմը (fetus) իր իւրայտուկ մատնահետքերը ունի: Գիտական նորարար գործիքներ (sonography) մեզի կ’ընծայեն առիթը տեսնելու երախան իր մօր արգանդին մէջ թէ ինչպէս կ’աճի ան: Կը տեսնենք անոր աչքերը, ականջները, քիթն ու բերանը: Մեր տեսողական իմացականութիւնը կը յայտնէ մեզի որ երախան աճման մէջ է: Հետեւաբար կաrելի չէ ըսել որ մեր տեսածը նախանիւթ (protoplasm) մըն է միայն, այլ աճող կեանք մը մօր արգանդին մէջ:
Դժբախտաբար Ամերիկեան Բարձրագոյն Ատեանի որոշումը վիժումի պարագային խուսափում մըն է ճշմարտութենէն, «մեղքը» թողլով բժշկութեան, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վրայ, ըսելով որ եթէ անոնք չեն կրնար յստակ տեսակէտի մը յանգիլ, հետեւաբար մենք չենք կրնար յստակ որոշում մը առնել:
Հակառակ այն իրողութեան որ չծնած երախաներ պաշտպանուած են Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւանց յատուկ յայտարարութեամբ, եւ հակառակ այն իրողութեան որ բժիշկներ իրենց ասպարէզը չսկսած կ’երդնուն որ արգանդակալ (pessary) պիտի չտան կանանց վիժումին համար, դժբախտաբար կը շարունակուին վիժումները, անհասկնալի չափերով եւ միջոցներով:
Ոմանք աւելի փիլիսոփայական եւ ծայրայեղ կը մօտենան հարցին: Տոքթ. Ժոզէֆ Ֆլէչըր (Dr. Joseph Fletcher) իր «Humanhood» խորագրով գրքին մէջ, հետեւեալ մօտեցումը կ’արտայայտէ. «Մարդ արարածը իր ուշիմութեան ցած մակարդակով, կարելի չէ նկատել «անձ» (person), նոյնիսկ եթէ իր գործարանները կը բանին եւ յարատեւ աճման մէջ են»: Մէկ խօսքով, Տոքթ. Ֆլէչըր կը թելադրէ թէ մարդը ճշգրիտ անձ մը չէ եթէ իր ուշիմութեան մակարդակը՝ IQ-ն 40-էն վար է:
Ինչպէս կը տեսնենք, զանազան թեր եւ դէմ մեկնաբանութիւններ կան վիժումի մասին, աստուածաշնչական, բժշկական, իրաւաբանական եւ փիլիսոփայական: Տրամաբանութիւնն ու աստուածաշնչական ուսուցումները կ’ընդունին այն քրիստոնեաները որոնք կը պաշտպանեն սրբութիւնը մարդկային կեանքին:
Այս բոլորէն զատ եւ անկախ, կան նաեւ մեր ազգային գոյութեան եւ յարատեւութեան մարտահրաւէրները, որոնք սերտ կապ ունին վիժումին հետ: Հայ ժողովուրդն ալ անմասն չէ մնացած այս ազգակործան փորձութիւններէն, ինչ որ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները: Մենք մեղադրական խոսքերով չենք մօտենար այս հարցին, ընդհակառակը կը թողունք զայն իւրաքանչիւր անհատի խղճին:
Մեր մտահոգութիւնները այս պարագային, կը բխին վճիտ աղբիւրէ: Նկատի ունենալով որ նահատակութիւններ, ջարդեր եւ սովեր տեսած ժողովուրդ ենք, որոնց հետեւանքով նուազած է մեր ազգին քանակը, պարտաւոր ենք աւելի զգօնութեամբ մօտենալու այս հարցին, եւ կ’ակնկալենք որ մեր Եկեղեցին, իր յաջորդ Եպիսկոպոսական Ժողովով, անպայման ըսելիք մը ունենայ այս հրատապ եւ հասարակութիւնը յուզող շա՜տ լուրջ հարցի մասին:
Յ.Գ.
Այս յօդուածին պիտի ուզէի կցել, Willi Hofsümmer-ի ապրումներու մէկ դրսեւորումը.
Աշխարհ չելած երախայի մը օրագրէն…
Մայիս 1.- Հօրս ու մօրս սէրը՝ կեանքի կոչեցին զիս:
Մայիս 15.-Երակներս կը կազմուին, եւ արագօրէն կը ձեւաւորուի մարմինս:
Մայիս 19.- Բերան մը ունիմ արդէն:
Մայիս 21.- Սիրտս սկսած է բաբախել: Ո՞վ կրնայ կասկածիլ,- կ’ապրի՛մ ես արդէն:
Մայիս 22.- Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ կը մտահոգուի իմ մայրս:
Մայիս 28.- Աճիլ սկսած են թեւերս ու սրունքներս եւ սկսած եմ շարժել զանոնք:
Յունիս 6.- Ձեռքերս սկսած են բողբոջիլ: Անոնք որքա՜ն հաճոյք կը պատճառեն ինծի:
Յունիս 15.- Այսօր, առաջին անգամն է, որ մայրս անդրադարձաւ, թէ իր ծոցին մէջն եմ ես:
Յունիս 20.- Ստոյգ է, որ աղջնակ մըն եմ:
Յունիս 24.- Արդէն գրեթէ ամբողջապէս կազմուած են մարմնիս բոլոր անդամները:
Յուլիս 6.- Մազեր սկսած եմ ունենալ եւ յօնքեր. սկսած եմ գեղեցկանալ:
Յուլիս 8.- Ամբողջապէս կազմուած են աչքերս: Շուտով պիտի տեսնեմ մայրս որ իր ծոցին մէջ կրեց զիս:
Յուլիս 19.- Կանոնաւոր կերպով կը բաբախէ սիրտս: Ապահով կը զգամ եւ լի եմ երջանկութեամբ:
Յուլիս 20.- Այսօր զիս սպաննեց իմ մայրս…
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. ԺԲ.
4 Ապրիլ 2014
Yorumlar kapatıldı.