İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՒՄ»

Անգամ մը եւսդէմ յանդիման կըգտնուինք կանոնական եւսահմանադրական խախտումներու: Կարծէքհամասփիւռ հայութեան կարծիքը, հայրենիքէն ներս թէդուրս, իմաստ եւկարեւորութիւն չունի ԱմենայնՀայոց Հայրապետին համար:  

Անցեալ տարի Նոյեմբերամսուն լայնօրէն անդրադարձածէինք այս տխուրիրողութեան եւ մանրամասնօրէնվերլուծած էինք Գ.Հ.Խ.իգոյութեան պատճառները ուզարգացումը տարիներու ընթացքին:
Մեր վերլուծման մէջյստակ կերպով ցոյցտուած էինք որ1945-էն ի վերոչ մէկկանոնադրութիւն վաւերացուած ուհաստատուած է ԱզգայինԵկեղեցական Ժողովի կողմէ՝առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար Գ.Հ.Խ.իանդամներուն նշանակովի հանգամանքըըստ էութեան անօրինականէ եւ անվաւեր:
Քաջ գիտակցելով այսճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւել եւս դատապարտելիէ Գ.Հ.Խ.իհին եւ նորկազմին՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցածանդամներուն կրաւորական եւստրկական վիճակը: Եթէնկատի պիտի չառնուինկանոնական եւ սահմանադրականօրէնքներ, եւ ամէնինչ պիտի նշանակուիՎեհափառ Հայրապետին կողմէ, ի՞նչ կարեւորութիւն եւիմաստ ունի Գ.Հ.Խ.իժողովական մարմնի գոյութիւնը. թող Վեհափառը որոշէամէն ինչ եւվերջ: Այնուհետեւ զուրեն բոլոր ժողովականձեւակերպութիւններն ու նիւթականմսխումները:
Ահաւասիկ այսպիսի կանոնականխախտումներ կը խախտեննաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնըհանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճանհոգեւորականութեան, որոնք կըհանդուրժեն այս անփառունակկղերապետութիւնը ին՜չին՜չանձնական եւ շահադիտականպատճառներով եւ հաշիւներով:
Որքան դատապարտելի էբարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորականվիճակը, նոյնքան եւառաւել եւս դատապարտելիէ մեր քաղաքականեւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրականհաստատութիւններուն, մտաւորականութեան եւհայ մամուլին դրսեւորածանտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդիկողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներնեն որ կըկազմեն Ազգային ԵկեղեցականԺողովը, որուն իրաւասութեանմէջ կիյնայընտրել Գերագոյն ՀոգեւորԽորհուրդի անդամները:
Ասկէ առաջ արթնութեանկոչ ուղղած ենքհամասփիւռ հայութեան  թէ պէտքչէ թոյլ տալոր կղերական մենաշնորհեալդասակարգ մը (որխախտած է նաեւմեր հաւատքը իրշռայլ աշխարհիկ կենցաղովիւրացնէ Եկեղեցւոյիշխանութիւնը եւ նուազագոյնչափով իսկ սահմանափակէհայ հաւատացեալներու դերակատարութիւնըԵկեղեցւոյ կանոնական կեանքէններս:
Մեր ցանկութիւնն էայս կոչերով ժողովուրդըհասցնել այնգիտակցութեան աստիճանին՝ ուրկարենան ոտքի ելլելեւ դէմ կանգնինընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կառաջնորդէդէպի ուծացում եւխորտակում:
Բոլորիս ծանօթ էոր Հայց. Եկեղեցինձախողած է իրառաքելութեան մէջ եւչէ կարողացած ազգըԵկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւմերժած է ըլլալհոգեւոր եւ վարչականթափանցիկ կառոյց մըԱզգին հաշիւչտալու այս հոգեբանութիւնըմեզ կառաջնորդէապազգայնացման: Եկեղեցական, ազգայինկամ մշակութային կազմակերպութիւններ անհրաժեշտ էոր ենթարկուին ժողովրդականհրապարակային քննարկումներու, եւայդ լոյսին տակմիայն մշակուին կանոնագրութիւններ որոնք պիտիորդեգրուին տուեալ կազմակերպութեանկամ ընկերակցութեան համար:
Ի՞նչ բանի կըծառայեն մեր ժողովները,–ԱզգայինԸնդհանուր Ժողով, ԳերագոյնՀոգեւոր Խորհուրդ, ԿրօնականԺողով եւ այլժողովներ,– եթէ ամէնբան պիտի որոշուիկաթողիկոսին կողմէ: Այսժողովները անուանական խորհրդատո՞ւժողովներ են թէլիարժէք իրաւական մարմիններ, որոնք կրնան կանոնականեւ սահմանադրական որոշումներառնել ի պահանջելհարկինԵթէ հաւատարիմ չմնանքմեր ազգային արժէքներուն, կը դառնանք խուժանհասարակութիւն, զուրկ բոլորմարդկային ազնիւ չափանիշներէ:
Այսօր մեր ժողովուրդըկապրի քսանմէկերորդդարու պատմութեան անկիւնադարձայինժամանակաշրջան մը եւանհրաժեշտ կը նկատենքոր կրօնական, ազգայինեւ մշակութային արժէքներուվերականգնումի աշխատանքին նուիրուինքազգովին, եթէ կուզենքտոկալ նոր մարտահրաւէրներուն՝ որոնք կըկանգնին մեր առաջիրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մերնորահաս երիտասարդութեան առջեւ:
Անհրաժեշտ է յստակօրէնսահմանել մեր ժողովականմարմիններու աշխատանքի դաշտնու ձեւը: Առանցվարանելու պարտաւոր ենքխօսիլ անոնց կազմերունմէջ անսահմանափակ ժողովրդականմասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝միշտ մերժելով նշանակումները, որոնք պառակտումներ յառաջացուցածեն մեր կրօնական, ազգային եւ կրթականհաւաքական կեանքէն ներսեւ կը յիշեցնենմեզի ամիրայականութեան տխրահռչակտարիները: Ոչալ խորհրդային օրերէնժառանգուած՝ տիրելու եւղեկավարելու կիրքերը մեզպէտք է առաջնորդենմեր ազգային, նամանաւանդկրօնական անդաստանէն ներս:
Ոմանք կը կարծենթէ կարելի չէխօսիլ եւ քննարկելԵկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւբարեկարգումներու մասին, զայննկատելով մեղանչում: Ընդհակառակը, եթէ ունիք բծախնդրութիւնըՀայց. Եկեղեցւոյ եւեկեղեցականի կոչումի նկատմամբ, անհրաժեշտ է որյայտնէք ձեր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէայս պարագային եւլռութիւնը չինշանակերոր բարւոք վիճակմը կը ներկայացնէԵկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքը:
Ոչ ոքյանդգնութիւնը թող ունենայյայտարարելու որ Եկեղեցինկամ եկեղեցական կազմակերպութիւնըկրօնականներուն գործն է, պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակը՝Եկեղեցին ժողովուրդն էիր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝  անոր սպասաւորները: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ էխօսիլ, քննարկել եւլուծումներ առաջարկել իշահ ժողովուրդի ընդհանրականշահերուն, հեռու՝ անհատականբոլոր դիտաւորումներէ:
Ժամանակը հասած էոր այլեւս փսփսուքովեւ բամբասանքով չխօսինքԵկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը յուզող հարցերումասին: Խօսքս կերթայնամանաւանդ՝ բաձրաստիճան այնհոգեւորականներուն, որոնք ընկերայինմտերմիկ շրջանակի մէջչեն քաշուիր դատապարտելուկաթողիկոսներն ու անոնցմենատիրական անբնական աշխատաոճը, բայց քաջութիւնը չունինոտքի ելլելու ԵպիսկոպոսականԺողովին մէջ՝ բարձրաձայնարտայայտուելու կատարուած օրինականբոլոր խախտումներու մասին. ինչո՞ւ, որովհետեւ չունինլիիրաւ բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարինկատմամբ, եւ ամէնինչ կը ծածկենյանուն իրենց անձնականշահադիտական նպատակներուն, այլխօսքով մամոնայի:
Բոլորս ալ գիտենքոր Եկեղեցին քրիստոնէականհաւատքի տարածման կռուաննէ, իսկ մերպարագային՝ Եկեղեցի, կրօնքեւ ազգային ինքնուրոյնութիւն, սերտօրէն ընդելուզուած ենորպէս մէկ անյաղթահարելիմիջնաբերդ, որ մեզպահած է դարերուբոլոր փոթորիկներուն դէմ: Կրնա՞նք զանոնք թողուլպատահականութեան եւ կամպատեհապաշտ անձերու՝ ղեկավարելուանյագուրդ կիրքի մոլուցքին:
Հայց. Եկեղեցին՝ որպէսանկորնչելի հաւատքի ամրոցըհայ ժողովուրդին, պէտքչէ չարաշահել: Մերժողովուրդի անցած ճանապարհը, նամանաւանդ վերջին հարիւրամեակիարհաւիրքները, պէտք չէթոյլ տան որմենք մակերեսային կերպովմօտենանք այս կղերապետական, մենատիրական ախորժակներուն եւձգտումներուն, եթէ կուզենքեւ կը փափաքինքմեր Եկեղեցին տեսնելբարեկարգեալ՝ ի շահմեր տառապեալ ժողովուրդին:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ   VOSGAN@aol.com

28 Մարտ 2014

Yorumlar kapatıldı.