Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ հռչակուած անկախ ու ազատ Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբնական շրջաններէն առ այսօր մեր Հայրենիքի գիւղական համայնքներու կեանքը բոլորիս սրտի ցաւեր կու տայ: Ցաւոք սրտի Հայաստանի գիւղական շատ ու շատ համայնքներ լքուած ու մոռցուած մնացին: Շատ գիւղերու մէջ կարծես թէ կեանքը կեցած է: Հայաստանի գիւղերու մէջ աղքատութիւնը եւ չքաւորութիւնը դժբախտաբար այսօր ալ կը շարունակի:
Հայաստանի տնտեսութեան լուրջ տագնապային կացութեան պատճառաւ աւելի քան մէկ միլիոն հայ Հայաստանէն արտագաղթած է զանազան երկիրներ իրենց օրապահիկը շահելու համար: Անշուշտ թէ այս աւերիչ հարուածին պատճառները բազմատեսակ են: Այս հարուծէն ամենազօրաւոր ձեւով տուժողները յատկապէս Հայաստանի երեխաներն են, որոնք կենսական ու հիմնական կարիքներու կարօտը ունին եւ իւրաքանչիւր գթասէր հայու բարերարութեան , օժանադակութեան ու գուրգուրանքին կը կարօտին:
Այսօր իսկ, Հայաստանի կարգ մը գիւղերու մէջ երեխաները զրկուած են խմելու մաքուր ջուրէ, պատշաճ սնունդէ, տարրական առողջապահական պայմաններէ, որակեալ կրթութիւնէ, որը ժամանակին Հայաստանի հասարակութեան բնորոշ առանձնայատկութիւններէն մին էր:
Գերմանահայ Գաղութի հայ երետասարդներէն Նաթալի Ատամ եւ քոյրը Լեռնա Ատամ Ռուսսէ` «Մենք, իւրաքանչիւրս, որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներ, պարտականութիւնն ունինք Հայաստանի այս արիւնահոս վէրքերուն մեր սահմաններուն մէջ թեթեւ բալասան մը ըլլալու», մտածելակերպէն ճամաբայ ելլելով , Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդի Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի պատւոյ նախագահութեամբ հիմնեցին «ՆԱՅԻՐԻ» – Հայաստանի Մանուկներու Բարեգործական Միութիւնը, նպատակ ունենալով նպաստել Հայաստանի գիւղական համայնքներու մէջ ապրող երեխաններու ներկայ կեանքի բարելաւման եւ անոնց ապագայի նկատմամբ լաւատեսական յոյսերու ներշնչման, եւ միաժամանակ աջակցել, որպէսզի այս երեխաները ստանան որակեալ կրթութիւն եւ նաեւ հոգան իերնց բժշկական կարիքները:
«Նայիրի» միութիւնը այս ուղղութեամբ իր առաջին գործունէութիւնը արձանագրեց, 2012 թուականին, երբ դեռ Միութիւնը պաշտօնապէս չէր արձանագրուած: Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուած «Երկար Մրցավազք»ի արշաւի ընթացքին, միութեան հիմնադիր Նաթալի Ատամի «Ես Հայաստանի համար կը վազեմ» կարգախօսով մասնակցութեամբ ,որուն ընթացքին հաւաքուած նուրատուութեան գումարով,նորոգուեցան Հայաստանի գիւղական դպրոցի մը պատուահանները եւ դուռները: Միութեան յիշարժան երկրորդ գործուէութիւնն էր, Նաթալի Ատամի կողմէ իր ծննդեան տարեդարձի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթին հաւաքուած շնորհաւորանքի նուէրներուվ գոյացած ամբողջ գումարը նուիրուեցաւ Հայաստանի մէջ գիւղի դպրոցի մը աշակերտներուն` անոնց դասանիւթերու պակասը լրացնելու համար:
Յունուար 2014 թուականին, «Նայիրի» – Հայաստանի Մանուկներու Բարեգործական Միութիւնը, պաշտօնական գրանցում ստացաւ Գերմանիոյ դատական ու օրինական մարմիններու կողմէ եւ ճանչցուեցաւ որպէս «Հանրօգուտ Միութիւն» հանգամանքը: Այսպիսով միութիւն դարձաւ Գերմանահայ գաղութի հանրաօգուտ բարեգործական կազմակերպութիւններէն մին: Միութեան նստավայրն է Պեռլին քաղաքը: Ներկայիս Միութեան Նախագահն է Նաթալի Ատամ, փոխ-նախագահն է Ֆրաուքէ Զէօլթէր, իսկ միութեան պատւոյ նախագահն է Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ.Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան :
Միութիւնը 2014 թուականի գործունէութեան առաջնահերթութիւն կը նկատէ Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Արտենի գիւղի դպրոցին մարզասրահի վերակառուցման ու նորգութեան նիւթական միջոցներու հայթայթումը: Արտենի համայնքի երեխաներու երկար ատենէ ի վեր սպասած երազանքն է գիւղի դպրոցի հինցած եւ ներկայիս անգործածելի վիճակի հասած մարզասրահի նորոգութիւնն ու վերաբացումը: «Նայիրի» միութեան այս տարուան նպատակն է` ստանձնելով նորոգութեան ծախսերը, մարզասրահը վերակառուցուած եւ նորոգուած ձեւով Արտենի գիւղի երեխաններու օգտագործման ի սպաս դնել է:
Միութիւնն այս ծրագիրը հնարաւոր պիտի դարձնէ գթասէր բարեկամներու եւ բարերարներու նուիրատուութիւններով, բարեգործական զանազան աշխատանքներով ու միջոցառումներով եւ նուիրահաւաքներով: Այս ուղղութեամբ Գերմանիոյ մէջ յայտնի ծանրամարտիկ, «Գերմանիոյ ամենաուժեղ մարդ» Փաթրիկ Բաբումեանի հովանաւորութեամբ արդէն իսկ կազմակերպուած է նուրիրահաւաքի արշաւ մը` «Արթենին հզօրացնողներ կը փնտռուին» խորագրին ներքոյ: Նուիրատւութեան ողջ գումարը առանց որեւէ պահումներու պիտի տրամադրուի վերոյիշեալ նպատակի իրականացման համար:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել անձամբ եւ կամ ստորեւ ներկայացուած դրամատնային հաշուհամարին`
Deutsche Kreditbank, Berlin
IBAN: DE 95 1203 0000 1020 2029 07
BIC: BYLADEM1001
Նուիրատւութեան նպատակը (Verwendungszweck)` Starkmacher gesucht für Arteni
Նուիրահաւաքի մանրամասնութիւններուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքէջէն`
https://www.betterplace.org/de/projects/17585-starkmacher-gesucht-fur-arteni
«Նայիրի» Միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ այցելելով միութեան կայքէջը` http://www.nairi-ev.org
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.