İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Առ որ անկ է

Վերջերս համացանցային լրատուական միջոցներով իրազեկ դարձանք, թէ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն մասին կը տարածուին լուրեր, ըստ որոնց հոգեւորականներ ծառայական դաշտի նախընտրութիւններ ունին եւ կը զլանան մնայուն ծառայութիւն բերել գաւառի մէջ։ Նման պնդումներ անարգական, վիրաւորական ու ստորագնահատական են Աթոռոյս հոգեւորականաց նկատմամբ, որոնք յանձն առնելով ծառայական լուծը կը փորձեն կատարել իրենց լաւագոյնը ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Առաքելական Եկեղեցւոյ, առանց նկատի ունենալու եւ պահանջելու հանգստաւէտ արտասահմանեան պայմաններ։

Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Աթոռոյս հոգեւորականները «վախկոտ եւ անտարբեր» որակելու, երբ անոնք ամենադաժան ժամանակներուն առ ոչինչ համարեցին իրենց կեանքը՝ տէր կանգնելով իրենց հօտին։

Մանաւանդ, մատնանշելով Տիգրանակերտի պարագան, կատարուած են անտեղի, անհեթեթ, իրականութեան ներհակ մեկնաբանութիւններ՝ ցոյց տալով, թէ քննադատողներ իրենք անտեղեակ են ներկայ կացութեան եւ կամ նախապաշարեալ են։
Հայ մամուլին հետեւող իւրաքանչիւր անհատ յստակօրէն կը տեսնէ, թէ Պատրիարքական Աթոռը իր հոգեւոր իշխանութեան ներքոյ գործող «իրեն հանգիստը չզոհող անտարբեր» հոգեւորականներով ինչ աշխատութիւն կը տանի թէ՛ քաղաքիս եւ թէ՛ գաւառի մէջ։ Միայն անցեալ տարիներուն Անգարա, Գասթամօնու, Կեսարիա, Սեբաստիա, Մալաթիա, Էլազըղ, Տիգրանակերտ, Մարտին-Տէրիք, Վան, Ատըեաման քաղաքները զանազան առիթներով եւ մէկէ աւելի անգամներ այցելութիւններ կատարելով ըստ կարելւոյն, հոգեւոր ծառայութիւն մատակարարած են անոնք։ Իսկ, այն շրջաններուն մէջ, ուր եկեղեցւոյ շէնք գոյութիւն չունի, առտնին կատարուած արարողութիւնները (Ս. Պատարագ, յուղարկաւորութիւն, Ս. Պսակ եւ Ս. Մկրտութիւն) միշտ ալ կատարուած են միայն ու միայն մէկ քահանայի կողմէ, այսինքն՝ «one-man show»ի ոճով։ Նկատի չենք առներ Անտիոքի շրջանը, ուր արդէն գոյութիւն ունի մնայուն հոգեւոր հովիւ, որ նաեւ ի պահանջել հարկին իր հովուական ծառայութիւնը կը բերէ նաեւ Կիլիկիոյ շրջանի համայնքներուն։
Ոչ մէկ հոգեւորական, մինչեւ այսօր ալարած է եւ կամ դժկամակութիւն յայտնած՝ գաւառ այցելութենէ։ Իսկ երբ կը պնդուի, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին պէտք է ունենայ մնայուն հոգեւոր հովիւ մը, հարկ է նշել հետեւեալ պարագաները։
ա. Տիգրանակերտի Եկեղեցին չունի համայնք եւ կամ իր ունեցած համայնքը աւելի մեծ թիւ չի կազմեր Գաւառի մեր միւս համայնքներէն։ Ըստ այնմ Աթոռը կը բաւարարուի զանազան առիթներով այցելու հովիւներ ուղարկելով։
բ. Այն հովիւները, որոնք պիտի ծառայեն յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ, պարտին լաւ ճանչնալ իրենց շրջապատը, ժողովուրդը եւ երկրի պայմանները։
գ. Թուրքիոյ Հայոց հոգեւորականաց թիւը նկատի առնելով երբ առաջարկ կը ներկայացուի այլ Աթոռներէ հոգեւոր սպասաւոր հրաւիրելու մասին, առանց նկատի ունենալու իրենց կեցութեան իրաւունքը, պէտք է նախ անդրադառնալ, թէ ծառայութեան կոչուող անձեր որո՞ւ պիտի ծառայեն։ Քանի մենք, հակառակ բազմիցս այցելութիւններու եւ շփումներու, չենք լսած տակաւին այն «հազարաւորներ»ու մասին, որոնք «թախանձագին կը խնդրեն վերադառնալ հայութեան եւ մկրտուիլ Մայր Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ», հակառակ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր բացայայտ հրաւէրին, որ Եկեղեցւոյ բեմէն յայտարարուած էր նաւակատիքի երեկոյեան։ Եթէ պարագան այդպիսին ըլլայ, մնայուն հովուի կարգադրութիւնները կը տնօրինուին ըստ պահանջի։
դ. Պէտք է նշել նաեւ, թէ այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն իբրեւ այցելու հովիւներ գաւառի մէջ, անոնք ունին մշտական ծառայակեն պաշտօններ քաղաքիս մէջ՝ երբեմն հովուելով մէկէ աւելի եկեղեցիներ։ Միւս կողմէն, ո՛չ թէ կարեւոր հարց է միայն մեր երկրին մէջ գտնել հոգեւոր ծառայութեան կոչում ունեցող թեկնածուներ, այլ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ 
Միւս կողմէն, երբ նկատի ունինք մարդիկ, որոնք կը պատկանին երրորդ կամ չորրորդ սերունդի, որոնց թերեւս մեծ մայրերը եղած ըլլան հայեր։ Որքա՞ն իրապաշտ է ներկայացնել Տիգրանակերտի մէջ գտնուող այդ զանգուածը, թէ ապագային անոնք «կը սորվին ճանչնալու համար իրենց պապենական մշակոյթի հարստութեան տարողութիւնը» եւ սպասել թէ անոնք «տէր կը կանգնին կիսաւեր եւ կիսաքանդ մեր կոթողական մշակութային արժէքներուն»։ Եթէ երբեք գտնուին այնպիսիներ այդ վայրերուն մէջ, եւ երանի գտնուին, Աթոռոյս հոգեւորականաց դասը միշտ պատրաստ է ծառայութեան առանց այլեւայլի։ Հարցական է այսօր նաեւ, թէ ի ծնէ աշխարհացրիւ հայեր որքան հետաքրքրուած են իրենց պապենական արժէքներով։
Տակաւին կարելի է երկար խօսիլ, սակայն կը գերադասենք ծառայութիւնը։
Հոգեւորականաց Դաս
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ 

Yorumlar kapatıldı.