Առաջին անգամ Յունուար 19, 2014 թուականին հայկական մամուլի զանազան էջերէն կարդացինք կոչ-բաց նամակ մը, ուղղուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան, գրուած՝ խումբ մը Մելգոնեանցի շրջանաւարտներու կողմէ:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ այս նամակին տուն տուող պատճառները արդարացի են, ազնիւ եւ յոյժ գնահատելի, որովհետեւ անոնք կը բխին հայ հոգիներէ, որոնք կը տառապին մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ ապրող եւ մահուան դէմ ամէն օր պայքարող եւ մաքառող իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ ունեցած սիրոյ անկեղծ զգացումներէն:
Անհրաժեշտ չենք նկատեր անգամ մը եւս մանրամասնօրէն անդրադառնալու սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օրհասական վիճակին մասին: Հայ եւ օտար մամուլի էջերը լեցուն են նկարագրութիւններովը զոհերուն հանդէպ գործադրուած անմարդկային վերաբերմունքին, որուն մէջ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին գեր-պետութիւնները անպայման: Կը թողունք այդ բաժնի վերլուծումը մասնագէտ քաղաքագէտներուն:
Մեզի համար անհրաժեշտը՝ համայն Սուրիահայ գաղութն է, հոն ուր երբեմն ծիլ արձակեցին՝ թուրք արիւնարբու բռնակալին եաթաղանէն, Տէր Զօրի կիզիչ անապատներէն մազապուրծ ազատած հայորդիներ եւ կերտեցին հայաշունչ փոքրիկ գաղութներ, օգտուելով բարեացակամ արաբ ժողովուրդի ասպնջականութենէն:
Երբեմնի այդ հայահոծ գաղութները, դժբախտաբար ենթակայ են այսօր հայաթափումի, որքան ալ մենք յորդորենք բարձր բեմերէն որպէսզի չհեռանան անոնք սուրիական հայրենիքէն: Պարապ տեղ չէ ըսուած որ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»: Դիւրին է յորդորել երբ վտանգը չի սպառնար մեր անմիջական շրջապատին եւ ընտանիքին:
Սուրիահայ գաղութը անպատրաստ էր այսպիսի ճգնաժամային արհաւիրքի մը, նոյնքան եւ անպատրաստ էին համասփիւռ հայութեան մեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ հայրենի կառավարութիւնը, որ ինքնին արդէն կը տապլտկի իր ներքին եւ արտաքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերով, նամանաւանդ՝ արտագաղթի արհաւիրքով:
Սուրիահայութեան ուղղուած ամէն տեսակի օգնութիւն գնահատելի է անկասկած եւ օրհնաբեր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մասամբ մեղմացնելով անոնց ամէնօրեայ ապրուստի մտահոգութիւններն ու տառապանքները: Ահաւասիկ՝ մեկնելով այս տրամաբանութենէն, կոչ ուղղուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՊատկառելիԿեդրոնական Վարչութեան գոց ականջներուն, պիտի ուզէի աւելցնել նաեւ այստեղ՝ բաց, բայց կոյր աչքերուն:
Հակառակ որ Մելգոնեանցի չեմ, բայց մօտէն ծանօթ եմ այդ լեզուի եւ մշակոյթի դարբնոցին եւ անկէ շրջանաւարտ եղող հսկայ սերունդի մը հայրենասէր եւ հայասէր երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներուն, որոնք տարիներու ընթացքին որպէս աւարտականներ՝ սերունդներ պատրաստեցին սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, նամանաւանդ հայկական վարժարաններէն ներս:
Գիտակցելով հանդերձ այս բոլորը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց փակել վարժարանը, բողոքի եւ պոռթկումի հսկայ ալիքներ յառաջացնելով՝ նախ կիպրահայ գաղութէն ներս, ու ապա մասնաւորաբար համասփիւռ Մելգոնեանցիներուն մօտ: Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս արծարծելու այս որոշումը. չեմ կարծեր, որովհետեւ աւելի կարեւոր է այսօր խօսիլ վերաբացումի աշխատանքներուն մասին, քան թէ յամենալ անցեալի սխալներուն վրայ: Երթանք առաջ……:
Այսօր՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը գտնուի աւելի լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ. «փրկել սուրիահայ երիտասարդութիւնը» գոյութենական բոլոր սպառնալիքներէ, եւ անոնց ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, ֆիզիքապէս ապահով եւ հոգեպէս հանդարտ վայրի մը մէջ:
Վստահաբար՝ այս աստուածահաճոյ եւ ազգային սրբազան առաքելութեան գործին իրենց նպաստը պիտի բերեն մեր բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, նամանաւանդ մեր կաթողիկոսութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր թերացած են իրենց առաքելութեան մէջ, որովհետեւ իրենց կը պակսի կամքը՝ խօսքէն գործի անցնելու:
Մելգոնեան Հաստատութիւնը, անգամ մը եւս կը դառնայ Սփիւռքի նաւաբեկեալ Արեւմտահայերէնի փարոսը, օգտագործելով արդիական ուսումնական գիտարուեստ, ստեղծելով նոր պայմաններ, հայերէնը կրկնակի մատչելի ընելու համար նոր հասակ առնող, բայց հայ լեզուի նկատմամբ անտարբեր երիտասարդութեան:
Մելգոնեան հաստատութիւնը որպէս գիշերօթիկ վարժարան, նոր աւիշ եւ արիւն պիտի սրսկէ նաեւ կիպրահայ գաղութին, այնտեղ կազմակերպելով գրական եւ մշակութային երեկոներ, թարմացնելով եւ ճոխացնելով փոքրիկ այդ գաղութը, ուր առիթ ունեցած եմ ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս ծառայելու կարճ ժամանակով:
«Հերթը մի պահ քոնն է հիմա» Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն: Մի’ յուսախաբ ըներ քու նուիրեալներդ եւ մի’ զլանար նուիրական այս մեծ գործը ազգիդ զաւակներուն, որոնց տէր կանգնած ես առաջին օրէն, ըստ կազմակերպութեանդ սահմանադրական օրէնքներու տրամադրութիւններուն:
ԼՍՈՂ ԿԱՅ՞………
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ / VOSGAN@aol.com
21 Մարտ 2014
Yorumlar kapatıldı.