Միասեռականութեան ախտանաճանաչումը եկեղեցական կեանքէն ներս: Ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար շատ պարզ եւ յստակ է որ միասեռականութիւնը մեղք է Աստուծոյ առջեւ: Պօղոս Առաքեալ իր Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կ’անդրադառնայ ատոր եւ կը դատապարտէ զայն, ըսելով. «Նոյնպէս նաեւ այր մարդիկ, կնոջ հետ (սեռային յարաբերութեան) բնական մղումը ձգելով՝ իրարու վրայ տռփեցան իրենց ցանկութիւններով, արուները խայտառակութիւն սկսան ընել արուներու հետ, որուն հետեւանքով, իրենց մոլորութեան համար, իրե՛նց իսկ անձին վրայ ստացան արժանի փոխարինումը:
Եւ քանի որ չնախընտրեցին անոնք զԱստուած ունենալ իրենց ճանաչողութեան մէջ, Աստուած անոպայ տրամաբանութեան թողուց զիրենք, եւ տմարդի գործերու որոնք լի էին ամէն տեսակի անիրաւութիւններով, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, նախանձով, ոճրագործութեամբ, կռուազանութեամբ, նենգութեամբ եւ չարասրտութեամբ: Զրպարտիչ դարձան, չարախօս, աստուածատեաց, թշնամանող, ամբարտաւան, ամբարհաւաճ, չարագիւտ, ծնողք անարգող, անմիտ, ուխտադրուժ, անխիղճ, անգութ եւ անողորմ» (Հռոմ. 1:27-31):
Հին Կտակարանի էջերը, սկսած Ծննդոց գիրքէն, լեցուն են միասեռականներու դատապարտութեամբ: Սոդոմի եւ Գոմորի պատմութիւնը մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է այդ ախտաճանաչումին. «Եւ սկսան դուրս կանչել Ղովտն ու կ’ըսէին անոր. Ո՞ւր են այն մարդիկը, որ քովդ մտան գիշերով, բեր զիրենք մեր քով, որ արուագիտենք մենք ատոնք…Եւ Տէրը ծծումբ ու կրակ տեղացուց իր քովէն՝ երկինքէն, Սոդոմի եւ Գոմորի վրայ» (Ծննդոց 19:5,24): Նոյնպէս յատկանշական է Ղեւտացւոց Գիրքին մէջ արտայայտուած պատուէրը. «Եթէ այր մարդ մը ուրիշ այր մարդու հետ քնանալու ըլլայ, եւ յարաբերուին անոնք իրարու հետ այնպէս ինչպէս կնոջ մը հետ կը յարաբերուին, պղծութիւն գործած կ’ըլլան անոնք, մահով պէտք է պատժուին երկուքն ալ, որովհետեւ մահապարտ են» (Ղեւ. 20:13):
Եթէ մարդկային սեռային այս անբնական յարաբերութիւնը զզուելի էր Աստուծոյ համար, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, չենք կարծեր որ Աստուած իր կարծիքը փոխած է այսօր միասեռականներու նկատմամբ: Միասեռականութիւնը շնութեան մէկ տարբերակն է եւ չի՛ կրնար տեղ ունենալ Աստուծոյ տան մէջ: Թէեւ ազատամիտ մարդիկ պիտի փորձեն հանրութիւնը համոզել որ միասեռականութիւնը մարդուն հետ կը ծնի, սակայն եւ այնպէս ժողովուրդը համոզուած չէ այդ իրողութեան, որովհետեւ միասեռականութիւնը ապականած ընկերութեան մէկ արգասիքն է, եւ գինեմոլութեան ու հաշիշամոլութեան նման՝ կարելի է գերի դառնալ անոր մոլուցքներուն:
Պօղոս Առաքեալ իր Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ անյոյս չէ բոլոր անոնց պարագան որոնք տակաւին կը թաւալին այս տիղմին մէջ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը չեն ժառանգեր անիրաւներ, մի’ խաբէք դուք ձեզ, ո’չ պոռնիկներ, ո’չ կռապաշտներ, ո’չ շնացողներ, ո’չ իգացեալներ, ո’չ արուագէտներ, ո’չ գողեր, ո’չ ագահներ, ո’չ գինեմոլներ, ո’չ բամբասողներ եւ ո’չ ալ յափշտակողներ կը ժառանգեն Աստուծոյ արքայութիւնը: Արդ, այդ տեսակ (մարդիկ) էիք դո՛ւք ալ ժամանակին, բայց լուացուեցաք, մաքրուեցաք եւ արդարացաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, եւ մեր Աստուծոյն Հոգիով» (Ա.Կորթ. 6:9-11):
Հակառակ ազատամիտներու կողմէ կատարուած ընկերային հասարակական ճնշումներուն, որպէսզի միասեռականութիւնը նկատուի որպէս ընդունելի կենցաղային ձեւ, շատ պարզ է որ Աստուածաշունչի ճշմարիտ խօսքի եւ լոյսի ուսուցումը կը մնայ անդրդուելի, թէ միասեռականութիւնը անբնական է եւ հետեւաբար պէ՛տք է մերժուի բոլոր քրիստոնեաներուն կողմէ:
Միւս կողմէ սակայն, չենք մոռնար որ Քրիստոս մեռաւ մեր բոլորին մեղքերուն համար, ուստի միասեռականներն ալ Իր սիրոյն արժանի են, հետեւաբար մենք պարտաւոր ենք հրաւիրել զիրեք զգաստութեան, որպէսզի մաքրուին եւ արժանի ըլլան յաւիտենականութեան: Վերջապէս Ֆրանսիս Պապի յայտարարութիւնը ցնցեց բոլոր քրիտոնէական մտածողութիւնը երբ յայտարարեց «Ո՞վ եմ որ դատապարտեմ զիրենք»:
Մարդկային այս տիղմին մէջ, դժբախտաբար ինկած են նաեւ եկեղեցականներ, որպէս արուամոլներ, իգացեալներ եւ մանաւանդ մանկապիղծներ…: Ու տակաւին կը շարունակուի այս տխուր կենցաղային ձեւը քրիստոնէական բոլոր Եկեղեցիներու մէջ: Վերջին տասնամեակին՝ Միացեալ Նահանգներու մամուլին մէջ եւ այլուր՝ կարդացինք Կաթողիկէ եւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող կղերին կողմէ կատարուած մանկապղծութիւններու մասին, իրենց զանազան գունաւորումներով:
Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ալ չեն կրցած դուրս մնալ այս տիղմէն, եւ տակաւին կը շարունակեն տուայտիլ այս անբնական կենցաղին մէջ: Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր «պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….» (Բենիկ Վրդ.,Պատասխան իմ զրպարտիչներին, 1920 Ս. Էջմիածին):
Կուսակրօնութեան բռնադատուած եկեղեցականներ հարկադրուած են ապրիլ գաղտնի կեանք մը, ստեղծելով մեծածաւալ գայթակղութիւններ, որոնք տակաւին կը շարունակուին՝ երբեմն բացորոշ կերպով յաչս ժողովրդեան: Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ: Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեան օրէնքին, եւ հետեւաբար կ’առաջնորդեն անհատը զարտուղի եւ անբնական միջոցներու՝ արուամոլութեան, մանկապղծութեան եւ գիջութեան մէջ փնտռելու իր սեռային կարիքներուն գոհացումը, եթէ ճարպիկ եւ ընդունակ չեն գաղտնի կենակցութիւն վարելու կանանց հետ:
Անկասկած որ հայ կղերին հաճելի պիտի չըլլան մեր ախտաճանաչումները, եւ սակայն եթէ չբացայայտենք այս ո՛չ քրիտոնէավայել մոլութիւնները՝ կը նշանակէ որ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ չենք փափաքիր նոր զարթօնք մը սկսիլ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ մեր գոյութեան եւ ազգապահպանման զօրաւորագոյն միջնաբերդն է: Այլ խօսքով՝ մեղսակից ենք բոլորին մեր անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ, եւ դատապարտելի՝ Աստուծոյ առջեւ: Մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնարաններու, դպրեվանքներու պատասխանատու ղեկավարներուն հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անկասկած՝ աչալուրջ կերպով հետեւիլ իրենց վարած հաստատութեանց ուսանողներու կեանքին ու հակումներուն, կանուխէ՛ն իսկ գտնելով՝ ուսանողական կազմերէն ընդմիշտ հեռացնելու համար միասեռական հակում ունեցողները:
Օրինակներ շա՛տ են մեր Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ: Որպէս ականջալուր եւ ականատես այս անբարոյականութեան, կարելի է խօսիլ անուններով ու անոնց արարքներուն խայտաբղէտ նկարագրութիւններով, եւ ոմանց ալ հանգիստը խանգարել իրենց յաւիտենական նինջին մէջ: Սակայն եւ այնպէս մեր նպատակը այդ չէ՛ բնաւ, այլ զգաստութեան կոչ ուղղել նամանաւանդ մեր բոլոր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն որոնք պիտի մասնակցին յաջորդ Եպիսկոպոսական Ժողովին: Պարտին լրջօրէն եւ զգօնութեամբ մօտենալ այս մոլութիւններուն, եւ կուսակրօնութեան կենցաղի դժուարութիւններուն համար առաջարկեն աստուածահաճոյ, արդար լուծումներ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. ԺԱ.
9 Մարտ, 2014
THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH IS HELD HOSTAGE – XI
The covert and surreptitious practice of homosexuality in the church.
For the truly believing Christian, there can be no doubt that homosexuality is a grave sin in the eye of God. Apostle Paul, in his letter addressed to the Romans, reflects on homosexuality and condemns it: “Their women have exchanged natural intercourse for unnatural, and their men in turn, giving up natural relations with women, burn with lust for one another; males behave indecently with males, and are paid in their own persons the fitting wage of such perversion. Thus, because they have not seen fit to acknowledge God, He has given them up to their own depraved reason. This leads them to break all rules of conduct. They are filled with every kind of injustice, mischief, rapacity, and malice; they are one mass of envy, murder, rivalry, treachery, and malevolence; whisperers, and scandal-mongers, hateful to God, insolent, arrogant, and boastful; they invent new kinds of mischief, they show no loyalty to parents, no conscience, no fidelity to their plighted word; they are without natural affection, and without pity.” (Romans 1:27-31).
The Old Testament, starting from Genesis, is full of condemnation of homosexuality, and there is no reason to believe that God has changed His views on homosexuals since then. According to the Gospel, homosexuality is essentially an unnatural behavior, rather than an ordinary human activity and cannot have a place in the House of God. Regardless of what modern proponents of “gay liberation rights” might wish to believe, sexual perversions are not inherited genetically but rather are learned behaviors and willful acts. In fact, if we examine nature and procreation in the animal kingdom, we cannot find an instance of such behavior in any species, other than human beings. Much to the chagrin of LGBT activists, their claim of an innate disposition or proclivity to homosexuality is simply unsustainable and nowhere else present in nature.
The Apostle Paul in his first letter addressed to Corinthians declares that homosexuality is not a hopeless case: “Do you know that the unrighteous will not inherit the kingdom of God? Do not be deceived. Neither fornicators, nor idolaters, nor adulterers, nor homosexuals, nor sodomites, nor thieves, nor the covetous, nor drunkards, nor revilers, nor extortionist will inherit the kingdom of God. And such were some of you. But you were washed, but you were sanctified, but you were justified in the name of the Lord Jesus and by the Spirit of our God” (I Corinth. 6:9-11).
In spite of the considerable campaign today from the liberal media to get homosexuality recognized as an acceptable life style, the Bible makes it plain that it is unnatural and a sinful activity that must be rejected by true Christians.
At the same time, we cannot forget that Christ died for everyone’s sins. As such, we are all subjects of His sanctifying love, and we should earnestly seek to encourage those who have strayed from the righteous path to seek the remission of their sins from God and to bring them to Him for deliverance.
Incredibly, some clergymen, who have been given the charge to steer their congregations in the righteous path, have, themselves, fallen into this ungodly lifestyle and practice any number of perverse acts such as adultery, sodomy, and pedophilia. It is incomprehensible that such behavior continues to mire the confines of our church and religious institutions. We have recently witnessed the extent to which these activities permeate the Catholic Church and everyone has rightfully expressed their outrage.
Conversely, the Armenian Church is not immune to such behavior, as some of our clergy still persist in engaging in this abnormal lifestyle. Catholicos Kevork V with his official decree in 1919 ordered the prodigal monks, within three days to remove all their servants and teenage boys from the compounds of monasteries. (Benik Vartabed, My Response to My Slanderers, 1920, Etchmiadzin).
Those who are obliged to live a celibate life end up living a secret life—undertaking reprehensible steps to fulfill their physical urges—and thereby causing alarming scandals among the faithful. Admittedly, it is difficult to fight against the urges of human needs. However, abstinence is a display of devotion to God and commitment to His work. Not being able to withstand the need to procreate, some clergy have resorted to fulfill their needs in the most aberrant and perverse manner possible.
This is certainly not a condemnation of everyone in the Church. However, those who are responsible for upholding the virtuous status among the clergy and seminarians must not turn a blind eye to such unacceptable behavior and cast out those who are in breach of their holiest of vows. The Church must be cleansed of impure and immoral entities in order for it to have credibility and legitimacy among the ranks of the faithful.
It is our obligation to raise awareness in this matter and compel those who will attend the next Synod Council in St. Etchmiadzin in 2014 to address this issue in earnest and expunge those who persist in besmirching the good name of the Church—otherwise all those who remain silent, indifferent, or reluctant to cleanse the Church of sin shall themselves be liable to be judged.
VOSGAN MEKHITARIAN to be continued
March 9, 2014
VOSGAN@aol.com
Yorumlar kapatıldı.