İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԱՐԵՀ ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ–ԶԱՀՐԱՏ (10 Մայիս 1924- 21 Փետրուար2007)

ՄԵԾԱՆՈՒՆ  ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ  ԶԱՀՐԱՏ`Ի  ՄԱՀՈՒԱՆ 7.րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ: Պոլսոհայ  գրականութեան  վերջին  50  տարիներու  գագաթնային դէմքերէն,  մեծանուն  բանաստեղծ , Զահրատ-ԶարեհԵալտըզճեան,  21 Փետրուար 2007  թուականին  մարմնապէս   մեզմէ  առ յաւէտ  բաժնուեցաւ. Գրիչի մշակներ, մշակոյթի գործիչներ,  արուեստի մարտիկ , չեն մեռնիր, անոնք միշտ կ’ապրին իրենց ստեղծագործութիւններով ու մարդկութեան  թողած ժառանգութիւններով:

Անոնք կ’ապրին , այնքան ատեն, որքան ատեն որ, աշխարհի մէջ, անոնց գործերով ու հեղինակութիւններով  հետաքրքրուող  մարդիկ կան.
Զարեհ Եալտըզճեան–Զահրատ ծնած է,10 Մայիս1924 թուականին Իսթանպուլ, 1942  թուականին աւարտեց Պոլսոյ Մխիթարեան լիսէն, ապա վերջ 1942-1945  թուականներու միջեւ աշակերտած է Իսթանպուլի Պետական Համասլարանի Բժշկագիտական Ֆաթուլթէթ:

Իր բանաստեղծութիւնը  առաջին անգամ հրատարակուած է ,1943 թուականին Պոլոյ Ժամանակ օրաթերի մէջ, ապա վերջ յաջորդաբար հրատարակուած է Մարմարա,Սան,Հանդէս Մշակոյթի,Բազմավէպ,Հայ Ընտանիք եւ զանազան օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու մէջ:

Իր գրիչ եղբայրներու հետ հրատարակաց ու անձամբ խմբագրած է Մխիթարեան Լիսէի Սանոց Միութեան “Սան” պարբերաթերթը:
Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսան , “Մեծ Քաղաք”,”Գունաւոր Սահմաններ”,”Բարի Երկինք”,”Կանանչ Հող”,”Ծայրը Ծայրին”, “Մէկ Քարով Երկու Գարուն”,”Մաղ Մը Ջուր”,Ծուռ Նստինք Կիկօ Խօսինք” եւ այլ անուն ժողովածուներով:

Զահրատի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են 27 լեզուներով, ան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի սրբատառ կոնթակի եւ Սբ.Սահակ-Սբ.Մեսրոպ շքանշանի:
Կը խոնարհին , անոր  թարմ յիշատակին  առջեւ.
Աստուած հոգին լուսաւորէ.
                                                            Տօքթ.Սարգիս Ատամ.

Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Yorumlar kapatıldı.