ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԶԱՀՐԱՏ`Ի ՄԱՀՈՒԱՆ 7.րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ: Պոլսոհայ գրականութեան վերջին 50 տարիներու գագաթնային դէմքերէն, մեծանուն բանաստեղծ , Զահրատ-ԶարեհԵալտըզճեան, 21 Փետրուար 2007 թուականին մարմնապէս մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ. Գրիչի մշակներ, մշակոյթի գործիչներ, արուեստի մարտիկ , չեն մեռնիր, անոնք միշտ կ’ապրին իրենց ստեղծագործութիւններով ու մարդկութեան թողած ժառանգութիւններով:
Անոնք կ’ապրին , այնքան ատեն, որքան ատեն որ, աշխարհի մէջ, անոնց գործերով ու հեղինակութիւններով հետաքրքրուող մարդիկ կան.
Զարեհ Եալտըզճեան–Զահրատ ծնած է,10 Մայիս1924 թուականին Իսթանպուլ, 1942 թուականին աւարտեց Պոլսոյ Մխիթարեան լիսէն, ապա վերջ 1942-1945 թուականներու միջեւ աշակերտած է Իսթանպուլի Պետական Համասլարանի Բժշկագիտական Ֆաթուլթէթ:
Իր բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է ,1943 թուականին Պոլոյ Ժամանակ օրաթերի մէջ, ապա վերջ յաջորդաբար հրատարակուած է Մարմարա,Սան,Հանդէս Մշակոյթի,Բազմավէպ,Հայ Ընտանիք եւ զանազան օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու մէջ:
Իր գրիչ եղբայրներու հետ հրատարակաց ու անձամբ խմբագրած է Մխիթարեան Լիսէի Սանոց Միութեան “Սան” պարբերաթերթը:
Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսան , “Մեծ Քաղաք”,”Գունաւոր Սահմաններ”,”Բարի Երկինք”,”Կանանչ Հող”,”Ծայրը Ծայրին”, “Մէկ Քարով Երկու Գարուն”,”Մաղ Մը Ջուր”,Ծուռ Նստինք Կիկօ Խօսինք” եւ այլ անուն ժողովածուներով:
Զահրատի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են 27 լեզուներով, ան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի սրբատառ կոնթակի եւ Սբ.Սահակ-Սբ.Մեսրոպ շքանշանի:
Կը խոնարհին , անոր թարմ յիշատակին առջեւ.
Աստուած հոգին լուսաւորէ.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]
Yorumlar kapatıldı.