İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ, ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐ»Ը ՏԵՍԱԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան Օհանէս
Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2014ին, Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տեսաժապաւէնի ցուցադրութեան գիշեր մը, «Ցեղասպանութեան Որբեր»ը խորագրով, Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան, Միութեան անդամներուն, Հայ Շարժամեքենաներու Ակումբի Ջոկատին, Լոս Անճէլըսի մէջ Կիպրոսի Հիւպատոս՝ Մեծապատիւ Տիար Անտրէաս Քիբրիանիտէսին, ինչպէս նաեւ մի քանի Ղարաբաղի զինուորներուն:

Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, իր բացման խօսքէն ետք ընթերցեց վաւերագրական ֆիլմերու ֆլորիտաբնակ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի կենսագրականը: Ապա սկսաւ ցուցադրութիւնը Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի Արփա հիմնարկի (AFFMA) «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 16րդ փառատօնի մրցանակին թեկնածու ֆիլմերէն մին՝ «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը: Մէկուկէս ժամնոց փաստագրական սոյն Ֆիլմը շրջանային չորս «Emmy» մրցանակներու տիրացած է, ան պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայորդիներուն: Կը պատմէ, որ ցեղասպանութեան որբերուն մէկ մասը թուրք ընտանիքներուն տրուած է` իբրև ձրի աշխատոյժ, մէկ մասը տարիներով ապրած է փողոցներուն մէջ անորոշ ճակատագրով, միւս մասը բռնի դաւանափոխ եղած է` տղաքը զինուորագրուած, աղջկերքը` հարէմին մէջ պահելու համար, իսկ աւելի բախտաւորները ղրկուած են որբանոցները: Այս բոլորին մասին շարժապատկերին մէջ իրենք` ցեղասպանութեան որբերը կամ անոնց զաւակները կը պատմէին, արխիւներու, հարցազրոյցներու, յուշերու եւ վկայութեանց վրայ հիմնուելով, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայացուին: Պատմական եւ վաւերագրական տեսաժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը: 1915 թուին, Ճեմալ փաշայի կարգադրութեամբ Կիլիկիայէն եւ Թուրքիայէն, Լիբանանի ֆրանսական վարժարանի որբանոցը բերուած են 3-16 տարեկան հայ մանուկներ: Հարց ծագած է անոնց իսպառ մոռցնել տալու իրենց ծագման մասին. կը թլփատէին անոնց եւ կու տային թրքական անուններ: Այդ որբանոցի սաները կը պատմէին թէ, իւրաքանչիւր հայերէն բառի համար ոտնատակին կը ստանային քսանհինգէն յիսուն երկաթեայ ձողի հարուած: Տանջանքներու եւ սովի արդիւնք՝ օրական կը մահանային տասէն տասնհինգ երեխայ: Մինչեւ այսօր ֆրանսական դպրոցը տակաւին բանուկ է եւ պարզուած է թէ, շինարարութեան ատեն դպրոցին տարածքին յայտնաբերուած են հայ մանուկներուն աճիւնները: Տեսաժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկին (Near East Relief)տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան հազար հինգ հարիւր հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն
հաստատուած էին աւելի քսաներկու հարիւր ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ ,
որոնցմէ մէկն էր քսան երկու հազար որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Կիւմրիի մէջ :
Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին , որ որդեգրուած
է Աթաթիւրքին կողմէ ու դարձած Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը եւ առաջին
օդաչուհին Սապիհա Կէօքչէնը : Տեսաժապաւէնին մէջ հարցազրոյցներ կան
Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ անոնց շառաւիղներուն հետ , ինչպէս նաեւ
հետաքրքրական զրոյց մը՝ Տոքթ . Ճէք Գէորգեանի հետ:
Տեսաժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք, հրաւիրուեցաւ Տիար Մարոնեան որ նշեց թէ
Ցեղասպանութեան որբերը , թէեւ հայ որբերուն մասին է , սակայն իրականութեան մէջ
հիմնական համամարդկային խնդիր է: «Ցաւալի է որ մենք տեղեակ ենք ցեղասպանութեան
որբերուն միայն մէկ մասին ճակատագրին մասին , մինչ հարիւր հազարաւոր հայ մանուկներ
կորսուած են , որոնց մասին չկան տեղեկութիւններ . Այս ահռելի պատմութիւն է , չունի սկիզբ
ու վերջ : Այս տեսաժապաւէնը փոքրիկ մէկ մասն է այդ մեծ պատմութիւնը , ըսաւ
Մարոնեան»:

Ցարդ՝ տասներկու հազար հանդիսատեսներ դիտած են սոյն տեսաժապաւէնը եւ
առաջարկներ ներկայացուեցան Լոս Անճէլըսի այլ վայրերու մէջ ցուցադրելու համար
զանիկա հաւանաբար մի քանի ամիսներ ետք:
Հեղինակը Հայ որբերուն մասին փաստագրական նիւթերը , տեսաժապաւէններն ու
լուսանկարները երեք տարուան ընթացքին ժողված է Նիու Եորքի , Սքանտինաւեան
երկիրներու , սփիւռքահայ կառոյցներու ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի
արխիւներէն : Իսկ տեսաժապաւէնէն դուրս եղող նիւթերը հեղինակը հրատարակած է գրքի մը
մէջ յետագայ ուսումնասիրողներուն օգնելու համար: Այժմ ան կը պատրաստուի
նկարահանել յաջորդ տեսաժապաւէնը ` Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կանանց
անաշխատունակ ճակատագիրներուն մասին:
Ձեռնարկի աւարտին՝ տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ:
Ապա Հայ Շարժամեքենաներու Ակումբի Ջոկատի ատենապետը ամպիոն գալով
շնորհաւորեց Տիար Մարոնեանի աշխատանքը եւ յուշատախտակով, ինչպէս նաեւ
նիւթական նուիրատուութիւնով մը պատուեց զայն:
Տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Yorumlar kapatıldı.