İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 9 –

Ը. Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ ընդգրկել կանանց մասնակցութիւնը եւ անոնց տալ գործունէութեան ընդարձակ դաշտեր: Եկեղեցին չի կրնար ըլլալ առողջ եւ ամբողջական առանց կանանց մասնակցութեան:

                                                                                         
Կանանց եւ մասնաւորաբար սարկաւագուհի կանանց-քոյրերու մասնակցութիւնը քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ իր տեղն ու դերը ունեցած է ճշմարիտ խօսքի տարածման եւ հասարակական խնամակալական աշխատանքներու մէջ:
            Նոր Կտակարանով փոխուեցաւ ժողովրդական վերաբերմունքը որ կար կանանց նկատմամբ: Յունական աշխարհի մէջ կինը կը նկատուէր ստորադաս այր մարդուն: Արիստոտել կիները կը նկատէր ստրուկի եւ ազատ մարդու միջեւ գոյութիւն մը: Կանայք Հռոմէական շրջանին թէեւ աւելի ազատութիւն կը վայելէին քան Յունական շրջանին, սակայն եւ այնպէս կը նկատուէին երկրորդ դասակարգի անձնաւորութիւններ, միշտ նախապատուութին տրուելով այր մարդուն:
            Յիսուսի ծնունը Ս, Կոյս Մարիամէն մարդկային պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը եղաւ կանանց նկատմամբ նոր հասկացողութեան: Քրիստոս ինք դատապարտեց բոլոր անոնք որոնք կը մերժէին կինը որպէս արհամարուած արարած: Աշակերտներ երբ տեսան որ Յիսուս Սամարիացի կնոջ հետ կը խօսէր, կը զարմանային. «Եւ մէկն ալ չըսաւ անոնցմէ թէ ի՞նչ կ’ուզես, կամ ինչո՞ւ կը խօսիս դուն անոր հետ» (Յովհ. 4:27): Նոյնպէս Քրիստոս մերժեց տեղի տալ Փարիսեցիներու պնդումներուն, երբ մեղաւոր կինը «իր արցունքներով կը թրջէր Քրիստոսի ոտքերը եւ իր գլխուն մազերով կը սրբէր, կը համբուրէr անոր ոտքերը եւ օծանելիքով կ’օծէր ատոնք» (Ղուկ.7:38) Ու այս բոլորէն ետք Քրիստոս դառնալով մեղաւոր կնոջ յայտարարեց . «Քու հաւատքդ փրկեց քեզ, գնա խաղաղութեամբ» (Ղուկ.7:50):
            Նոյնքան գօտեպնդիչ են Պօղոս Առաքեալի խօսքերը ուղղուած Կորնթացիներուն, ուր կ’ըսէ. «Բայց Տիրոջ կարգադրութեամբ, ո’չ կինն է առանց այր մարդուն, եւ ո’չ ալ այր մարդը՝ առանց կնոջ» (Ա. Կորնթ. 11:11), այլ խօսքով զիրար կը լրացնեն եւ կ՛ամբողջացնեն:
            Դարձեալ՝ Պօղոս Առաքեալ իր Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ իր ողջոյններու կարգին կը յայտարարէ. « Ձեզի կը յանձնարարեմ մեր քոյրը (Յունարէնի մէջ սարկաւագուհի բառը կը գործածուի) Փիբէն, որ մեր Կենքրայի հասարակութեան պաշտօնեաներէն է, որ Տիրոջ անունով, սուրբերու արժանի հիւրընկալութեամբ ընդունիք զինք, թեւ ու թիկունք ըլլաք անոր ամէն բանի մէջ, որ ձեզի կը դիմէ, որովհետեւ ինքն ալ հոգատար եղաւ շատերու, նոյնիսկ ինծի» (Հռոմ. 16:1-2): Պօղոս Առաքեալի այս խօսքերէն կարելի է ենթադրել որ քոյր Փիբէն քարոզիչի եւ առաջնորդողի դեր ստանձնած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին շրջաններուն:
            Փիլիպպեցիներուն գրուած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ դարձեալ կ՛արտայայտուի երկու կանանց՝ Եւոդիայի եւ Սիւնտիքի մասին եւ հետեւեալ յորդորները կու տայ «Ով իմ մտերիմս – կարգ մը բնագիրներու մէջ անձնանուն թարգմանուած է – եւ լծակիցս, աջակից եղիր դուն անոնց, որոնք իմ, Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ միասին պայքարեցան Աւետարանի համար, եւ կեանքի գրքին մէջ գրուած են անոնց անունները» (Փիլպ.4:3):
            Ուրիշ վկայութիւն մը եւս ունինք Պօղոս Առաքեալէն, իր Հռոմայեցիներուն գրուած նամակին մէջ, ուր այսպէս կ’արտայայտուի. « Ողջոյնս տուէք Մարիային, որ աշխատանքի մեծ վաստակ ունի ձեր մէջ: Ողջոյնս տուէք Անդրոնիկոս եւ Յունիա ազգականներուս եւ գերութեան ընկերներուս, որոնք երեւելի են առաքեալներուն մէջ եւ որոնք ինձմէ առաջ ընդունած էին արդէն Քրիստոսի հաւատքը» (Հռոմ.16:6-7): Այս բոլորը պարզապէս ցոյց կու տան կանանց մեծ վաստակը Քրիստոնէական հաւատքի տարածման մէջ:
            Հակառակ Պօղոս Առաքեալի տուած պատուէրներուն եւ յորդորներուն, կանանց մասնակցութիւնը սահամանափակ մնացած է Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններու ձեռնադրութեան, որովհետեւ Հին Կտակարանէն սկսեալ Սուրբ Գրոց  ուսուցումները կը շեշտեն այր մարդուն գերիշխանութիւնը եւ կնոջ ստորադասութիւնը եւ նոյն ձեւով ալ կը շարունակուի Առաքեալներու ուսուցումներուն մէջ:
            Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ արտայայտուած այս մտքերը կանանց նկատմամբ՝ ոմանք հնադարեան կը նկատեն եւ պատճառ դարձած են զանազան մեկնաբանութիւններու եւ մասնաւորաբար աստուծաբանական եւ եկեղեցական բուռն վիճաբանութիւններու: Բոլոր անոնք որոնք կը կառչին Ս. Գրոց տառացի մեկնաբանութեան, անառարկելի կը նկատեն այդտեղ արտայայտուած գաղափարները, եւ հետեւաբար անփոփոխելի, ինչ որ առիթ տուած է նման մտածողներուն յայտարարելու, որ եթէ Քրիստոս կամ Առաքեալներ ուզէին որ կանայք եւս ըլլային եկեղեցւոյ ձեռնադրեալ քահանաներ, պիտի յայտարարէին բացորոշ կերպով իրենց միտքը: Նկատի ունենալով որ նման յայտարարութիւններ չենք գտներ Նոր Կտակարանի մէջ, բնականաբար Եկեղեցին որդեգրած է այն սկզբունքը, թէ ինչ որ հաստատուած է աստուածային տնօրինութեամբ՝ կարելի չէ խախտել, հետեւաբար  կանայք չեն կրնար ձեռնադրեալ քահանաներ ըլլալ:
            Շատեր այսօր, մանաւանդ Աւետարանչականներ՝ այս հին հասկացողութիւնը կը նկատեն անտեղի, անհաճոյ եւ անարգական: Մեր նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ փորձենք աւելի խորանալ եւ մանրամասն վելուծել ընդհանուր Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնը:
            Հայց. Եկեղեցին քրիտոնէական նախնական տարիներուն եւ յաջորդաբար  միշտ տեղ տուած է կանանց՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ, եւ մեր
Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է սրբուհիներու լուսապսակ փառապանծ վարքով:  Իններրորդ  դարէն սկսեալ, աւելի յստակ տեղեկագրութիւններ կը գտնենք  կոյսերու, քոյրերու եւ սարկաւագուհիներու մասին մեր Եկեղեցւոյ պատմագրութեան մէջ, ուր կը նկարագրուին անոնց կատարած Աստուածահաճոյ ծառայութիւննները. ուսուցումն բանին կենաց, խնամել որբեր եւ ծերեր, մխիթարել զրկուածներն ու կորուսեալները, եւ խրատել կանանց՝ իրենց ընկերային դժուարութեանց մէջ:
            Մեր Եկեղեցւոյ պատմութենէն գիտենք որ կարգ մը եկեղեցւոյ հայրեր, ինչպէս Ներսէս Լաբրոնացին եւ Պօղոս Տարօնեցին դէմ էին սարկաւագուհիներու գոյութեան եւ կ՛ուզէին փակել անոնց կուսանոցները: Մինչդեռ՝ Մխիթար Գօշ (1130-1213) ջատագով եղած է եւ քաջալերած սարկաւագուհիներու գոյութիւնը եւ լայնօրէն նկարագրած իր Դատաստանագիրքին մէջ՝ անոնց օգտակարութիւնները Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ. «Են եւ ի կանանց սարկաւագունք ձեռնադրեալք, որք կոչին սարկաւագուհիք, վասն քարոզելոյ կանանց եւ ընթեռնուլ Աւետարան, զի մի’ մտցէ անդ այր, եւ մի’ նա արտաքս քան զվանսն ելանիցէ: Բայց յորժամ մկրտութիւն առնեն քահանայքն, գան յաւազանն, զի զկանայսն նոքա լուանան ջրով քաւութեանն՝ ներքոյ վարագուրին: Սքեմ է նոցա ամենայն հաւատաւորաց, բայց ի ճակատն խաչ լինի, եւ քուշկէն ի յաջմէ կողմանէ ի կախ ունենալով: Մի’ ինչ նոր եւ անկարգ վարկցիս զայս, քանզի ի սրբոյ առաքելոյն աւանդութենէ ուսանիմք, քանզի ասէ’ յանձն առնեմ ձեզ զՓիբէ քոյր մեր, որ է սպասաւոր եկեղեցւոյն» ( Դատաստանագիրք ) էջ136-137):
            Յաջորդաբար պատմութեան ընթացքին կը յիշատակուին զանազան վանքերու-կուսանոցներու մէջ Սարկաւագուհիներու-քոյրերու գոյութիւնն ու առաքելութիւնը:  ԺԷ. դարուն, Մովսէս Տաթեւացի Կաթողիկոս, եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կողքին,  քաջալերեց կանանց հոգեւոր ուսուցումը եւ անոնց առաքելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն ներս:
Կուսանոցներ հաստատուած են նաեւ Արցախի մէջ եւ իրենց գոյութիւնը պահպանած են երկար տարիներ: Աւելի ուշ ժամանակներու մէջ հաստատուած են նաեւ կուսանոցներ ա՛յլ քաղաքներու մէջ, Աստրախան (Ռուսաստան), Եազլովիեց (Լեհաստան), Թիֆլիս (Վրաստան), Պոլիս(Թուրքիա), Պուրսա (Թուրքիա) եւ Լիբանան ( Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյն), ուր տակաւին կը գործեն երեք քոյրեր: Փոքրիկ կուսանոց մըն ալ կայ այսօր Ս. Հռիփսիմեանց անունով, որ կը գործէ Ս, Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքոյ:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ կային, եւ տակաւին կան սարկաւագուհիներ եւ քոյրեր Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ իրենց փայլուն աստուածահաճոյ առաքելութեամբ: Դժբախտաբար Եկեղեցին տակաւին սահմանափակած է անոնց գործունէութեան դաշտը եւ չէ շնորհած անոնց աւելի ընդարձակ գործունէութիւն, ինչպէս շնորհած են Օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները: Հոս հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ թէ ինչո՞ւ Հայց. Եկեղեցին նոր եւ ընդարձակ առաքելութեան դաշտ մը չի ստեղծեր կոչում ունեցող եւ նուիրեալ կանանց առջեւ, նոյնիսկ եթէ Եկեղեցին ուզէ կառչած մնալ Աւետարանական հնադարեան սկզբունքներուն:
Դիտեցէք ձեր շուրջը եւ տեսէք թէ ի՛նչ դերեր կը ստանձնեն կանայք  եկեղեցական եւ կրօնական այլ հաստատութիւններէ ներս: Օրինակի համար՝ Անկլիքան Եկեղեցին, Աւետարանական եւ այլ համայնքներ: Բոլորն ալ կարեւոր նկատած են կանանց դերը իրենց հաստատութիւններէն ներս: Հայց. Եկեղեցին ալ, իր բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ, պէտք է յատուկ բաժին մը տրամադրէ կանանց, եւ անոնց մէջէն նուիրեալներու մասնակցութիւնը ապահովէ իր հոգեւոր եւ հասարակական առաքելութեան դաշտին մէջ:
Եւ վերջապէս շատ իմաստալից է Ֆրանսիս Պապի քաջարի յայտարարութիւնը. «Եկեղեցին չի’ կրնար ըլլալ առանց կանանց դերին: Կանանց հանճարը կարեւոր է երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնենք»: Ա’յս է մեր այսօրուան մարտահրաւէրներէն մէկը, որու մասին լրջօրէն պէտք է մտածէ յաջորդ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովը, եթէ կը փափաքի մեր Եկեղեցին կենդանի եւ ամբողջական դարձնել:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                Շար. Թ.
 3, Փետրուար, 2014

VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.