İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայտարարութիւն Փարիզի Հայկական Վերածնունդի

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը Ստրասպուրկի մէջ 2013 դեկտեմբեր 17-ի իր որոշումով կը հաստատէ թէ հայոց ցեղասպանութեան հերգումը հանցագործութիւն չի հանդիսանար։ Ըստ այս վճիրին, Զուիցերիական արդարութեան կողմէ Թուրքիոյ Աշխատաւորներու Կուսակցութեան նախագահին՝ Տողու Փերինջեքի դատապարտումը վերջինիս ժխտողական հայտարարութիւններու նկատմամբ՝ կարծիքի ազատ արտայայտման խախտում մըն է։

Հայկական Վերածնունդ – Փարիզը խստօրեն կը դատապարտէ այս որոշումը:
Իր այս որոշմամբ, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը կը խեղաթիւրէ «խօսքի ազատութեան» խոր իմաստը, զենք հայթայթելով բոլոր անոնց որոնք կը հակասեն Մարդու իրաւունքներու ու արժանապատուութեան սկզբունքներուն:
Իր այս որոշումով, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը ամբողջութեամբ կ՛արժեզրկէ իր իսկ առաքելութիւները ։
Իր այս որոշումով, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը կը հերքէ Հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը, զրկելով նաեւ Թուրք ժողովուրդին իր սեբական պատմութեան ճանաջումը։ Այսօր՛ այս որոշումը ուղղուած է հայերի դեմ՝ իսկ վա՞ղը, ո՞ր ժողովուրդի: Քանի որ այս որոշումը անհետեւանք պիտի չմնայ։
Արթիօ՞ք այս որոշումը հետեւանքն է տգիտութեան, անլրջութեան կամ ինչ-ինչ թաքուն շահերով կ՛ուզուի ժխտել Հայ ժողովուրդի դեմ պատահածները։
Մի՞թէ նպատակն է անգիտանալ թէ թուրքական պետութիւնը կրողն է պետական մերժողական գաղափարախօսութեան. այն՝ որու նախանձախնդիր ծառան կը հանդիսանայ Տողու Փերինչեքը եւ որ կնքում ու սահմանում է հանցագործութիւններու հանցագործութեան:
Հայկական Վերածնունդ – Փարիզը կը դատապարտէ այս որոշումը, որու հետևանքները կրնան չափազանց լուրջ ըլլալ ու հրաւեր կուղղէ ժողովրդավար ու իրազեկ անձերուն, որ հակազդեն եղածին։
Հայկական Վերածնունդ – Փարիզը կոչ կուղղէ յատկապես համայն հայութեան՝ ըլլայ Հայաստանի՝ ըլլայ ամբողջ աշխարհի, որ այլազան ցեւերով (դիմումներ, նամակներ եւ այլն ) անձամբ և հնարաւոր այլ ատեաններով , ինչպէս նաև ստորագրելով և տարածելով այս հայտարարութեան կցուած անգլերէնով, հայերէնով և ռուսերէնով աղերսագիրը։
Փարիզ 31/01/2014

https://www.change.org/fr/pétitions/denialism-petition-against-the-rogue-decision-of-the-european-court-of-human-rights

Yorumlar kapatıldı.