İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«2015ի ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ ՖՈՐՈՒՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ժողովականները Առաջարկներ եւՊահանջներ Ներկայացուցին 2015իՀարիւրամեակի Սեմին Վրայ.
«ՄԱՐՄԱՐԱ» Օրաթերթ 
 Հրանդ Գասպարեան կըտեղեկացնէ.

Հրանդ Տինքի ոգեկոչմաննախաձեռնութիւններու շարքին 18 ՅունուարՇաբաթ օր Անգարայիմէջ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչմանֆորում մը:
«ԱնգարայիՄտքի Ազատութեան Նախաձեռնութիւն» եւ «Արեւմտահայոց ԱզգայինՀամագումար»ի համատեղնախաձեռնութեամբ իրականացած ֆորումինվերնագիրն էր՝ «2015-իհեռանկարով՝ Հրանդ Տինքիսպաննութիւնը»:
Ֆորումին մասնակցեցան «ԱրեւմտահայոցԱզգային Համագումար»իանունով Հայաստանի ՀանրապետութեանԱզգային Ժողովի երեսփոխանԱրագած Ախոյեան, «ԱրեւմտահայոցԱզգային Համագումար»իներկայացուցիչ Սեւակ Արծրունի, Ամերիկահայ հանրային գործիչՃորճ Աղճայեան, Խաղաղութիւնեւ Ժողովրդավարութիւն (ՊէՏէ Փէ) կուսակցութեանփոխհամանագախ եւ Վանքաղաքէն երեսփոխան պատգամաւորՆազմի Կիւր, ՊէՏէ Փէ կուսակցութեանարտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբիանդամ Սէլահատտին էսմէր, Փրօֆ. Տքթ. ՊասքընՕրան, Փրօֆ. Տքթ. Ճէնկիզ Աքթար, Տքթ. Իսմայիլ Պէշիքչի, «Ակօս» շաբաթաթերթի գրող ԶաքարիաՄիլտանօղլու, իրաւաբան ԷրտալՏողան, իրաւաբան ԷրէնՔէսքին, Ասորի համայնքէնփաստաբան Էրքան Մէթին, Տոչ. Ֆիքրէթ Պաշքայա, Թէմէլ Տէմիրէր, ՍայիթՉէթինօղլու, Իւմիթ Քուրդեւ այլ հայ, ասորի, ալեւի, թուրքեւ քիւրտ մտաւորականներ:  
Կատարուեցան զանազան ճառախօսութիւններու մասնակից ժողովականներըառաջարկեցին իրենց տեսակէտներըժողովի մայր թէմայիառընչութեամբ:    
Ֆորումի աւարտին, «ԱնգարայիՄտքի Ազատութեան Նախաձեռնութեան» խօսնակ՝ Սայիթ Չէթինօղլունկարդաց ստորեւ նշուածհուսկ բանք յայտարարութիւնը, որ կը ներկայացնէ«Անգարայի Մտքի ԱզատութեանՆախաձեռնութեան» ֆորումի եզրակացութիւնը:
ՖՈՐՈՒՄԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջհրապարակուեցան բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը միտին1915-ի ճանաչման, վնասներուհատուցման եւ Թուրքիոյհասարակութիւնը այս ամօթէնփրկելու:
Հոն սապէս ըսուածէ.
1915-իՑեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին, ցեղասպանութիւնէն տուժած ժողովուրդներըինքնին պիտի որոշէ, թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէնի՞նչ ձեւով ինչե՞րպիտի պահանջուին:
Մեր պարտքն էանվերապահօրէն այս պահանջատիրութեաննեցուկ կանգնիլ:
Ստորեւ նշուած առաջարկները, խորհրդանշական եւ սկզբունքայիննուազագոյն «ժեսթ»երունյանձնարարութիւններ են, որոնքՑեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջԹուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւնէնտուժածներու ի նպաստպէտք է գործադրուին:
1.         Ճանաչում, ներողութիւնեւ հատուցում:
20-րդդարու առաջին ցեղասպանութեանճանաչման գործընթացի առաջինքայլը պէտք էըլլայ անկեղծ ներողութիւնխնդրել եւ դատապարտելոճիրին պատասխանատուները՝ յականէանուանէ:
Պէտք է Օսմանեանքրիստոնեայ ժողովուրդներու յիշողութիւնըվերայանգնել, օրինակ, Էլմատաղթաղամասը պէտք էվերանուանել Կոմիտաս, ուրբնակած է վարդապետը:
Այժմու Թուրքիոյ մէջկան խորհրդանշական շինութիւններորոնք բռնագրաւուած ենՕսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայքաղաքացիներէն: Առ այդ, օրինակ, Ցեղասպանութեան ճանաչմանխորհրդանշական առաջին քայլերուշարքին, Չանքայայի մէջիբրեւ նախագահական ապարանքօգտագործուող Քասաբեան ընտանիքիտունը պէտք էվերադարձուի Քասաբեաններու այսօրուանժառանգորդներուն: Տրապիզոնի «ԱթաթուրքիՏունը» ետ պէտքէ յանձնուի իրսեփականատէրին՝ Քապայեաննիս ընտանիքինայսօրուայ ժառանգորդներուն:
2. Վերջ տալ Ցեղասպանութեանժխտման գործողութիւններուն:
Յետս կոչել եւչեղեալ յայտարարել Վարչապետութեանտրամադրութեան տակ գործող«Անհիմն ցեղասպանութիւններու պնդումներուդէմ պայքարելու յանձնախումբ»ը: Յայտարարել Ցեղասպանութեան ժխտմաննպատակաւ բոլոր գործունէութեանցվերջ տալու որոշումը, ջնջել Ցեղասպանութեան ժխտմանգործողութիւններուն համար 2014 թուականիՎարչապետական գանձարանէն տրամադրուելիքգումարին վերաբերեալ պարբերութիւնը:
3. Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն
Բացայայտել եւ թափանցիկդարձնել Օսմանեան անձնագրայինարխիւները, վերջ տալքաղաքացիական իրաւունքի խախտումներունեւ ոչիսլամներուարտաքսումներուն, հայրենազրկուած քրիստոնեայժողովուրդներուն ետ յանձնելքաղաքացիական իրաւունքը, ցանկացողներունտալ անձնագիր:
4. Վերադարձ եւ վերաբնակեցում
Իրենց պատմական հայրենիքինմէջ, պատմական հողու ջուրի վրայվերապրելու եւ բնակելուցանկութիւն ունեցողներուն արտօնելվերադառնալ, խրախուսել եւանոնց համար ստեղծելվերապրելու պայմաններ:
5. Հասանելի ընել կալուածագրերուարխիւը եւ վերջտալ գործող սահմանափակումներուն:
Յետս կոչել եւչեղեալ յայտարարել Վարչապետութեանայն շրջաբերականները, որոնքանձնագրի արխիւներուն հասնիլըկարգիլեն: Այսառթիւ չեղեալ յայտարարելնաեւ Ազգային անվտանգութեանխորհուրդի որոշումը: Հետազօտութիւններու համար բացայայտելԿալուածագրերու եւ Քաթասդրի(tapu-kadastro) տնօրէնութեան կողմէ թուայնացուածՕսմանեան կալուածագրերու արխիւը, որ այժմ թաքունէ:
6. Հասանելի դարձնել  Օսմանեան արխիւները, ներառեալ՝  ԶինուածՈւժերու արխիւը:
Բոլորի համար հասանելիեւ թափանցիկ դարձնելեւ բացայայտել Օսմանեանբոլոր արխիւները, ներառեալ՝զինուած ուժերու տրամադրութեանտակ գտնուող արխիւը: Հետազօտութիւններու առումով վերջտալ սահմանափակումներուն, արխիւներըհրատարակել նաեւ թուայնացուածձեւով:
7. Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում:
Լքեալ գոյքի բռնագրաւումիեւ վերայատկացումի 35 տարածքայինյանձնախումբերուն կողմէ պահուածմատեանները թուայնացուած ձեւովհրատարակել, զոհերու ժառանգորդներունեւ հետազօտիչներուն ներկայացնել: Բացայայտել նաեւ Օսմանեանքրիստոնեայ ժողովուրդներու գոյքերունբաշխումի վերաբերեալ Լքեալգոյքի յանձնախումբներուն որոշումները: Հանրային հաստատութիւններուն կամանհատներուն յանձնուած հայկականգոյքերուն ցանկը պատրաստել: Սոյն գոյքերը սեփականատէրերուժառանգորդներուն վերադարձնել կամհատուցել:    
Ոչնչացուած կամ ժամանակիընթացքին պաշտպանութեան բացակայութեանպատճառաւ ոչնչացման ենթարկուածգոյքերուն, քրիստոնեայ ժողովուրդներուպատմամշակութային արժէքներուն ցանկըպատրաստել եւ հատուցանել:
Իրականացնել դրամատուներուն մէջպահպանուող եւ յետոյկողոպտուած՝ քրիստոնեայ ժողովուրդներուդրամներուն, ոսկիներուն, թանկարժէքայլ թուղթերուն եւիրերուն բացայայտումը եւհատուցումը:
Բոլոր այս արձանագրութիւնները հրապարակել թուայնացուածձեւով:
8. Քաղաքական եւ առեւտրայինհաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուածգոյքեր:
Քաղաքական գործունէութեան համարորոշ կառոյցներու եւհաստատութիւններու եւ որոշպատգամաւորներու, լրագրողներու եւմասնաւոր ընկերութիւններու զարգացմանհամար անոնց եւդրամատուներուն տրամադրութեան յանձնուածգոյքերուն ցանկը պատրաստել: Ետ առնել նշուածգոյքերը եւ կամհատուցանել:
9. Տակաւին պետութեան տրամադրութեանտակ գտնուող գույքեր:
Ելեւմտական Նախարարութեան, Հիմնարկութիւններու (Վաքըֆներու) ԸնդհանուրՏնօրէնութեան եւ քաղաքապետարաններու նման պետականմարմիններու տրամադրութեան յանձնուածգոյքերուն ցանկը պատրաստելեւ զանոնք վերադարձնելսեփականատէրերու ժառանգորդներուն:
10. Ձեռք դրուած կանայքեւ որբեր:
Պէտք է ժամառաջ կազմակերպել առեւանգուածկամ այլ եղանակներովձեռք դրուած կամպետութեան կողմէ  այլ ընտանիքներունբաշխուած կանանց եւորբերու ցուցակներու բացայայտումը: Այս առթիւ բացայայտելՎարչապետութեան կից Օսմանեանարխիւներուն մէջ գտնուող11 Օգոստոս 1915 թուակիր եւթիւ՝ «DH.ŞFR., nr. 54-A/382» ՆերքինԳործերու Նախարարութեան հեռագիրը, որ ուղարկուած էմարզերուն (վիլայեթներուն): Հեռագրովկը յայտնուէր. «Կրօնափոխեղած, ամուսնացած եւվստահելի անձանց մօտյանձնուած երախաներուն ունեցուածքը(գոյքերը) կը պահպանուին, իսկ անոնց, որոնցծնողքը (ժառանգը յանձնողները) մեռած են, բաժինմը կը տրուի»: Բացայայտել սոյն հեռագրիպատճառով ձեռք դրուածորբերու ունեցուածքը յափշտակողընտանիքները եւ պատրաստելկողոպտուած գոյքերու ցանկը:
11. Հաւաքական պատասխանատուութիւն:
Ներողութիւն խնդրելը, ցեղասպանութեանյանցանքի ընդունումը ամօթէնփրկուելու եւ վերանորոգուելուամէնակարեւոր հանգրուաններն են. ուրեմնպէտք է ընդունիլհաւաքական պատասխանատուութիւն:
     12. Բոլոր տուժածները:
Սոյն սպասում եւպահանջները կը ներառնէնաեւ հայրենազրկուած Ասորիներուն, Պոնտոսի Յոյներուն, Հէլէններունհամար:
Պասքըն Օրան եւորոշ մի քանիժողովականներ, եզրափակիչ յայտարարութեանառընչութեամբ յայտնեցին իրենցմիտքը եւ յանձնարարեցին, որ ցեղասպանութեան արտայայտութեանանմիջապէս գովը գծիկմը քաշելով պէտքէ աւելցուի նաեւ«կոտորած» բառը, բոլորանոնց համար, որոնք1915-ի իրականութիւնը չենճանչնար իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Ժողովակալներու յանձնարարութեամբ, եզրափակիչյայտարարութեան աւելցուեցաւ 12-րդկէտը, որուն մէջ, 1915-ի Ցեղասպանութեան հիմնականթիրախը հանդիսացող Արեւմտահայութեանհետ կը նշուինաեւ տուժած Ասորի, Պոնտոսի Յոյն եւՀէլէն ժողովուրդներու պահանջատիրութիւնը:
Hrant Kasparyan [hrantkasparyan@gmail.com]

Yorumlar kapatıldı.